ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԽՕՍԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուած միացեալ թեկնածուն՝ Էքմելետտին Իհսանօղլու, Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին պատասխանած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Թարաֆ» թերթի հայազգի սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատի հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:
«Դուք միջազգային հարթակներու վրայ պաշտօններ ստանձնած անձ էք եւ Թուրքիոյ նախագահ ըլլալու պարագային՝ ձեր օրակարգին վրայ պիտի դիմակայէք Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը՝ 1915 թուականի դէպքերու (Հայկական Ցեղասպանութեան, «Ակունք»ի Խմբ.) 100ամեակը։ Այս հարցը օրակարգային պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ: Դուք միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 1915 թուականի դէպքերը: Ի՞նչ կ՛ըսէք հրապարակուած ցաւակցական ուղերձին մասին», հարցուցած է Պաղտատ:
«1915 թուականին պատահած ցաւալի դէպքերը մեզ միշտ վշտացուցած են եւ պիտի շարունակեն վշտացնել: Ես շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1970ականներուն, իբրեւ համալսարանի դասախօսական կազմի երիտասարդ անդամ, կը մասնակցէի մշակոյթի նախարարութեան միջոցառումներուն եւ սերտ կապեր ունէի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Այս երկու նախարարութիւններու միջոցառումներուն մասնակից ըլլալով՝ նաեւ հարցին էութեան ծանօթ եմ: Կառավարութեան ցաւակցական ուղերձը ճիշդ եւ տեղին էր: Թուրքիա այս հարցը պէտք է լուծէ համբերատարութեամբ, սառնասրտութեամբ՝ օգտագործելով դիւանագիտութեան եւ գիտութեան բոլոր ճամբաները: Այս պահուն աւելին չեմ ուզեր ըսել», պատասխանած է Իհսանօղլու:
ردان على “ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԽՕՍԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ”
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات


Յարգելի՛ խմբագրութիւն,
Երբ բառ մը գումարն է թիւերու և տառերու միաժամանակ, այս երկուքին միջև հայկական ոճով կը դնենք միութեան գծիկ մը. օրինակ՝ 12-րդ, 150-ական, 1945-ամեակ և այլն: Կը խնդրեմ, որ այսուհետև զրէք մեր ազգային ոճով: Ճիշդ է, որ ուրիշներ ալ սխալ կը գրեն, սակայն մենք ճիշդը գրենք և ուրիշներուն ճիշդ օրինակը ցոյց տանք:
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար:
Շնորհակալ ենք Ձեր ազնիւ յիշեցումին համար: Կը խոստանանք ուշադիր ըլլալ կիրարկելու: