«Թոլսթոյը Կեանքի Մէջ» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանին Մէջ

Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ այսօր կը բացուի «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 25:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ այս ցուցահանդէսը կը պատմէ Լ. Ն. Թոլսթոյի կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն, զբաղմունքներուն, ընտանիքի եւ շրջապատի ամենատարբեր մարդոց հետ ունեցած յարաբերութիւններու եւ շփումներու մասին, որոնք դարձած են գրողի ստեղծագործական մտքին շարժառիթը:
Բազմամեայ տքնաջան աշխատանքի ընթացքին Թոլսթոյ ամէն տեղ նիւթ կը քաղէր իր երկերու կերտման համար: Այդպէս, գրողի կովկասեան տպաւորութիւնները իրենց գեղարուեստական մարմնաւորումը գտան «Կազակները» եւ «Հաճի Մուրատ» պատմուածքներուն մէջ:
Թոլսթոյի կեանքին եւ ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանին մասին պահպանուած են բազմաթիւ լուսանկարներ, ուր գրողը պատկերուած է ստեղծագործական տարբեր փուլերու մէջ` սկսած գործունէութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ կեանքի վերջին տարին:
Ցուցահանդէսի այցելուները պիտի ծանօթանան Թոլսթոյ սպայի, «Մանկութիւն» ինքնակենսագրական պատմուածքի երիտասարդ հեղինակի, «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» վէպի ստեղծման տարիներուն երջանիկ ընտանիքը գլխաւորող Թոլսթոյի եւ իմաստուն ծերունիի հետ, որ կոչ կ’ընէր մարդկութեան՝ ոչ թէ մարմինը բուժելու, այլ՝ հոգին:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

