• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սիրոյ Պանթէոն՝ Քու Յիշատակդ Այս Գիշեր. Վահան Թէքէեան

20.08.2014   22:11

tekeian

Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ.
Կարծես մեկնած էր սըրտէս, և գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ,  իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ’ուզէ,
Կը սեղմուի գրկիս մեջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…:

Քու պատկերըդ աչքիս մէջ և քու ձայնըդ՝ ականջիս,
Կը թրթըռան այս գիշեր, երակներուս մէջ կարծես
Քաղցրահոս շունչդ է լեցուած, որ կը զգլխէ, կ’օրրէ զիս,
Մինչ երեսէս ալ կ’անցնին կարծես մատներըդ անտես…:

Ետ կը դառնան մի առ մի մեր հին ժամերն անկորուստ,
Կարաւանին հետ աստեղց անոնք կուգա՜ն վերըստին.
Հոգիս փարա՜խն է բացուող ընդդէմ իր քա՛ղցր հօտին…:

Յիշատակովդ, այս գիշեր, կ’զգամ այնչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գըթութեամբ մը անհուն՝
Կը մըտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն…։

Կողքի Գեղանկար՝ JANSEM


Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner