Ամստերդամի Սուրբ Հոգի Եկեղեցին Կ՛ունենայ «Սայաթ Նովա» Անունով Երգչախումբ

Ամստերդամի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ ու ջանքերով պիտի հիմնուի նոր երգչախումբ մը` Սայաթ Նովա անունով: Ըստ «Հայերն Այսօր»ի , այս մասին կը տեղեկացնէ «Նիտըրլէնտական Օրագիր»ը:

Նոր հիմնուող խումբը հիմնականին մէջ պիտի կատարէ հայկական ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Յիշեալ երգչախումբի խմբավարը պիտի ըլլայ Հոլանտայի մէջ յայտնի , փորձառու երաժիշտ՝ Արմէն Արմենակեանը (Arminak apstok), որ ելոյթներ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ Հոլանտայի Զուոլէ, Տեւենթր եւ Տրոնթէ քաղաքներու բեմերուն վրայ:

Բոլոր անոնք, որոնք ունին համապատասխան երաժշտական ընդունակութիւն եւ ցանկութիւն մասնակցելու նորաստեղծ երգչախումբի կազմաւորման ու ձեւաւորման, կրնան կապ հաստատել Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ  քահանայ տէր Տարօն Թադեւոսեանի հետ, կամ զանգահարել ցուցապաստառին վրայ նշուած համարներով:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *