Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նախագիծը Պիտի Մտնէ Քնեսեթի Լիագումար Նիստի Օրակարգ

Յառաջիկային պարզ պիտի դառնայ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը ե՞րբ պիտի մտնէ Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստի օրկարագ: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի նշած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանը:

«Մենք այժմ կ՛աշխատինք յստակ ժամկէտ ճշդելու ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկային ատիկա պարզ պիտի դառնայ: Ինչպէս գիտենք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը քննարկուած է Քնեսեթի Կրթութեան, մշակոյթի եւ սփորթի հարցերով յանձնաժողովին կողմէ եւ հիմա կը սպասենք, որ անիկա ներառուի լիագումար նիստի օրակարգ եւ քննարկուի», ըսած է Յակոբ Սեւան:

Ան նկատած է, որ Իսրայէլի մէջ կը նկատուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած դրական իմաստով փոփոխութիւններ: «Իսրայէլի Քնեսեթի մօտեցումներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած՝ վերջին տարիներուն բաւական առաջընթաց կ՛արձանագրուի: Մենք կ՛աշխատինք տարբեր հարթութիւններու վրայ, տարբեր մակարդակներով: Մասնաւորաբար աշխատանք կը տարուի այն պատգամաւորներուն հետ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով դրական կեցուածք ունին», ըսած է Յակոբ Սեւան: Անոր խօսքով կը նկատուի, որ այդպիսի պատգամաւորներու շրջանակը կը մեծնայ: Յակոբ Սեւան նաեւ բաւական դրական գնահատած է՝ գիտական հաստատութիւններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով կազմակերպուած գիտաժողովները եւ այլ նախաձեռնութիւնները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *