«Հայոց Լեռների Արքայ Կովկասեան Ընձառիւծ» Ցուցահանդէսը՝ Մեթրոփոլիթէնի «Երիտասարդական» Կայարանին Մէջ

WWF-Հայաստանը` «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոփոլիթէն» ՓԲԸ աջակցութեամբ՝ Մարտ 3-ին բացումը կատարեց «Հայոց լեռների արքայ կովկասեան ընձառիւծ» խորագիրով ցուցահանդէս մեթրոփոլիթէնի «Երիտասարդական» կայարանին մէջ: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Հայաստանում կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան» ծրագիրի 15-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, որ կ’իրականացուի «Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ»-ի` WWF-Հայաստանի կողմէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է WWF-Հայաստանէն:
2002-էն սկսեալ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կ’իրականացնէ այս կենդանատեսակի պահպանման ծրագիրը, որուն շնորհիւ կենդանին ոչ միայն վերադարձած է Հայաստան, այլ նաեւ արձանագրած է աճի դրական միտում: WWF-Հայաստանի «Կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան» ծրագրի համակարգող Արսէն Գասպարեան նշած է. «Ցուցահանդէսին նպատակն է բարձրացնել մարդոց իրազեկուածութեան մակարդակը մեր բնութեան զարդ հանդիսացող կովկասեան ընձառիւծին վերաբերեալ: Ամբողջ տարուան ընթացքին մենք մտադիր ենք իրականացնելու բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնք պիտի շարունակեն ներկայացնել ընձառիւծի նշանակութիւնը Հայաստանի բնաշխարհին համար»:
«Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոփոլիթէն» ՓԲԸ տնօրէնի տեղակալ Գէորգ Աւետիսեան նշած է. «Մեզի համար շատ հաճելի էր նախաձեռնութիւնը եւ ուրախութեամբ համաձայնեցանք աջակցելու ցուցահանդէսի կազմակերպման: Ընդհանուր առմամբ, Երեւանի մեթրոփոլիթէնը կը խրախուսէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ ունի կրթական եւ մշակութային նշանակութիւն»:
Ցուցահանդէսին ցուցադրուած լուսանկարները կը ներկայացնեն ընձառիւծի հիմնական ապրելավայրերը, որս հանդիսացող կենդանատեսակները (բեզոարեան այծ, հայկական մուֆլոն, այծեամ եւ այլն), ինչպէս նաեւ պահպանութեան ուղղուած շարք մը ձեռնարկներ:
Մարտ 3-ը վայրի բնութեան համաշխարհային օրն է, որուն նպատակն է բարձրաձայնել վտանգուած տեսակներու պահպանութեան կարեւորութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ:
Այս տարի օրուան կարգախօսն է «Լսէ՛ երիտասարդներուն ձայնը»` խրախուսելով մեր մոլորակի ապագայ առաջնորդ հանդիսացող եւ որոշում կայացնող երիտասարդները՝ պահպանելու վտանգուած վայրի բնութիւնը:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

