• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԿՈՄԻՏԱՍԻ 145-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ` ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ

05.07.2014   02:51

Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թոքիոյի “Կինզա-Եամահա” համերգասրահին մէջ այսօր տեղի ունեցած է ճափոնցի դաշնակահար Դագահիրօ Ագիպայի մենահամերգը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին: Այս մասին կը  յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Համերգին, որուն ներկայ եղած են ճափոնցի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` Ռոբերտ Անդրէասեանի եւ Գէորգի Սարաճեանի մշակումով:

Թագահիրօ Ագիպան ուսանած է Թոքիոյի արուեստներու համալսարանի դաշնամուրի բաժնին մէջ, այնուհետեւ կատարելագործուած Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 2013թ. Գերմանիոյ մէջ իրականացած “Կոմիտաս” միջազգային փառատօնին Թագահիրօ Ագիպան արժանացած է առաջին մրցանակի:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner