Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (4)

Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին  մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով  մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:

             Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամէն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը: Ընթերցարանին կողքին սովորաբար քերականութեան գիրք մըն ալ կ’ունենայինք, բայց ահա նոր դասագիրքին հետ չունեցանք զայն:

            – Պարո՛ն, քերականութեան ի՞նչ գիրք պիտի առնենք,– հարցուց օր մը Դանիէլ Մածունեան,  որուն հոգերուն վերջինն էր քերականութիւնը:

            – Պարապ բաներու ժամանակ չունիմ,–  յայտարարեց նոր տնօրէնը:

            Ի՜նչ լաւ, մեր ուզածն  ալ ճիշդ ա՛յդ էր, որ քերականութիւն չընէինք: Եւ այդպէս ալ Աբգարեանը աւարտեցինք…առանց քերականութեան գիրքի եւ կանոնները սորվելու պարտաւորութեան: Ինչպէ՜ս չես սիրեր այդպիսի ուսուցիչ մը:

            Միւս կողմէ՝

            Ծառուկեան թէեւ չէր կտրուած ընթերցարանէն, սակայն անկէ դուրս հատուածներ եւս սովորաբար կը մտնէին դասարան: Կը յիշեմ, որ երբեմն չկազմուած պրակներ հետը կը բերէր՝ տպարանի մելանին թարմ  հոտը վրան ու անոնցմէ  էջեր կը կարդար մեզի.  ասոնք պէտք է  ըլլային «Նայիրի»-ի հերթական թիւերէն մէկը կամ հատուած մը  «Թուղթ առ Երեւան»-էն, որ շարունակ կը վերահրատարակուէր,  բայց նաեւ այլ գիրքերէ, ինչպէս «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն էր,  որ հեղինակը  ճամբուն վրայ տպարանէն առած ու հետը բերած կ’ըլլար: Այնքան լաւ կը կարդար ու կը վերլուծէր այդ հատուածները, որ մենք դժուար կը սպասէինք  ամբողջական բնագրերու լոյսընծայումը, որպէսզի լման  կարդայինք զանոնք: 

            Յատուկ թովչանք մը ունեցաւ  մեզի համար մասնաւորաբար «Թուղթ առ Երեւան»-ը, ոչ այնքան իր ազգային-գաղափարական բովանդակութեան  թռիչքներով ու  թելադրանքներով,– որոնք տակաւին անմատչելի էին մեզի,–  որքան իր գրողական առինքնող ու կախարդիչ ոճով ու հնարքներով, եւ այս՝ իր առաջին տողերէն.

                                  «Այս ուշ գիշերին,

                                  «Աշնան տխրամած հողմերի     միջով

                                  «Ու բարակ մաղուող անձրեւների տակ

                                  «Գնում է ահա մի  մտամոլար

                                  «Ու հիւանդ տղայ…»: 

եւ անոր մինչեւ վերջին տողերը՝

                                  «Հէ՜յ ջան Երեւան,

                                  «Մշուշներու մէջ կորսուած իմ եար»… 

            Ուղղակի ելետրականացած էինք: Կարծես մոգական գաւազան մը մեր էութեան ծալքերուն վրայ տառ առ տառ դրոշմած էր այս տողերը, եւ կը կրէինք զանոնք  իբրեւ երկրորդ բնութիւն: Այդ մտամոլար ու հիւանդ տղան, տղանե՛րը՝ մե՛նք էինք կամ  մանաւանդ յամառ ջանադրութեամբ  կը փորձէինք…ըլլա՛լ:  Կաղութեան հմայքը ի՛ր կարգին, հիմա ալ կը փորձէինք… մոլորիլ ու հիւանդանալ, որպէսզի ուշ գիշերներուն անցնէինք «աշնան տխրամած հողմերուն» մէջէն՝ արհամարհելով «բարակ մաղուող անձրեւները», հասնելու համար «մշուշներուն մէջ կորսուած մեր եարին…», որուն ո՛վ ըլլալը եւ ո՛ւր գտնուիլը առեղծուած մըն էր  տակաւին:   

            Բայց ահա մեր չար բախտէն չէինք հիւանդանար,  եւ այնպէս ալ  այդ խոստմնալից հողմերն ու մշուշները  կը մնային մեզմէ  հեռու՝ անհասանելի երազ մը:

            Պատանի էինք:

                                                                      *   *   *                 

                                                       

             «Թուղթ առ Երեւան»-ը շուտով դարձաւ բարձի գիրքս, ճշմարիտ դասագիրք մը, որմէ երկար հատուածներ կրնայի գոց արտասանել, ինչպէս  կ’արտասանեմ մինչեւ հիմա ալ: Այս սէրով վարակուեցաւ հայրս ալ, որ միշտ ընթերցասէր եղած է եւ  որուն համար յայտնութիւն մը եղաւ այդ գրքոյկը, եւ յափշտակութեամբ կը կարդար ու կը վերակարդար զայն: Ինք եւս կարգ մը հատուածներ գոց սորված էր  անկէ:       

            Առաւօտները մեր տան մէջ առաջին արթնցողը   միշտ հայրս էր, որ կ’ածիլուէր, կը լուացուէր  եւ նախաճաշ կը պատրաստէր:   Եւ մինչեւ թեյին ջուրը եռար, կը սիրէր երգել, իսկ ես, որ ընդհանրապէս  երկրորդ արթնցողը կ’ըլլայի, անկողինիս ջերմութեան մէջ յուլօրէն ծուարած ու աչքերս փակ, հեշտանքով մտիկ կ’ընէի, կը վերլուծէի, այլեւ կ’ըմբոշխնէի անոր  երգերուն իւրաքանչիւր բառը: Քանի՜-քանի՜ երգեր սորված եմ այս ճամբով ու մանաւանդ սորված եմ սիրել երգը:

            Խորհրդապահաբար խոստովանիմ նաեւ,– ու մեր մէջ մնայ,–  որ մինչեւ հիմա ալ կ’երգեմ…երբ հաստատեմ, որ  ինքնամեկուսացած եմ եւ զիս  մտիկ ընող չկայ:

             Հօրս բազմաթիւ երգերէն ամէնէն աւելի տպաւորած է զիս  «Անուշ»-ի  վիրաւոր Սարոյի  վերջին հատուածը, որուն աւարտին՝ ան անմտօրէն զոհ պիտի  երթար  անխոհեմ Մոսիի վրիժառու գնդակին.

                            «Ա՜խ, կը մեռնեմ, աման, ա՜հ,

                             «Վա՜յ թէ յանկարծ իմանայ»…

            Հասնելով այս   կէտին՝ հօրս ձայնը  կ’երկարէր, կը ստանար զարմանալի թրթիռ մը ու բոլորովին նոր երանգ մը, որ խորապէս վարակիչ էր. կը զգայի,   թէ որքա՜ն կը յուզուէր ան ու կը յուզէր զիս եւս: Եւ անկէ ետք այլեւս չէի կրնար մնալ անկողինիս մէջ, որ  նեղ կու գար ինծի, ու կը թուէր, թէ պիտի խեղդուէի: Մեքենաբար կ’ուղղուէի խոհանոց, ուր կ’ուզէի յականէ ստուգել  հօրս  ներկայութիւնը եւ  անկէ ետք էր միայն, որ կը հանգստանայի:

                                                               *   *   *

            Եւ  ահա օր մըն ալ նկատեցի, որ հայրս ա՛լ չէր  երգեր, այլ բարձրաձայն ու արտայայտիչ կ’արտասանէր  «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ:     Եւ միայն չէր արտասաներ, այլեւ  տեղին համեմատ «կը սրբագրէր» կամ «կը վերաշարադրէր» չհաւնած տողերը. կը յիշեմ ասոնցմէ մէկը, որ հետեւեալն էր.   

                             «Օ՜, Գէո՛րգ   Աբով, ամէն բան չափով»…

            Բնագիրին մէջ բազմիցս  կրկնուած էր   «՜Օ Գէորգ Աբով» կոչականը,   այդ մէկը     լա՛ւ գիտէի,  սակայն «ամէն բան չափով»  չկա՜ր, բայց հայրենի բանաստեղծը իր յարձակումներուն  մէջ այնքան առաջ գացած էր, որ  հայրս,– կուսակցական մասնաւոր հակում չունենալով հանդերձ,–  անտեղի չափազանցութիւններ կը գտնէր  Գէորգ Աբովի քերթուածին մէջ եւ հարկ կը տեսնէր   սաստելու  զայն,  որ քիչ մը զսպէր  իր լեզուն, չափ ու սահման մը դնէր իր մտքի ու երեւակայութեան թռիչքներուն, բայց նաեւ՝ ճնշիչ ամբաստանութիւններուն:

            Այլ խօսքով՝  «ամէն բան չափով…»:

            Հապա՞…

            Յ. Գ.

             1980-ի ամառը  ս. Ղազար այցելեցի: 

ս. Ղազար կղզին

            Հիւրերը քարափին վրայ ընդունեց օրուան աբբահայրը՝ հոյակապ մխիթարեան մը,  որ հայր Ներսէս  տէր Ներսէսեանն էր:

            Երբ բաւական մտերմացանք, ան յայտնեց, թէ քանի մը օր առաջ իրենց մէջ կը գտնուէր Գէորգ Աբովը.          

            –Երեք օր առաջ գայիք՝ կը տեսնէիք զինք,– ըսաւ ազնիւ ափսոսանքով մը:

 

 

ս. Ղազար կղզին

Անշուշտ ես անձամբ  մասնաւոր հետաքրքրուած չէի Աբովով, այսուհանդերձ  շահեկան պիտի ըլլար տեսնել այն  մարդը, որուն մէկ բանաստեղծութիւնը գրգիռ հանդիսացած էր, որ Ծառուկեան գրէր «Թուղթ առ Երեւան»-ը:

            Հայր Ներսէս պատմեց ուրիշ բան մըն ալ:

            Ուրեմն իր կեցութեան երկրորդ օրը՝ «կէս գիշերին»,– ինչպէս շեշտեց հայր սուրբը,–  Աբով  կը ծեծէ իր  դուռը եւ  կը խնդրէ «Թուղթ առ Երեւանը»:

            –Տարաւ եւ առտուան լոյսը չբացուած վերադարձուց զայն: 

            Ինչո՞ւ կէսգիշերին եւ ինչո՞ւ լոյսը չբացուած…

            Ինչո՞ւ այս աստիճան գաղտնապահութիւն ու թաքնամտութիւն ցուցաբերած է Աբով,–  անըմբռնելի մնաց օրին  ու կը մնայ այսօր ալ:

            Արդեօք կարելի՞ է մտածել, թէ  ամէն խորհրդային քաղաքացի իր մէջ ունեցած է անբաժան  հալածախտ  մը, որ հիւանդագին զգուշութիւն կը թելադրէր իրեն:

                                                                *   *   *                                                       

 

Ներսէս արք. տէր Ներսէսեան

   Հիմա թոյլ տուէք,  որ քիչ մը խախտելով գրողական արուեստի կանոնները, քիչ մըն ալ չարաշահելով  ձեր համբերութիւնը,  երկու խօսք  ըսեմ հայր Ներսէսի մասին՝ չդիմանալով  նման հաճոյքի մը փորձութեան, մանաւանդ որ ան «արժանի է գրոց յիշատակութեան»:

            Ուրեմն ես զինքը ճանչցած եմ լեզուական այն երկար բանավէճերուն ընդմէջէն, որ  ան մղեց 1960-ական թուականներուն «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ «Թիւրն ու թերին»-ի հեղինակ Բենիամին Թաշեանի հետ:        Անոնք բզկտեցին զիրար:   Բայց եւ այնպէս իրենց ետին ձգեցին  գերազանցապէս յանձնարարելի ու փայլուն էջեր:

            Ուրեմն ս. Ղազարի   մեր էջքին՝ դիմաւորելով մեզ,  ան  առաջնորդեց դէպի գլխաւոր շէնքը: Մինչ այդ  յայտնեց, որ կղզին ներկայիս չորս անգամ աւելի ընդարձակ է, քան 1717-ին, երբ Մխիթար աբբահայրը ստանձնած էր զայն:

Ներսէս արք. տէր Ներսէսեան

            Ապա հասանք վեց-եօթը աստիճան ունեցող սանդուղի մը.

            –Կը նկատէ՞ք որքան հանգստաւէտ է այս սանդուղը՝ իր համաչափ ու ներդաշնակ  հատուածներով ,– դիտել տուաւ  ան,– Մխիթար աբբահօր յղացումն է: Քանի-քանի օտար հիւրեր, երբեմն ճարտարապետներ, հիացումով արտայայտուած են անոր մասին:

            Այս բոլորէն ետք մենք ալ անդրադարձանք, որ իրապէս շատ հանգիստ ու թեթեւոտն կը բարձրանայինք անոր աստիճանները:

            Յետոյ պտտցուց թանգարանը, ուր դրուած էր եգիպտական մոմիա մը,– որմէ  մեծ ճիգերով շեղեցի անչափահաս զաւակներուս ուշադրութիւնը,– ցոյց տուաւ մատենադարան մը կամ թերեւս անոր մէկ փոքրիկ թեւը  միայն, ուր բոլորովին նոր կառուցուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէին տախտակեայ դարանները: Ապակիին ետեւէն կը տեսնուէր Լորտ Պայրընի մէկ հայերէն ձեռագիրը՝ ստորագրութեամբ հանդերձ: Ի դէպ, Պայրըն աւելի քան տարի մը հայերէն սորված է ս. Ղազարի մէջ:

            –Երկու տարի առաջ հրդեհ ծագեցաւ այստեղ,– բացատրեց,– բարեբախտաբար ձեռագրերը կարելի եղաւ փրկել թեթեւ մշակումով մը: Այս նոր դարանները հակահրդեհային են եւ նուէրն են ազգայինի մը:

            Ապա ուղղուեցանք այն սրահակը, ուր միաբանները ճաշէն ետք կը հաւաքուէին,  սուրճ կը խմէին ու կը զրուցէին: Եւ այսպէս կը շարունակէր…

            Չեմ գիտեր ինչի՞ մասին կը խօսէր, երբ յանկարծ  ընդհատեց խօսքը, նաեւ՝ քայլերը  եւ աջ ձեռքին բաց ափը գլխէն վեր ճօճելով՝ ի խորոց սրտի  ըսաւ.

            –Ա՜՜՜խ այս կաթոլիկները…

            Ես քիթիս տակէն  կը ծիծաղէի. «Ասի ըսողը կաթոլիկ վարդապետ մը չէ՞ր…»:

                                                                     *   *   *

            1990-ականներու սկիզբն էր, անկախութեան առաջին տարիները, երբ հայ կաթողիկէները կ’որոշեն հովուել հիւսիսային Հայաստանի կամ հարաւային Կովկասի հայ կաթողիկէները, որոնք բաւական շօշափելի թիւ մը ունէին:

            Առ այս՝ Յովհաննէս Զ. պապը երեք հայ միաբաններու անուանացանկ մը կը ներկայացնէ Վազգէն Ա-ին՝ խնդրելով, որ ընտրէ անոնցմէ մէկը՝ իբրեւ առաջնորդ:

            Եւ Վազգէն վեհափառին ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ  հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանի վրայ,  որ այն օրերուն արդէն արքութեան աստիճան ունէր:

            Այսպէս է, որ ան կը ձգէ ս. Ղազարը ու կը հաստատուի Հայաստան՝ Գիւմրի,  ուր եւ մահացաւ 2006-ին:

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

 

Կայացաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Նախաձեռնութեամբ լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, Հինգշաբթի 30 Յուլիսին Երեւանի ժամով 19:00-ին տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը։

Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անդամները ,  Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներու որդեգրած աշխատակարգերու հետ առնչուած խնդիրներուն, տեղեկագիտութեան նորարարութեան ընձեռած ներկայ կարելիութիւնները արդիւնաւէտ օգտագործելու, Ազրպէյճանի յարձակողապշատութեան վերջին գործողութիւննեուն մասին լրատուութիւնները ներկայացնելու եւ տարածելու ճիշդ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համահայկական լրագրողական ցանցերը մնայուն կերպով աշխատցնելու հրամայականներուն։

Տիկ. Մանէ Գէորգեան ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ
Պրն. Վահագն Աթաբեկեան Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տարածաշրջանային առցանց նիստերը պիտի շարունակուին․ յաջորդ նիստը պիտի ներառնէ եւրոպական տարածաշրջանը։ Թուականի եւ օրակարգի մասին լրատուադաշտը վերահասու կ՛ըլլայ շուտով։ 

 

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Ամերիկեան Բարքեր

Միայն Ամերիկայի մէջ . . . (Only in America!)

Այս անհաւատալի դէպքը պատահած է Վըրճինիա նահանգին մէջ, ասկէ մի քանի տարիներ առաջ։ Սակայն իմ ուշադրութեանս յանձնուեցաւ վերջերս միայն եւ խիստ շահեկան ըլլալուն համար, կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողին հետ՝ վճիռը ձգելով անոր հայեցողութեան։

Ուրեմն 13 տարեկան պատանի մը՝ Ճէք անունով, մօրը հետ շուկայ կ՛երթայ գնում կատարելու։ Ընտանիքին համար պէտք եղած ուտեստեղէնը ապահովելէ ետք, մտահոգ քաղաքացիի մը թելադրութեամբ՝ կը մղուի հետեւեալ առաքելութեան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ի՞նչ է այդ գաղտնի յանձնակատարութիւնը։

Չեմ գիտէր ինչո՞ւ, վերոյիշեալ մտահոգ քաղաքացին կ՛ուզէ գիտնալ թէ խանութպաններ որքանով օրինապահ են եւ սիրայօժար կը գործադրեն երկրի օրէնքները։ Հետեւեալ խանութները հանդիսացած են իրենց առաքելութեան թիրախները։

  • Առաջին առթիւ, անոնք կը մտնեն սիկարէթ ծախողի մը խանութը եւ պատանին յառաջ կը մղեն որ սիկարէթ գնէ։ Խանութպանը կը մերժէ՝առարկելով որ տարիքով շատ փոքր է։
  • Երկրորդ առթիւ, անոնք կը մտնեն ոգելից ըմպելի ծախողի մը խանութը եւ կ՛առաջարկեն որ պատանին գարեջուր գնէ։ Ան դարձեալ կը մերժուի՝ նոյն առարկութեամբ։
  • Յաջորդը, անոնք կը մտնեն քիչ մը ամէն բան ծախողի խանութը եւ կը խնդրեն պատանիէն որ վիճակախաղի տոմսակ գնէ։ Պատանին դարձեալ կը մերժուի, նոյն առարկութեամբ։
  • Անոնք ապա կը մտնեն ուրիշ խանութ մը եւ պատանին կ՛ուզէ պոռնկագրութեան ամսագիր (pornography magazine) մը գնել եւ կ՛արժանանայ նոյն մերժումին։
  • Վերջապէս անոնք կ՛երթան զինամթերքի ցուցասրահ մը եւ պատանին կ՛ուզէ զէնք գնել։ Պիտի զարմանաք երբ ըսեմ թէ ան շատ հեշտութեամբ կը գնէ 22 միլիմեթրանոց հրացան մը (22 caliber rifle, տես նկարը) եւ սրահէն դուրս կ՛ելլէ, առանց աւելորդ հարցուփորձի . . .

Հոս տեղին է յիշել որ ամերիկայի սահմանադրութեան 27 բարեփոխումներէն երկրորդը՝ (second amendment) կ՛արտօնէ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի զէնք կրէ, սակայն այդ քաղաքացին պէտք է որ 18 տարիքը թեւակոխած ըլլայ եւ քրէական որեւէ յանցանք գործած չըլլայ!

Համաձայնութեան մը Զօրութիւնը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ուիսքանսըն նահանգի Մէնոմանի քաղաքէն։ Հոն, երկու մօտիկ բարեկամներ՝ Թոմաս Քուք եւ Ճոզէֆ Ֆինի, 1992-ին եկած են համաձայնութեան մը ըստ որուն՝ ով որ եւ երբ որ վիճակահանութիւնը շահի, պիտի բաժնէ զայն միւս ընկերոջ հետ։

Հոս տեղին է յիշել որ վերոյիշեալ համաձայնութիւնը գոյացած է բերանացի կերպով ու կնքուած՝ ձեռնուելով միայն, յար եւ նման հին ժամանակներու Միջին Արեւելեան երկիրներու վաճառականներուն միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի բանակցութեանց։

Յունիս 10-ին, Թոմաս Քուք վիճակահանութեան (Powerball) տոմսակ մը կը գնէ եւ կը շահի 22 միլիոն տոլար։ Ան յանկարծ կը յիշէ որ 28 տարի առաջ կնքած է համաձայնութիւն մը իր ընկերոջ՝ Ճոզէֆ Ֆինիի հետ։ Ուստի կը հեռաձայնէ անոր եւ կ՛ուզի իր շահը բաժնել անոր հետ, ըստ իրենց  համաձայնութեան . . .

Հիմա՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, երկու ընկերներ իրենց կողակիցներով կ՛ստանան վերոյիշեալ գումարը։ Երբ մօտէն դիտէք նկարը, պիտի տեսնէք թէ ուրախութիւնը կը ցայտկլտայ անոնց դէմքերէն՝ հակառակ որ շահող անձը գումարին կէսը կու տայ ընկերոջ։

Սա անհաւատալի՝ բայց իրաւ դէպք մըն է որ սփռուեցաւ աշխարհի հեռուստատեսիլի բոլոր կայաններէն՝  իր հազուագիւտ շահեկանութեան համար։ Արդարեւ՝ 22 միլիոն տոլարը բաժնել ընկերոջը հետ, ազնուականութեան բացառիկ ժեսթերէն մին է որ դժուար թէ պատահի քսանմէկերորդ դարու եսասէր մեր մարդկային ընկերութեան մէջ եւ վերջ!

Ահաւասիկ երկու դէպքեր՝ որոնք իրական կերպով կ՛արտացոլացնեն ամերիկեան կեանքի բացասական եւ դրական երեւոյթները, հասկցողին շատ բարեւներ։

 

 

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Տնտեսական խոշոր ծրագրեր են իրականացվելու Արցախում, որոնք լրացուցիչ 10-15 հազար աշխատատեղ կստեղծեն․ Արայիկ Հարությունյան

«Զարթօնք», «Արև» և «Սարտարապատ» թերթերի սիրելի բարեկամները  Չորեքշաբթի, հուլիսի 29-ին դարձյալ ժամադրված էին հանդիպելու արդեն իսկ բոլորի համար օգտաշատ և սպասված ժամադրավայրը դարձած՝ մամուլի 6-րդ առցանց լսարանում։

«Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրավերներ և Իրագործումներ» թեմայի շուրջ իմաստալից, մասնակիցներին հպարտություն ներշնչող  եւ հեռանկարներով լեցուն խոսքով ելույյթ ունեցավ Արցախի Հանրապետության վսեմաշուք նախագահ՝ Պրն. Արայիկ Յարությունեանը:

Տարբեր երկրների շուրջ 65 մասնակիցներով կազմված առցանց հարթակը ինչպես միշտ ձեռնհասությամբ  վարեց՝ լիբանանահայ ծանոթ մտավորական, Հայկազյան Համալսարանի Հայագիտական Հանդեսի պատասխանատու խմբագիր և նոյն համալսարանի Սփյուռքի Ուսումնասիրության կենտրոնի տնօրեն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսյանը։

«Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր ևակ Հակոբյանն իր խոսքում երախտագիտություն հայտնեց Արցախի նախագահին առցանց լսարանում ելույթ ունենալու համար և խոսքը փոխանցեց Դոկտ․ Անդրանիկ Դաքեսյանին։

Դոկտորն իր հերթին, պատասխանելով Նախագահ Հարությունյանի՝ լսարանին ուղղված որպիսության վերաբերյալ հարցին, նշեց, որ իրենք լավ են այն ժամանակ, երբ հզոր է Արցախը, Մայր Հայաստանը։ Երկար չսպասեցնելով Նախագահին ու ներկաներին, Դոկտ․ Դաքեսյանը անմիջապես խոսքը փոխանցեց Արցածի նախագահ Արայիկ Հարությունյանին։

«Արցախի ներքին կյանքը, անկախ կորոնավիրուսային վտանգներից, շատ նորմալ է։ Արցախը դեռ կարողանում է դիմակայել վարակին։ Հաստատված դեպքերը մեզ մոտ շատ քիչ են, մահացություններ չունենք, փառք աստծո, տնտեսությունն էլ շարունակում է զարանալ»,- այս փոքրիկ տեղեկատվական նյութով իր խոսքը սկսեց Արայիկ Հարությունյանը։

Նախագահը հակիրճ անդրադարձավ այն բոլոր ծրագրերին, առաջնահերթություններին, որոնք իրենց առջև դրել են։ Մինչ այդ, Հարությունյանը շեշտեց, որ իրենք պատրաստակամ են ու հնարավորություն ունեն 100-150 ընտանիք ընդունել Լիբանանից, ովքեր հայրենադարձվել են։ «Մեր առաջիկա հիմնական խնդիրն է լինելու ժողովրդագրական վիճակի բարելավումը։ Այս համատեքստում նշեմ, որ մենք պատրասատակամ ենք ամենայն հոգատարությամբ Լիբանանից ընտանքիներ ընդունել Արցախում։ Մի քանի հարյուր ընտանիք ընդունելու հնարավորությունը և պատրաստակամությունը կա այս պահին։ Սակայն, նշեմ, որ մեր նպատակն է փորձել այն ընտանիքներին հետ վերադարձնել Արցախ, որոնք ժամանակին տեղափոխվել են այլ երկրներ, մանավանդ Ռուսաստան։ Դրանով կփորձենք նպաստել ժողովրդագրական աճին»,- ասաց Նախագահը։

Խոսելով մարտահրավերների մասին, Արայիկ Հարությունյանը կարևորեց հետևյալը։ Հայ-ադրեջանական սահմանին վերջին օրերին տեղի ունեցած դեպքերին Թուրքիայի միջամտությունը մեծ մարտահրավեր է, որը գնալով խորանում է։ «Դուք տեսաք օրեր առաջ Տավուշում հայ-ադրբեջանական սահմանին տեղի ունեցած դեպքերին Թուրքիայի միջամտությանը։ Ամբողջ աշխարհը այսօր հասկանում է, որ Թուրքիան շատ լուրջ և մեծամասշտաբ ծրագրեր ունի տարածաշրջանում։ Թուրքիայի պանթուրքիզմի գաղափարին խանգարում է Հայաստանը և Արցախ աշխարհը։ Այդ ծրագիրն իրականացնելու համար Թուրքիան ավելի է խորացնում իր հարաբերությունները Ադրբեջանի հետ։ Այսօր Նախիջևանում ընթանում են զորավարժություններ, որին մասնակցում է նաև թուրքական բանակը։ Սա ուղերձ է Հայաստանին, ամբողջ աշխարին, որ Թուրքիան չի պատրաստվում տարածաշրջանից այդքան հեշտ հեռանալ։ Ավելին՝ չի բավարարվում եղած հնարավորություններով»,- ասաց նախագահը։

Հայկական երկրորդ պետության ղեկավարի խոսքով՝ բանակի հետ կապված իհարկե կան խնդիրներ, բայց դրանք օր օրի ավելի քիչ են դառնում, ամեն օր ամրապնդվում է մեր անվտագությունը։ «Այս հանդիպումից ժամեր առաջ էլ մասնակցել եմ հրամանատարական դասընթացների մասնակցած անձնակազմի հետ ու քննարկել ենք բանակն էլ ավելի ուժեղացնելու ծրագրերը։ Ցանկացած իրավիճակում մենք ոչ միայն հաղթող ենք, այլ առաջիկյում ևս ունենալու ենք փայլուն արդյունք։ Այն ծրագրերը, որոնք մեր առաջ դրված են ու իրականացվելու են, թույլ են տալիս ինձ նման հայտարարություններ անել»,- ընդգծեց Արայիկ Հարությունյանը։

Բանախոսի խոսքով՝ բանակաաշինության ծրագրերի իրականացման համար նախևառաջ պետք է ունենալ հզոր տնտեսություն և՛ Հաաաստանու, և՛ Արցախում։ «Հայասստանում COVID-19-ով պայմանավորված իրավիճակը փոքր-ինչ այլ է, դեպքերը շատ են։ Մինչև Տնտեսական ցուցանիշները ևս նվազում են։ Այս տարի մոտ 5 տոկոս տնտեսակաան անկում է նկաատվում տարեվերջ հավանաբար ավելի կմեծանա։ Սա ևս խանգարող հանգամանք է։ Մյուս տարի պետք է փորձենք վերականգնել ՀՀ տնտեսությունը, որը շատ կարևոր է բանակի հզորության տեսանկյունից»,- իր խոսքում նշեց Նախագաահը։

Խոսելով Արցախում իրականացվելիք առաջիկա ծրագրերի մասին, Արցախի նախագահը ներկայացրեց մի քանի առաջնահերթություններ՝ առաջինը ճանապարհաշինությունն է, հետո բնակարանաշինությունը, գյուղատնտեսության զարգացումը և վեամշակվող արդյունաբերությունը։

«Գյուղատնտեսության զարգացման առումով շատ հետաքրքիր առաջարկ ենք ներկայացնելու։ Ի դեպ՝ նշեմ, որ նմանատիպ ի հանդիպում էլ ունեցել եմ Artsakh Roots Investment (ARI) նախագծի ներկայացուցիչների հետ։ Նմանատիպ մի ծրագիր էլ շուտով Արցախում ենք անելու։ Նռան, արքայանարինջի, կիվիի մեծ քանակությամբ ինտենսիվ այգիներ ենք տնկելու։ Այնպիսի մրգեր, որոնք մեծ պահանջարկ ունեն նաև Ռուսաստանում։ Ներդրումային ծրագրերում հնարավորություն ենք տալու մեր Սփյուռքի հայրենակիցներին ևս մասնակացել։ 5 տարվա համար 10 հազար դոլարի ներդրում է պահանջվում, որից հետո կլինի մեծ շահույթ։ Հողի սեփականության  հնարավորություն ենք տալու արտասահմանում բնակվող մեր հայրենակիցներին։ Ապրելով դրսում, վճարելով այդ գումարը, մեր հայրենակիցները կկարողանան ստանալ սեփակաանության վկայական, հետևել աշխատանքներին։ 100 մլն դոլարանոց ներդրումային ծրագիր է սա, որը շուտով ներկայացնելու եմ։ Սա ապահովելու է տնտեսական մեծ աճ։ Արտաադրված պտուղն էլ վերամշակման կարիք է ունենալու։ Այստեղ մեր հաջորդ քայլը լինելու է վերամշակման ուղղությամբ։ Տնտեսության զարգացման տեսանկյունից մենք մեծ կարևորություն ենք տալիս նաև անասնապահությանը, ոչխարաբուծությանը։ Հետագայում հնարավորություն ենք ունենալու դեպի արաբական աշխարհ արտահանում կատարել»,- ներկայացրեց Արայիկ Հարությունյանը։

Նա նաև խոսեց բարեգործական ծրագրերի, դպրոցների, մանկապարտեզների կառուցման, գույքի ձեռք բերման, Արցախում առողջապահական, կրթական համակարգը լիովին անվճար դարձնելու և առհասարակ սոցիալական ծրագրերի մասին։ «Կրթությունը մեր ապագան է։ Որակյալ կրթություն ունենալու համար մենք պետք է ունենանք լավ պայմաններ։ Մանավանդ Արգենտինայի մեր հայությունը շատ է մասնակցել նման բարեգործական ծրագրերի։ Արցախում առողջապահությունը, կրթությունը լինելու է անվճար, պետությունն է փոխհատուցելու։ Արցախում բոլոր ընտանիքները ունենալու են առանձին բնակարանի հնարավորություն։ Բնակարանաշինությունը պետք է այնքան ակտիվանա, որ մենք կարողանանք մեր սփյուռքի հայրնակիցներին այստեղ ապահովել բնակարանով ու աշխատանքով։ Մնացածը կախված է լինելու համաշխարհային իրավիճակից։ Հուսով եմ, որ COVID-19-ը շուտ կնահանջի և մենք հնարավորություն կունենանք հաղորդակցվելու, աշխատելու։ Ես սիրով կայցելեմ Արգենտինա, Եգիպտոս, Բեյրութ, որտեղ չեմ եղել։ Ձեզ ևս սիրով Արցախ եմ հրավիրում, տեղում տեսնելու ու ծանոթանալու կատարվող ու կատարված աշխատանքներին»,- իր ներածական խոսքում ասաց Արցախի նախագահ Արայիկ Հարությունյանը։

Դոկտոր Անդրանիկ Դաքեսյանը շնորհակալություն հայտնեց Նախագահ Հարությունյանին սփյուռքահայերին Արցախում ընդունելու պատրաստակամության համար։ Դաքեսյանը հարց ուղղեց Նախագահին կապված ժողովրդագրական վիճակի հետ, վերաբնակեցման ծրագրեր։ «Բնակեցման ծրագրերը թերևս ակնկալած տեմպերով չեն զարգանում։ Տնտեսությունը շատ լավ է զարգանում, բայց Սփյուռքը շատ ավելին է ակնկալում։ Ի՞նչ խոչընդոտներ կան այդ ծրագրերն իրականացնելու հարցում։ Սփյուռքն այդ հարցում ի՞նչ կարող է անել»,- հարց ուղղեց Դոկտ Անդրանիկ Դաքեսյանը։

Արայիկ Հարությունյանը պատասխանեց, նշելով՝ հայրենադարձության, վերաբնակեցման համար կամ մի ծանր խնդիր՝ ֆինանսական վիճակը։ «Այսօր Արցախում բնակարանային լուրջ խնդիր կա։ Բոլոր բնակավայրերում, այդ թվում Ստեփանակերտում ազատ տուն չկա, որ տրամադրենք։ Իսկ, եթե մենք գնում ենք նման ծրագրերի իրականացմանը, պետք է առաջին հերթին տուն կառուցենք։ Ցավոք չունեինք այդ հնարավորությունները։ Միայն մեկ տուն կառուցելու համար 40 հազար դոլար է հարկավոր։ Դրան գումարած այլ անհրաժեշտությունները, գումարն ավելանում է։ Ովքեր գալիս են Արցախ, այնքան էլ ունևոր չեն լինում։ Մեկ հոգի Արցախ բերելու համար առնվազն 10-12 հազար դոլար գումար է անհրաժեշտ։ Սա է միշտ եղել խնդիրը։ Բայց այսօր գոնե մի քանի հարյուր ընտանիք ի վիճակի ենք ընդունել, ավելի շատ չենք կարող։ Սփյուռքը պետք է մասնակցի»,- ասաց Հարությունյանը։

Անդրանիկ Դաքեսյանը դիտարկում արեց, որ միայն տուն ունենալը բավարար չէ, պետք է այդ ընտանիքները նաև աշխատեն, արտադրեն, հետևաբար՝ հարց ուղղեց տնտեսական առումով ի՞նչ ծրագրեր կան։ Նախագահը ներկայացրեց, որ շինարարության, գյուղատնտեսության, ծառայությունների մատուցման ոլորոտներում  հնարավորություն ունեն այդ մարդկանց աշխատանքով ապահովելու։ «Մի քանի հարյուր կամ հազար ընտանիքի հնարավորություն ունենք աշխատանքով ապահովելու։ Հետագայում մեծ ծրագրեր ունենք տնտեսության զարգացման, որը հետագա 4 տարում հնարավորություն կտա լրացուցիչ 10-15 հազար աշխատատեղ ստեղծելու։ Մանավանդ գյուղատնտեսության ոլորտում։ Եթե տուն կառուցելու ֆինանսական միջոցներ ունենանք, աշխատանքով ապահովելու հնարավորություն մենք կստեղծենք»,- մանրամասնեց նախագահ Հարությունյանը։

Դրան ի պատասխան Անդրանիկ Դաքեսյանը նշեց, որ Արցախը շատ զորավոր վարկ ունի Սփյուռքում, Սփյուռքը հավատում է Արցախին ու այդ առումով հնարավոր է լուրջ քայլեր ձեռնարկել։ Դաքեսյանը, համադրելով լսարանի կողմից հնչեցված հարցերը, Նախագահից հետաքրքրվեց Սփյուռքի հետ կապերի մասին, Արցախի միջազգային դիրքի ու հնարավորությունների մասին։ «Միջազգային որևէ հնարավորություն չունենք, բայց Սփյուռքի հետ կապ ունենք, իհարկե։ Մենք ունենք ներկայացուցչություններ Բեյրութում, ԱՄՆ-ում, Մոսկվայում, Փարիզում, Բեռլինում։ Մենք Հայաստան համահայկական հիմնադրամի խողովակներով կարողանում ենք հնարավորություն տալ Սփյուռքին ոչ միայն բարեգործություններ անել այստեղ, այլև գտնվել Արցախում, կապ ստեղծել, շփվել։ Մենք շատ ենք կարևորում Սփյուռքի հետ կապը։ Դրա համար ստեղծել եմ «Հայաստանի հետ ինտեգրման ու Սփյուռքի հետ զրագացման կոմիտե»։ Համաճարակի ավարտից հետո շատ ավելի ենք ակտիվացնելու Սփյուռքի հետ կապը»,- ասաց Արցախի նախագահը։

Ներկաներին նաև հետաքրքրում էր, թե Արցախի տարեկան բյուջեն ինչպե՞ս է բաժանվում ոլորտների միջև, որոնք են առաջնահերթ համարվող ոլորտները։ «Արցախի տարեկան բյուջեն 225-230 մլն դոլար է։ Ավելացնելու ենք մինչև 260 մլն դոլար։ Այն ուղղվում է բոլոր ոլորտներին՝ առողջապահություն, բնակարանաշինություն, ճանապարհաշինություն։ Այս տարի, իհարկե, տնտեսական աճը շատ մեծ չի լինի, կարող 0 տոկոս լինել, բայց մյուս տարի կանխատեսվում է 10 տոկոսից ավել աճ։ 2007-2020 թվականին մեր ՀՆԱ-ն կազմել է  10 տոկոս։ Առաջիկա 5 տարիներին մենք պլանավորում ենք պահպանել սա, ինչը նշանակում է, որ 5 տարի հետո մեր բյուջեն լինելու է 400-500 մլն դոլար։ Դա մեծ թիվ է լինելու Արցախի համար։ Այսօր ես համարձակվում եմ ասել, որ 100-150 ընտանիք կարող ենք ընդունել, տարիներ առաջ չէի համարձակվի։ Իսկ եթե Սփյուռքը մասնակցի, ավելի մեծ ծրագրեր կարող ենք իրակաանացնել։ Մեր ամենամեծ խնդիրը ժողովրդագրությունն է։ Դրա համար մենք պետք է շատ տուն կառուցենք ու մեր հայրենակիցներին հնարավորություն տանք գալ և Արցախում ապրել»,- հարցին պատասխանեց Արայիկ Հարությունյանը։

Դաքեսյանի կողմից ուղղված հարցին, արդյո՞ք ճիշտ է տպավորությունը, թե ամբողջ ուշադրությունը Ստեփանակերտի վրա է, Նախագահը պատասխանեց՝ եթե տիեզերքից նայեք, Արցախի ամեն հատվածում շինարարություն է ընթանում և ուշադրությունը միայն Ստեփանակերտի վրա չէ․ «Ճանապարհներ են կառուցվում Շահումյանի, Քարվաճառի, Լաչինի ու մնացած բոլոր տարածքներում։ Տներ ենք կառուցում բոլոր տարածքներում։ Հիմա հակառակը, ավելի շատ ուշադրություն ենք դարձնում ոչ Ստեփանակերտին»։

Լսարանի մասնակիցներին հետաքրքրում էր նաև տավուշյան վերջին իրադարձությունների մասին Նախագահի կարծիքը։ «Ադրբեջանը տեսնում է, որ Արցախում հաջողություն շանսեր չունի, քանի որ Արցախի բանակը շատ հզոր է ու մարտունակ։ Դրա համար փորձեց ինչ-որ հաջողություն արձանագրել Հայաստանի սահմանին, որը Ալիևին կտար քաղաքական ավելի մեծ հնարավորություն։ Այսօր Ադրբեջանում սոցիալական, քաղաքական վիճակը վատ է, նավթի գները նվազում են։ Ներքին կայունությունը և իշխանությունը պահելու համար նա երկու ճանապարհ ունի՝ կա՛մ նման փոքր մարտական գործողություններով հաջողություններ արձանագրել ու իշխանությունը պահել, որն, ինչպես տեսաք, Տավուշում չհաջողվեց։ Կա՛մ լայնամասշտաբ պատերազմ, որի ռիսկսն ավելի մեծ է։ Ես հաշվարկներ եմ անում, առաջիկայում կհրապարակեմ։ Վերջին 10–12 տարվա ընթացքում մոտ 250-300 մլրդ դոլար են ունեցել նավթից։ Բայց այսօր չունեն մարտունակ բանակ, սոցիալապես զարգացած երկիր, չունեն ոչ մի բան։ Ալիևյան կլանն այս տարիների ընթացքում մսխել է նավթային դոլարները՝ ոչ ի օգուտ իրենց ժողովրդի։ Դրա համար պետք է փորձեն իշխանություն պահել»,- տեսակետ հատնեց Արցախի նախագահը։

Գալով Արցախի մշակութային կյանքին, երկրում մշակութային զարգացվածությանը, որը հետաքրքրում էր լսարանին, Արայիկ Հարությունյանը նշեց՝ համայնքներում մշակութային, համայնքային տներ, թանգարաններ են կառուցել, շարունակում են կառուցել։ «Մշակույթը զարգանում է։ Շուշիում ունենք թանգարան, լավ է, զարգանում է։ Ուզում եմ մեկ լավ լուր ևս հայտնել ձեզ կապված Շուշիի հետ։ 2022 թվականի մայիսի 9-ին Հաղթանակի 30-ամակի կապակցությամբ ցանկանում ենք Ազգային ժողովը տեղափոխել Շուշի։ Ես ադ ծրագիրն արդեն մշակել եմ։ Ի դեպ, հիշում եք՝ Ադրբեջանում լավ չէին զգում, երբ իմ երդմնակալության արարողությունը տեղի ունեցավ Շուշիում։ Այդ առումով իրենց համար հաջորդ լուրը կլինի 2022 թվականին Ազգային ժողովը Շուշի տեղափոխելու որոշումը։ Սա շատ խելոք քայլ է լինելու։ Մեծ ուշադրություն ենք դարձնում սպորտին ու մշակույթին»,- ասաց Նախագահը։ Այս համատեքստում Նախագահը նաև նշեք, որ քայլեր են ձեռնարկում համայնքներն ավելի ինքնուրույն դարձնելու համար, տեղական ինքնակառավարման կամակարգը զարգացնելու ուղղությամբ։ «Մի քանի տարուց կունենանք տարածքային կառավարման զարգացած համակարգ»,- ասաց Արցախի նախագահ Արայիկ Հարությունյանը և ժամանակի սղության պատճառով չկարողացավ ավելի երկար խոսել։ Նախգահը շնորհակալություն հայտնեց ներկաներին հարցերի, քննարկման համար։ Իրենց հերթին Դոկտոր Անդրանիկ Դաքեսյանը և «Զարթոնք» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանը շնորհակալություն հայտնեց Նախագահին նման առիթի համար։

Առցանց լսարանի մասնակցիների հետ արդունավետ քննարկումը շարունակեց Մերձավոր արևելքում Արցախի ներկայյացուցիչ դեսպան, Հայ սև գոտիների միության և ԱՀ  Ուշուի ֆեդերացիայի հիմնադիր, Արևելյան մարտարվեստների վարպետ Մաստեր Կարոն՝ Կարո Քեբաբջյանը, ով 30 տարի է շփման մեջ է Արցախի հետ, այնտեղ զբաղվում է բիզնեսով։ Պարոն Քեբաբջանը Արցախում առաջին իսկ օրվանից նյութական ներդրում է կատարել։ Սփյուռքի հայրենակիցների հետ պարոն Քեբաբջյանը ավելի մանրամասն խոսեց Արցախում ներդրումային դաշտի մասին, թե ինչպես կարելի է գնալ Արցախ, ներդրում կատարել, իհարկե, շահույթ ստանալ ու այդպիսով զարգացնել Արցախը։ Ի դեպ՝ նշենք, որ Քեբաբջյանը իր ընկերների հետ տարիներ առաջ Շուշիի գողտրիկ ու գեղեցիկ անկյունում հիմնել են միջազգային ստանդարտներին համապատասխան հյուրանոցային համալիր՝ «Գրանդ հոթել», որն այսօր զբոսաշրջիկների համար սիրելի վայր է դարձել։

Կարո Քեբաբջյանն իր խոսքում ասաց՝ ոորտեղ հայ կա, այնտեղ Արցախն ու Հայաստանն է, այնտեղ Արցախի սահմաններն են։ «Արցախը տիեզերական է, այն կիլոմետրերով չենք կարող չափել։ Պատմությունը ցույց տվեց, որ ո՛չ դոլարը ո՛չ փողը չեն կարող ապահովել հային այլ երկրներոմ։ Հայի իսկական գոյությունը մայր հողի վրա է»,- այս տողերով իր զեկույցը սկսեց Կարո Քեբաբջյանը և հիշեցրեց, որ պետք է մտածել Հայաստանի ու Արցախի մասին, պետք է դրսում ունեցած միլիարդների մի մասը գոնե բերել հայրենիք, այդպիսով դյուրացնելով Հայաստանի, Արցախի, բանակի, ժողովրդի վիճակը»,- ասաց Մաստեր Կարոն։

Բանախոսի խոսքով՝ հայրենասիրությունը միայն խոսքով չէ, պետք է անցնել գործի։ «Ես իմ կյանքում 50 հազար երիտասարդ եմ մարզել ամբողջ աշխարհում։ Բայց մենք այսօր ունենք ուշուի, քունքֆուի աշխարհի չեմպիոններ Արցախից։ Արցախում մենք ունենք ամենահզոր կետը։ Ապրիլյան պատերազմի ժամանակ էլ մեր մարզիկներից մեկը կաարողացավ 7 տանկ խփել։ Հայերն ի ծնե մարտունակ ժողովուրդ են»,- ասաց Քեբաբջյանը։

Գալով իր խոսքի տնտեսական հատվածին, Քեբաբջյանը խոսեց տարիներ առաջ Շուշիում ստեղծած հյուրանոցի ու ներդրումների մասին։ «Մենք կարողացանք մասնագետներ բերել ու զբոսաշրջությունը զարգացնել Արցախում։ Արցախում հնարավոր է ցանկացած ծրագիր իրականացնել։ Բոլոր մասնագետների համար գործ կա՝ բժիշկներ, շինարարներ, բանկային գործի մասնագետներ։ Բոլորի կարիքը ունենք, թող գան։ Բայց պետք է ասեմ, որ Արցախ գալը փոքր-ինչ զոհողություն է պահանջում։ Արցախում պետք է գնալ ու պայքարել։ Պետությունն ամեն ձևով օգնում է։ Հիմա առավել ևս կօգնի։ Այն անձը, ով ուզում է բիզնես դնել Արցախում, պետք է տեղում լինի, ապրի այստեղ։ Հեռվից չի լինի։ Օրինակ, իմ տղան Եվրոպան, Ֆրանսիան թողեց ու եկավ Շուշիում է ապրում։ Ուզում եմ ասել, որ երբ մարդը պատրաստ է, պետք է ամեն ինչ անի։ Հողը պատրաստ է մշակող պետք է»,- ասաց պարոն Քեբաբջյանը։

Բանախոսի խոսքով՝ մարդիկ այսօր միլիոնավոր դրամներ են աշխատում Արցախում, հեկտարներով ցորեն են ցանում, նռան այգիներ տնկում, զբաղվում գյուղատնտեսությամբ, անգամ Երևանից մարդիկ կան, որոնք հաջողակ գործարարներ են։ «Ես ընկեր ունեմ, որ նռան այգիներ ունի, տարեկան 30 հազար դոլար է վաստակում։ Ինքը այլ տեղ էլ է աշխատում։ Վերջես Երևանում Ավստրալիայից 65 տարեկան մարդու հետ ծանոթացա, ասեց երկու զավակներիս հետ պետք է Արցախ գնամ, գյուղատնտես էր, ասեց այսքան հեկտար ծառ պետք է տնկեմ։ Այստեղ անձնական միջոցները ևս կարևոր են։ Միայն չպետք է պետության վրա հույսը դնել»,- կարծիք հայտնեց Կարո Քեբաբջյանը, ապա ավելացրեց՝ գինեգործությունը ևս շատ զարգացած է Արցախում։

Անցած 30 տարիների ընթացքում, երբ սփյուռքահայերը տեղափոխվեցին Արցախ, ըստ Քեբաբջյանի, արցախցին սիրեց, հասկացավ, որ այս հողը բոլորինն է ու սփյուռքահայն էլ պատրաստ է զոհվել այդ հողի վրա։ «Ես միշտ ասում էի, որ մենք օգնենք Արցախին, որ մի օր գալու է, որ Արցախն է մեզ օգնելու։ Շատերը կատակի էին առնում ասածս, բայց այսօր տեսնում ենք»,- նշեց նա։

Պարոն Քեբաբջյանի վստահեցմամբ՝ ցանկացած երկրում դժվար է բիզնեսով զբաղվել, լինում են  հաջողություններ և դժվարություններ։ Եղել են շատ սփյուռքահայեր, որոնք եկել են Արցախ, փորձել են որևէ բիզնեսով զբաղվել, չի ստացվել, հեռացել են՝ ասելով, որ Հայաստանում կաամ Արցախում դժվար է գումար աշխատել։ «Պետք չէ արագ հուսահատվել։ Համոզմունք, կամք ու հավատ է հարկավոր ցանկացած աշխատանք անելու համար»,- ամփոփեց իր խոսքը Կարո Քեբաբջյանը։

Վերջում «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաՎոր խմբագիր Սևակ Հակոբյանը դարձյալ շնորհակալություն հայտնեց Արցախի Հանրապետության Վսեմաշուք նախագահ՝ Արայիկ Հարությունյանին հետաքրքիր զրույցի ու քննարկման համար։ Նաև շնորհակալություն հայտնեց Պրն. Կարօ Քեբաբջյանին իր տված օգտաշատ տեղեկությունների համար: «Մեր հաջորդ հանդիպմանը խոսելու ենք «Տավուշ. Սահմանապահ Գյուղերի Խնդիրներն ու Հեռանկարները» թեմայով: Բանախոսը լինելու է  Տավուշի  Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բագրատ Եպս. Գալստանեանը: Շնորհակալ եմ բոլորին մասնակցութեան համար»,- ամփոփեց հանդիպումը Սեւակ Հակոբյանը։

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐՅԱՆ

 

Մամլոյ Առցանց Լսարան – 6 – Պատրաստ Ենք 100-150 Հայրենադարձուած Ընտանիքի Անմիջապէս Եւ Սիրով Ընդունել Արցախում․ Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան

 

 

 

 

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ» թերթերի սիրելի բարեկամները  Չորեքշաբթի, յուլիսի 29-ին դարձեալ ժամադրուած էին հանդիպելու արդէն իսկ բոլորի համար օգտաշատ եւ սպասուած ժամադրավայրը դարձած՝ մամուլի 6-րդ առցանց լսարանում։

«Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրաւէրներ եւ Իրագործումներ» թեմայի շուրջ իմաստալից, մասնակիցներին հպարտութիւն ներշնչող եւ հեռանկարներով լեցուն խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանը:

Տարբեր երկրների շուրջ 65 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ  վարեց՝ լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կենտրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը։

«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանն իր խօսքում երախտագիտութիւն յայտնեց Արցախի նախագահին առցանց լսարանում ելոյթ ունենալու համար եւ խօսքը փոխանցեց Դոկտ․ Անդրանիկ Տագէսեանին։

Դոկտորն իր հերթին, պատասխանելով Նախագահ Յարութիւնեանի՝ լսարանին ուղղուած որպիսութեան վերաբերեալ հարցին, նշեց, որ իրենք լաւ են այն ժամանակ, երբ հզօր է Արցախը, Մայր Հայաստանը։ Երկար չսպասեցնելով Նախագահին ու ներկաներին, Դոկտ․ Տագէսեանը անմիջապէս խօսքը փոխանցեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին։

«Արցախի ներքին կեանքը, անկախ կորոնավիրուսային վտանգներից, շատ նորմալ է։ Արցախը դեռ կարողանում է դիմակայել վարակին։ Հաստատուած դէպքերը մեզ մօտ շատ քիչ են, մահացութիւններ չունենք, փառք Աստծոյ, տնտեսութիւնն էլ շարունակում է զարգանալ»,- այս փոքրիկ տեղեկատուական նիւթով իր խօսքը սկսեց Արայիկ Յարութիւնեանը։

Նախագահը հակիրճ անդրադարձաւ այն բոլոր ծրագրերին, առաջնահերթութիւններին, որոնք իրենց առջեւ դրել են։ Մինչ այդ, Յարութիւնեանը շեշտեց, որ իրենք պատրաստակամ են ու հնարաւորութիւն ունեն 100-150 ընտանիք ընդունել Լիբանանից, ովքեր հայրենադարձուել կը փափաքին։ «Մեր առաջիկայ հիմնական խնդիրն է լինելու ժողովրդագրական վիճակի բարելաւումը։ Այս համատեքստում նշեմ, որ մենք պատրասատակամ ենք ամենայն հոգատարութեամբ Լիբանանից ընտանքիներ ընդունել Արցախում։ Մի քանի հարիւր ընտանիքի ընդունելու հնարաւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կայ այս պահին։ Սակայն, նշեմ, որ մեր նպատակն է փորձել այն ընտանիքներին հետ վերադարձնել Արցախ, որոնք ժամանակին տեղափոխուել են այլ երկրներ, մանաւանդ Ռուսաստան։ Դրանով կը փորձենք նպաստել ժողովրդագրական աճին»,- ասաց Նախագահը։

Խօսելով մարտահրաւէրների մասին, Արայիկ Յարութիւնեանը կարեւորեց հետեւեալը։ Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերին տեղի ունեցած դէպքերին Թուրքիայի միջամտութիւնը մեծ մարտահրաւէր է, որը գնալով խորանում է։ «Դուք տեսաք օրեր առաջ Տաւուշում հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած դէպքերին Թուրքիայի միջամտութեանը։ Ամբողջ աշխարհը այսօր հասկանում է, որ Թուրքիան շատ լուրջ եւ մեծամասշտաբ ծրագրեր ունի տարածաշրջանում։ Թուրքիային փանթուրքիզմի գաղափարին խանգարում է Հայաստանը եւ Արցախ աշխարհը։ Այդ ծրագիրն իրականացնելու համար Թուրքիան աւելի է խորացնում իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ։ Այսօր Նախիջեւանում ընթանում են զօրավարժութիւններ, որին մասնակցում է նաեւ թուրքական բանակը։ Սա ուղերձ է Հայաստանին, ամբողջ աշխարին, որ Թուրքիան չի պատրաստւում տարածաշրջանից այդքան հեշտ հեռանալ։ Աւելին՝ չի բաւարարւում եղած հնարաւորութիւններով»,- ասաց նախագահը։

Հայկական երկրորդ պետութեան ղեկավարի խօսքով՝ բանակի հետ կապուած իհարկէ կան խնդիրներ, բայց դրանք օր օրի աւելի քիչ են դառնում, ամեն օր ամրապնդւում է մեր անվտանգութիւնը։ «Այս հանդիպումից ժամեր առաջ էլ մասնակցել եմ հրամանատարական դասընթացների մասնակցած անձնակազմի հետ ու քննարկել ենք բանակն էլ աւելի ուժեղացնելու ծրագրերը։ Ցանկացած իրավիճակում մենք ոչ միայն յաղթող ենք, այլ առաջիկայում եւս ունենալու ենք փայլուն արդիւնք։ Այն ծրագրերը, որոնք մեր առաջ դրուած են ու իրականացուելու են, թոյլ են տալիս ինձ նման յայտարարութիւններ անել»,- ընդգծեց Արայիկ Յարութիւնեանը։

Բանախօսի խօսքով՝ բանակաշինութեան ծրագրերի իրականացման համար նախեւառաջ պէտք է ունենալ հզօր տնտեսութիւն եւ՛ Հայաստանում, եւ՛ Արցախում։ «Հայաստանում COVID-19-ով պայմանաւորուած իրավիճակը փոքր-ինչ այլ է, դէպքերը շատ են։ Մինչեւ Տնտեսական ցուցանիշները եւս նուազում են։ Այս տարի մօտ 5 տոկոս տնտեսական անկում է նկատուում որ մինչեւ տարեվերջ հաւանաբար աւելի կը մեծանայ։ Սա եւս խանգարող հանգամանք է։ Միւս տարի պէտք է փորձենք վերականգնել ՀՀ տնտեսութիւնը, որը շատ կարեւոր է բանակի հզօրութեան տեսանկիւնից»,- իր խօսքում նշեց Նախագահը։

Խօսելով Արցախում իրականացուելիք առաջիկայ ծրագրերի մասին, Արցախի նախագահը ներկայացրեց մի քանի առաջնահերթութիւններ՝ առաջինը ճանապարհաշինութիւնն է, յետոյ աշտարակաշինութիւնը, գիւղատնտեսութեան զարգացումը եւ վերամշակուող արդիւնաբերութիւնը։

«Գիւղատնտեսութեան զարգացման առումով շատ հետաքրքիր առաջարկ ենք ներկայացնելու։ Ի դէպ՝ նշեմ, որ նմանատիպ ի հանդիպում էլ ունեցել եմ Artsakh Roots Investment (ARI) նախագծի ներկայացուցիչների հետ։ Նմանատիպ մի ծրագիր էլ շուտով Արցախում ենք անելու։ Նռան, արքայանարինջի, քիուիի մեծ քանակութեամբ այգիներ ենք տնկելու։ Այնպիսի մրգեր, որոնք մեծ պահանջարկ ունեն նաեւ Ռուսաստանում։ Ներդրումային ծրագրերում հնարաւորութիւն ենք տալու մեր Սփիւռքի հայրենակիցներին եւս մասնակցել։ 5 տարուայ համար 10 հազար տոլարի ներդրում է պահանջւում, որից յետոյ կը լինի մեծ շահոյթ։ Հողի սեփականութեան  հնարաւորութիւն ենք տալու արտասահմանում բնակուող մեր հայրենակիցներին։ Ապրելով դրսում, վճարելով այդ գումարը, մեր հայրենակիցները կը կարողանան ստանալ սեփականութեան վկայական, հետեւել աշխատանքներին։ 100 մլն տոլարանոց ներդրումային ծրագիր է սա, որը շուտով ներկայացնելու եմ։ Սա ապահովելու է տնտեսական մեծ աճ։ Արտադրուած պտուղն էլ վերամշակման կարիք է ունենալու։ Այստեղ մեր յաջորդ քայլը լինելու է վերամշակման ուղղութեամբ։ Տնտեսութեան զարգացման տեսանկիւնից մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս նաեւ անասնապահութեանը, ոչխարաբուծութեանը։ Յետագայում հնարաւորութիւն ենք ունենալու դէպի արաբական աշխարհ արտահանում կատարել»,- ներկայացրեց Արայիկ Յարութիւնեանը։

Նա նաեւ խօսեց բարեգործական ծրագրերի, դպրոցների, մանկապարտէզների կառուցման, գոյքի ձեռք բերման, Արցախում առողջապահական, կրթական համակարգը լիովին անվճար դարձնելու եւ առհասարակ սոցիալական ծրագրերի մասին։ «Կրթութիւնը մեր ապագան է։ Որակեալ կրթութիւն ունենալու համար մենք պէտք է ունենանք լաւ պայմաններ։ Մանաւանդ Կարանտինային մեր հայութիւնը շատ է մասնակցել նման բարեգործական ծրագրերի։ Արցախում առողջապահութիւնը, կրթութիւնը լինելու է անվճար, պետութիւնն է փոխ հատուցելու։ Արցախում բոլոր ընտանիքները ունենալու են առանձին բնակարանի հնարաւորութիւն։ Բնակարանաշինութիւնը պէտք է այնքան աշխուժանայ, որ մենք կարողանանք մեր սփիւռքի հայրենակիցներին այստեղ ապահովել բնակարանով ու աշխատանքով։ Մնացածը կախուած է լինելու համաշխարհային իրավիճակից։ Յուսով եմ, որ COVID-19 շուտ կը նահանջի եւ մենք հնարաւորութիւն կ՛ունենանք հաղորդակցուելու, աշխատելու։ Ես սիրով կ՛այցելեմ Արգենտինա, Եգիպտոս, որտեղ չեմ եղել։ Ձեզ եւս սիրով Արցախ եմ հրաւիրում, տեղում տեսնելու ու ծանօթանալու կատարուող ու կատարուած աշխատանքներին»,- իր ներածական խօսքում ասաց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։

Դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահ Յարութիւնեանին սփիւռքահայերին Արցախում ընդունելու պատրաստակամութեան համար։ Տագէսեանը հարց ուղղեց Նախագահին կապուած ժողովրդագրական վիճակի հետ, վերաբնակեցման ծրագրեր։ «Բնակեցման ծրագրերը թերեւս ակնկալած դեմբերով չեն զարգանում։ Տնտեսութիւնը շատ լաւ է զարգանում, բայց սփիւռքը շատ աւելին է ակնկալում։ Ի՞նչ խոչընդոտներ կան այդ ծրագրերն իրականացնելու հարցում։ Սփիւռքն այդ հարցում ի՞նչ կարող է անել»,- հարց ուղղեց Դոկտ Անդրանիկ Տագէսեանը։

 

Արայիկ Յարութիւնեանը պատասխանեց, նշելով՝ հայրենադարձութեան, վերաբնակեցման համար կամ մի ծանր խնդիր՝ ֆինանսական վիճակը։ «Այսօր Արցախում բնակարանային լուրջ խնդիր կայ։ Բոլոր բնակավայրերում, այդ թւում Ստեփանակերտում ազատ տուն չկայ, որ տրամադրենք։ Իսկ, եթէ մենք գնում ենք նման ծրագրերի իրականացմանը, պէտք է առաջին հերթին տուն կառուցենք։ Ցաւօք չունէինք այդ հնարաւորութիւնները։ Միայն մէկ տուն կառուցելու համար 40 հազար տոլար է հարկաւոր։ Դրան գումարած այլ անհրաժեշտութիւնները, գումարն աւելանում է։ Ովքեր գալիս են Արցախ, այնքան էլ ունեւոր չեն լինում։ Մէկ հոգի Արցախ բերելու համար առնուազն 10-12 հազար տոլար գումար է անհրաժեշտ։ Սա է միշտ եղել խնդիրը։ Բայց այսօր գոնէ մի քանի հարիւր ընտանիք ի վիճակի ենք ընդունել, աւելի շատ չենք կարող։ Սփիւռքը պէտք է մասնակցի»,- ասաց Յարութիւնեանը։

Անդրանիկ Տագէսեանը դիտարկում արեց, որ միայն տուն ունենալը բաւարար չէ, պէտք է այդ ընտանիքները նաեւ աշխատեն, արտադրեն, հետեւաբար՝ հարց ուղղեց տնտեսական առումով ի՞նչ ծրագրեր կան։ Նախագահը ներկայացրեց, որ շինարարութեան, գիւղատնտեսութեան, ծառայութիւնների մատուցման ոլորոտներում  հնարաւորութիւն ունեն այդ մարդկանց աշխատանքով ապահովելու։ «Մի քանի հարիւր կամ հազար ընտանիքի հնարաւորութիւն ունենք աշխատանքով ապահովելու։ Յետագայում մեծ ծրագրեր ունենք տնտեսութեան զարգացման, որը յետագայ 4 տարում հնարաւորութիւն կու տայ լրացուցիչ 10-15 հազար աշխատատեղ ստեղծելու։ Մանաւանդ գիւղատնտեսութեան ոլորտում։ Եթէ տուն կառուցելու ֆինանսական միջոցներ ունենանք, աշխատանքով ապահովելու հնարաւորութիւն մենք կը ստեղծենք»,- մանրամասնեց նախագահ Յարութիւնեանը։

Դրան ի պատասխան Անդրանիկ Տագէսեանը նշեց, որ Արցախը շատ զօրաւոր վարկ ունի Սփիւռքում, Սփիւռքը հաւատում է Արցախին ու այդ առումով հնարաւոր է լուրջ քայլեր ձեռնարկել։ Տագէսեանը, համադրելով լսարանի կողմից հնչեցուած հարցերը, Նախագահից հետաքրքրուեց Սփիւռքի հետ կապերի մասին, Արցախի միջազգային դիրքի ու հնարաւորութիւնների մասին։ «Միջազգային որեւէ հնարաւորութիւն չունենք, բայց Սփիւռքի հետ կապ ունենք, իհարկէ։ Մենք ունենք ներկայացուցչութիւններ Պէյրութում, ԱՄՆ-ում, Մոսկուայում, Փարիզում, Պերլինում։ Մենք Հայաստան համահայկական հիմնադրամի խողովակներով կարողանում ենք հնարաւորութիւն տալ Սփիւռքին ոչ միայն բարեգործութիւններ անել այստեղ, այլեւ գտնուել Արցախում, կապ ստեղծել, շփուել։ Մենք շատ ենք կարեւորում Սփիւռքի հետ կապը։ Դրա համար ստեղծել եմ «Հայաստանի հետ համարկումի ու Սփիւռքի հետ զարգացման կոմիտէ»։ Համաճարակի աւարտից յետոյ շատ աւելի ենք աշխուժացնելու Սփիւռքի հետ կապը»,- ասաց Արցախի նախագահը։

Ներկաներին նաեւ հետաքրքրում էր, թէ Արցախի տարեկան պիւտճէն ինչպէ՞ս է բաժանւում ոլորտների միջեւ, որոնք են առաջնահերթ համարուող ոլորտները։ «Արցախի տարեկան պիւտճէն 225-230 մլն տոլար է։ Աւելացնելու ենք մինչեւ 260 մլն տոլար։ Այն ուղղուում է բոլոր ոլորտներին՝ առողջապահութիւն, բնակարանաշինութիւն, ճանապարհաշինութիւն։ Այս տարի, իհարկէ, տնտեսական աճ կարող է չլինել, բայց միւս տարի կանխատեսւում է 10 տոկոսից աւել աճ։ 2007-2020 թուականին մեր ՀՆԱ-ի աճը եղել է  տոկոս։ Առաջիկայ 5 տարիներին մենք մենք կը ծրագրաւորենք պահպանել սա, ինչը նշանակում է, որ 5 տարի յետոյ մեր պիւտճէն լինելու է 400-500 մլն տոլար։ Դա մեծ թիւ է լինելու Արցախի համար։ Այսօր ես համարձակւում եմ ասել, որ 100-150 ընտանիք կարող ենք ընդունել, տարիներ առաջ չէի համարձակուի։ Իսկ եթէ Սփիւռքը մասնակցի, աւելի մեծ ծրագրեր կարող ենք իրականացնել։ Մեր ամենամեծ խնդիրը ժողովրդագրութիւնն է։ Դրա համար մենք պէտք է շատ տուն կառուցենք ու մեր հայրենակիցներին հնարաւորութիւն տանք գալ եւ Արցախում ապրել»,- հարցին պատասխանեց Արայիկ Յարութիւնեանը։

Տագէսեանի կողմից ուղղուած հարցին, արդեօ՞ք ճիշտ է տպաւորութիւնը, թէ ամբողջ ուշադրութիւնը Ստեփանակերտի վրայ է, Նախագահը պատասխանեց՝ եթէ տիեզերքից նայէք, Արցախի ամեն հատուածում շինարարութիւն է ընթանում եւ ուշադրութիւնը միայն Ստեփանակերտի վրայ չէ․ «Ճանապարհներ են կառուցւում Շահումեանի, Քարվաճառի, Լաչինի ու մնացած բոլոր տարածքներում։ Տներ ենք կառուցում բոլոր տարածքներում։ Հիմա հակառակը, աւելի շատ ուշադրութիւն ենք դարձնում ոչ Ստեփանակերտին»։

Լսարանի մասնակիցներին հետաքրքրում էր նաեւ տաւուշեան վերջին իրադարձութիւնների մասին Նախագահի կարծիքը։ «Ատրպէյճանը տեսնում է, որ Արցախում յաջողութիւն շանսեր չունի, քանի որ Արցախի բանակը շատ հզօր է ու մարտունակ։ Դրա համար փորձեց ինչ-որ յաջողութիւն արձանագրել Հայաստանի սահմանին, որը Ալիեւին կտար քաղաքական աւելի մեծ հնարաւորութիւն։ Այսօր Ատրպէյճանում սոցիալական, քաղաքական վիճակը վատ է, նաֆթի գները նուազում են։ Ներքին կայունութիւնը եւ իշխանութիւնը պահելու համար նա երկու ճանապարհ ունի՝ կա՛մ նման փոքր մարտական գործողութիւններով յաջողութիւններ արձանագրել ու իշխանութիւնը պահել, որն, ինչպէս տեսաք, Տաւուշում չյաջողուեց։ Կա՛մ լայնամասշտաբ պատերազմ, որի ռիսկն աւելի մեծ է։ Ես հաշուարկներ եմ անում, առաջիկայում կը հրապարակեմ։ Վերջին 10–12 տարուայ ընթացքում մօտ 250-300 մլրդ տոլար են ունեցել նաֆթից։ Բայց այսօր չունեն մարտունակ բանակ, սոցիալապէս զարգացած երկիր, չունեն ոչ մի բան։ Ալիեւեան ծրագիրը այս տարիների ընթացքում մսխել է նաֆթային տոլարները՝ ոչ ի օգուտ իրենց ժողովրդի։ Դրա համար պէտք է փորձեն իշխանութիւն պահել»,- տեսակէտ հատնեց Արցախի նախագահը։

Գալով Արցախի մշակութային կեանքին, երկրում մշակութային զարգացուածութեանը, որը հետաքրքրում էր լսարանին, Արայիկ Յարութիւնեանը նշեց՝ համայնքներում մշակութային, համայնքային տներ, թանգարաններ են կառուցել, շարունակում են կառուցել։ «Մշակոյթը զարգանում է։ Շուշիում ունենք թանգարան, լաւ է, զարգանում է։ Ուզում եմ մէկ լաւ լուր եւս յայտնել ձեզ կապուած Շուշիի հետ։ 2022 թուականի մայիսի 9-ին Յաղթանակի 30-ամեակի կապակցութեամբ ցանկանում ենք Ազգային ժողովը տեղափոխել Շուշի։ Ես այդ ծրագիրն արդեն մշակել եմ։ Ի դէպ, յիշում էք՝ Ատրպէյճանում լաւ չէին զգում, երբ իմ երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիում։ Այդ առումով իրենց համար յաջորդ լուրը կլինի 2022 թուականին Ազգային ժողովը Շուշի տեղափոխելու որոշումը։ Սա շատ խելօք քայլ է լինելու։ Մեծ ուշադրութիւն ենք դարձնում սփորթին ու մշակոյթին»,- ասաց Նախագահը։ Այս առնչութեամբ Նախագահը նաեւ նշեց, որ քայլեր են ձեռնարկում համայնքներն աւելի ինքնուրոյն դարձնելու համար, տեղական ինքնակառավարման համակարգը զարգացնելու ուղղութեամբ։ «Մի քանի տարուց կ՛ունենանք տարածքային կառավարման զարգացած համակարգ»,- ասաց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ ժամանակի սղութեան պատճառով չկարողացաւ աւելի երկար խօսել։ Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներին հարցերի, քննարկման համար։ Իրենց հերթին Դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին նման առիթի համար։

Առցանց լսարանի մասնակցիների հետ արդիւնաւէտ քննարկումը շարունակեց Մերձավոր արեւելքում Արցախի ներկայացուցիչ դեսպան, Հայ սեւ գօտիների միութեան եւ ԱՀ  Ուշուի ֆետերացիայի հիմնադիր, Արեւելեան մարտարուեստների վարպետ Մասթըր Կարօն՝ Կարօ Քեպապճեանը, ով 30 տարի է շփման մէջ է Արցախի հետ, այնտեղ զբաղւում է պիզնեսով։ Պարոն Քեպապճեանը Արցախում առաջին իսկ օրուանից նիւթական ներդրում է արել։ Սփիւռքի հայրենակիցների հետ պարոն Քեպապճեանը աւելի մանրամասն խօսեց Արցախում ներդրումային դաշտի մասին, թէ ինչպէս կարելի է գնալ Արցախ, ներդրում կատարել, իհարկէ, շահոյթ ստանալ ու այդպիսով զարգացնել Արցախը։ Ի դէպ՝ նշենք, որ Քեպապճեանը իր ընկերների հետ տարիներ առաջ Շուշիի գողտրիկ ու գեղեցիկ անկիւնում հիմնել են միջազգային չափանիշերի համապատասխան հիւրանոցային համալիր՝ «Կրանտ հոթել», որն այսօր զբօսաշրջիկների համար սիրելի վայր է դարձել։

Կարօ Քեպապճեանն իր խոսքում ասաց՝ որտեղ հայ կայ, այնտեղ Արցախն ու Հայաստանն է, այնտեղ Արցախի սահմաններն են։ «Արցախը տիեզերական է, այն քիլոմեթրներով չենք կարող չափել։ Պատմութիւնը ցոյց տուեց, որ ո՛չ տոլարը ոչ փո՛ղը չեն կարող ապահովել հային այլ երկրներոմ։ Հայի իսկական գոյութիւնը մայր հողի վրայ է»,- այս տողերով իր զեկոյցը սկսեց Կարօ Քեպապճեանը եւ յիշեցրեց, որ պէտք է մտածել Հայաստանի ու Արցախի մասին, պէտք է դրսում ունեցած միլիարդների մի մասը գոնէ բերել հայրենիք, այդպիսով դիւրացնելով Հայաստանի, Արցախի, բանակի, ժողովրդի վիճակը»,- ասաց Մասթըր Կարոն։

Բանախօսի խօսքով՝ հայրենասիրութիւնը միայն խօսքով չէ, պէտք է անցնել գործի։ «Ես իմ կեանքում 50 հազար երիտասարդ եմ մարզել ամբողջ աշխարհում։ Բայց մենք այսօր ունենք ուշուի, քոնքֆուի աշխարհի չեմփիոններ Արցախից։ Արցախում մենք ունենք ամենահզօր կէտը։ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ էլ մեր մարզիկներից մէկը կարողացաւ 7 թանկ խփել։ Հայերն ի ծնէ մարտունակ ժողովուրդ են»,- ասաց Քեպապճեանը։

Գալով իր խօսքի տնտեսական հատուածին, Քեպապճեանը խօսեց տարիներ առաջ Շուշիում ստեղծած հիւրանոցի ու ներդրումների մասին։ «Մենք կարողացանք մասնագէտներ բերել ու զբօսաշրջութիւնը զարգացնել Արցախում։ Արցախում հնարաւոր է ցանկացած ծրագիր իրականացնել։ Բոլոր մասնագէտների համար գործ կայ՝ բժիշկներ, շինարարներ, պանքային գործի մասնագէտներ։ Բոլորի կարիքը ունենք, թող գան։ Բայց պէտք է ասեմ, որ Արցախ գալը փոքր-ինչ զոհողութիւն է պահանջում։ Արցախում պէտք է գնալ ու պայքարել։ Պետութիւնն ամեն ձեւով օգնում է։ Հիմա առաւել եւս կ՛օգնի։ Այն անձը, ով ուզում է գործ ընել Արցախում, պէտք է տեղում լինի, ապրի այստեղ։ Հեռուից չի լինի։ Օրինակ, իմ տղան Եւրոպան, Ֆրանսիան թողեց ու եկաւ Շուշիում է ապրում։ Ուզում եմ ասել, որ երբ մարդը պատրաստ է, պէտք է ամեն ինչ անի։ Հողը պատրաստ է մշակող պէտք է»,- ասաց պարոն Քեպապճեանը։

Զեկուցողի խօսքով՝ մարդիկ այսօր միլիոնաւոր դրամներ են աշխատում Արցախում, մարդիկ հեկտարներով ցորեն են ցանում, նռան այգիներ տնկում, զբաղւում գիւղատնտեսութեամբ, անգամ Երեւանից մարդիկ կան, որոնք յաջողակ գործարարներ են։ «Ես ընկեր ունեմ, որ նռան այգիներ ունի, տարեկան 30 հազար տոլար է վաստակում։ Ինքը այլ տեղ էլ է աշխատում։ Վերջերս Երեւանում Աւստրալիայից 65 տարեկան մարդու հետ ծանօթացայ, ասեց երկու զաւակներիս հետ պէտք է Արցախ գնամ, գիւղատնտես էր, ասեց այսքան հեկտար ծառ պէտք է տնկեմ։ Այստեղ անձնական միջոցները եւս կարեւոր են։ Միայն չպէտք է պետութեան վրայ յոյսը դնել»,- կարծիք յայտնեց Կարօ Քեպապճեանը, ապա աւելացրեց՝ գինեգործութիւնը եւս շատ զարգացած է Արցախում։

Անցած 30 տարիների ընթացքում, երբ սփիւռքահայերը տեղափոխուեցին Արցախ, ըստ Քեպապճեանի, արցախցին սիրեց, հասկացաւ, որ այս հողը բոլորինն է ու սփիւռքահայն էլ պատրաստ է զոհուել այդ հողի վրայ։ «Ես միշտ ասում էի, որ մենք օգնենք Արցախին, որ մի օր գալու է, որ Արցախն է մեզ օգնելու։ Շատերը կատակի էին առնում ասածս, բայց այսօր տեսնում ենք»,- նշեց նա։

Պարոն Քեպապճեանի վստահեցմամբ՝ ցանկացած երկրում դժուար է պիզնեսով զբաղուել, լինում են  յաջողութիւններ եւ դժուարութիւններ։ Եղել են շատ սփիւռքահայեր, որոնք եկել են Արցախ, փորձել են որեւէ պիզնեսով զբաղուել, չի ստացուել, հեռացել են՝ ասելով, որ Հայաստանում կամ Արցախում դժուար է գումար աշխատել։ «Պէտք չէ արագ յուսահատուել։ Համոզմունք, կամք ու հաւատ է հարկաւոր ցանկացած աշխատանք անելու համար»,- ամփոփեց իր խօսքը Կարօ Քեպապճեանը։

Վերջում «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին հետաքրքիր զրոյցի ու քննարկման համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Կարօ Քեպապճեանին իր տուած օգտաշատ տեղեկութիւններուն համար: Մեր յաջորդ հանդիպմանը խօսելու ենք «Տաւուշ. Սահմանապահ Գիւղերուն Խնդիրներն ու Հեռանկարները» թեմայով: Բանախօսը լինելու է  Տաւուշի  Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բագրատ Եպս. Գալստանեանը: Շնորհակալ եմ բոլորին մասնակցութեան համար»,- ամփոփեց հանդիպումը Սեւակ Յակոբեանը։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

 

 

Մամլոյ Առցանց Լսարան – 6 – Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրաւէրներ եւ Իրագործումներ

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերուն բարեկամները Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2020-ին,  Կրինուիչի ժամով 17:00ին (Արցախի ժամով՝ 21:00-ին) դարձեալ ժամադրուած էին հանդիպելու արդէն իսկ բոլորին օգտաշատ եւ սպասուած ժամադրավայրը դարձած՝ մամլոյ 6րդ առցանց լսարանին մէջ:

«Արցախ. Նորօրեայ Մարտահրաւէրներ եւ Իրագործումներ» նիւթին շուրջ իմաստալից, մասնակիցներուն հպարտութիւն ներշնչող  եւ հեռանկարներով լեցուն խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ՝ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանը:                                                            

Զանազան երկիրներէ շուրջ 65 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ  վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Աւարտին ներկաներուն Արցախի մէջ եւ անոր համար աշխատելու իր վկայութիւնը տուաւ Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Կարօ Քեպապճեանը:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Համացանցի Վրայ. Ժամանակակից Գրականութիւն

Ժամանակակից գրականութիւն․․․ եփուկը որ պատրաստւում է մատուցել մատաղ սերունդին․․․
Կարդում եմ ու մտածում՝ ախր տառերը Մեսրոպեան են, բառերի շօշափելի տոկոսը՝ հայերէն, սակայն ոչ մի բան չեմ հասկանում, անգամ մի գաղափար չեմ կարողանում ընկալել․․․։

Գոյութիւն ունի ժամանակակից արուեստի մի ուղղութիւն, որտեղ սպիտակ կտաւի վրայ ամանով կամ թասով տարբեր գոյնի ներկեր են շաղ տալիս, եւ վերջում ինչ որ մի “հեղինակաւոր” անցորդ, գլխին փետուրով “շափկա” ծխամորճը բերանին, մի քանի րոպէ գունաւոր ” գուցէ գունաթաթախ կամ գունալուայ” կտաւին ուշադիր նայելով, հիացմունքով ” Օօօօօ” է բացականչում, եւ այդ խեղճ կտաւը դառնում է ժամանակակից արւեստի գլուխգործոց մի նկար ․․․:

Ասածս ի՞նչ է, գուցէ գոյութիւն ունի ժամանակակից գրականութեան մի տեսակ, որտեղ “բանաստեղծը” թղթի վրայ թասիկով շաղ է տալիս Մեսրոպեան տառեր, ու տարբեր ամաններով բառեր “ամաններից մէկը անպայման գռեհիկ բառերով՝ որպէսզի աւելի հրապուրիչ ու գայթակղիչ լինի ստեղծագործութիւնը” եւ այդ “չգիտեմ ինչի” անունը դնում են՝ “ժամանակակից գրականութիւն” ․․․։
Չգիտեմ, չեմ հասկանում, երեւի շա՜տ եմ յետամնաց դարձել կամ գուցէ ուղեղս է կարծրացել․․․

Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Մեր  Դպրեվանքը

Դպրեվանք:

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը՝ անուն, հասցէ, վայր, ուղի, որոշում, նպատակ ու ինք-նանուիրում արտայայտող: Այս բառին մէջ խտացած է ազգի մը եկեղեցւոյ ապագան, անոր զաւակներուն հոգեկրթման դասընթացքը, հոգեւորական կազմաւորման գոր-ծընթացը, որուն յաջող արդիւնքով կÿաճի նոյն եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հոգւոյն մէջ բուսած ծիլը հաւատքի, հոգեկան արթնութեան առաջնորդելով զանոնք:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, սակայն ճառագայթող եւ շողարձակ, որովհետեւ երէկ-ուան կայծին խայծը՝ այդ պարզանուն պատանին իր կարկամող լեզուով եւ թերի շա-րահիւսութեամբ, շուտով բոցի պիտի վերածուի անշէջ՝ Սուրբ Հոգւոյ եօթնարփեան շնորհքներով զարդարուած, ու ծաւալուելով հրդեհէ հոգիները, աստուածային պատ-ուիրաններուն համարձակ քարոզութեամբ, մաքրելով հաւատացեալ հոգիները Աս-տուծոյ արքայութեան վայել բիւրեղութեամբ:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց ուսման ու գիտութեան վարար հոսքով անդադար ընթացող գետի նման, գիրի ու դպրութեան գլգլացող երաժշտականութեամբ, ուր շա-րականը, ժամն ու պատարագը, սրբութեանց հետ հաղորդութիւնն ու Աստուածաշունչի պատգամները ջուրի կենսունակութեամբ կը յագեցնեն նախ ուսանողին եւ ապա պապակ ժողովուրդին հոգին: Աւետարան, սկիհ ու խաչ, քշոց ու կերոն, բուրվառ ու կնդրուկ, պատանեկան տարիքի բազմաշեղ զբաղումներու սին ժամավաճառութիւնը ոտնակոխելով, հեռանկարային ուրուագծումներ կը տաջեն մատաղատի սրտերու դեռ փափուկ ու խտղտացող թաղանդին վրայ, հետագային անոնց իւրաքանչիւր բա-բախումին հետ արիւն ներարկելու համար ազգի զաւակներու խոպան հոգիներու լայնարձակ դաշտերուն: Անթիլիասի Դպրեվանքի նոյն դուռէն դուրս եկան մարդիկ եւ դեռ կը շարունակեն գալ Պիքֆայայէն, բուրումնաւէտութեամբ շարժելու բուրվառնե-րն իրենց զնգուն, ու նուագելու քշոցներն իրենց զնգզնգան, խորաններուն վրայ վեհ ու աստուածային: Նոյն դուռէն դուրս ելան եւ դեռ կու գան անոնք, բաշխելու հաղոր-դութիւնը աստուածաշնչեան պատգամին, 1700 տարիներու հնձանէն հոսող անապակ գինիի սկիհին մէջ թաթխելով նշխարհը բաղարջ, որ օծեալ ձեռքերով կը մատուցուի հոգիներուն ծարաւի, անոնց վէրքերուն միակ մխիթարութիւնն ըլլալով բալասանուած:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, նաեւ մէ՛կ՝ իր նպատակով: Սան ու վանահայր, աշա-կերտ եւ ուսուցիչ, դպիր ու սարկաւագ, քահանայ եւ վարդապետ, հսկիչ ու տեսուչ սեւեռուած ունին իրենց արծուաբիբ հայեացքը հորիզոնին վրայ միագիծ, ուր արե-ւուն ելեւմուտքի  բոսորային հնոցին մէջ կը ձուլուի աշխատանքը կազմաւորման ընթացքին, հոգիներուն պարզ ու լերկ, հասնելու համար նպատակին՝ ամբողջական նուիրումին: Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը ձայնեղ, առաւօտ թէ երեկոյ լեռներուն վրայէն գեղասահ արձագանգով կÿիջնէ ցած, թրթռացնելու լարերը նորափթիթ հոգիներուն, որոնք շուտով վարպետ երաժիշտներ կը դառնան, Կոմիտասի ճպոտի շարժման յօժարակամ խոնարհեցնելով իրենց խրոխտ վիզը նորաբոյս:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց հասկ է լեցուն, իննսունամեայ գլուխով խոնարհ, խոհական, որու ձողունին վրայ իրենց նիզակներով կանգնած բանակի քաջարի զին-ուորները շուտով կÿանդամագրուին զինուորեալ Միաբանութեան, երեսուն, վաթսուն եւ ութսուն քաջ գումարտակներով, մարտահրաւէրի սպասողական դիրքով, սկսելու իրենց ծառայական պայքարին: Ջաղացքի երկանաքարին տակ աղացուող իւրաքան-չիւր հատիկը սակայն, հացաբոյր պարկին մէջ խտանալով հին ալիւրի սրբամաղ զանգուածին հետ, երկնանձրեւ եղեամով խմորելու է աւելի մեծ զանգուածները հա-ւատքի, տէրունական մարմնին պէս ընծայուելու համար զոհասեղանին:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ 1930 թուականին արտաբերուեցաւ շրթներէն սուրբ ու մաքուր՝ տառապակոծ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին: Նոյն բառը յոյսով երեքկնեցին Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսն ու առաջին վերատեսուչը՝ Հայր Շահէն: Նոյն բառն էր որ թաւալեցաւ ու ծաւալեցաւ ձիւնագնդակի պէս, իննսունամեայ սահանքով դարձդարձիկ, առաքելութեան ուղին հարթելով իր առջեւ: Մեր ազգի ծառայութեան կարեւորագոյն բնագաւառներուն հասնելու իր մեծաթափ ընթացքին մէջ, ան չխնայեց նոյնիսկ ձիւնին մէջէն իրենց գլուխը ցցած տատասկներուն սրածայր, որոնք ճզմուեցան դէպի առաքելութիւն վազող աշխուժ ոտքերուն տակ շրջանաւարտներուն: Ուռճացած գործը անուրանալի փաստերով կը մեծարէ այսօր հիմնադիրներուն յիշատակը: Միաժամանակ նոյն գործին շարունակութիւնը ինքնին կը պատուէ զայն շարունակող բազմաթիւ անձերուն, մինչեւ ազգիս Հովուապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անունը փառապանծ:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, ձուլարանն այս վսեմ, ուր կաղապարի նոյն ամանին մէջ պիտի հոսի ոսկին հողախառն եւ անզուտ, մաքրուելով կոփուելու համար դաս-տիարակութեան մուրճին տակ, եւ ի վերջոյ մամլակի գլանէն անցնելէ ետք՝ գրեթէ ուղղած իր գլխաւոր թերութիւնները, պատրաստ պիտի ըլլայ յղկուելու քննադատութ-եան դաժան խարտոցով, իր վրայ ընդունելու  համար բարձրարուեստ փորագրութ-իւնը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, որու ժամանակակից դրուագներուն անպայման մաս պիտի կազմէ ինքը՝ նորընծան:

 

            Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց մե՛ր Դպրեվանքն է այն, իր իւրայատկութեամբ եւ հարազատ տան գուրգուրոտ միջավայրով սիրելի: Դասարանին, գրասեղանին ու գրատախտակին կերպարանափոխումը չի՛ կրնար անոր ոգիէն նուազեցնել դոյզն մասնիկ մը լոյսի: Սաներու արծաթափայլ երազներուն մարմին տուող աղօթքը երկ-նառաք, մշտաբարբառ մաղթանք է անոնց շրթներուն վրայ մեքենագրուող, որոնք կարճ ժամանակ ետք պիտի կնքուին ժողովրդային բարի վկայութեանց եւ դրուատիքի զմրուխտագոյն կնիքով: Այս վկայագիրը անգիր յատուկ վաւերաթուղթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շրջանաւարտ հոգեւորական սպասաւորներուն թէ աշխարհական գործիչներուն տրուող իբրեւ գնահատանք:

 

        Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ իր տարբեր սերունդներու շրջանաւարտները կը պա-հէ իրարու շղթայուած՝ «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» մէ՛կ օղակով ամրապինդ, աւելի սեղմելու համար մեր հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց պահպանութեան ու ծաղկման շուրջը երիզող ոսկեշղթան հայկական:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Երբ  Հոգին  Է  Համրանում

– Պապի’ ջան, you know I am a pretty girl,-չարաճճի ժպիտը դէմքին՝ ծոռնուհին վազեց պապի մօտ ։
–  Շա’ն լակոտ, հազար անգամ քեզ ասել եմ՝ իմ տանն էդ օտարի լեզվով 
չխօսես,- շանթահարուածի պէս՝ տեղից վեր թռաւ Արշակ պապը։
– Ձա՛գս, Էլե՛նս,- զայրոյթը խեղդելով՝ վերջինս հինգ տարեկան թոռանը գիրկն առաւ։ Արցունքի խոշոր կաթիլները կախուել էին փոքրիկի կոպերից, հազիւ էր իրեն զսպում, որ չվազեր տատի մօտ ու չբողոքեր։ 
–  Էլե՜ն, էդ ի՞նչ անուն է,- ծոր տալով՝ պապը գրպանից հանեց թաշկինակը։ – Լա՛ւ, մի նամուսով, հայկական անուն չկա՞ր։
– Պապի՛, դէ լաւ էլի, ի՞նչ պապի ես, ո՛չ անունս ես հաւանում, ոչ էլ թողնում ես իմ լեզուով խօսեմ։

– Վա՜յ, տունս քանդուեց, էդ ի՞նչ ես ասում, ա՛յ բալա, քո լեզուն հայերէ’նն է, հայերէ’նը, հասկացա՞ր, դու հա՛յ ես, հա՛յ։ Զայրոյթից ձեռքերը դողում էին, ասես շնչահեղձ էր լինում։ -Իմ Արամի բալե՜քը…Երանի՜ սիրտս կանգ առներ, խելագարուէի, միայն չլսէի, թէ ոնց է թոռս օր օրի օտարանում։ Ա՜խ, Աստուա՛ծ, էսքան կրակ լցրիր գլխներիս, բայց դիմացանք, մարմիններս ճանկռոտելով՝ մեր հոգին մաքուր պահեցինք, ու հիմա, մեր զաւակներին սփռում ես աշխարհով մէկ, որ ձուլուե՞ն, վերանա՞ն, ապա ո՞ւր ես, հայի աստուած, ինչո՞ւ ես մեզ անդադար պատժում։ Չէ՜, հայի արմատներն ամուր կպած են հողին, ոչ մէկը չի կարող նրա կենաց ծառը կտրել…

Ահա այսպէս, տասը երկար ու ձիգ տարիներ, պապի օրը սկսւում էր գիւղացիներին, երիտասարդներին խրատելով, որ չլքեն իրենց գիւղը, աշխատեն, շէնացնեն, շատ երեխաներ ունենան։
– Աշխատանք միշտ էլ կը գտնուի, համա դրա համար ցանկութիւն է պէտք, հրեն, ամեն օր գիւղսովետի պատին նոր յայտարարութիւններ են գրում. պահանջւում են բանուորներ, հնձուորներ, զօդողներ… Աշխատանք՝ ինչքան սիրտդ ուզի, բայց էս գիւղում ջահելա մնացել որ,- ասում էր ու բարկացած գլխարկը գետնովը տալիս։ Արշակ պապն էդպէս էլ սովետի ժամանակներից էս կողմ չեկաւ, նրա համար շրջանն էդպէս էլ մարզ չդարձաւ։ Մի օր էլ  հարեւաններից մէկը չդիմացաւ։

-Ա՚յ հեր օրհնած, էդ որ աջ ու ձախ խրատներ ես տալիս, մի խրատ էլ էն քո Ամերիկաներում ապրող թոռներին տուր, թէ չէ, քոնը թողած՝ առաւօտից իրիկուն ուրիշների գլխին ես քարոզ կարդում, ճիշտ ու սխալ սովորացնում։ Էդ ու էդ էր, որ Արշակ պապը մէկ էլ գիւղի ջահելներին դաս տար։

«Է՜հ, գիւղն օր օրի դատարկւում է, ո՛չ հարս կա, ո՛չ էլ նոր ծնուող երեխայի ձայն է լսւում,- մտածում էր Արշակ պապը՝ նայելով դատարկ դար ու դաշտերին, անտեր մնացած տներին։ Ասատուրի տունը՝ մէկ, Սահակի տունը՝երկուս, Ասլանի տունը՝ երեք, Սմբատի տունը՝ չորս… ու էսպէս, տան շեմին նստած, Արշակ պապը անտէր-անտիրական մնացած տներն էր հաշւում ։ Բա քո տունը հաշի՞ւ  չի, ա՛յ բիձա»- մէկի ձայնն, ասես ականջները խլացնելով, շանթահարի պէս՝ երդիկից գլխին ընկաւ։ Դեռ լաւ էր թոռը խղճում էր, ամառային արձակուրդներին երեխաներին մի քանի օրով նրանց մօտ էր ուղարկում, իբրեւ պապն ու տատը կարոտներն առնէին։ «Է՜, տեսնես էդ Ամերիկայի վրայ մե՞ղր է քսած, որ մեր զաւակները, տուն-տեղ թողած, մեղուի պէս շուրջն են հաւաքւում։ Այսքան տարի, վիշտը շալակած՝ ապրում էին ինքն ու իր պառաւը։ Կեանքը նրա համար գոյները կորցրեց այն դաժան օրը, երբ հարսն ու տղան աւտովթարից մահացան։ Այդ օրից Արշակ պապի դէմքից ժպիտն անհետ կորաւ։ Միակ սփոփանքը թոռներն էին, բայց նրանք էլ տուն-տեղ թողեցին ու հեռացան։ «Էս գիւղում ես ոչ անելու բան ունեմ, ոչ էլ՝ ապագայ»- մի օր ասաց թոռը, քրոջը վերցրեց, տատի ու պապի սիրտն էլ մինչեւ վերջին կաթիլը դատարկեց ու գնաց։ Շատ տարիներ էին անցել, նրա Արամ թոռը մեծ մարդ էր դարձել, բայց դա պապի սիրտը չէր ուրախացնում։ Նա իր արիւնը օտարի արեան հետ էր խառնել՝ վշտացնելով պապի ցաւատանջ սիրտը: 
– Արշա՛կ պապ, ո՞ւր ես,- մէկը ձայնը գլուխը գցած՝ պապին էր փնտրում։ – Պապի՛, էդպէս էլ գիտէի, որ քեզ էստեղ կը գտնեմ, հիւթալի ծիրանների ծանրութիւնից կախուած ճիւղերը մի կողմ տանելով՝ ասաց գիւղի միակ երիտասարդը, որ յիսուն տարեկանին մօտ տղամարդ էր։ Ա՜յ մարդ, առանց բահ կեանք չունես, առաւօտից իրիկուն բաղից դուրս չես գալիս։ Աղջի՛կս, Էս էլ մեր Արշակ պապը,- կողքին կանգնած սիրունատես աղջկան դիմեց Արշակի դրկիցը։
– Բարեւ, Արշա’կ պապ,- աղջիկը, մտերմաբար, ձեռքը վերջինիս մեկնեց ։ Պապի’ ջան, մի հաղորդում ենք պատրաստում. «Ցեղասպանութիւնը ականատեսի աչքերով»։ Ասացին, որ մեծ մայր ունէք, ում ծնողները եաթաղանի զոհ են դարձել։ Լրագրողը, դեռ չէր հասցրել տեղաւորուել, Վերջալոյս տատի հետ մի երկու բառ փոխանակել, երբ, մէկը միւսի հետեւից, ներս մտան հարեւանները։ Տատի դէմքն այնքան ծռմռուած էր, որ կարելի էր համրել ցաւից գոյացած ակօսները։ Չնայած տեղահանութեան տարիներին նա հազիւ մի տարեկան լիներ, բայց աչքերն ասես ցաւից կախուած տոպրակներ լինէին, որ տարիների հետ գոյացել էին՝ կաթիլ առ կաթիլ հաւաքած արցունքներից։ Քթի տակ մի երգ էր մրմնջում ու ձեռքի փոքրիկ թաշկինակով մերթընդմերթ մաքրում աչքերը։

– Հօրս սիրած երգն էր, – ասես անդունդի միջից՝ լսուեց Վերջալոյս տատի ձայնը։ Այն չարագոյժ տարին մօրս կրծքից կախուած մանկիկ էի, բայց երբ յիշում եմ տատիս պատմածները, նրա քարացած աչքերը, ակամայից դառնում եմ այդ չարագոյժ օրերի ականատեսը։ Երբ տատս հօրս մասին էր պատմում, միշտ այս երգն էր հնչեցնում. «Քելէ’ լաօ, քելէ’ երթանք մըր էրկիր»։ Դժուար է հայի ճակատագիրը, աղջի՛կս, ով փրկուել է այդ օրերի ահուսարսափից, նրա սրտում մի մեծ վիհ է գոյացել, որ տարիների հետ, որքան էլ փորձել է լցնել, այն աւելի ու աւելի է խորացել։ Տատս պատմում էր, որ ինձ ու մորս մի թուրք կին է փրկել՝ թաքցնելով իրենց մարագում։ Երբ էդ անաստուածները մեր տուն էին մտել, հորս ու պապիս սրի քաշել, հարեւանի կինը, ում տղային մի օր հայրս մահից էր փրկել, մորս ու ինձ թաքցրել էր իրենց մարագում, իսկ գիշերը, մայրս, ինձ մէջքին կապած, այստեղ- այնտեղ թաքնուելով՝ փախել էր կողքի գիւղը, ուր մօրեղբօրս ընտանիքն էր ապրում։ Ասում էր․ -Աղջի՚կս, արեան գետեր էին հոսում, անասունի պէս մորթում էին՝ առանց աչքերը թարթելու։ Աղջիկներին անարգում , մարմիններին թուրքական նշաններ էին դաջում, որ մի հրաշքով փրկուելու դէպքում էլ այդ օրերի սարսափները ողջ կեանքում կոպերից կախուած մնային»: Վերջալոյս տատի ձեռքերն ասես իրեն չէին ենթարկւում, անընդհատ այս կողմ-այն կողմ էր տանում՝ ասես փորձում էր փախչել այդ վայրայառաջ գազանների ճիրաններից։ 

– Տատիս դէմքին երբեք ժպիտ չտեսայ, երբեմն, ինձ թւում էր՝ նրա հոգին մնացել էր հորս ու պապիս անշունչ դիակների վրայ, որ այդպէս էլ, ոչ մի տեղ հանգրուան չէին գտել. ո՞վ իմանար, այդ շներն ինչպէս էին յօշոտել նրանց մարմինները։ Ախր, նրանք փոքր եղբօրս էլ չէին խնայել։ Տատս ասում էր, որ նրանք շատերին չսպանեցին, որ ամբողջ կեանքում սարսափն աչքերին ապրեն, չհասկանալով՝ մեռած են, թէ՛ կենդանի։ Յաճախ էի տատիս շուրթերից լսում՝ «երանի ինձ էլ սպանէին» արտայայտութիւնը: Բայց մի օր հասկացայ՝ նրա խօսքերի խորքում ինչ էր թաքնուած, երբ, պատահաբար, նրա մարմնի վրայ սարսափելի հետքեր տեսայ։ Քանի քանիսն ապրեցին՝ մահ խնդրելով. կարծես մահն էլ էր նրանցից երես թեքել։  Այն գիշեր, մի հնարքով, թուրք կինը ինձ ու մորս մօրեղբօրս տուն է հասցնում։ Բայց մայրս չի հանդարտւում, ինձ թողնում է այնտեղ ու գնում հօրս ու եղբօրս դիակներն այդ դահիճներից ազատելու: Ցաւօք այդ անիծեալները մօրս ու էլի շատ կանանց, աղջիկների բռնում են, անարգում, սրատում, մի քանիսին էլ անգիտակից թողնում ճանապարհներին։ Անիծուած սերունդ էինք, աղջի՚կս։ Այդ ժամանակ էլ հաւատ չունէինք, – խորը շունչ քաշելով, համարեայ շշուկով, ասաց Վերջալոյս տատը։ Բայց տատս աստուածավախ կին էր, թոյլ չէր տա մէկը իր հոգու մատուռը պղծեր։ Թէ մարդը մարդու ձեռքով մորթուի, բա գազանին ի՞նչ անուն տանք։ 

– Վերջալոյս տատ, իսկ մա՞յրդ, նա՞ էլ չփրկուեց, -տատի ցաւն աւելի բորբոքելով՝ վերջինիս դիմեց լրագրողը։ Մի պահ տատի աչքերում այնպիսի փոթորիկ բարձրացաւ, որ թուաց՝ ուր որ է մաքրելու է տանի ցաւն էլ, դրանից գոյացած հետքերն էլ, ու խեղճ կինը վերջապէս հանգստութիւն է գտնելու։

– Ես տատիս պատմութիւններով եմ ծնողներիս յիշում։ Հայրս գիւղում մեծ յարգանք է վայելել։ Մայրս էլ՝ իր ամուսնուն, երեխաներին նուիրուած, խոնարհ կին է եղել, հայ մայր։ Նա չի կարողացել նստել եւ սգալ հորս եւ եղբօրս կորուստը. գնացել է նրանց հետեւից ու այդ մարդասպանների կեղտոտ ճանկերն ընկել։ Բայց, որ ամենասարսափելին էր, մօրս սրտի տակ մի սիրտ էլ է բաբախել , որ այդպէս էլ լռել է՝վիրաւոր թռչնի պէս թպրտալով։ Շատերը փախել են, շատերը՝ սրի մատնուել, շատերը թոնրատանն են մնացել, շատերը՝ մանկան օրօրոցին կռթնած, իսկ տատիս ականջներին խլացել էին նրանց լալահառաչ ճիչերը։ Մորթոտուած երեխաների բաց աչքերը , որ դեռ չէին հասցրել փակուել մայրական քաղցր օրօրից, այդպէս էլ ամբողջ կեանքում տատիս թարթիչներից կախուած մնացին։

– Յոգնեցի, աղջի՛կս,- սառած աչքերով՝լրագրողի ձեռքը բռնեց Վերջալոյս տատը: Գնամ թախտիս հետ կռիւ տամ, աղերսեմ, որ մի պատանք դառնայ, ինձ էլ տանի-հասցնի ծնողներիս, որ էս ցաւն էլ չպատմուի, չյիշուի, որ մի օր աշխարհն էլ մաքրուի հուշերի փոշուց ու հանգիստ, խաղաղ ապրի։ Գնա’մ, գնամ ծերերին կանչեմ, ցախաւելը վերցնենք ու սկսենք մարդկանց յուշերը մէկ-մէկ մաքրել, իստակել։ Արշակ պապի թեւին կռթնած, ինքն իր հետ խօսելով, Վերջալոյս տատը գնաց՝ մարդկանց ցաւերից ազատելու ուղիներ փնտռելու։

ՆԵԼԼԻ ԵՆՈՔԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Սուրբ Կիպրիանոս Հայրապետ

Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ երկու Կիպրիանոսներ գոյութիւն ունեցած են, որոնք պատմաբաններու կողմէ յաճախ շփոթութեան մատնուած են՝ մէկը միւսին առնչելով կամ խառնելով։ Առաջին Կիպրիանոսը արեւմուտքէն է եւ ափրիկեցի, իսկ երկրորդը արեւելքէն է եւ անտիոքացի։ Առաջինը՝ ափրիկեցին, արեւմուտքի եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբ հայրերէն մէկը եղած է, զոր ապրած է Գ. դարու առաջին կիսուն եւ եպիսկոպոս է եղած Կարթագինէի եկեղեցւոյ. իսկ երկրորդը՝ ապրած է Գ. դարու երկրորդ կիսուն եւ եպիսկոպոս եղած է Սուրիոյ շրջանին մէջ։

Մենք, բնականաբար, ամփոփ կերպով պիտի անդրադառնանք առաջինին՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն եղած Ս. Կիպրիանոս Հայրապետին։

 

ԿԵԱՆՔԸ

Կիպրիանոս, մականուանեալ Թասկիոս Կիկելիոս, ծնած է շուրջ 200 թուականին (յստակ թուական չունինք), Կարթագինէի մէջ։ Ան զաւակն է եղած հեթանոս հարուստ ընտանիքի մը, որուն հայրը քրմապետ (հեթանոսական կրօնքի քահանայապետ) էր։ Կիպրիանոսի ընտանեկան պարագաները նկատի առնելով, ան ստացած է բարձր ուսում ու կրթութիւն։ Հօր անունն է Եդեսիա, իսկ մօր՝ Կղօդիա։ Նախքան քրիստոնէական կրօնքը ընդունիլն ու դաւանիլը, Կիպրիանոս եղած է ականաւոր հռետոր, օրէնսգէտ, փիլիսոփայ, ճարտար մոգ ու կախարդ եւ իր մանկութենէն նուիրուած է աստուածներու ծառայութեան, զոր ժառանգած է իր ծնողքէն։ Կիպրիանոս զարգացած է եղած մոգութեան ու կախարդութեան ծիրին մէջ, որ մոգապետերուն ու կախարդներուն յաւելեալ հնարներ ու գաղտնիքներ կը սորվեցնէր։ Ան այնքան հմտացած էր կախարդութեան մէջ, որ «բազում չարիս դիւականս առնէի ի վերայ երկրի. եւ այնչափ հմուտ եղէ դիւացն՝ զի ոչ մնաց գործ եւ ոչ խորհուրդ զոր ոչ գիտացի», դեւերը իրեն կը հնազանդէին, մարդոց միտքերը կը շփոթեցնէր, կը հիւանդացնէր, երկինքին մէջ կը պտըտէր, ծովուն խորերը կ’երթար, եւ տակաւին շարքը կարելի է շա՜տ երկարել. իր իսկ վկայութեամբ՝ այս բոլորը կ’ընէր, որովհետեւ «էի մոլորեալ ի գործս չարութեան, եւ ոչ ճանաչէի զԱստուած»։

Կը պատմուի, որ Յուստիանէ կամ Յուստինա անունով կոյս մը կար, քրիստոնեայ, որ իր գեղեցկութեան հռչակը տարածուած էր ամէնուրեք, «բայց աւելի գերազանց՝ հոգեկան առաքինութեամբ» («Վարք Սրբոց», Պէյրութ, 1975, էջ 271), եւ որ ամէն օր եկեղեցի կ’երթար։ Օր մը, Ագղաւիդոս անունով երիտասարդ մը, սքանչանալով ու հմայուելով կոյսին գեղեցկութենէն, Կիպրիանոս կախարդին կը դիմէ, որպէսզի կախարդական հնարներով կոյսը սիրահարի իրեն։ Կիպրիանոս կ’ուզէ տեսնել զինք. եւ երբ կը տեսնէ, ինք եւս կը հրապուրուի անոր գեղեցկութեամբ եւ սիրահարելով՝ կ’ուզէ իրեն համար կին առնել։ Կիպրիանոս իր կախարդական ու դիւային բոլոր հնարները ի գործ կը դնէ, սակայն՝ ապարդիւն։ Վերջին անգամ, Կիպրիանոս պառաւի մը կերպարանքով պոռնկութեան դեւը կ’ուղարկէ Յուստիանէ կոյսին մօտ, որպէսզի ցանկար Կիպրիանոսի եւ ամուսնանար անոր հետ։ Պառաւը միասնաբար աղօթելու պատրուակով գիշերով կու գայ կոյսին մօտ եւ աղօթքի պահուն պառաւը հարց կու տայ Յուստիանէին, թէ կուսութեամբ ո՞վ վարձք ստացած է։ Եւ այսպէս, կը սկսի համոզելու փորձեր ընել, որպէսզի զինք տանէր Կիպրիանոսի մօտ։ Սակայն, կոյսը երբ անդրադարձաւ դիւային ներկայութիւնը, Ս. Խաչին նշանը երեւեցաւ իր մարմինին վրայ եւ խաչակնքելով՝ հալածեց դեւը։ Վերջինս վախնալով ու դողալով կը վերադառնայ Կիպրիանոսի մօտ եւ երբ Կիպրիանոս կը հարցնէ իր վիճակին մասին՝ կը պատասխանէ, թէ խաչին նշանը տեսայ, վախցայ եւ դողալու սկսայ։ Եւ ապա, դեւը կը սկսի պատմել խաչին եւ Խաչեալին մասին. եւ Կիպրիանոս կը սկսի մտածել.- «Եթէ նշան Խաչին այդչափ զօրութիւն ունիցի, ապա Խաչեալն որչա՞փ եւս առաւել։ Ես հաւատամ ի Քրիստոս, եւ ի զօրութիւն Խաչին, եւ յԱստուած Հայր Ամենակալ՝ զի նա միայն է ճշմարիտ Աստուած, եւ կուռքն դեւք են եւ սատանայ»։ Այս բոլորէն ետք ան կ’այրէ իր մօտ գտնուող կախարդութեան բոլոր գրութիւններն ու թուղթերը, կ’երթայ եպիսկոպոսին մօտ, կը մկրտուի եւ կը ձեռնադրուի քահանայ։ Ան շուտով ձեռք ձգելով եկեղեցական աստիճանները՝ 249 թուականին Կարթագինէի եպիսկոպոս կ’ըլլայ։

Իր առաջնորդութեան օրերուն քրիստոնեայ համայնքը բազմաթիւ եւ բազմազան հալածանքներու ու զրկանքներու կ’ենթարկուի, որոնց ընթացքին, Աստուծոյ կամքով եւ օգնականութեամբ, կը յաջողի նամակագրութեանց եւ հաւատարիմ ու վստահելի անձերու շնորհիւ, կարելիութեան սահմաններու մէջ, կառավարել ու առաջնորդել իր հօտը։

257-ին, Վաղերիանոս կայսրին հալածանքներուն ժամանակ, Կիպրիանոս կ’աքսորուի Կուրուբա քաղաքը եւ մէկ տարի ետք կը վերադառնայ Կարթագինէ։ Ապա, կրկին կը ձերբակալուի, կը դատուի եւ կը գլխատուի Սեպտեմբեր 14-ին։

ԳՈՐԾԸ

Տարբեր հեղինակներ տարբեր կարծիքներ արտայայտած են Կիպրիանոսի գրական ու մտաւոր վաստակին մասին։ Ոմանք ըսած են, թէ ան միտքի մարդ ըլլալէ աւելի եղած է գործի մարդ։ Սակայն անոր կեանքն ու գործունէութիւնը մեզի ցոյց կու տան, թէ Կիպրիանոս ե՛ւ եղած է գործի մարդ, ե՛ւ միտքի մարդ։

Կիպրիանոսի մտաւոր արտադրութեանց մէջ կարեւոր ու յատկանշական տեղ ունի իր նամականին։ Անոր նամակները կը պարունակեն առաւելաբար դաւանաբանական ու եկեղեցագիտական խնդիրներ, որոնց լուծումը ան կու տար անմիջապէս ու վերջնականապէս։ Անոր գործերէն միայն յիշենք քանի մը նամակներ.- ուղղուած Դոնատոսին, ուղղուած Դեմետրիանոսին, կուռքերը աստուածներ չեն, տիեզերական եկեղեցւոյ միութեան մասին, ինկածներու (ուրացողներու) մասին, Տէրունական Աղօթքի մասին, բարի գործերու եւ ողորմածութեան մասին, համբերութեան բարիքի մասին, նախանձի եւ կասկածի մասին, կոյսերու հագուստի մասին եւ այլն…։

Յատկանշական աղօթագիրք մը կայ, որ կը կրէ սուրբին անունը «Կիպրիանոս»։ Աղօթագիրքը ունի տարբեր բովանդակութեամբ աղօթքներ՝ «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, գոհաբանական աղօթքներ, «Նարեկ» աղօթամատեանէն հատուածներ, բարեխօսութեան աղօթք, առաքեալներուն ուղղուած աղօթք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին ուղղուած աղօթք, չար աչքի եւ լեզուի դէմ աղօթք, հրեշտակներուն ուղղուած աղօթք, զաւակ ծնանելու աղօթք, Աւետարանէն հատուածներ եւ այլն…։ Աղօթագիրքը կը սկսի «Հայր մեր»ով։

Այստեղ նաեւ կ’արժէ յիշել, թէ այս աղօթագիրքին մէջ կը գտնենք Ս. Կիպրիանոսի ինքնակենսագրութիւնը «Դարձ Կիպրիանոս Հայրապետի» խորագրեալ։ Այնտեղ կայ նաեւ հետաքրքրական աղօթք մը, զոր կը բովանդակէ Աստուծոյ աւելի քան 400 անուններ կամ տիտղոսներ. յիշելէ ետք այդ բոլորը՝ Ս. Կիպրիանոս կ’եզրափակէ. «Քո սուրբ եւ ահեղ անուանցդ զօրութեամբ՝ Տէր Աստուած ամենակալ, եղիցիս պահապան ծառայիս» (Քու սուրբ եւ ահեղ անուանդ զօրութեամբ, ամենակալ Տէր Աստուած, Քու ծառայիդ պահապան եղիր)։

ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Կիպրիանոսի վարդապետութիւնը կ’ընդգրկէ տարբեր նիւթեր, սակայն անոնցմէ կարեւորագոյններն են եկեղեցւոյ միութեան, աւանդութեան, Ս. Հաղորդութեան հացի ու գինիի եւ մարտիրոսներու հարցերը։

Կիպրիանոսի համաձայն եկեղեցւոյ միութեան կեդրոնն ու առանցքը եպիսկոպոսը ինք է։ Ան կ’ըսէ, թէ այն անձը, որ եպիսկոպոսին հետ չէ, կը նշանակէ որ եկեղեցւոյ մէջ չէ ու անոր մաս չի կազմեր. իսկ եպիսկոպոսներն ալ, իրենց կարգին, պէտք է առաջնորդուին սիրոյ օրէնքով։ Տեղական ու շրջանային եկեղեցիները առանձին կառոյցներ չեն, այլ անոնք կապուած են Եկեղեցւոյ, արմատին։ Ինչպէս որ արեւուն ճառագայթները շատ են, սակայն լոյսը մէկ է՝ արեւը. նոյնպէս ալ եկեղեցիները, թէեւ բազմաթիւ են, սակայն ունին մէկ արմատ՝ Եկեղեցին։ Նոյնն է պարագան նաեւ եպիսկոպոսներուն, որքան ալ ըլլան անոնց թիւը շրջաններու մէջ, անոնք կանգնած են մէկ հիմքի վրայ՝ Եկեղեցւոյ։ Ան յատկապէս կը շեշտէ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը փրկութեան հարցով։ Կ’ըսէ, թէ միայն եկեղեցւոյ մէջ կարելի է փրկուիլ. «եկեղեցիէն դուրս փրկութիւն չկայ». «ով որ Եկեղեցին որպէս Մայր չ’ընդունիր, զԱստուած որպէս Հայր ընդունած չ’ըլլար»։

Հետաքրքրական է անոր վարդապետութիւնը մարտիրոսներուն մասին։ Ան կը հաւատայ, թէ անոնք որոնք կը մարտիրոսանան՝ անմիջապէս կը տեսնեն Աստուծոյ դէմքը, իսկ անոնք որոնք կը մահանան՝ չեն տեսներ զայն եւ կը սպասեն մինչեւ դատաստանի օրը։

255 թուականին յառաջ կու գայ հերետիկոսներուն կողմէ կատարուած մկրտութեան հարցը։ Ս. Կիպրիանոսի կեցուածքը շատ պարզ ու յստակ էր։ Ան չէր ընդուներ հերետիկոսներուն կողմէ կատարուած մկրտութիւնը, իր մեծ ուսուցիչին՝ Տերտուղիանոսի եւ Փոքր Ասիոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն նման։ 256-ին Կարթագինէի ժողովի ընթացքին ան կ’անդրադառնայ այս հարցին եւ ճակատումի ու բախումի մէջ կը մտէ Հռոմի եպիսկոպոս Ստեփանոսի հետ, զոր կ’ընդունէր ու կը պաշտպանէր հերետիկոսներու կողմէ կատարուած վերոյիշեալ մկրտութիւնը։

Եզրակացնելով, Ս. Կիպրիանոս հայրաբանութան եւ եկեղեցական կեանքին մէջ ակնառու հայրապետներէն մին է եղած՝ իր գործունէութեամբ ու վարդապետութեամբ։ Ս. Կիպրիանոսի կեանքը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար օրինակ մըն է. օրինակ մը՝ աւելիով ճանչնալու Քրիստոսը, ճանչնալու Անոր զօրութիւնը, ճանչնալու Անոր ամենակարողութիւնը, ճանչնալու Անոր «Տէր տէրանց եւ Աստուած աստուծոց» ըլլալը եւ կատարեալ հաւատք ու վստահութիւն ունենալու Անոր նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ամբողջական հաւատքով, սիրտով ու միտքով դաւանելու Քրիստոսի մեր Տէրը ու Փրկիչը ըլլալը։

Թող Ս. Կիպրիանոսի օրինակը վարակիչ ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ իր աղօթքներով ու բարեխօսութեամբ զօրանանք ու հասուննանք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։

 

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը