Ազգային Երեք Կուսակցութիւնները Խստօրէն Կը Դատապարտեն Ատրպէյճանական Ոտնձգութիւնները

Յայտարարութիւն
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Միակողմանիօրէն խախտելով իր իսկ կողմէ ստորագրուած զինադադարը, Ատրպէյճանի իշխանական արկածախնդիր վերնախաւը Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ ուղղած է իր հորդաները, որոնք վայրագաբար անմեղ երեխաներու վրայ կրակ կը բանան:
Միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ զարգացող եւ նոյն հանրութեան անտարբեր կեցուածքէն խրախուսուած ատրպէյճանական այս նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուած են հայոց քաջարի զինուորներու կողմէ, որոնց շարքերը տուած են թանկագին զոհեր եւ վիրաւորներ:
Բուռն կերպով դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, մենք, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավար մարմիններս, մեր շարքերուն եւ համակիրներուն անունով կը յայտարարենք`
- Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն, Հայոց բանակին եւ հայրենի ժողովուրդին.
- Մեր վճռականութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն իշխանութիւնները ատրպէյճանական ուժերը սանձելու գործնական քայլերու մղելու ուղղութեամբ.
- Մեր ջանքերով կարեւորել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու մարմիններու կողմէ Արցախի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը, տարածաշրջանի կայունութեան նպատակով.
- Մեր պատրաստակամութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նեցուկը ապահովելու՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ, հետեւելով Միացեալ Ազգերու ընդհանուր կանոնագրութեանց.
- Հայկական միասնական ուժերով այս սպառնալիքին դէմ կանգնելու մեր յանձնառութիւնը, որուն միանալու կը հրաւիրենք համայնքիս բոլոր միութիւնները, յարանուանութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները, իւրաքանչիւր հայորդի,
Կը սգանք Հայոց Բանակի հերոս զինուորներու կորուստը: Անոնք մեր զաւակներն են, որոնց գիտակից նահատակութիւնը` մեզ առաւել զոհաբերութեամբ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին նուիրուելու ներշնչման աղբիւր է:
Հայ ժողովուրդը իր հազարամեակներու վրայ երկարող պատմութեան ընթացքին իր գոյութեան սպառնացող բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւած է ու յաղթահարած: Այս մէկը դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն է, բոլորի՛ս:
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Լոս Անճելըս, 2 Ապրիլ 2016
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

