Շնորհակալութիւ՛ն Գերմանիա, Շնորհակալութիւ՛ն…

Գերմանիոյ  Դաշնային Հանրապետութեան Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Եեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը 100 տարի անց, անգամ մը եւս կը շեշտէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած քաղաքակիրթ աշխարհի պայքարի անհրաժեշտութեան ու շարունակականութեան մասին: Գերմանիոյ օրէնսդիրներու կողմէ յիրաւի այս պատմական եւ գնահատելի քայլը՝ իր լրջագոյն նպաստը բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ:

Բանաձեւը կ’արժեւորուի նաեւ այն պատճառով, որ Գերմանիան որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից, կ’ընդունի նաեւ իր մեղսակցութիւնը եւ անով կը շեշտէ հիմնական մեղաւորը` Թուրքիան: Նոյնիսկ Պունտեսթակի բանաձեւէն յետոյ, երբ մեղսակիցներէն մէկը կ’ընդունի իր մասնակցութիւնը, անտրամաբանական է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին կը շարունակեն իրենց որդեգրած ժխտողական քաղաքականութիւնը, կը խաբեն իրենց ժողովուրդը` խուսափելով առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ:

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Պունտեսթակի բոլոր պատգամաւորներուն,  բոլոր խմբակցութիւններուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը  ունեցած են փաստաթուղթի պատրաստման եւ ընդունման գործին մէջ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Գերմանիա բնակող մեր հայրենակիցներուն, համայնքէն ներս գործող տարբեր կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց երկարատեւ ջանքերուն, պայքարին շնորհիւ է նաեւ, որ աշխարհի կարեւորագոյն ամպիոններէն մէկը` Գերմանիոյ Պունտըսթակը, հարիւրամեայ վաղեմութեան յանցագործութեան ճշգրիտ բնորոշում տուաւ:

Այս բանաձեւով կը սկսի նոր փուլ, եւ կը փոխուի պայքարի գործիքակազմը` Հայ Դատի նպատակները մինչեւ վերջ հասցնելու համար:

Շնորհակալութիւ՛ն Գերմանիա, շնորհակալութիւ՛ն Գերմանիոյ հայ համայնք, շնորհակալութիւն…։

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *