Ուխտագնացութիւն Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօները նշելը եւ ուխտագնացութիւններու միջոցով հաւատքը ամրապնդելը Վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինի գործունէութեան նպատակներէն մէկն է:

2017 թուականի Ապրիլ 1-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ յիշատակի օրուան առիթով, Վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինը ուխտագնացութիւն կազմակերպեց դէպի Ախալցխայի նոյնանուն հինաւուրց եկեղեցի: Ուխտագնացութիւնը իրականացուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի առաջարկով եւ աջակցութեամբ:

Վաղ առաւօտեան թեմի երիտասարդական բաժինի շուրջ համախմբուած երեք տասնեակէ աւելի երիտասարդներ՝ բաժնի հոգեւոր տեսուչ Գէորգ սարկաւագ Անտոնեանի եւ երիտասարդական բաժնի տնօրէն Վալերի Պատալեանի գլխաւորութեամբ, երիտասարդական ծրագրերու համակարգող Նինա Սերոբովայի եւ թեմի կրթութեան բաժնի տնօրէն Եւգենեայ Մարկոսեանի ուղեկցութեամբ՝ ճանապարհ ինկան դէպի Ախալցիխէ:

Ուխտաւորները մասնակցեցան տեղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ախալցիխէ քաղաքի հայութեան հոգեւոր հովիւ հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին օրուան խորհուրդը` հայոց առաջին հովուապետի 13-տարի Խոր Վիրապի մէջ կրած անասելի չարչարանքներուն մասին պատարագիչ Հայր Սուրբի քարոզը: Ողջունելով Թիֆլիսէն ժամանած ուխտաւորները՝ Հայր Յակոբ յորդորեց անոնց զերծ մնալ օրուան տուայտանքներէն, հայոց առաջին հովուապետի կամքին եւ դիմադրութեան ուժին օրինակով ապրիլ բարեսրտութեամբ եւ հաւատքին նուիրուածութեամբ:

Ուխտաւորները մոմեր վառեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակին, իրենց աղօթքին մէջ հայցելով համաքրիստոնէական սուրբին բարեխօսութիւնը:

Թիֆլիսահայ երիտասարդները Ախալցիխէ քաղաքի հոգեւոր տեսուչի եւ Ախալցիխէի շրջանի յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեանի առաջնորդութեամբ՝ իրենց ուխտը շարունակեցին Ախալցիխէի Սուրբ Ստեփանոս փլուզուող եւ Սուրբ Նշան եկեղեցիներուն մէջ: Տեղւոյն վրայ մոմեր վառելէ ետք, դարձան հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ» աղօթքի աղօթակիրները:

Թիֆլիսէն ժամանած երիտասարդներուն խումբը այցելեց նաեւ Ախալցիխէի Ռապաթ համալիր, դիտեց քաղաքի տեսարժան վայրերը:

Ուշ երեկոյեան ուխտաւորները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի շնորհներով հոգեպէս հարստացած՝ վերադարձան Թիֆլիս:

armenianchurch.ge

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *