Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Պլոկըրներու Միջազգային Համաժողով

«Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պլոկըրներու միջազգային համաժողով, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 30 պլոկըր` աշխարհի 11 երիրներէ:
Յիշեցնենք, որ շարք մը յայտնի պլոկըրներ եւ լրագրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն իբրեւ բողոքի նշան Ազրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Անոնք կը բողոքեն Մինսկի կողմէ Պաքուին յանձնուած Ալեքսանդր Լափշինի ձերբակալութեան դէմ:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` Ֆորումի գլխաւոր թեմաններն են` հակամարտութիւններու ներկայացումը ընկերային մետիայի եւ պլոկըրներու ու լրագրողների ազատութիւններու ապահովումը:
Համաժողովը կը վարէր «Արցախակերտում» կազմակերպչութեան համանախագահ Արտակ Բեգլարեան եւ մեդիափորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:
«Աշխարհ» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Ստեփանակերտ) տնօրէն, ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներու փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան ֆորումին ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան յառաջացման պատճառները:
«Փորձը ցոյց կու տայ, որ աշխարհաքաղաքական ուժերը, եթէ չեն ցանկար զբաղիլ խնդիրով, ապա թերեւս պլոկըրները, որպէս նոր ձեւաւորուող հանրային տեղեկատուութեան իրականութիւն` կրնան ազդել իրավիճակին վրայ»,-նշած է Հ. Արզումանեան։
Արցախի հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան ներկայացուցած է Արցախի զբօսաշրջութեան վիճակը:
«Արցախի Հանրապետութեան զբօսաշրջութիւն ըսելով, կը հասկնանք տարեկան շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ, 43 հիւրանոցային տնտեսութիւն, 7 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, զբօսավարներ: Արցախի Հանրապետութիւն կ’այցելեն զբօսաշրջիկներ` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ»,-մասնաւորապէս ըսած է Ս. Շահվերդեան:
Ֆուրումին մասնակիցները հանդէս եկած են իրենց յուզող հարցադրումներով, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին հակամարտութեան եւ Արցախի ճանաչման, խօսած իրենց տպաւորութիւններուն մասին:
Ֆորումի վերջաւորութեան մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

