Արցախի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի «Ազգային Պար» Մրցոյթ

ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրին ծիրէն ներս, Ապրիլ 29-ին Արցախի դպրոցներուն միջեւ պիտի կազմակերպուի «Ազգային պար» մրցոյթ:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժինի պետ Երազիկ Դանիէլեան ըսած է, որ մրցոյթը պիտի իրականացուի «Փափուռի», «Սասնայ քոչարի», «Եարխուշտա» եւ «Կարնոյ քոչարի» անուանակարգերով:
«Արդէն երրորդ տարին իրականացուող մրցոյթին նպատակն է մատաղ սերունդին մէջ ազգային պարերու ուսուցման խրախուսումը, տարածումն ու պահպանումը, անոնց բնոյթին եւ նշանակութեան վերաբերեալ գիտելիքներուն զարգացումը: Ազգային գաղափարախօսութեան քարոզչութեան, մշակութային ինքնութեան պահպանման, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, մշակութակրթական հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու ներգրաւումը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման աշխատանքներուն»,- մանրամասնած է Ե. Դանիէլեան եւ տեղեկացուցած, որ մրցոյթին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է 288 հոգի:
Ե. Դանիէլեան նաեւ տեղեկացուցած է նաեւ, որ մրցոյթի մասնակիցներու տարիքային սահմանափակում չկայ. պարախումբերը պէտք է կազմուած ըլլան նուազագոյնը 8 մասնակիցէ:
Ոլորտի պատասխանատուին խօսքով` 3 անուանակարգերու մէջ լաւագոյնը ճանչցուած պարային խումբերը պիտի պարգեւատրուիին համապատասխան վկայագրերով, բաժակներով եւ նուէրներով:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

