«Հայկական Գաթա»-ի Փառատօն Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի Մէջ

Մարտ 22-ին Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշհ․ Տ․ Վազգէն Եպս․ Միրզախանեանի՝ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը տօնուի մեծ պահքի միջինքին: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Վիրահայոց Թեմի Թիֆլիսի պատուիրակութիւնը՝ Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը, Ախալցխայի քաղաքապետ Վլադիմիր Զեդգինիձէն, Սագրեպուլոյի նախագահ Դաւիթ Լոմիձէն եւ այլ պաշտօնեաներ ու հիւրեր:

Ձեռնարկին աւարտին՝ Սրբազան հայրը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցած է հաւատաւոր հայորդիներուն եւ օրհնած հաւատացեալներուն կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ գաթաները: «Հայկական գաթա» փառատօնին ներկայացուած է նաեւ Ախալցխայի աւանդական գաթան, որ բոլոր գաթաներուն  մէջ կը համարուի ամենահամեղը եւ ունի յատուկ պատրաստման եղանակ:

Օրհնուած գաթաները բաժանուած են ներկաներուն:

Նոյն օրը, արդէն 6-րդ անգամ, «Հայկական Գաթա» փառատօնը կայացած է նաեւ  Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի ու մասնակցութեամբ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւներ Արժանապատիւ Տէր Եղիշէ աւագ քահանայ Յարութիւնեանի, Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի ու Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի կատարուած է հանդիսաւոր ժամերգութիւն:

Ապա արարողակարգը շարունակուած է Միջինքի եւ աւանդաբար Ջաւախքի մէջ իրականացուող «Հայկական Գաթա» փառատօնի մասին կարճ ակնարկով, որմէ ետք՝ երաժշտական համարով՝ հանդէս եկած է ուխտագնացութեամբ Ջաւախք մեկնած Արմա Գալոյեանը: Արդէն երկրորդ տարին է, որ փառատօնին իր ելոյթով կը փայլի Արարատեան Հայրապետական Թեմի «Ծաղկազարդ» խումբը, որ Ջաւախք մեկնած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ու Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի օրհնութեամբ: Համերգային մասի աւարտին՝ հոգեւոր դասի կողմէն կատարուած է գաթաներու օրհնութեան կարգ:

Հոծ բազմութիւն հաւաքուած է նաեւ Նինոծմինդայի Սբ. Սարգիս
եկեղեցւոյ, գաւիթին եւ «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ:
Դեռ նախորդ օրը այստեղ բերուած են մրցոյթին ներկայացուած գաթաները, որոնք շարականներու ուղեկցութեամբ հասած են եկեղեցի: Այստեղ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ քհնյ. Պօղոսեան օրհնած է գաթաները, անոնց «հեղինակներ»-ն ու ներկաներին:

Մինչ յանձնաժողովը կ’ընտրէր լաւագոյն գաթաները, երգչախումբը եւ կեդրոնի պարախումբը բացօթեայ գողտրիկ համերգ տուած են հանրութեան համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *