• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Ծէր Շէնը Տիր Քարտէզին Յիրան» Խորագիրով Վերապատրաստման Դասընթացքներ Արցախի Մէջ

07.03.2017   08:47

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը` կարեւոր համարելով երիտասարդութեան մէջ ոչ պաշտօնական կրթութեան խթանումը, «Երիտասարդութեան ինքնաիւրացման եւ զարգացման պայմաններու ապահովում» ծրագիրին ծիրէն ներս՝ Մարտ 21-23 ժամանակահատուածին պիտի կազմակերպէ «Ծէր շէնը տիր քարտէզին յիրան» խորագիրով վերապատրաստման դասընթացքներ:

Այս  մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ըսած  է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու  բաժինի առաջին կարգի մասնագէտ Անի Գափլանեան եւ նշած, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին նման խորագիրով վերապատրաստման դասընթացքներ:

«Ծրագիրին նպատակն է` նպաստել երիտասարդութեան մէջ զբաղուածութեան խնդիրի կարգաւորման, աշխուժացնել երիտասարդներուն մասնակցութիւնը համայնքներու զարգացման գործին մէջ»,- ըսած  է  Ա. Գափլանեան եւ տեղեկացուցած, որ դասընթացքը պիտի վարէ ՀՀ «Թայմ Լենտ» գիտաուսումնական հիմնադրամի հիմնադիր, հնաբան Ռոպերթ Ղուկասեան:

Ա. Գափլանեանի խօսքով` դասընթացքին կրնան մասնակցիլ 18-30 տարեկան իւրաքանչիւր փափաքող: Մասնակցութեան յայտերը պիտի ընդունուին մինչեւ Մարտ 17:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner