• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Տան Մէջ Կայացաւ Լուսինէ Դաւութեանի Ձայնասկաւառակին Շնորհահանդէսը

14.03.2017   08:34

«Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, Մարտ 7-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդ ստեղծագործող Լուսինէ Դաւութեանի անդրանիկ ձայնասկաւառակին շնորհահանդէսը։ Այս մասին կը յայտնեն «Նարեկացի»-ի արուեստի միութենէն։

Լուսինէն ծնած է 1982-ին ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ: Ուսումը ստացած է ԵՊՀ փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքի հոգեբանութեան բաժինէն ներս:

Երեկոն վարեց ձայնասփիւռի հաղորդավարուհի Անկան, որ ներկայացնելով Լուսինէն՝ յորդորեց աւելի ուշադիր եւ պատրաստակամ ըլլալ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն նկատմամբ եւ ընել հնարաւոր ամէն ինչ` անոնց սովորական առօրեայ կեանք ընդելուզելու համար:

Լուսինէն հանդէս եկաւ նաեւ կենդանի կատարումով եւ անհատապէս շնորհակալութիւն յայտնեց այն մարդոց, որոնք իրենց աւանդը ունեցած են իր ձայնասկաւառակի թողարկման գործին մէջ` Արթուր Գրիգորեանին, Արսէն Գրիգորեանին (Մրօ), բարերար Գրիգոր Մանթաշեանին:

Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Լուսինէ Դաւութեանի կատարումով հնչող «Կռունկ», «Լուսին», «Մերիկ», «Րուրի», «Շարանի» ստեղծագործութիւնները:

Ողջոյնի ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան, Լուսինէի ուսուցիչներէն Զաւէն Թագակչեան, Հայաստանի կոյրերու միաւորման նախագահ Եուրա Աւետիսեան, «Մոնթէ Մելքոնեան» հիմնադրամի նախագահ Ալեք Ենիգոմշեան, գործարար Գրիգոր Մանթաշեան եւ ուրիշներ:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner