*ԾԱՂԻԿ ՍԱՀԱԿԵԱՆ*
Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2016ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Հայկազեան Համալսարանի Մուկար պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Իմ Ընտանիքիս Պատմութիւնը գիրքին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հիւպատոս տիար Աշոտ վարդանեանի եւ մշակութային կցորդ տիար Վլադիմիր Պօղոսեանի, լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէններու եւ հայերէնագիտութեան ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ գիրքին իրենց մասնակցութիւնը բերող աշակերտներու, քաջալեր ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառումներուն շարքին, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան խումբ մը ուսանողներու ջանքերով, եւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ Իմ Ընտանիքիս Պատմութիւնը գիրքը, որ կը բովանդակէ 100 շարադրութիւններ՝ գրուած լիբանանահայ 14-17 տարեկան պարման-պարմանուհիներու կողմէ: Շարադրութիւնները պատմութիւններ են, որոնք կը վկայեն Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքներու ցաւին, տառապանքին, ինչպէս նաեւ վերապրումին ու վերականգնումին մասին:
Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Ուսանողներու Ընկերակցութեան անունով՝ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արմէն Պագգալեան: Ան հակիրճ կերպով նկարագրեց գիրքին ծրագիրին մտայղացումն ու պատրաստութեան գործընթացը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին շարադրութիւն-պատումի ծրագիրին, հայերէնի ուսուցիչներուն, դպրոցի տնօրէններուն, Հայկազեան Համալսարանին եւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին՝ իրենց աջակցութեան ու ներդրումին համար: Պագգալեան իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց օրուան հիւր բանախօս՝ Տիկ. Անի Լաչինեան-Մակարեանը:
Բանախօսը գնահատեց հատորին հրատարակութիւնը, զայն համարելով պատեհ առիթ մը ոգեւորուելու, խանդավառուելու, ներշնչուելու, պրպտելու եւ իմանալու Եղեռնէն վերապրողներու պատմութիւնը: Ան հատորին բովանդակութիւնը ամփոփեց հիմնական չորս կէտերու մէջ. Ա.՝ անցեալի, պապենական բնակավայրի նկարագրութիւն. Բ.՝ տխուր եւ սրտաճմլիկ պատմութիւնններ. Գ.՝ հպարտութեան զգացում, ինքնութեան դրսեւորում եւ յանձնառութիւն. Դ.՝ երազելու ցանկութիւն: Ան գիրքէն մէջբերումներ կատարելով՝ պարզաբանեց եւ հիմնաւորեց վերոնշեալ չորս կէտերը:
Տիկ. Լաչինեան-Մակարեան անդրադառնալով աշակերտ-հեղինակներուն աշխատանքին՝ յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհուածներուն չորրորդ սերունդը նման գիրքի մը պատրաստութեան մասնակցելով՝ իւրացուց ազգային վիշտը եւ պայքարելու հրամայականը: Ան աւելցուց, թէ այս շարադրութիւն-պատումը գրելով՝ աշակերտները ծանօթացան իրենց նախահայրերու Հայրենիքի աշխարհագրական յատկանիշներուն, սքանչացան անոնց հերոսութեամբ, յիշելու կողքին արտայայտեցին նաեւ իրենց յանձնառութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ քաջութիւնը ունեցան երազելու՝ մեր հողերուն վերադառնալու մասին: Ան խօսքի աւարտին բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն, որոնք մեր ազգի արժանաւոր զաւակներն են եւ պիտի շարունակեն պայքարը՝ նեցուկ կանգնելով Հայաստանի հզօրացման եւ բարգաւաճման: Բանախօսը իր խօսքը փակեց սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնելով համալսարանի ղեկավարութեան, որ մեծ դեր ունեցաւ այս արժանաւոր գիրքի հրատարակութեան գործին մէջ:
Ընթերցուեցաւ աշակերտուհի Նուարդ Տէմիրճեանին շարադրութիւնը: Ի բացակայութեան աշակերտուհիին, որ վերադարձած է իր ծննդավայրը՝ Հալէպ, շարադրութիւնը ընթերցեց իր դասարանակիցը:
Սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան: Ան յայտնեց, թէ Իմ Ըտանիքիս Պատմութիւնը գիրքի հրատարակութեամբ՝ Հայկազեան Համալսարանի առաքելութիւնն է, որ կ’իրականանայ: «Այս ձեռնարկը առիթ մըն է պատուելու վերապրողներուն յիշատակը, որոնք դարձան պատմիչնեը Ցեղասպանութեան նկարագրութեան», ըսաւ ան: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի ձեռքբերումներուն ան նշեց, որ մեր ժողովուրդը յաջողած է սերունդէ սերունդ փոխանցել պատմութեան խորերը գտնուող ցաւախառն իրականութիւնները՝ շինիչ լաւատեսութեամբ եւ անցեալի ոգեղէն պատկերները ներկայացնելով: Վեր. Հայտօսթեան գնահատանքի խօսք ուղղեց հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչնեուն, ծնողներուն եւ երէց ծնողներուն, խմբագիր ուսանողներուն եւ գիրքին իրենց մասնակցութիւնը բերած պատանիներուն ու երիտասարդներուն: Ան շեշտելով պատմելու կարեւորութիւնը ըսաւ. «Պատմե՛նք յոյսով, պատմե՛նք խանդավառութեամբ եւ ցաւը պիտի վերածուի պտղատու տունկի»: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: Ներկաները ստանալով գիրքէն օրինակներ՝ մեծ խանդավառութեամբ մեկնեցան այս ձեռնարկէն: