Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն խումբ մը ընկերներ, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի ու ընկերակցութեամբ Ընկերներ Վիգէն Թոսունեանի, Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Վաչէ Տօներեանի, Վիգէն Ասիլեանի, Սահակ Թաշճեանի եւ Վազգէն Ժամկոչեանի, հանդիպում մը ունեցան Կուսակցութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցող մտաւորական ընկերներ Օհան Պոտրումեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ Պարոյր Աղպաշեանի հետ:

Այն կուսակցութիւնը, որ իր մտաւորականութեան կարծիքը չ’առներ եւ իր ժողովուրդին բազկերակը չի կարդար, կը մնայ խզուած իրականութենէն եւ բանականութենէն ու կը դառնայ ճահճացած: Սփիւռքի վիճակը ասոր ամենամեծ փաստն է: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ յարգած է իր մտաւորականները եւ այդ կը համարուի իր յաջողութեան գործօններէն մէկը: Այս անգամ ալ մեր երէց ընկերները տուին իրենց կարծիքը մեր ազգը տագնապեցնող հարցերուն շուրջ: Անոնք մեր հարցերուն լուծումը գտան երկխօսութեան մէջ: Երկխօսութիւն, որ պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումին: Պիտի բարձրացնէ հայ մարդը: Ռամկավարութիւնը ամենալաւ լուծումն է մեր հարցերուն: Ընտրել բանականութեամբ օժտուած մարդիկ մեր ժողովուրդը առաջնորդելու համար ալեկոծ ծովերու մէջէն: Առանց իսկական ռամկավարութեան չկայ լուծում մեր հարցերուն: Անձնական շահերու համար կուսակցութեան վնաս հասցնելը անբարեխիղճ գործ է, որ ուշ թէ կանուխ պիտի գտնէ իր լուծումը: Վերջին տարիներուն արձանագրուած անձնական շահերէ մղուած երկփեղկումներու լուծումը դարձեալ իսկական ռամկավարութիւնն է:

Վարչութեան ընկերները գնահատեցին մեր մտաւորական ընկերներու կատարած աշխատանքը եւ զանոնք տեղեակ պահեցին վերջին անցուդարձերէն, կուսակցութեան քաղաքականութենէն եւ առին անոնց կարծիքը ազգային հարցերու շուրջ:

Մեր երէց ընկերները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս հանդիպումին համար եւ խոստացան իրենց կարելին ընել մեր ազգի եւ Կուսակցութեան բարօրութեան համար:

Հանդիպումի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Թղթակցութիւնը՝

Վիգէն Թոսունեան

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լուի Պուսենար

Լուի Անրի Պուսենար (ֆր.՝ Louis Henri Boussenard, հոկտեմբերի 4, 1847, Էսկրէն, Լուարէ – սեպտեմբերի 11, 1910, Օռլեան, Լուարէ, Ֆրանսա), ֆրանսացի գրող, արկածային գրականութեան հեղինակ։

Պուսենարը ծնած է Ֆրանսայի Էսկրէն քաղաքին մէջ 1847ին։ Ուսանած է Փարիզի մէջ եւ ստացել է բժշկական կրթութիւն։ Ֆրանկոյ-պրուսական պատերզամի ժամանակ զօրակոչուած է եւ ծառայած է որպէս գունդի բժիշկ։ Շամպինիի մօտ վիրաւորուած է։ Պատերազմէն ետք վերադարձած է Փարիզ եւ զբաղած է գրականութեամբ։
1878ին Պուսենարը սկսաւ տպագրել իր առաջին վէպերը «Ամսագիր տը Վոյաժ» հրատարակութեան մէջ։

Պուսենարը շատ ճամբորդած է դէպի ֆրանսական գաղութներ՝ մասնաւորապէս Ափրիկէյ, ուր ան ծանօթացած է տեղի մշակոյթին ու բարքերուն հետ եւ գտած է նոր մտայղացումներ իր ստեղծագործութիւններուն համար։ Եղած է նաեւ Աւստրալիոյ եւ Կինիոյ մէջ։

1991ին Ռուսիոյ մէջ 40 հատորով հրատարակուած է հեղինակի ստեղծագործութիւնները։ Հայերէնով հրատարակուած են «Ադամանդ որոնողները» եւ «Նաւապետ թոկից փախածը» վէպերը։
1991-2001  ռուսական «Լատոմիր» հրատարակչատունը տպագրած է հեղինակին բոլոր ստեղծագործութիւնները 30 հատորով (32 գիրք)։

Ամենայն Հայոց Հայրապետը Այցելութիւնը Ընդունեց Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Անի Գասարճեաններուն

Հինգշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2019ին, Էջմիածնայ Մայր Աթոռ այցելեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան ընկերակցութեամբ իր կողակիցին՝ Տիկ. Անիին:

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետը իր հիւրերը ընդունեց Մայր Աթոռի վերանորոգուած վեհարանին մէջ:

Տէր եւ Տիկ. Գասարճեաններ նախ շնորհաւորեցին վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի գեղատիպ վերանորոգման եւ բարեզարդման համար:

Ապա խօսակցութիւնը ընդացաւ հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը յուզող շատ մը թեմաներու շուրջ: Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վեր առաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան յատուկ առաքելու թիւը ազգապահպանման եւ Հայ մշակոյթի տարածման վեհ գործին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կացութեամբ յատուկ մտահոգութիւն ցուցաբերելով լիբանանահայութեան մասին: Ընկ. Գասարճեան Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան այսօրուայ իրավիճակին մասին կարեւոր զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ տիրոջ:

Վեհափառին համար շատ մեծ մտահոգութիւն էր սփիւռքի հայկական վարժարաններուն իրավիճակը: Ան շեշտեց, որ Հայ վարժարանը եկեղեցիին կողքին հայապահպանման ամրոց է, որուն տկարացումը՝ տկարացումն է նաեւ Հայ եկեղեցիին: Անդրադառնալով այս նիւթին, ընկեր Գասարճեան բուռն կերպով պաշտպանեց հայ դպրոցի գոյութեան գաղափարը, հաստատելով որ իր գլխաւորած մարմինը ամէն զոհողութեամբ պիտի պահէ ու աւելի եւս զարգացնէ իրեն աւանդ ձգուած Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով կոչ ըրաւ բոլոր պատասխանատուներուն չփակելու ոչ մէկ վարժարան այլ նուիրուելու անոր առողջ տնօրինման աշխատանքին, յօգուտ Հայ մանուկներուն հայեցի դաստիարակութեան:

Լուսաբանական Հարցազրոյց՝ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին Առթիւ

Խ.- Այս հարցազրոյցը կատարուած է Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզի Լիբանանի աշխատակազմին հետ, լուսաբանելու եւ մղելու լիբանահայութիւնը՝ մասնակցելու հարցազրոյցին մէջ նշուած օգտաշատ հարցախոյզին:

Հարցում.- Հաճիր նկարագրել Հայկական Սփիւռքի այս Հարցախոյզը:
Պատասխան.- Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աշխարհի տարբեր վայրեր գտնուող, Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու կարծիքը, կեցուածքը, մտահոգութիւնները պիտի մէկտեղէ եւ հետազօտական նպատակով տեղեկութիւններ հաւաքէ, գիտնալու համար որ 21րդ դարուն սփիւռքահայութիւնը ինչպիսի ներկայութիւն մը ունի, ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ 21րդ դարուն, եւ բաղդատել Սփիւռքի տարբեր հայ գաղութներու տեսակէտերը, ըմբռնումները, տարբեր հայ գաղութներու դիմագիծը:

Հ.- Ինչու՞ կարեւոր է այս հարցախոյզը:
Պ.- Կարեւոր է որովհետեւ, նախ չէզոք հարցախոյզ մըն է, որ պիտի ներառէ ամէն տեսակի հայեր՝ տարիքի, սեռի, քաղաքական, կրօնական, աշխարհագրական վայրի, տարբեր պատկանելիութիւն ունեցող անհատներ պիտի կարենան մասնակցիլ եւ ձեւով մը պիտի համախմբէ կարծիքը հայութեան տարբեր շրջանակներու, ինչ որ բաւական չէզոք եւ լայն պատկերը կու տայ սփիւռքահայութեան:

Հ.- Ուրիշ տեղ կատարուեցա՞ւ կամ պիտի կատարուի՞ այս հարցախոյզը: Ո՞վ է նախաձեռնողը:
Պ.- Հարցախոյզը կը կատարուի տարբեր երկիրներու մէջ: Անցեալ տարի կատարուած էր Մարսէի, Փասատինայի, Պոստոնի եւ Գահիրէի մէջ: Այս տարի ընտրուած է ուրիշ չորս շրջան՝ Լիբանան, Մոնրէալ, Ռումանիա եւ Արժանթին: Յաջորդ տարիներուն ալ պիտի շարունակուի ծրագիրը եւ կամաց-կամաց տարբեր հայկական համայնքներ պիտի ներառուին ծրագրին մէջ: Ծրագիրը նախաձեռնած է Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկը, եւ նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնադրամը:

Հ.- Ո՞վ կրնայ մասնակցիլ հարցախոյզին Լիբանանի մէջ:
Պ.- Լիբանանի մէջ հարցախոյզը պիտի տեւէ Սեպտեմբեր 30էն մինչեւ Նոյեմբեր 15: Այս հարցախոյզին կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանը ամբողջացուցած որեւէ հայ անհատ: Հայ անհատ երբ կ’ըսենք այնտեղ սահմանափակում չկայ ինչպիսի հայ ըլլալու: Եթէ անհատը ինքզինք հայ կը համարէ, ուրեմն կրնայ մասնակցիլ, անկախ որեւէ յարանուանական, քաղաքական պատկանելիութենէ, անկախ թէ ան համայնքին մէջ գործուն է, կապ ունի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ թէ չունի: Ծինային իմաստով ալ եթէ ծնողներէն մին հայ չէ, նոյնիսկ եթէ մեծհայր-մեծմայրերէն միայն մէկը հայ է՝ կրնայ մասնակցիլ հարցախոյզին: Այնքան ատեն որ ան ինքզինք հայ կը համարէ՝ կրնայ մասնակցիլ:

Հ.- Հարցաթերթիկը միալեզու՞ է:
Պ.- Հարցարանները չորս լեզուներով կարելի պիտի ըլլայ պատասխանել՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: Հետեւաբար, լեզուական ալ սահմանափակում չկայ, ոչ-հայախօս հայերն ալ պիտի կարենան մասնակցիլ:

Հ.- Ինչպիսի հարցումներ կը հարցուին հարցախոյզին մէջ:
Պ.- Հիմնական նիւթերը որոնք կ’արծարծուին կապ ունին ինքնութեան հետ, մշակոյթի, լեզուի, կրօնքի, համայնքի: Կան հարցումներ թէ՝ համայնքը ինչի՛ կարիքը ունի, ի՛նչպիսի գործունէութիւններու կարիքը ունի, եւ հարցումներ՝ պատասխանողին համայնքին մէջ ներգրաւուածութեան մասին. նաեւ կան հարցումներ որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հետ կապին, հաղորդակցութեան հետ եւ ընդհանրապէս՝ Սփիւռքի:
Հարցումներուն տեսակն ալ այլազան է. այսինքն կան հարցումներ որոնք անհատական կարծիք կը հարցնեն, կան հարցումներ որոնք տեղեկութիւն կը հաւաքեն, կան հարցումներ որոնք կապ ունին պատասխանողին ներաշխարհին հետ, օրինակ՝ թէ իրեն համար ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ, ինչի՛ կը կապէ ինք իր հայութիւնը, եւ կան հարցումներ որոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ ինչ ծրագիրերու կարիք կայ, այսինքն աւելի գործնական բնոյթ ունեցող հարցումներ ալ կան:

Հ.- Գաղտնիութեան հարցը՞:
Պ.- Պէտք է նշել որ հարցախոյզը անանուն պիտի ըլլայ եւ բոլոր հարցումներուն արդիւնքները պիտի ուսումնասիրուին-վերլուծուին իբրեւ խմբային պատասխաններ, քան թէ անհատական պատասխաններ: Այլ խօսքով, մէկ անձի պատասխանները կարելի պիտի չըլլայ վերլուծել առանձին: Վերլուծումը պիտի ըլլայ նիւթ առ նիւթ, համախմբելով այդ նիւթին կապուած բոլոր պատասխանները:
Հետեւաբար անկարելի է գիտնալ անձ մը ինչ պատասխանեց, ով էր այդ անձը: Արդէն հարցախոյզին անունով չըլլալը, անանուն ըլլալը հիմնական ազդակն է որ մարդոց անձնականութիւնը պահպանուի:

Հ.- Նման հարցախոյզ կատարուա՞ծ է Սփիւռքի մէջ:
Պ.- Չի թուիր որ այս տարողութեամբ եւ նիւթերու լայն ընդգրկունութեամբ նման հարցախոյզ մը եղած ըլլայ որ սփիւռքահայուն կարծիքը կը հարցնէ:

Հ.- Գործնական քայլերը ի՞նչ են:
Պ.- Կայ online հարցախոյզ եւ գրաւոր հարցախոյզ: Onlineի պարագային կայքէջ մը կայ՝ www.armeniandiasporasurvey.com , ուր մտնելով կարելի է չորս լեզուով հարցարաններուն հասնիլ: Անհատը կ’ընտրէ այն լեզուն զոր կը նախընտրէ, եւ կը լեցնէ համապատասխան հարցաթերթիկը եւ կը յանձնէ շատ դիւրութեամբ:
Միջին հաշուով պատասխանները կը տեւեն 30 վայրկեան: Իսկ գրաւոր (թուղթէ) հարցարանները լեցնելու համար պէտք է հետեւիլ թէ հարցախոյզ խմբակը ո՛ր թուականին ու՛ր ներկայ պիտի ըլլայ: Ցանկ մը ունինք վայրերու եւ թուականներու, որ թղթիկներով, որմազդերով եւ ընկերային ցանցերու վրայ սկսած ենք արդէն տարածել: Հոն նշուած է թէ ո՛ր կեդրոն ո՛ր օրը պիտի երթանք եւ այդ ժամերուն որեւէ անհատ կրնայ ներկայանալ տուեալ կեդրոնը եւ թուղթէ հարցարանը լեցնել եւ յանձնել տեղուոյն վրայ:

Հ.- Հարցախոյզը միայն Պէյրութի մէ՞ջ պիտի կատարուի:
Պ.- Հարցախոյզը միայն Պէյրութի համար չէ: Բացի Պէյրութէն պիտի երթանք նաեւ Ճիպէյլ, Թրիփոլի, Զահլէ եւ Այնճար:

Հ.- Արդիւնքներէն տեղեակ պիտի ըլլա՞նք:
Պ.- Արդիւնքը պիտի հրապարակուի կայքէջով: Այսինքն հասանելի պիտի ըլլայ բոլորին, հետեւաբար բոլոր անոնք որոնք պատասխանեցին, կրնան մտնել եւ տեսնել արդիւնքը: Յոյսը այն է որ այս հարցախոյզը կը ծառայէ գաղութի, համայնքի կազմակերպութիւններուն, ղեկավար մարմիններուն կամ հետազօտողներու, ուսումնասիրական խմբակներու յաւելեալ ուսումնասիրութիւն ընելու, կամ գաղութին վերաբերեալ համապատասխան քաղաքականութիւն որդեգրելու: Եւ առնուազն կ’օգնէ որ տեղեկութիւն մը, գաղափար մը ունենանք թէ ինչպէս կ’ապրի եւ ինչ կը մտածէ Սփիւռքի հայութիւնը:

Հ.- Անհատական, դէմհանդիման հարցազրոյցներ պիտի ունենա՞ք:
Պ.- Այո, պիտի ըլլան նաեւ սահմանափակ թիւով, դէմառդէմ աւելի խորացուած հարցազրոյցներ, qualitative interviews, որոնց մասնակիցները պիտի ճշտուին աւելի բարդ նախատուեալներու լոյսին տակ: Հարցազրոյցներուն ընթացքին աւելի խորքային քննարկում պիտի կատարուի այն թեմաներու շուրջ որոնք նաեւ կ’արծարծուին հարցախոյզին մէջ՝ ինքնութեան խնդիրներ, գաղութային կեանքէն ներս ներգրաւուածութիւն, Հայաստանի եւ այլ հայկական գաղութներու հետ կապեր: Այս հարցազրոյցները պիտի կատարուին տարբեր միջավայրերէ եկած եւ տարբեր յատկութիւններ ունեցող լիբանանահայերու հետ ապահովելու համար կարելի եղածին չափ լայն ներկայացուցչութիւն:

 

Խորհրդարանը Հոկտեմբեր 15ին Ժողով Մը Կ՛ունենայ Ընտրելու Յանձնախումբեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խորհրդարանը ժողովի պիտի հրաւիրէ Հոկտեմբեր 15ին ընտրելու համար խորհրդարանի յանձնախումբերու անդամներ:

Այլ ժողով մըն ալ պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 17ին քննարկելու համար սահմանադրութեան 95րդ յօդուածը. Որուն հիմամբ պէտք է ստեղծուի ազգային յանձնախումբ մը նախապատրաստելու համայնքային դրութեան չեղարկումը Լիբանանի մէջ:

Խորհրդարանի նախագահին մօտ աւանդական դարձած Չորեքշաբթի օրերու երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին երէկ, նաեւ քննարկուած է տնտեսական տագնապը դիմակալելու համար երեսփոխանական շտապ մը կազմելու հարցը:

Կիրակի Օրուայ Ցոյցերը Անմեղ Չէին. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, երէկ անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, յայտարարեց, որ Կիրակի օրուայ ցոյցերը անմեղ չէին:

Աուն հաստատած է, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը պիտի չփլուզուի: Խօսելով «Ալ Ժամհուրիա» կայքին ան նկատել տուաւ, որ անցնող օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները ցոյց կու տան, որ մութ ուժեր կը փորձեն տապալել նախագահական նստաշրջանը եւ այդ առումով ուժեղ պայքարի նախաձեռնած են ոչ միայն իր, այլ նաեւ երկրին վարչապետին դէմ:

Լիբանանի նախագահը իր խօսքին աւարտին ըսած է նաեւ, որ իր համար ցոյց կազմակերպելը օրէնսդրութեամբ հաստատուած իրաւունք է, սակայն անցնող կիրակի օրուայ ցոյցերն ու բողոքի շարժումները երբեք անմեղ չէին:

Յիշեցնենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին Լիբանան յայտնուած է տնտեսական տագնապի բաւական սուր երեւոյթի մը դէմ յանդիման:

Արեւմտեան Հայաստանի Գործող Պետութեան Գործերէն

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Հայութիւնը, որ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի կը տառապի արեան պակասութենէ (այսինքն՝ անկախ հանրային կարծիքի բացակայութենէ), այլ խօսքով՝ անկախ զանգուածային լրատւութեան միջոցներէ (ԶԼՄ)…։ Ինչ որ համազօր է հաստատելու՝ որ Հայութեան մէջ գոյութիւն չունի Չորրորդ Իշխանութիւն…։ Այս տխուր եւ խիստ վտանգաւոր երեւոյթին փաստերէն մէկն ալ այն է, որ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն եւ գործնականօրէն շարունակուող անկախ ճանչցուած պետութեան ծաւալած իրաւաքաղաքական ու պետականակերտ գործունէութիւնը, իր արժանի արձագանգը կամ իրեն արժանի անդրադարձումը չունենար հայրենի եւ սփիւռքահայ ԶԼՄ-երու մէջ։ Թէ ինչո՞ւ… կան միայն երկու հաւանական պատճառներ։ Կամ՝ այն, որ այս պետութիւնը չունի տեղեկատւութեան սպասարկութիւն, եւ կամ ալ այն, որ միւս բոլոր ԶԼՄ-երը դէմ են անոր գործունէութեան, այլազան պատճառներով։ Պետութեան տեղեկատւութեան սպասարկութեան պատասխանատուն կը պնդէ թէ ունին ելեկտրոնային մէկ եւ համացանցային երկու կայքեր.
mfa@warmeniangov.com
www.warmeniagov.com
www.westernarmeniatv.com
Առաւել՝ հայ մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն ելեկտրոնային հասցէները, եւ անոնց կ՚ուղարկեն նամակներ, բայց… չեն հրատարակեր։ Ինչո՞ւ։ Եթէ համաձայն չեն, բնականը այն չէ՞, որ արձանագրեն ուղարկուածը իբր լուր, եւ մեկնաբանեն թէ ղրկուածը եւ թէ ընդհանրապէս այս պետութեան գոյութիւնը։ Իսկ ինչո՞ւ այսպէս չեն վարուիր։ Ուրեմն, անհամաձայնութենէն աւելի մեծ հակառակութիւն մը կայ՝ կոյր, մեքենական պոյքոթում…։ Իր կոչումին գիտակից մամուլը, եթէ համաձայն չէ եւ մանաւանդ եթէ վնասակար կը գտնէ այս պետութիւնը, պարտաւոր է գրելու իր ընդդիմութիւնը եւ ցոյց տայ պատճառները, որպէսզի՝ անտեղեակ արեւմտահայեր զոհը չդառնան այս պետութեան։ Անցնինք…։

Մեր ձեռքին տակ կան այս պետութեան «Հայրենիք» պաշտօնաթերթի թիւ 13 եւ 14 համարները, որոնց մէջ այս պետութեան կատարած գործերուն մասին կան հակիրճ անդրադարձեր, որոնց մէկ մասը կ՚ուզենք հաղորդել ընթերցողին։
Թիւ 13 համարին մէջ կայ Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի նամակը՝ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդին անունով, ուղղուած՝ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներուն (Վլ. Փութինի եւ Տոնալտ Թրամփի), Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող G20-ի գագաթաժողովին առիթով։
Այս նամակին մէջ ԱՀ-ի նախագահը կը պահանջէ յարգումը երկու հիմնարար սկզբունքներու.
1) «Միջազգային օրէնքի գերակայութիւնը բոլորին նկատմամբ, եւ ոչ թէ ի նպաստ ոմանց՝ ուրիշներու հաշւոյն»։
2) «Պահպանել եւ երաշխաւորել բոլորի սեփական շահերը, անկախաբար անդամ ազգերու ռազմական, տարածքային կամ տնտեսական ծաւալներէն»։
Ապա հանգամանօրէն հիմնաւորելով թէ՝ երբ Արեւմտեան Հայաստան տիրանայ իր կատարեալ անկախութեան, «կ՚երաշխաւորէ դառնալ միջազգային ընտանիքի վստահելի գործընկերը՝ ե՛ւ տարածաշրջանային ե՛ւ միջազգային խաղաղութեան, կայունութեան եւ փոխադարձ շահերու պահպանումին առումներով…։
Եւ կ՚աւելցնէ.
«Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու վերականգնումը, միջազգային իրաւաքաղաքական համակարգի անկեղծ եւ իսկական բարեփոխումի ճանապարհին՝ ամենալուրջ եւ փաստացի չափանիշերէն մէկը կրնայ ըլլալ։ Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը թոյլ կու տայ որ ան իր դրական մասնակցութիւնը բերէ ցանկալի այդ բարեփոխումներու գործընթացին եւս։
«Ձեզի կը դիմենք ամբողջ աշխարհի դիմաց, դուք՝ որպէս մարդկութեան փրկութեան հնարաւորութիւնը ունեցող ներկայ գերհզօր ուժերէն երկուքը, առաջարկելով Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան համար հիմնուելու թէ՛ Թուրքահայաստանի մասին ռուսական դեկրետին եւ թէ՛ ԱՄՆ-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռի բովանդակութեանց վրայ, որոնք արդէն դարձած են Ձեր երկու գերհզօր պետութիւններու սահմանադրական եւ օրէնսդրական համակարգի անբաժանելի մասը, ստանձնելու համար պատմական պատասխանատւութիւնը եւ առնելու առաջին միասնական քայլը, յանուն մարդկութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան։
«Հայ ազգը եւ մարդկութիւնը՝ Ձեզի երախտապարտ կ՚ըլլան»։
Այս նամակին մէջ կայ նաեւ պարբերութիւն մը, որ խիստ կարեւոր է՝ ոչ միայն նիւթական հատուցումին անոր նպատակին առումով, այլեւ՝ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին առումով. կարծէք ակնարկելով թէ ինք տեղեակ է խաղաղութեան պահպանումին շուրջ Թրամփ-Փութին գաղտնի համաձայնութենէն։ Այդ պարբերութիւնը կ՚ըսէ. «Արեւմտեան Հայաստանի իրաւաքաղաքական թղթածրարը, իր հողային, քաղաքական, մշակութային եւ մարդկային իրաւունքներուն կողքին, կը պարունակէ նաեւ՝ նիւթական փոխհատուցումներու մաս մը, որուն ընդհանուր գումարը, ըստ միջազգային օրէնքով ընդունուած հաշուարկներուն՝ 2015 թուականի դրութեամբ, կը կազմէր 12.6 թրիլիոն եուրօ։ Արեւմտեան Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, որպէս 1920 թուի Յունուար 19-ին միջազգայնօրէն de facto եւ 1920 թուի Մայիս 11-ին de jure ճանաչում ստացած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն վրայ՝ Հայաստան Պետութեան իրաւականօրէն շարունակուող կառավարութիւն, ազգային ռազմավարական պահուստը հաստատելէն յետոյ մնացած գումարները պիտի տրամադրէ տարածաշրջանի զարգացման ու բարգաւաճման նպատակին՝ միջազգային ազդեցիկ պետութիւններուն հետ երկկողմանի տնտեսական շարք մը համաձայնութիւններու միջոցով, ինչ որ ուղղակի դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի, ապա՝ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հիմքերու ամրացման վրայ։ Այս տարածաշրջանը խոպան պահուած է՝ զայդ բռնագրաւած պետութեան կողմէ…»։
Ռուսական Infoteka կայքը կ՚արձագանգէ. «Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը Արեւմտեան Հայաստանի վերականգնումին կոչով կը դիմէ Փութինին եւ Թրամփին» (https://infoteka24.ru/2019/07/02/39288/?)։ Իսկ ազերի Haqqin կայքը կ՚արձագանգէ. «Հայաստան Թուրքիոյ 12.6 թրիլիոն եուրօ-ի հատուցումի պահանջ կը ներկայացնէ» (https://haqqin.az/news/159491?)։ Ուշագրաւ է, որ ազերի կայքը կը խուսափի BATI ERMENISTAN եզրերը գործածելէն անգամ…։ Բայց չի կրնար ջնջել՝ Օսմանեան պետութեան վարչական բաժանումներու 17-րդ դարու քարտէսէն՝ ERMENISTAN EYALETI-ն…։
Հարց կու տանք հայ մամուլի աշխատակիցներուն. այսպիսի կարեւոր եղելութիւն մը արժանի չէ՞ր անդրադարձի, կամ՝ առնուազն արձագանգի։
Կ՚երեւի թէ՝ 10 Օգոստոս 1920 թուի Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախագահ Աւ. Ահարոնեան ստորագրած է, բայց խորհրդարանը չէ վաւերացուցած։ Ուրեմն, ներկայ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի նախագահութիւնը՝ 2016 թ. Յունիսի 24-ին, վաւերացուցած է։ Այս պատմական օրուան 3-րդ տարեդարձը՝ 24 Յունիս 2019, յատուկ նշում ունի պաշտօնաթերթի այս թիւ 13-ին մէջ։

Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահը՝ Լիտիա Մարկոսեան, ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւանց Խորհուրդի 41-րդ նստաշրջանին, եւ մասնաւորաբար շեշտած է հետեւեալները.
«Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք Տուրպանի Հռչակագրի թիւ 9 կէտին ընդունումին, քանի որ բնիկ ժողովուրդները, յատկապէս Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հնդիկ ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայրենազրկեալ հայերը, կը շարունակեն տառապիլ եւ զոհ դառնալ ռասիզմի բոլոր դրսեւորումներուն։
«Ռասիզմի տակ տառապող այս ժողովուրդները կը դադրին մարդ ըլլալէ… ինչպէս ըսած է ճշմարտախօս Ֆրանց Ֆանոն՝ ձեզ կը զրկեն մարդկութեան բնորոշ բոլոր յատկանիշերէն։
«Ռասիզմի այս բռնութիւնը շարունակական բնոյթ ունի.
– Ամէնօրեայ բռնութեան դրսեւորումներ,
– Բռնութիւն՝ անցեալի դէմ, մերժելով ժողովուրդի մը ամբողջ անցեալի պատմութիւնը իր սեփական հայրենիքին մէջ, ժխտելով նոյնիսկ իր գործած ցեղասպանութիւնները,
– Եւ՝ բռնութիւն ապագային դէմ, արգիլելով ժողովուրդին որոշելու իր ապագան։
«Հետեւաբար, մենք պէտք է պահանջենք վերջ դնել ամէն գաղութացումի եւ ամէն հայրենազրկումի»։
Միջազգային բեմէն այսպիսի ելոյթ մը, տարագրեալ արեւմտահայու մը կողմէ, արժանի չէ՞ր անդրադարձի մը, կամ՝ առնուազն, արձագանգի մը պարոնայք խմբագիրներ…։
«Հայրենիք»ի թիւ 14 համարին մէջ կայ ուշագրաւ նախագահական հրամանագիր մը՝ 28 Յուլիս 2019 թուականակիր, եւ թիւով՝ 73, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի կազմին վերաբերեալ։
Այս նախագահական հրամանագիրը նախ հաշուի կ՚առնէ հետեւեալները.
– Թուրքահայաստանի անկախութեան մասին հրամանագիրը՝ հրատարակուած 1917 թուի Դեկտեմբերի 29-ին, Ռուսաստանի կողմէ,
– 1920 թուի Յունուար 19-ին՝ Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայկական կառավարութեան de facto ճանաչումը,
– 1920 թուի Մայիսի 11-ին, Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայկական պետութեան de jure ճանաչումը,
– 1920 թուի Օգոստոս 10-ին, Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը եւ նոյն թուի Նոյեմբեր 22-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռը,
– 2004 թուի Դեկտեմբեր 17-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդի պաշտօնական յայտարարութիւնը,
– 2007 թուի Սեպտեմբեր 13-ի ՄԱԿ-ի Հռչակագիրը՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ, եւ՝
– Հիմք ընդունելով 2016 թուի Մայիսի 9-ի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Ապա՝ նկատի կ՚ունենայ հետեւեալները.
– Արցախի մարտիկներու հոգեբանական մատեանը (2003),
– 2016 թուի Հոկտեմբեր 1-ի նախագահական հրամանագիրը պահուստային գումարտակի ստեղծման վերաբերեալ,
– Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պետութեան ստեղծմանն ու շարունակութեանը վերաբերող ճանաչման գործողութիւնները,
– Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը մինչեւ 2020 թ.,
– 2004 թուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգին դրոյթները, եւ՝
– 12 Փետրուար 2017 թուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական հայեցակարգը մինչեւ 2020 թուական։
Եւ հուսկ՝ կը հրամանագրէ երեք յօդուածներ, որոնցմէ մէկը կը տրամադրէ՝ թէ նախագահը նշանակած է ԱՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդին տասներկու անդամները, եւ հրամանագրի հրատարակման իբր վայր եւ թուական արձանագրած է Կարին, 28 Օգոստոս 2019։
Այսպիսի ծանրակշիռ նախագահական հրամանագիր արժանի չէ՞ արդեօք՝ ոչ միայն արձագանգի, այլեւ՝ անդրադարձի եւ քննարկումի…։
Պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ կայ նաեւ ԱՀՀ վարչապետին լրատուական գրասենեակէն 16 Յուլիս 2019 թուին հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով խմբագրուած «Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն» մը՝ Եւրոմիութեան 15 Յուլիս 2019-ի պաշտօնական բացասական դիրքորոշումին շուրջ Թուրքիոյ հանդէպ։ Այդ հաղորդագրութիւնը կ՚ըսէ.
«Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՚ողջունէ Եւրոմիութեան 15 Յուլիս 2019 թուականի պաշտօնական դատապարտումը Թուրքիոյ հանդէպ՝ Կիպրոսի գրաւեալ հիւսիսային ափամերձ ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ ձեռնարկած հորատումի ապօրինի աշխատանքներուն պատճառով։ Միաժամանակ՝ կառավարութիւնս ընդհանրապէս պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը կը նկատէ որպէս՝ միջազգային օրէնքի մէկ այլ տեսակի խախտում, հետեւաբար՝ ողջմիտ եւ ուսուցողական մօտեցում մը չէ Թուրքիոյ կողմէ միջազգային օրէնքին եւ իրաւունքներու խախտումին դիմաց հանդէս գալ մէկ այլ խախտումով։ Եթէ՝ քաղաքակիրթ աշխարհը՝ իսկապէս կը դատապարտէ Թուրքիոյ շարունակական անհնազանդութիւնն ու խախտումները միջազգային օրէնքին եւ իրաւունքներուն նկատմամբ, որոնք տեղի կ՚ունենան ոչ միայն այսօր, այլ 1915-էն ի վեր, ապա ժամն է որ վերատեսութեան ենթարկուին նոյն ներկայ տարատնկեալ եւ արհեստական Թուրքիոյ գոյութեան հիմքերը, որոնք որոշապէս բացայայտ խախտումներ էին երէկ՝ թէ՛ միջազգային շարք մը օրէնքներու եւ թէ՛ մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան սկզբունքներուն։ Ախտ մը կը բուժուի իր բուն պատճառներուն վերացումով եւ ոչ թէ՝ հետեւանքները դատապարտելով կամ՝ այլ ախտերով…»։
Ափսոսալի չէ՞ որ նման հաղորդագրութիւններ հրապարակուած ըլլան միմիայն ԱՀՀ վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի լրատուական գրասենեակէն եւ մեր միւս աշխարհասփիւռ լրատուամիջոցները լուռ անցնին… այս ոսկի առիթին մրափելով կամ քնանալով… պարոնայք հայ լրատուականներ որ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի…
Պաշտօնաթերթի նոյն այս թիւին մէջ, «Աշխատանքային Հանդիպում Արեւմտահայաստանի Երեւանեան Գրասենեակին Հետ» վերնագրին տակ կը կարդանք.
«Յուլիսի 31-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Երեւանեան գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում Հայ Սպաներու Միաւորման եւ Արեւմտեան Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին՝ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը, վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանը, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխ-նախարար Վահան Շիրխանեանը, Զօր. Նարեկ Աբրահամեանը, ԱՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշ անդամներ եւ շարք մը նախկին բարձրաստիճան սպաներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր, ԱՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներ, խօսեր են իրենց անցեալին անցած ռազմական ճանապարհին մասին, մէկ կողմէ՝ Արցախի մէջ, եւ միւս կողմէ՝ ընթացիկ գործունէութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ…։ Հանդիպման ընթացքին, նաեւ խօսուեր է յառաջիկայ մի քանի ամիսներուն գումարուելիք աշխարհասփիւռ հայ սպաներու համագումարի մը մասին… եւ՝ ԱՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդին հետ անոնց գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ…»։
Ամենապաղարիւն հայու սառցակալած սիրտն անգամ ջերմացնող այսպիսի լուրի մը հանդէպ հայ մամուլի պահած լռութիւնը ի՞նչ որակել, պարոնայք լրատուականներ…։
Այս թիւին մէջ կայ նաեւ ԱՀՀ Ազգային Ժողովի (Պէյրութ, 5 Օգոստոս 2019 թուակիր) 2018 թուի Դեկտեմբերին ընտրուած կազմի (77 պատգամաւորով) փոխ-նախագահներէն Ռոպեր Սիւլահեանի բաց նամակը եւ դիպուկ հարցումը՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահին, Երեւան-Վան հարցական ու խնդրայարոյց չուերթի մասին։
Այս նամակը կը սկսի հետեւեալով.
«Սոյն գրութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահութիւնը, կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը եւ անոր կը մաղթէ ամենայն բարիք իր ազգանուէր գործունէութեան մէջ»։
Ապա կը հաստատէ՝ թէ հայ ժողովուրդի երեք բաղկացուցիչ միաւորներն են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ Արեւմտեան Հայաստանը… եւ ոչ թէ՝ Սփիւռքը…, որոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքը եւ ռազմավարական համակարգուած համագործակցութիւնը անհրաժեշտ են մեր յաջողութեան համար։
Ապա՝ «Մեզ անհանգստացուց Երեւանի օդանաւակայանէն դէպի գրաւեալ Վան քաղաք կազմակերպուած չուերթը։ Նախկին վարչակարգի (օլիգարխիական) ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը Թուրքիոյ հետ, իր ժխտական հետեւանքներով բոլորիս յայտնի է։ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը, այս առիթով, յարմար կը նկատէ անգամ մը եւս յիշեցնել, թէ մեր իւրաքանչիւր քայլը պէտք է առնուի ռազմավարաքաղաքական համակարգումէ ետք… եւ՝ չտարուի մարզական կամ այլ մարդասիրական օրակարգով, որպէսզի՝ չվնասէ մեր սրբազան դատին»։
Հուսկ, կ՚եզրակացնէ. «Մեր երեքին համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է մեր ազգային դատի հետապնդման ճամբուն վրայ։ Այս իմաստով, կը խնդրենք պարզաբանել թէ՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան քաղաքականութեան ո՞ր հիմքերուն վրայ է որ տեղի ունեցաւ այս չուերթը… դէպի գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը, եւ տակաւին՝ հանդիպումներ կատարուեցան զաւթիչ Թուրքիոյ պետական պաշտօնատարներու հետ…։
«Անգամ մը եւս, ընդունեցէք մեր ջերմ մաղթանքները Ձեր գործունէութեան յաջողութեան համար։ Ապագային համագործակցելու մաղթանքներով՝ ի դիմաց…»։
Երբ հայութիւնը միահամուռ կերպով դատապարտեց օլիգարխ Ս. Սարգսեանի ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը, որ անվերապահ եւ անպայմանադիր կերպով կ՚ուզէր բնականոնացնել հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Երեւան-Վան չուերթը մարզական նոյն դիւանագիտութիւնն է՝ անվերապահ եւ անպայմանադիր բնականոնացում զաւթիչ Թուրքիոյ հետ, բայց ոչ ոք, բացի՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահութենէն, ձայն բարձրացուց այս դասալքութեան եւ անձնատւութեան դէմ։ ԱՀՀ Ազգային Ժողովի այս սթափ եւ զգօն կեցուածքը արժանի չէ՞ր արձագանգի կամ անդրադարձի… պարոնայք լրատուականներ…։
Իսկ ԱՀՀ կառավարութեան կեցուածքը՝ նոյն հարցին կապակցութեամբ, կ՚արտայայտէ վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի յատուկ գրութիւնը, որուն խօսուն վերնագիրն է՝ «Թող Համահայկական Խաղերը Մաքուր Եւ Համահայկական Մնան»։

Պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ, հրատարակուած է նաեւ՝ ԱՀՀ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի ելոյթը՝ ՄԱԿ-ի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Հարցերով Փորձագիտական Յանձնաժողովի 12-րդ նստաշրջանին, զոր կ՚ամփոփենք ստորեւ.
«Շնորհակալութիւն Տիկին Նախագահ, եւ քանի որ այս նստաշրջանի առաջին խօսք առնողն եմ, ուստի թոյլ տուէք շնորհաւորելու Ձեզ Ձեր պաշտօնին նշանակուելուն առիթով։
«Տիկին Նախագահ, ինչո՞ւ ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած է բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն մասին յատուկ Հռչակագիր մը, Մարդու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրի եւ 4 Յուլիս 1976 թ. Ալճերի Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրի կողքին։ Ըստ Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն, որոնց հանրապետութեան նախագահն եմ ես, մենք եւս միատեղ եկած ենք՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու եւ ազգերու միջազգային իրաւունքները յարգել տալու համար նոր կարեւոր ծրագրեր առաջարկելու նպատակով։ Եթէ աշխարհը շարունակէ գործել առանց պատշաճ յարգանգի դէպի Երկիր մոլորակը, այդ կը յանգեցնէ բնիկ ժողովուրդներու եւ ազգերու ոչնչացման։
«Երբ աշխարհի պետութիւնները չեն յարգեր Միջազգային Հանրային Իրաւունքը, մենք կը վերադառնանք բարբարոսութեան դարաշրջան, որուն ականատեսները եղանք բոլորս, վերջերս՝ Սուրիոյ մէջ։ Մենք, ուրեմն, այստեղ ենք այսօր այդպիսի նոր աղէտներ կանխելու համար։
«Հռչակագրի Յօդ. 10-րդով, բնիկ ժողովուրդները չեն կրնար պարտադրաբար տեղահանուիլ իրենց հողերէն…։ Ուրեմն, կրնանք ըսել՝ որ գոյութիւն ունի բնիկներու հողային ամբողջականութեան սկզբունք մը, անկախ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան սկզբունքին զուգահեռ, ինչ որ համազօր է բնիկ ժողովուրդի մը պետականութեան…։ Ուրեմն, բնիկ ժողովուրդին հողային տարածքը չի կրնար մտնել զաւթիչ պետութեան մը արհեստական սահմաններուն մէջ… ինչ որ բռնակցում է (annexation)։ Եւ Հռչակագրի 11-րդ եւ 28-րդ յօդուածները բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքը կը ճանչնան՝ ոչ միայն ճանչցուելու, այլեւ՝ հատուցում ստանալու այն բոլոր բռնարարքներուն դիմաց, որոնցմէ տուժեր են անոնք։ Ինչպէս գիտէք, 1894-1923 տարիներուն, Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեան դէմ Ցեղասպանութիւն եւ տեղահանութիւն իրականացուեր է, շուրջ երեք տասնամեակ հայերը ենթարկուեր են կազմակերպուած ոչնչացման ծրագրի՝ ուղղակի Ցեղասպանութեամբ եւ անուղղակի Ցեղասպանութեամբ, այսինքն՝ տեղահանութեամբ…։ Եւ Էրտողան խոստովանած եղաւ այս ձեւի անուղղակի Ցեղասպանութիւնը, երբ յայտարարեց որ հայերու աքսորումը՝ ողջմիտ միջոց էր…։
«Աշխարհն արթնցեր է, աշխարհը վիրաւորուեր է եւ նոյնիսկ ճանչցեր է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայկական պետութեան գոյութիւնը, որն ալ Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ ճանչցուած առաջին պետութիւնն է այդ տարածքին վրայ, հայ ժողովուրդի բնօրրանին մէջ, նախ՝ de facto, եւ ապա՝ de jure, 1920 թուի Յունուար 19-ին, եւ Մայիսի 11-ին, յաջորդաբար։
«Որպէս այդ երկրի նախագահ, կը յայտարարեմ, որ Արեւմտեան Հայաստանը կը պաշտպանէ բոլոր բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները, ինչ որ հաստատագրուած է մեր երկրի սահմանադրութեան մէջ՝ առանձին գլուխի տակ։
«Աշխարհի հիմնական ուժերը՝ ներառեալ Ռուսաստանը, ստորագրեր եւ վաւերացուցեր են Արեւմտեան Հայաստանին վերաբերող հրամանագրեր եւ պայմանագրեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսոն նոյնիսկ հաստատեր է այդ պետութեան սահմանները Թուրքիոյ հետ՝ իր իրաւարար վճիռով, 22 Նոյեմբեր 1920 թուականին։
«Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը եւ մեր հազարամեակներու քաղաքակրթութեան ոչնացումը կը շարունակուի մինչեւ այս օրս Թուրքիոյ կողմէ։
«Բացի ասկէ՝ փոխ-հատուցումի ծաւալը, զոր յատուկ զեկոյցով չորս տարի առաջ ներկայացուած է ՄԱԿ-ին, մինչեւ այս պահը չէ ստացած որեւէ պատասխան, իսկ անոր ծաւալները, բնականաբար, կը շարունակուին աւելնալ ժամանակին հետ։
«Եթէ մեր մոլորակը փրկելու ձգտումներն իրական են, ապա ամէն տարբեր բան ապարդիւն է, եթէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն հանդէպ չի կիրառուիր Միջազգային Հանրային Իրաւունքը, նմանապէս բոլոր բնիկ ժողովուրդներուն հանդէպ, որոնք ոճիրներու եւ զաւթումներու զոհ դարձեր են։
«Շնորհակալութիւն Տիկին Նախագահ»։
Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերող ՄԱԿ-ի Յանձնաժողովի 12-րդ նստաշրջանի բեմէն այսպիսի բարձր մակարդակի ելոյթ մը՝ Արեւմտեան Հայաստանի անունով, ինչպէ՞ս կարելի է անարձագանգ թողլքել՝ հայկական ըլլալ յաւակնող մամուլին կողմէ։ Ողբա՜մ զքեզ Հայոց Աշխարհ… Զի…։
Վերջապէս, բայց ոչ վերջին կարգով՝ տողերուս հեղինակը, որպէս տարագիր արեւմտահայու մը գիտակից ժառանգը, հայ մամուլէն կը խնդրէ եւ կ՚աղերսէ, եւ անոր կը թելադրէ եւ կ՚առաջարկէ արտատպել ԱՀՀ պաշտօնաթերթի թիւ 14-ին մէջ լոյս տեսած հետեւեալ «ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ»ի ծանուցումը.

ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ
ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿՈՒԻՆ ՄԱԿ-Ի ԲՈԼՈՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Սոյն ստորագրահաւաքի նպատակն է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան
եւ անդամ պետութիւններուն առջեւ ներկայացնել Հայ ժողովուրդի փաստացի
եւ վճռակամ որոշումը՝ տէր կանգնելու Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներուն մինչեւ անոնց լիարժէք իրականացումը, վերականգնելով ազատ եւ ինքնիշխան
Արեւմտեան Հայաստանը:
Ստորագրահաւաքի բովանդակութեան ծանօթանալու համար
սեղմեցէք հետեւեալ կապը
https://warmeniagov.com/armenian
Ստորագրելու համար լրացուցէք ձեր տուեալները եւ սեղմեցէք ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ
Ծանօթ – Ձեր անձնական տուեալները կը մնան գաղտնի եւ հրապարակման ենթակայ չեն
Տարագիր Արեւմտահայութեան ներկայիս գործող միակ ներկայացուցչական (այսինքն՝ 28 հազար արեւմտահայ քաղաքացիներու կողմէ) ընտրուած ԱՀՀ Ազգային Ժողովն է։
Ամէն յանձնառու արեւմտահայու առաջնահերթ եւ սրբազան պարտականութիւնն է Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող այս պետութեան քաղաքացին դառնալ, 28 հազարը բարձրացնելու համար շատ աւելիին, որպէսզի՝ դառնայ Տարագիր Արեւմտահայութեան եւ տակաւին Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող եւ դիմադրող հայերու կեդրոնական եւ միակ լիազօր ալ կառոյցը, կարենալ իրականացնելու համար Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան վերականգնումը։

«Եկած Եմ Մօտէն Ծանօթանալու Քուէյթահայութեան», Այսպէս Ըսաւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Շուէյխ Կատարած Իր Աննախընթաց Այցելութեան Ժամանակ

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մեկնեցաւ Շուէյխ կոչուող արհեստաւորներու շրջանը, ուր անակնկալ այցելութիւններ տուաւ քուէյթահայ արհեստաւորներու, ընկերակցութեամբ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանի, ինչպէս նաեւ Ճորճ Սրկ. Արապաթլեանի եւ Վաչէ Սրկ. Թաշճեանի:

Շուէյխը Քուէյթի մէջ գտնուող արհեստաւորներու ամենամեծ շրջանն է, ուր Քուէյթ կայք հաստատելէն ետք մեծ թիւով հայ արհեստաւորներ հիմնած են իրենց արհեստանոցները: Եւ առ այսօր Շուէյխը Քուէյթի մէջ կը համարուի հայ արհեստաւորներուն բաբախուն սիրտը:

Ամբողջ օրը արեւուն կիզիչ ճառագայթներուն տակ տքնող վարպետը շաբաթ առաւօտուն հաճելիօրէն զարմացաւ, երբ լսեց Կաթողիկոսական Փոխանորդի ողջոյնի խօսքը՝ «բարի լոյս, ես նոր հայր սուրբն եմ, եկած եմ խանութդ օրհնելու»:
Պահը ոգեւորիչ էր եւ յուզող:

Մերթ զարմացած եւ մերթ հիացած արհեստաւորը Հայր Սուրբին պատմեց իր առօրեային մասին, կիսեց իր մտահոգութիւնները, մշտապէս փառք տալով Աստուծոյ, որ արդար վաստակով կը պահէ իր ընտանիքը:

Իւրաքանչիւր արհեստանոցի մէջ Հոգշ. Հայր Սուրբն ու Արժ. Քահանայ Հայրը խունկ վառեցին եւ աղօթեցին, որպէսզի Աստուած առողջութիւն եւ գործերու յաջողութիւն տայ բոլորին: Հայր սուրբը յորդորեց բոլորը մշտապէս գալ եկեղեցի եւ մասնակից դառնալ գաղութի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին:
Օրը օրհնաբեր եղաւ ո’չ միայն հայ արհեստաւորներուն, այլեւ նոյն պահուն արհեստանոց գտնուող հիւրերուն համար, որոնք իրենց յուզմունքը յայտնեցին Հայր Սուրբին կատարած այս անակնկալ եւ աննախընթաց այցելութեան առթիւ:

Այցի աւարտին՝ Շուէյխի մէջ Հոգշ. Հայր Սուրբը խօսեցաւ իր տպաւորութիւններուն մասին, ապա խոստացաւ յաճախակի այցելութիւններով մօտէն հետեւիլ քուէյթահայութեան կեանքին:
Ջերմ հիւրընկալութեամբ, ամուր ձեռքսեղմումով եւ կրկին տեսութեան անկեղծ սպասումներով աւարտեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդին այցելութիւնը Շուէյխ:

Լիբանանահայ Դպրոց. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Բացուեցաւ 81-րդ Կրթական Տարեշրջանը (լուսանկարներ)

Սեպտեմբեր 25-էն Հոկտեմբեր 1-ի միջեւ կայացաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն՝ նախակրթարանի, երկրորդականի եւ հուսկ՝ մանկապարտէզի վերամուտը, զոր խանդավառօրէն նշելու համար ձեռնարկուեցան համապատասխան միջոցառումներ:
 
Նախակրթարանի եւ երկրորդականի վերամուտի օրը կայացաւ աւանդական հաւաքը վարժարանի բակին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ ծնողներ: Աշակերտներ բարձրացուցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշները՝ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին կողքին, կարճ բացատրականներ ներկայացնելով երկու երկիրներուն մասին՝ որպէս լիբանանահայ աշակերտի ինքնութեան զոյգ սիւներ: Այնուհետեւ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան կատարեց աղօթք մը՝ վերամուտին առիթով, մաղթելով բոլորին բարեյաջող կրթական տարի:


 
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ մեսրոպեանականի կերպարին վրայ, շեշտելով մանաւանդ աշխատասիրութեան եւ բոլոր գործերուն մէջ հետեւողականութեան եւ կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը, որպէս երաշխիք յաջողութեան: Ան ըսաւ, որ անցած տարեշրջանի մեսրոպեանական խումբ մը աշակերտներ այս տարի իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ. պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ այսպիսով, մեսրոպեանականներ իրենց հայրենասիրական ու քրիստոնէաշունչ կազմաւորումը կրնան հաղորդել հայրենի միջավայրին ու հասակակիցներուն: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց նաեւ, որ այս տարի վարժարանը ունի 73 նորեկներ, որոնց մէկ մասը կու գայ կրթական ոչ-հայկական միջավայրէ. ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս երեւոյթին համար եւ վստահեցուց, որ վարժարանը պիտի գործադրէ առաւելագոյն ջանքերը՝ ազգային միջավայրին անոնց համարկումին համար:
 
Վերամուտին առիթով, յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ նախակրթարանի առաջին դասարան մուտք գործող 53 աշակերտներուն համար, դպրոցական առաջին օրը վերածելով տօնի: Նոյնպիսի միջոցառում մը կազմակերպուեցաւ 56 բողբոջ-աշակերտներուն համար, որոնք այս տարի մուտք գործեցին մանկապարտէզ:


 
Մանկապարտէզի վերամուտը եւս յատկանշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ. փոքրիկները դասարաններ ու խաղավայր մտան իրենց ծնողներուն ուղեկցութեամբ, առաջին օրը անցնելով խաղերու, տօնական ներկայացումներու եւ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ: Մանկապարտէզը բոլորին ներկայացաւ վերաթարմացած տեսքով, շնորհիւ ամրան ընթացքին կատարուած հիմնաւոր նորոգութեան եւ վերաձեւաւորումներուն:
 
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ (լուսանկարներ)

Հրաւէրով Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամէն Արքեպիսկոպոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հոլանտա։ Օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա անոնք ուղղուեցան Իւթրեխթ, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին։
Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մայր տաճարը՝ իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, եւ հանդիպում ունեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ՝ անոր օգնականներուն ներկայութեան։


Ապա, Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն կողմէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին, Լահէյի մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ էին արաբական երկիրներու դեսպաններ եւ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ։ 

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն տրուած ընթրիքին՝ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին կողմէ կազմակերպուած։ Ընթրիքը առիթ մը եղաւ քննարկումներ կատարելու միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական հարցերու շուրջ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած էին ներկայ ժամանակներու եկեղեցւոյ առաքելութեան։