Տինքը Ամբողջութեամբ Կը Նուիրուէր Աշխարհը Աւելի Լաւը Դարձնելու Գործին. Մուրատ Պելկէ

Հրանդ Տինքը արդար, մարդասէր, քաջ եւ բարոյական մարդ էր: Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուէր աշխարհը աւելի լաւը դարձնելու գործին: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է յայտնի թուրք մտաւորական, ակադեմիկոս, քաղաքացիական գործիչ Մուրատ Պելկէն` Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առթիւ պոլսահայ մտաւորականի ապրած կեանքին եւ թողած ժառանգութեան մասին իր խօսքին մէջ:
«Անոր հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ կրնար ներսի բարութիւնը արտացոլել աշխարհի վրայ: Երբ կը խօսէր, հնարաւոր չէր չնկատել, որ կը խօսի համեստ եւ սիրով լեցուն մարդ մը: Կը կարծեմ նոյն ատոր շնորհիւ ալ անոր յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ չսպասուած «իրադարձութեան» մը: Հրանդի համար երթի դուրս եկածներու շարքին կային մարդիկ, որոնք վարժ էինք տեսնել քաղաքական բնոյթի հաւաքներու ժամանակ: Սակայն շատ լաւ կը յիշեմ, որ բացի անկէ կային նաեւ վերջինէն խիստ տարբերող, մէկը միւսին չնմանող անձիք: Ատիկա ապացոյցն էր այն բանին, որ Հրանդը իր ձայնը լսելի դարձուցած էր հասարակութեան շատ տարբեր շերտերու եւ ստիպած էր սիրելու իր անձը»,- նշած է Պելկէն:
Թուրք մտաւորականը ընդգծած է, որ Տինքը իր մահէն ետք իր հետքը ձգեց Թուրքիոյ հասարակութեան վրայ: «Հրանդը արդէն չկայ: Դատական գործը կը շարունակուի: Կան մարդիկ, որոնք վճռական են հետեւելու դատին մինչեւ վերջ (եւ ատիկա շատ իմաստալից է): Անոնք հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Հրանդի գոյութիւն ունենալու «տեսանելի արդիւնքն են»: Սակայն հաւատացած եմ, որ կան նաեւ ազդեցութիւններ, որոնք անտեսանելի են»,- ըսած է Պելկէն: Ան նշած է, որ մարդոց մտածելակերպին մէջ գոյութիւն ունեցող Հրանդը կոչ կ՛ընէ բոլորին ըլլալ աւելի լաւը` ըսելով. «Մենք կրնանք ըլլալ աւելի լաւը, քան կանք: Ատիկա, անշուշտ ջանք կը պահանջէ, սակայն կ’արժէ»:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

