Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սուրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» ծրագիրը:
Ծրագրի նախաձեռնողն ու աջակիցը Իզմիրլեան հիմնադրամն է: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորուի Իզմիրլեան հիմնադրամի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ: Ծրագիրը պիտի իրականացնէ Իզմիրեան բժշկական կեդրոնը` սուրիահայերուն տրամադրելով յատուկ զեղչեր կեդրոնին մէջ գործող բոլոր բժշկական ծառայութիւններուն համար, կը հաղորդէ «Մեդիամասք»-ը:
Ծրագրի գործընկեր կառոյցներն են` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը: