Իր հիմնադրութեան 7-րդ տարեդարձին առիթով , «Ռատիօ-Սեւան»-ի (FM 90.8 եւ 101.5 ) սթիւտէօներէն ներս, երկուշաբթի 27 հոկտեմբեր 2014-ի , առաւօտեան ժամը 9.00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3.00 կազմակերպուած էր արեան տուչութեան արշաւ , նուիրուած Children’s Cancer of Lebanon-ի ‘ գործակցութեամբ Donner Sang Compter-ի :
«Ռատիօ-Սեւան»-ի հրաւէրին ընդառաջելով , ունկնդիրներ, բարեկամներ եւ համակիրներ ներկայացան «Ռատիօ-Սեւան», իրենց մասնակցութիւնը բերելու մարդասիրական այս նախաձեռնութեան:
«Ռատիօ-Սեւան»-ի տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը ըլլալով քաջալերու, մարդասիրական նպատակներով կազմակերպուած միջոցառումներու, արեան տուչութեան արշաւը համարեց լաւագոյն նուէրը, զոր իր ունկնդիրներն ու համակիրները կրնային մատուցել իր հիմնադրութեան 7-րդ տարեդարձին առիթով:
«Ռատիօ-Սեւան»-ի տնօրէնութիւն