100 Մեթրնոց Եռագոյնը Ծածանած Է Վիեննայի Մէջ Հայկական Խաչքարին Շուրջ

«Տիգրան մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ`Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող 100 մեթրնոց  եռագոյնը ծածանած է Վիեննայի մէջ հայկական խաչքարին շուրջ: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»ը:

Յիշեցնենք, որ այս յատուկ արշաւը սկսած է անցեալ տարի: Մէկ տարուան ընթացքին 100 մեթրնոց խորհրդանշական Եռագոյնը  ծածանած է՝ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերու եւ Սփիւռքի մէջ, իսկ 2015-ի Ապրիլին ան նաեւ վեր խոյացաւ Արարատի գագաթը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *