Իսթանպուլի Միմար Սինան Համալսարանի խումբ մը հետազօտողներ՝ Պարիշ Շաննան, Էօնտէրջան Մութի, Էօյքիւ Կիւրփինար եւ Դոկտ. Տերիա Ֆիրաթ շահեկան հանդիպում մը ունեցան Հայկազեան Համալսարանի խումբ մը ուսանողներու հետ, Հայկազեան Համալսարանի մէջ Ուրբաթ, 22 Ապրիլի կէսօրէ ետք:
Անոնք ներկայացուցին իրենց դաշտային հետազօտութիւնը, թէ ինչ գիտէ, ինչ փոխանցուած է եւ ինչ կը մտածէ չորրորդ սերունդի հայը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Հետազօտական այս խմբակը իր դաշտային պրպտումները կատարած էր Իսթանպուլի եւ Երեւանի մէջ ու կը գտնուի Պէյրութ՝ ծաւալելու իր դաշտային աշխատանքները, գործակցութեամբ Հրանդ Տինք Հիմանրկին:
Ձեռնարկի ընթացքին հետազօտողները ներկայացուցին իրենց աշխատանքին արդիւնքները, կատարեցին հետեւութիւններ ու պատասխանեցին հայկազեանցիներու հարցումներուն:
Ուշագրաւ է, որ անոնց հետազօտութիւնը կը զուգադիպի Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հետեւող ուսանողներու՝ Իմ Ընտանիքիս պատմութիւնը վերնագրեալ շարադրութիւններու գիրքին լոյս ընծայման, որուն շնորհանդէսը պիտի կայանայ Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2016, ժամը 6ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ: