Հայ Ուսանողները Փեքինի Մէջ Ներկայացուցած են Իրենց Հայրենիքը

Մայիս 9-ին հայ ուսանողները մասնակցեցան Փեքինի լեզուի եւ մշակոյթի համալսարանի կազմակերպած 12-րդ մշակութային փառատօնին: Մեր ուսանողները ձեռնարկին ընթացքին  ներկայացուցին  Հայաստանի վերաբերեալ հետաքրքիր պատմութիւններ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի հայ համայնքէն:

Հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր չինացի եւ արտասահմանցի ուսանողներուն մօտ: Ճաշակելով հայ ուսանողներու պատրաստած համեղ ուտեստները` անոնք կը ծանօթանային  հայկական աւանդական խոհանոցին, արուեստին ու մշակոյթին:

Հայ ուսանողները եւս մէկ անգամ յաջողեցան Հայաստան ներկայացնել վառ գոյներով, որուն լաւագոյն ապացոյցն էր բազմաթիւ հիւրերու ներկայութիւնը տաղաւարին մէջ եւ  հետաքրքրուածութիւնը Հայաստանով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *