Լոյս Տեսած է «Հայեր-արիականներ» Հատորը

Լոյս տեսած է Էնրիքօ Ֆերրի հեղինակած՝ «Հայեր–արիականներ՝ «Արեան առասպել»ը, 1938-ի ցեղային օրէնքներ եւ հայերը Իտալիոյ մէջ» («Armenians-Aryans, The “Blood Myth”, the Race Laws of 1938 and the Armenians in Italy») անգլերէնհատորը՝ «Նովա» հրատարակչատան կողմէ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։
Հրատարակիչին յղած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Երեսունական թուականներուն հրապարակուեցան, նախ՝ Գերմանիոյ մէջ (1935-ին), ապա՝ Իտալիոյ մէջ (1938-ին), «ցեղի պաշտպանութեան» առնչուող շարք մը օրէնքներ: Մեկնելով հնդեւրոպական սկզբնական լեզուի մը գոյութեան ենթադրութենէն, կը պատկերացուէր նախնական արիական ժողովուրդի մը գոյութիւնը՝ հոգե-ֆիզիքական իւրայատուկ յատկանիշներով ու ռազմիկ ցեղի մը յատկութիւններով, հիմնուած՝ պատիւի, արկածախնդրութեան, յաջողութեան իղձի ու նուիրապետական կարգերը յարգելու արժէքներուն վրայ։ Անոնք այս արժէքներուն հետեւելով եւ անոնց յարմարող ապրելակերպ որդեգրելով՝ նպատակ ունէին օրինականացնել անոր գերակայութիւնը: Այդ ժողովուրդը, ապա, բաժնուած էր զանազան ցեղային խումբերու, որոնք պահպանեցին սկզբնական իրենց յատկութիւնը, որ կը գտնուին Եւրոպայի ժողովուրդներու մեծամասնութեան մէջ: Անցեալ դարու երեսունական թուականներուն, մեկնելով այդ անկայուն ենթադրութիւններէն՝ շարք մը կեղծ գիտութիւններու հիման վրայ, ինչպէս էր պարագան «phrenology»ի եւ «physiognomy»ի, կամ այլապէս վատօրէն սահմանուած «ցեղի վարդապետութիւններ»ուն, սահմանուեցան որոշ պատկանելիութեան կամ բացառումի չափանիշներ՝ արիական ցեղի եւ սեմական ու ոչ-արիական ցեղի միջեւ։ Այս չափանիշները կազմեցին գաղափարական հիմքը շարք մը ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու դէմ խտրականութեան, հալածանքի ու հարստահարման, ինչպէս՝ հրեաներուն եւ գնչուներուն դէմ: Այս ուսումնասիրութեան մէջ կը վերակառուցուի այդ շրջանի Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ հայ հասարակութեան առնչուող իրադարձութիւններու բարդ խճանկարը՝ վերլուծելով ու լուսաբանելով հայ ժողովուրդին արիական բնոյթին մասին ներկայացուած դէմ կամ թեր նիւթերը եւ պատմական շրջապատը, ուր տեղի ունեցան այդ բանավէճերը»:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել հետեւեալ կայքէջը.
www.novapublishers.com/catalog/product_info.php?products_id=59147
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

