• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Հայաստան» Հիմնադրամը Ջերմոցներ կը Կառուցէ եւս 59 Ընտանիքի Համար

04.01.2017   19:52

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` արժանթինահայերու նիւթական աջակցութեամբ, Տաւուշի մարզին մէջ սկսած է ջերմոցներու հիմնման երրորդ փուլին:

Ոսկեվան, Արծուաբերդ, Կոթի, Ներքին Ծաղկաւան, Բերդաւան, Այգեհովիտ, Կողբ, Զօրական, Դիտաւան, Կիրանց գիւղերու 57 շահառու ընտանիքներու տնամերձ հողատարածքներուն վրայ կը կառուցուին 100քմ մակերեսով ջերմոցներ: Եւս երկու ջերմոց կը կառուցուի Խաչարձանի մէջ` Հիմնադրամի Աւստրալիոյ տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ: Ծրագիրին ծիրէն ներս՝ գիւղացիներուն պիտի նուիրաբերուին սածիլներ եւ պիտի տրամադրուի անվճար խորհրդատւութիւն:

Ծրագիրի համակարգող Մարիամ Ճենճիրճեանի խօսքով` շահառուները կ’ընտրուին վիճակահանութեան միջոցով եւ համաֆինանսաւորման պայմանով: Այս փուլով 59 ջերմոցի համար դիմած էր 100 ընտանիք: Մէկ ջերմոցի ընդհանուր արժէքն է մօտ 5400 ԱՄՆ տոլար, որուն շուրջ 400-ը կը վճարէ շահառուն:

4

«Տարուէ տարի կ՝աւելնայ ջերմոցի սեփականատէր դառնալ ցանկացողներուն թիւը, որ կը խօսի ծրագիրին յաջողութեան մասին»,- կ’ըսէ ծրագիրը համակարգողը:

Առաջին եւ երկրորդ փուլերուն իբրեւ արդիւնք՝ 43 ընտանիք Դիտաւան, Կիրանց, Բաղանիս, Այգեհովիտ, Վազաշեն, Գանձաքար եւ Խաչարձան գիւղերուն մէջ կը մշակէ իր ջերմոցը` ապահովելով իր կայուն եկամուտը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner