Ապրիլ 17-ին առաւօտուն, ի յիշատակ մեռելոցի, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ, 6 տարուան ընդմիջումէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ հոծ բազմութեան եւ հիւրերու ներկայութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:
Ապա սրբազան հայրը ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք հանդիսաւոր թափօրը շրջագայեցաւ մատրան շրջափակին մէջ ու խաչաձեւ ուղղութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ հալէպահայ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: