Աւելի Քան 300.000 Զոհ, 5 Միլիոն Փախստական, Հսկայական Աւերածութիւններ. Կը Լրանայ Սուրիոյ Պատերազմի 6 Տարին

Երէկ  լրացաւ Սուրիոյ պատերազմի մեկնարկի 6-րդ տարին:

Պատերազմի վերաճած հակակառավարական առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան սուրիական Տարաա քաղաքին մէջ` 2011-ի Մարտ 15-ին` «ազատութիւն» կարգախօսով. օրեր անց հաղորդուեցան առաջին 70 զոհերու մասին:

Թունիսի, Եգիպտոսի, Եմենի եւ Լիպիոյ մէջ յեղափոխութեամբ աւարտած «Արաբական գարունը» տեղափոխուեցաւ Սուրիա եւ արդէն 6 տարիէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակուի:

Հակակառավարական ուժերը այդպէս ալ չկրցան տապալել երկրի նախագահ Պաշշար Ասատը, փոխարէնը երկրին մէջ գլուխ բարձրացրեցին ահաբեկչական բազմաթիւ խմբաւորումներ, լայն տարածում ստացաւ եւ բազմաթիւ բնակավայրեր գրաւեց «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը: Վերջինիս դէմ արշաւը կը շարունակուի ինչպէս ԱՄՆ գլխաւորութեամբ գործող միջազգային դաշնակիցներուն, այնպէս ալ Ռուսիոյ` սուրիական կառավարական բանակի հետ համատեղ:

Սուրիոյ շարունակուող պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն մասին շատերը կը խօսին: Դեռ անցեալ տարի երկրի նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, թէ պատերազմի հետեւանքով Սուրիան 200 միլիառ տոլարի վնաս կրած է:

ՄԱԿ-ի տուեալներով Սուրիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին աւելի քան 300 հազար մարդ զոհուած է:  2017 թուականի Փետրուարի տուեալներով` Սուրիան ստիպուած եղած է լքելու մօտ 5 միլիոն մարդ: Անոնք ապաստանած են հարեւան երկիրներ՝ Թուրքիա, Լիբանան, Յորդանան, ինչպէս նաեւ Եւրոպա, Գանատա, Աւստրալիա եւ ԱՄՆ:

Փախստականներու այս ճգնաժամը կը համարուի ամենամեծը` Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք:

Սուրիան պատուհասած աղէտէն անմասն չմնաց նաեւ սուրիահայ համայնքը: Ըստ տարբեր տուեալներու` միայն Հալէպի մէջ մօտ 130 հայ զոհուած է, 379-ը` վիրաւորուած:

Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը համարուող Հալէպը այժմ թէեւ արդէն ազատագրուած, սակայն աւերակ է: Գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած Հալէպի լիիրաւ վերակառուցումը կը պահանջէ տարիներ, եւ հալէպցիները իրենք ալ կը դժուարանան յստակ կանխատեսումներ ընել, քանի որ նիւթական վնասներուն չափը ահռելի է։

Ռմբակոծութիւններու պատճառով Հալէպի մէջ վնասուած եւ կողոպտուած է Հալէպի հայկական ծերանոցը, հրկիզուած է Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, լուրջ վնասներ կրած է Ազգային առաջնորդարանը, Քառասուն մանուկ եկեղեցին, տուժած  են Ազգային պատսպարանի (մանկատուն) հին եւ նոր շէնքերը, Կիւլպենկեան հիւանդանոց-ծննդատունը, Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, մանկապարտէզներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ:

Ռմբակոծութիւններու, հրթիռակոծութիւներու եւ կրակոցներու հետեւանքով տարբեր աստիճանի վնասներ կրած են նաեւ այլ քաղաքներու մէջ հայ համայնքին պատկանող բազմաթիւ շինութիւններ, եկեղեցիներ: Սուրիոյ տարածքին վնասուած կամ ամբողջութեամբ աւերուած են՝ Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ, Եագուպիէի Սուրբ Զուարթնոց, Տէյր Զօրի Սրբոց Նահատակաց, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս հայ առաքելական եկեղեցիները, Հալէպի հայ կաթողիկէ Աւետման եկեղեցին եւ համալիրը, Ռաքքայի կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Քեսապի հայ աւետարանական սուրբ երրորդութիւն, Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Միքայէլ եկեղեցիները:

Սուրիահայ համայնքն ալ, սուրիացի ժողովուրդին պէս, այս տարիներուն նիւթական եւ հոգեկան ծանր դրութեան մէջ յայտնուած է: Ելեկտրականութեան, ջուրի չգոյութիւն, բջիջային եւ քաղաքային հեռախօսակապի, համացանցի անջատումներ։ Աննախադէպ գնաճը, հացի, սննդամթերքի, դեղորայքի բացակայութիւնը` համատարած գործազրկութեան պայմաններուն մէջ, կը դժուարացնեն ապրուստի տարրական միջոցներու հայթայթումը:

Նոյնիսկ Հալէպի ահաբեկիչներէն ազատագրումը, որ շատերը ոգեւորած էր, առանձնապէս չէ փոխած քաղաքացիներուն ընկերային եւ տնտեսական պայմաններն ու դժուարութիւնները:

Սակայն, հակառակ դժուարին պայմաններուն, համայնքային կեանքը Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի: Կը գործեն դպրոցներն ու մանկապարտէզները, կը կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ:

Հայ համայնքը թէ իր հոգեւո՛ր, թէ ազգային-միութենական կառոյցներով կը փորձէ դիմակայե՛լ դժուարութիւններն եւ հնարաւորինս կանգուն պահել  գաղութը:

Սուրիահայ գաղութը, սակայն, ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, 70 տոկոսով նուազած է: Շուրջ 22000 հայեր տեղափոխուած են Հայաստան, անոնց մէկ մասը տեղափոխուած է Եւրոպա, Գանատա, Աւստրալիա եւ Լիբանան:

Այսօր, թէեւ Սուրիոյ մէջ իրադրութիւնը համեմատաբար հանդարտ է եւ ռազմական գործողութիւններ կ՛իրականացուին միայն ԻՊ-ի դէմ, իսկ Պաշշար Ասատ կը կանխատեսէ, որ սուրիական պատերազմը այս տարի պիտի աւարտի, բազմաթիւ փորձագէտներ կը պնդեն, որ հրադադարը խիստ անկայուն է, իսկ սուրիական խնդրի հանգուցալուծումը դեռ չ՛երեւիր։

“Թերթ՞

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *