*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. ընկեր Գրիգոր Գրիգորեանի եւ կազմակերպութեամբ գրականութեան եւ մարդկային գիտութիւններու կաճառի տնօրէն Դոկտ. Ժոզէֆ Իտի, Այն Սաատէի համալսարանական կառոյցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-լիբանանեան դարաւոր բարեկամութեան նուիրուած փառաւոր հանդիպում։
Լիբանանի մօհ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան գլխաւորեցին Հայաստանի դեսպանութեան պատուիրակութիւնը այս կարեւոր իրադարձութեան՝ ջերմօրէն ընդունուելով ինչպէս Լիբանանի պետական համալսարանի հայ թէ օտար դասախօս-դասախօսուհիներու եւ տնօրէնութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան կամուրջներու ամրապնդման հաւատաւորներու կողմէ։
Լիբանանի, Հայաստանի, ՌԱԿ-ի եւ Լիբանանի պետական համալսարանի հիմներու ոտնկայս ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ այս յիշարժան իրադարձութեան, որմէ ետք դոկտ. ընկեր Գրիգոր Գրիգորեան պատուանդան բարձրանալով՝ բարի գալուստ մաղթեց օրուան պատուարժան հիւրերուն եւ կազմակերպիչներուն։ Ապա, փորձառու դասախօսն ու պատմագէտը, փորձեց կարելիի սահմաններուն մէջ ներկայացնել շուրջ 2100 տարուան հայ-լիբանանեան եւ արաբական յարաբերութիւնները, սկսած Մեծն Տիգրանի (84-55 ՔԱ) անցնելով 7-րդ դարու ռազմական համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ արաբական խալիֆայութեան միջեւ եւ համատեղ պայքարը թրքազգի խազարները դուրս շպրտելու Անդրկովկասէն, որուն իբր արդիւնք Աշոտ Բագրատունին թագադրուեցաւ իբրեւ Բագրատունեաց հարստութեան հիմնադիր, արաբական, մահմետական խալիֆայութեան աջակցութեամբ՝ 885-էն (ՔԵ) մինչեւ իր անկումը բիւզանդական դաւադրութեամբ 1045 թուական։
Դոկտ. Գրիգորեան յիշատակեց նաեւ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան յարաբերութիւնները հարեւան արաբական երկիրներու՝ մանաւանդ Եգիպտոսի հետ, երբ կնքուեցաւ յարաբերութիւնները կարգաւորող դաշնակիր։ Ինչպէս նաեւ եգիպտական ֆաթիմեան թագաւորութեան հայ ռազմաքաղաքական ականաւոր դէմքերը՝ Պատր Ալ-Ժամալին, Մելիք Իւլ-Աֆտալը, Հուսամ Ալատին Լուլուն եւ ուրիշներ։ Ապա ե՛ւ արաբ ե՛ւ հայ նշանաւոր պատմագիր-մատենագիրներ՝ Թապայիի, Մասուտիի, Իպն Ասէտի, Պըն Շատատի, Ղեւոնդի, Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի, Թովմա Արծրունիի, Ասողիկի մանրամասն տեղեկութիւնները աշխարհա-քաղաքական այն մեծագոյն իրադարձութիւններու մասին, որոնք տեղի ունեցան պատմական Հայաստանի եւ հայկական Կիլիկիոյ հողերուն վրայ, 7-րդ-14-րդ դարերուն, հայ-արաբական առեւտրական, քաղաքական եւ մշակութային աշխոյժ յարաբերութիւններուն մասին։
Այս բոլորին իբրեւ եզրակացութիւն, մանաւանդ, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հիմնուած է արաբագիտութեան կեդրոն եւ շատ մը ականաւոր մասնագէտներ, որոնք 12,800-ի մօտ արխիւային նիւթերէ քաղուած բազմաթիւ աշխատութիւններ լոյս ընծայած են արաբական աշխարհի մասին, դոկտ. Գրիգորեան առաջարկեց համագործակցութեան կամուրջները ամրացնել նաեւ Լիբանանի պետական համալսարանի ու Երեւանի պետական համալսարանի միջեւ, ի փառս երկու բարեկամ ու եղբայր երկիրներու դարաւոր համատեղ պատմութեան։
Պատուանդանի մօտ հրաւիրուած գրականութեան եւ մարդկային գիտութիւններու կաճառի երկրորդ մասնաբաժնի տնօրէն դոկտ. Ժոզէֆ Իտը յուզուած արտայայտուեցաւ պատմութեան, մշակոյթի, ցաւերու եւ ուրախութիւններու մէջ միաձուլուած հայ եւ Լիբանանի ժողովուրդներու անխախտ բարեկամբութեան մասին, ողջունելով ՀՀ դեսպանը եւ դիւանագիտական անձնակազմը, հիւրերն ու հիւրընկալները, որոնց ներկայութիւնը պատիւ համարեց Լիբանանի Պետական Համալսարանի կառոյցին մէջ։ Դոկտ. Ժոզէֆ Իտ յոյս յայտնեց, որ այս կարեւոր հանդիպումը սկիզբ կը համարուի յետագայ ջերմ համագործակցութեան՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի գիտական կաճառներու միջեւ, ծաւալելով նաեւ մշակութային եւ կրթական համատեղ գործունէութիւն։
Յատկանշական էր, որ պատմաբան եւ պայծառ դիւանագէտ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ելոյթը եւ մանրամասն տեղեկութիւնները Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական ու պետական յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման, քանի մը տասնեակ համաձայնագրի ստորագրման, պատուիրակութիւններու փոխանակման՝ ամենաբարձր մակարդակներով, վերջին 20-ամեակին միայն…։ ՀՀ դեսպանը յոյս յայտնեց, որ այս դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային եւ առեւտրական աշխոյժ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին եւ աւելի զարգանան՝ պատմութեան անքակտելի կապերով միաձուլուած Լիբանանի եւ Հայաստանի, երկու ժողովուրդներու միջեւ։
«Ինքնաբուխ» ելոյթ ունեցաւ նաեւ վաստակաշատ դասախօս, դոկտ. Իմատ Իմատ, որ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ ինք եւ իր տաղանդաշատ ուսանողները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն, հերոսական լեռնաշխարհի ինքնապաշտպանութեան մարտիկներուն։ Ան խոստացաւ միշտ կանգնիլ հայ ժողովուրդի կողքին եւ մօտիկ ժամանակներս այցելել Հայաստան եւ Արցախ…։
Հանդիսութեան աւարտին, կաճառի տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ հայկական գինիներով, որոնք հիւրընկալուած էին ՀՀ դեսպանութեան կողմէ…։ Ապա, դարձեալ հանդիպելու խոստումով՝ մասնակիցները հրաժեշտ տուին… ակամայ։