Թատրոնը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին համար եղած է առաքելութիւն: Այս համոզումով է, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը աւելի քան յիսուն տարի, անշեղօրէն կը ծառայէ հայ գիրին ու մշակոյթին:
Յաջորդական երկու շաբաթավերջ, Ուրբաթ 17, Շաբաթ,18, Կիրակի, 19, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 24, Շաբաթ, 25 եւ Կիրակի, 26 Մարտ 2017-ին, լիբանանահայ թատերասէր հասարակութիւնը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ պիտի դիտէ «Սառնարան, Դրամ, Փախլաւա» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ Վարդան Մկրտիչեանի:
Բեմադրութիւնը «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1959, անոր 56-րդն է:
Երկու արարներու բաժնուած այս կատակերգութեան առանցքը կը կազմէ անգլիացի գրող-թատերագիր Ռոպերթ Սքոթի «Acording to Rumour» մութ կատակերգութիւնը: Վարդան Մկրտիչեան վերամշակած է Սքոթի ստեղծագործութիւնը, զայն պատշաճեցնելով բեմի եւ դերասանական կազմի պայմաններուն:
Ներկայացումին առանցքը սովորական ընտանիք մըն է, բնակարան մը, ուր խորհրդաւոր պատահարի մը հետեւանքով, թիւրիմացութիւններ զիրար կը խաչաձեւեն անոնց փոխյարաբերութիւններուն մէջ, խառնարանի վերածելով ընտանիքի անդամներուն առօրեան: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ հնարամտութիւն մը գործի կը դնէ տիրանալու սառնարանին մէջ յայտնաբերուած հարիւր հազար տոլար պարունակող պայուսակին: Անվստահութեան, սադրանքի եւ ատելութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծուի ընտանիքի անդամներուն միջեւ: Ո՞վ պիտի տիրանայ «երազային» այդ գումարին…:
Շնորհիւ դերասանական կազմին փայլուն խաղարկութեան, հանդիսատեսը անմիջապէս պիտի կլանուի ներկայացումին զարգացումներուն, դառնալով հետաքրքրաշարժ խարդաւանքներու, զաւեշտային դրուագներու ականատեսը: Նոյնիսկ, բարեպաշտ զաւակներ դաստիարակած ըլլալու գոհունակութեամբ յոխորտացող մայրը պիտի ափսոսայ անոնց ընթացքէն…: Սակայն, միւս կողմէ, ինք եւս պիտի փորձէ իւրացնել գումարը, զոհ դառնալով մարդկային թուլութեան…:
«Սառնարան, Դրամ, Փախլաւա» կատակերգութիւնը անուղղակիօրէն կը ձաղկէ նիւթի եւ փառքի հանդէպ մարդկային նկարագիրը:
Ներկայացումին զարգացումները գլխաւորաբար բնակարանի մը մէջ ըլլալու պատճառով, բեմայարդարումը մնաց անփոփոխ: Առանձնապէս լուսաւորման ազդերցութիւններէ զերծ էր ներկայացումը: Զգեստներու ընտրութիւնը կատարած էր բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանը:
Արփի Բարդիեան -Աւետիքեան, Յարութ Թորոսեան, Վարդան Մկրտիչեան անգամ մը եւս ապացուցեցին, թէ կը մնան լիբանանահայ թատրոնի սիւներէն: Նոյնքան եւ համոզիչ էր Եղիկ Աւետիքեանի, Հուրի Պապահեքեանի,Էմմա Քէշիշեանի, Յարութ Սամոյեանի, Դալար եւ Լիլա Փամպուքեանի, Յարութ Մանուկեանի խաղարկութիւնը: Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան իր տրամադրութեան տակ ունէր շնորհալի տարրերէ բաղկացած դերասանական կազմ, որոնք առաւելագոյնս եւ յաջողութեամբ թափանցած էին իրենց կերպարներուն մէջ:
Գնահատանքի խօսք՝ բեմադրիչ, ներկայացումին պատշաճեցումը, բեմայարդարումը, որմազդը, երաժշտական ձեւաւորումը յղացող Վարդան Մկրտիչեանին, որմազդի լուսանկարը պատրաստող «Սթիւտիօ Սեւակ»-ին, բեմայարդարումը իրագործող Մատթէոս Աւագեանին, բեմավար Յակոբ Զարմէնեանին, լուսաւորումի եւ երաժշտութեան պատասխանատու Գէորգ Նոխուտեանին, յատուկ շնորհակալութիւն՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան վառ կը պահեն «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բարի աւանդութիւնը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ