Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նիստը կը վարէր Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:
Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, ԱՄՆ-ի «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, ԱՄՆ-էն լրագրողներ Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալաճեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, ԵՊՀ Լրագրողներու բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, ԵՊՀ լրագրողներու բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, ՀՀ ՍՆ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Պաղտասարեան, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Հեռակապի միջոցով կը մասնակցէին Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Քիմ Գաբրիէլեան, Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չօլաքեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:
Ողջունելով նիստի մասնակիցները նախարարը նախ անդրադարձաւ՝ Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի ամբողջ երկայնքով Ազրպէյճանի իրականացուցած լայնածաւալ ռազմական յարձակումներուն: «Մեզի համար այդ ծանրագոյն օրերուն Սփիւռքի հայկական համայնքները համախմբուեցան եւ ամենատարբեր, մեծածաւալ օգնութիւն ցուցաբերեցին Արցախին: Մինչ օրս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացուած պաշտօնական հաշուեհամարին կը փոխանցուին գումարներ, կը կազմակերպուին դրամահաւաքներ, Արցախ կ՛առաքուին մարդասիրական բեռներ, Ռուսաստանէն կ՛ուղարկուին տարբեր տեսակի մեքենաներ: Շնորհակալ ենք բոլորին: Հարկ է շեշտել, որ Սփիւռքի մէջ գործող մեր լրատուամիջոցներու արագ արձագանքման շնորհիւ էր, որ մեր հայրենակիցները անմիջապէս տեղեկացուեցան, համախմբուեցան եւ 50-է աւելի երկիրներու մէջ կազմակերպեցին Արցախի պաշտպանութեան նուիրուած ու Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող ցոյցեր, բողոքի երթեր, դատապարտող վերաբերմունք դրսեւորելու համար նամակներով դիմեցին իրենց բնակութեան երկրներու իշխանութիւններուն», նշեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, «Ազրպէյճանը իրականացուցած է ռազմական յանցագործութիւն եւ այդ մասին մենք պէտք է կարենանք հնարաւորինս շատ գրել` իրականութիւնը ներկայացնելով համաշխարհային հանրութեան, ձեւաւորելով Ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ ճիշդ պատկերացում եւ մօտեցում: Հայ ժողովուրդը 10 միլիոննոց բանակ դարձաւ: Մենք պէտք է առաջ տանինք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը: Միայն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ եւ մէկ բռունցք դարձած՝ մենք կրնանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»:
Համաժողովի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած զարգացումները եւ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած արձագանքները:
Օրակարգին մէջ էին հետեւեալ հարցերը` «Ազրպէյճանական նախայարձակման լուսաբանման խնդիրները տարածաշրջանի երկիրներու պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական լրատուամիջոցներուն մէջ», «Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ծրագիրները Սփիւռքի համայնքներուն մէջ», «Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի նիստերու թեմատիկան»:
Անդրադառնալով «Ազրպէյճանական նախայարձակման լուսաբանման խնդիրները տարածաշրջանի երկիրներու լրատուամիջոցներուն մէջ» հարցին` նիստի մասնակիցները կարեւոր համարեցին հարցի քարոզչութիւնը օտար լեզուներով կազմակերպելու, ռազմական յարձակումներու օրերուն հայկական եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու համախմբուած աշխատանքին շնորհիւ՝ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացող ապատեղեկատուական հոսքերուն մէջ չներքաշուելու եւ ի վերջոյ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային տուրք իրականացնելու վերաբերող հարցերը: