Գանգատնե՜ր, գանգատներ Թիւ 2

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երբ անզօր ենք համակերպելու կամ փոխելու, այն ժամանակ կը գանգատինք, այս անգամ՝ յուսալով որ մարդիկ կը լսեն:

Այսօրուան հարցը քաղաքացի տարեցներու մասին է (Senior citizens):

Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի ներկայացուցիչ մը 40 տարիներէ ի վեր բազմած է այդ նոյն աթոռին, իր նահանգի բնակիչներուն հոգատարութեան կոչումով: Ան սքանչելի յիմարութիւն մը դուրս տուած է յայտարարելով, թէ «այս երկրին տարեցները շատ պահանջկոտ են իրենց հասած ընկերային ապահովագրական (social security) տուեալներուն վերաբերեալ»: 

Պահ մը անդրադառնալով պետական ներկայացուցիչի մը ընդունակութեան, ուսումին եւ գիտելիքին, որոնք անհրաժեշտութիւններ պէտք էր ըլլային իր պաշտօնի կիրարկման համար, կը զարմանանք սա ներկայացուցիչին յայտարարութեան վրայ, քաջ իմանալով որ ընկերային ապահովագրական տուեալները, (շահերը, շահաբաժինները, օգուտները) (benefits) որ կը բաշխուին թոշակի անցած տարեցներուն, անոնք կուտակուած եւ կազմուած են այդ նոյն տարեցներու կեանքի ընթացքին, աշխատավարձերէն գանձուած տուրքերէն, նպատակ ունենալով անոնց կեանքի ապահովութեան երաշխաւորումը, աշխատանքէ դադրելէ ետք:

Միացեալ Նահանգներու ընկերային  ապահովագրական (social security) ընկերութիւնը հիմնուած է 14 Օգոստոս 1935-ին, Ֆրանքլին Ռուզվելթ նախագահի օրով, վերոյիշեալ նպատակին համար… միայն: Այսօր անոր պահեստը կը հասնի 1,06 թրիլիոն տոլարի պատկառելի գումարի մը, որուն վրայ գայլի ախորժակները բազմազան էին անցեալին եւ ներկայիս, սկսեալ Պիլ Քլինթըն նախագահին եւ կրտսեր Ճորճ Պուշի իշխանութիւններու օրով, երբ անոնք նախախնամուած օրէնքով յաջողեցան այդ գումարին մեծ մասը փոխ առնել, իսկ մէկ այլ մասը «գործածել» «պետական անհրաժեշտ պէտքերուն»: Անկէ ետք, ժողովուրդին այդ իրաւունքը եւ սեփականութիւնը կոչուեցաւ «օգնութիւն» կամ «նպաստ» պետութեան կողմէ: Մինչդեռ՝ Ֆրանքլին Ռուզվելթ նախագահին օրով ստեղծուած այս հաստատութիւնը պիտի ըլլար անձեռնմխելի եւ անկախ, պետական որեւէ ազդեցութենէ կամ միջամտութենէ: Ըստ օրէնքին՝ 65 տարիքը ամբողջացուցած ոեւէ տարեց որ իր տուրքերը վճարած է մինչեւ աշխատանքէ դադրիլը, պէտք է արժանանայ այդ իրաւունքի օգտին: Սակայն վերոյիշեալ պետական ներկայացուցիչին նման անհատներու դրդումով, այդ տարիքը արդէն բարձրացած է 66-ի եւ որոշ շրջանէ մը ետք պիտի դառնայ 67, 68, 69 եւ հասնի 70-ի, առանց նկատի ունենալու աշխատանքի մարզը կամ անհատին աշխատանքային կարողութիւնը այդ տարիքէն ետք:

Այժմ՝ ցաւալիօրէն, այդ նոյն ներկայացուցիչները կը ջանան ժողովուրդներու այդ հատուածին իրաւունքները կրճատել, մերժել կամ որեւէ ձեւով փախուստ տալ կիրարկումէ, որպէսզի… կարենան սանձարձակ գործել իրենց նպատակներու շահագործման համար:

Պիտանի կամ անպէտք, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ կամ ծերակուտական մը, չնշելու համար այլ պետական պաշտօնեաներ, որոնք նոյնիսկ մէկ շրջան պաշտօնավարած են, կրնան ցկեանս թոշակ ստանալ նոյն աշխատավարձով, առանց նշելու անոնք որոնք կը պաշտօնավարեն 40 տարի կամ… ցկեանս: Բնականաբար անոնք ունին կարգ մը առաւելութիւններ հասարակ մահկանացուներէն, ինչպէս՝ ձրի առողջապահական ապահովութիւն, բժշկում, ճամբորդութիւն՝ յանուն աշխատանքին որուն մէջ (յաճախ) կ՚ընդգրկուի նաեւ հաճոյքը, ընկերային ապահովութիւնը եւ լսուած կամ չլսուած, շինծու կամ յերիւրուած իրաւունքներ եւ իրաւասութիւններ եւ բոլորը… բարձրագոյն մակարդակով: Իսկ այդ բոլորը վճարելի անշուշտ… ժողովուրդին լումաներով, որպէսզի այդ տզրուկները կարենան առաւելագոյն ձեւերով եւ հնարքներով նեղել զիրենք կերակրող տրատու ժողովուրդը:

Բայց մինչ, մէկ այլ ուղիով, անոնք վստահօրէն չափազանց գոհ կը պահեն տարբեր դասակարգի ժողովուրդ մը, որ հաւանաբար, ամբողջ կեանքի ընթացքին, մէկ տոլարի մասնակցութիւն նոյնիսկ չէ ունեցած ընկերային ապահովագրութեան տուրքերուն, կամ՝ կ՚ապրի անօրէն: Այդ դասակարգի ժողովուրդները ձրիաբար կերակրելով, խնամելով եւ հոգատարութեամբ է որ վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն աթոռները կանգուն կը մնան… անոնց տածած քուէներով:

Երբ կը լսենք թէ՝ այս երկրի անօրէնները ունին ներկայացուցիչներ քոնկրէսին մէջ կամ այլուր,  իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար. կը մտածենք թէ՝ հապա՞ մեր իրաւունքները: Կեանք մը ամբողջ աշխատած եւ տուրք վճարած անհատի մը իրաւունքները ինչպէ՞ս կրնան կրճատուիլ ու բաշխուիլ անօրէններու հաշուոյն:

Ահաւասիկ այսպիսի ներկայացուցիչներու նպատակադրութիւններու հետեւանքով է այս երկրին ժողովրդային տնտեսական կարգավիճակի անդորրութիւնը կը խախտի կամ կը տուժէ:

Սակայն, հակառակ անոր, «պղտոր ջուրին մէջ ձկնորսներու» եւ պատրաստ կամ պահեստի գումարի վրայ ոռնացողներու թիւը անպակաս է միշտ:

ՄԱՏՆԱՆՇՈՒՄՆԵՐ՝ ԴՐԱԿԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կը մօտենայ Հայաստանի ժողովրդային յեղաշրջումին տարեդարձը չորս ամիսէն։ Պատմականօրէն աննախընթաց այս ընդհանուր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» դրական  ընդունելութեան արժանացաւ նաեւ մանաւանդ եւրոպական երկիրներու մէջ, յատկապէս առանց արիւնահեղութեան իշխանութեանց հեզասահ փոխանցումին համար։

Հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան համար իրաւակարգի յոյժ նշանակելի բարեշրջումը իրողապէս իրականացած պիտի ըլլայ հանգրուաններով, որոնց անդրադարձումներ կատարուեցան այս սիւնակներէն մէկէ աւելի անգամներ։ Շեշտուեցան նախապատուութիւն ունեցող փոփոխութիւնները, ու ժամանակի ընթացքին, աստիճանաբար իրականանալիք բարգաւաճումները։

Հիմա որ նոր ընտրութիւնները կատարուելով (Դեկտեմբեր 2018), կազմուած է նոր խորհրդարանը, ու վարչապետ ընտրուած է Նիկոլ Փաշինեանը, տեղի ունեցած են, ու կը շարունակուին, տեղական ու շրջանային, վարչական նշանակումներ։

Հետեւողական ճիգերու կը կարօտի գիտակ քատրերու պատրաստութիւնը։ Նոր եւ առողջ իրաւակարգ մը հաստատելու համար, դժուարին եւ ընդարձակ մաքրագործումի ենթարկելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի անցեալի, երկարաձգուող փտածութիւնը շատ մը հիմնարկներէ ու մանաւանդ ներքին հաստատութիւններէ ներս։ Կարելի՞ է արդեօք հասարակարգին ամբողջ պաշտօնէութիւնը մէկ անգամէն փոխարինել նորերով։ Հո՛ս է որ ընթացքը կը դանդաղի, երբեմն՝ կը կաղայ, ու մինչեւ իսկ ձախողութիւն կը պատահի կարգ մը պարագաներու ատեն։ Մասնագէտներու պատրաստութիւնը ժամանակի հետ կապուած է։

Ժողովրդային բարեշրջումին յաջողութիւնը կախեալ է նոր առաջնորդներու ողջմտութենէն, տքնաջան ծառայութենէն եւ յաջող ռազմավարութենէն։ Հասկացողութիւն եւ հանդուրժողականութիւն կ՚ակնկալուի մանաւանդ հայրենաբնակ ժողովուրդէն, ու նոյնպէս՝ սփիւռքահայութենէն։

Ժողովրդային ցոյցերու եւ այլազան հաւաքներու ընթացքին, ներկայացուեցան այլազան ծրագիրներ ու նպատակակէտեր։ Կատարուեցան նշանակումներ։ Իրանանացած են արդէն կարգ մը հիմնական բարեկարգումներ։ Կը շարունակուին հետապնդումները բազմաթիւ զարտուղութիւններու։ Այսուհետեւ կարգը եկած է ցարդ կատարուած իրականացումներու բացայայտումին։

Առաջարկութիւնը կամ հարցադրումը ա՛յն է, որ պաշտօններու փոփոխութիւններէն ետք, հաստատուած նոր իրաւակարգը, այս հանգրուանին, մասնակի կամ շօշափելի ի՞նչ արդիւնաւորումներ ունեցած է։ Փափաքելի է, որ թուանշաններու լեզուով, իրականացած արդիւնքները, պարբերաբար, լոյս տեսնեն պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, որպէսզի արձագանգ գտնեն հայրենի եւ արտերկրի թերթերուն ու ձայնասփռումներուն մէջ։ Մանաւանդ կարեւոր է, միաժամանակ, որ այլազան նախարարութեանց ու դրամատուներու համարատուութիւնները ենթարկուին անկախ հաշուեքննիչ մարմնի մը ստուգումին, կամ այլ խօսքով՝ auditing կատարուի։

Նման գործելակերպ մը պիտի չէզոքացնէ անմեղ կամ նպատակաւոր այլազան տարաձայնութիւններ, տեղական թէ սփիւռքեան քրթմնջիւններ, անհիմն դիրքորոշումներ, քննադատութիւններ, կամ՝ դատապարտումներ։

Հայրենի բնակչութիւնը, ու շուրջ 8,5 միլիոն գնահատուող արտասահմանի հայութիւնը խոր յուսախաբութիւններ  ունեցած են անցնող վարչակազմերու գործունէութիւններէն։ Վերականգնելու է Հայաստանի ժողովուրդին եւ արտերկրի հայութեան վստահութիւնը։ Այդ վերականգնումը կատարելու է փաստացի տուեալներու վրայ։

Աճապարելու դժուարութիւն չկայ։ Նշանակէտ ու տրամաբանական պայմանաժամ կարելի է նշանակել։ Այլազան ծրագիրներ կը կարօտին համապատասխան ժամանակի։ Ժողովրդային յեղաշրջումի ղեկավարութիւնը, կամ՝ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները յանձնառու ըլլալու են իրենց իրագործումները բացայայտելու, շօշափելի, փաստարկեալ տուեալներով եւ արդիւնաւորումներով։ Հարկ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ իշխանութեան գործունէութեանց արմատական փոփոխութեանց ատեն, առաջնային կը դառնան նաեւ երկրի սահմանային ու ներքին ապահովութեան հարցերը, աշխատանքներու վերադասաւորումը բոլոր բնագաւառներէն ներս, մէկ խօսքով՝ բնականոն կեանքին վերսկսումը։ Խօսքով՝ դիւրին, գործքով՝ այս բոլորը կը պահանջեն տքնաջան աշխատանք։

Վերեւ արծարծուած բոլոր հարցերն ու մատնանշումները կատարուած են մղուած հայրենասիրական մտահոգութիւններէ։ Պետական զեկուցումները, հաստատուելով պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, որոնք ակներեւ գործադրութիւններ ունեցած են, միանգամընդմիշտ պիտի ըմբերանեն կամ հերքեն բազմատեսակ զրոյցներն ու մեկնաբանութիւնները։

Այնուհետեւ (թէ այսուհետեւ) բոլորս լծուինք հայրենական, շինարար, հաւաքական աշխատանքներու։ Հայաստանը կարիքն ունի հայ ժողովուրդի միաձուլումին։

Ամերիկեան Բարքեր

Գէորգ Քէօշկէրեան

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Չնաշխարհիկ գաղափար մը…

Այսպիսի տարօրինակ գաղափարներ կրնան ծագիլ միայն Հալիուտի մէջ՝ նորաձեւութեան հետեւող սինեմայի աստղերու կողմէ։ Սակայն որքանով կիրարկելի է այդ՝ չեմ գիտեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն 39 տարեկան Քէյթ Հատսըն՝ սինեմայի նշանաւոր աստղերէն մին, երեք ամիս առաջ ծնունդ տուաւ դստերի մը (տես նկարը) Ռանի Ռօզ անունով։ Քէյթ իր նախկին ամուսինէն՝ Քրիս Ռապինսընէն  ունի երկու մանչ զաւակներ՝ 15 տարեկան Ռայտըր Ռասըլ եւ 7 1/2 տարեկան Պինկհըմ Հան։ Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է Քէյթի չնաշխարհիկ գաղափարը, որ ողողեց բամբասանքի տեղական մամուլը։

Առ ի տեղեկութիւն ըսեմ, որ Քէյթ Հատսըն զաւակն է սինեմայի նշանաւոր աստղերէն Քըրթ Ռասըլի եւ Կոլտի Հանի։ Այս պատճառաւ է որ Քէյթ իր մանչ զաւակներուն միջնեկ անունները դրած է Ռասըլ եւ Հան։

Քէյթ կ’ուզէ իր դուստրը մեծցնել անսեռ (genderless) մօտեցումով։ Այսինքն, ինք պիտի չպարտադրէ իր զաւակին որ մեծնայ որպէս աղջիկ… Այլ ժամանակի ընթացքին, թող փոքրիկ երեխան ինքը որոշէ, թէ ի՛նչ կ’ուզէ ըլլալ ան, մա՞նչ թէ աղջիկ: Է՜հ, եղա՞ւ ասիկա։

Բայց հօրը կարծիքը ի՞նչ է արդեօք, այս անտրամաբանական մօտեցումին կապակցութեամբ։ Եկո՛ւր, տե՛ս, որ Քէյթ իր boy friend Տէնի Ֆուճիքաուայի կարծիքն ալ չէ առած, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ այժմ բոլոր կիները կը հետեւին «Me Too» նորաստեղծ շարժումին, ըստ որուն՝ կիներու գերակայութիւնը զգալի կերպով աճած է մեր ընկերային կեանքին մէջ։

Է՜հ, ինչ օրերու մնացինք Ամերիկայի այս ցամաքամասին մէջ, երբ երեխաներն անգամ պիտի վայելեն իրենց ապագայի նկատմամբ որոշում կայացնելու ազատութիւնը։ Թէ այդ որոշումը որքանո՞վ նպաստաւոր է իրենց, այդ կը մնայ երկրորդական հարց։

Ինծի համար հարցը հետեւեալն է։ Ինչո՞ւ իր երկու մանչերու պարագային ան նոյն մօտեցումը ցոյց չտուաւ անոնց։ Ինք կը խոստովանի, որ մանչերուն լաւ կրթութիւն տուած է… Ուրեմն մինչ այդ, Քէյթ աւելի լայնախոհ եւ ազատամիտ դարձած է եւ կ’ուզէ դստեր շնորհել այն ինչ որ զլացաւ իր մանչերուն, հաւանաբար տգիտութեան պատճառաւ։

Անասնական Բնազդ . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Քրէյվըն գաւառէն։ Արդարեւ, երեք տարեկան Քէյսի Հէթհըուէյ (տես նկարը) կը խաղար իր մեծմօր տան ետեւի պարտէզին մէջ, երբ յանկարծ անյայտացաւ։

Երբ տեղւոյն ոստիկանութիւնը իմացաւ այս աղէտալի լուրը, իսկոյն ձեռնարկեց փնտռտուքի՝ բնակարանի չորս դին, որ մացառոտ շրջան մըն է։ Երկու օրուան փնտռտուքէն ետք, մանչուկը գտնուեցաւ մեծ մօր բնակարանէն հազիւ 40-50 մեթր անդին։

Վերոյիշեալ փնտռտուքին մասնակցած են տեղւոյն ոստիկանութան կողքին, միաւորներ FBI-էն եւ ծովային զօրքէն (marine corps), ինչպէս նաեւ 600 կամաւորներ։

Բարեբախտաբար մանչուկը առողջապահական լաւ վիճակի մէջ էր եւ մտայնութեամբ ալ արթուն։ Երբ պատկան մարմինները հետաքրքրուեցան, թէ ան ինչպէ՞ս դիմացած էր մենակութեան մէջ, ան պատասխանեց, թէ սեւ արջ մը (տես նկարը) ընկերացած էր իրեն եւ զինք պահած ապահով։

Հոս տեղին է նշել, որ սեւ արջերը աւելի մարդամօտ են եւ ընկերային, քան սրճագոյն (Grizzly) արջերը, որոնք վայրագ են եւ կատաղի։ Ուրեմն, մեր մանչուկը բախտաւոր է, որ սեւ արջը իր դէմ ելած է եւ ան այսպիսով ազատեցաւ ստոյգ մահէ…

Չմոռնամ յիշել, որ մանչուկին՝ արջի մը ընկերանալուն պատմութիւնը հաստատած է տեղւոյն ոստիկանապետ Չիփ Հիւզը, որ, վստահ եմ, ծանօթ է շրջանի անտառային բնակիչներուն ինքնութեան։

Մենք յաճախ կը դասենք վայրի անասունները որպէս գիշատիչ եւ անխնայ, սակայն կան անասուններն ալ, որոնք խղճամիտ են եւ հոգատար, յատկապէս երեխաներու նկատմամբ։ Եւ ահա խօսուն օրինակը՝ վերոյիշեալ պատմութեան ընդմէջէն, եւ ես կը խորհիմ, որ այս միակ օրինակը չէ մեր յառաջ մղած ենթադրութեան մէջ։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

Ատանայի Կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրի՝ The Adana Massacres Գիրքի Շնորհանդէսին Դոկտ. Անդրանքկ Տագէսեանի Ելոյթը

Յարգելի Բարեկամներ, հիւրեր, հարազատներ,

 

Զեկոյցս պիտի վերաբերի հատորին բովանդակութեան. պիտի ծանրանամ աւելի տեղեկագրին վերլուծական բովանդակութեան, կառոյցին որոնք պիտի ներկայացնեմ ժամանակի մտայնութեան ու միջավայրի պարունակին մէջ եւ կատարեմ եզրակացութիւններ:

Նախ, համառօտակի ներկայացնեմ գիրքը:

Իր 114 էջերուն մէջ, այս գիրքը կը բովանդակէ ութ-էջանի ներածական մը, 21-էջանի տեղեկագիրը, ապա եւ 9 յաւելուածներ՝ Պապիկեանի՝ վարչապետին ուղղած երեք հեռագրերը, մամլոյ երկու հարցազրոյցները, Ատանայի զինուորական ատեանի վճիռներուն վերլուծութիւնը, արեւմտեան մամուլի լրատուութիւնը, բնակչութեան եւ զոհերու վիճակագրութիւնը՝ ըստ թրքական եւ ըստ հայկական աղբիւրներու, Կիլիկիոյ մէջ աղիտեալ հայերու մօտաւոր ցանկը եւ ունեցուածքի վնասներուն վերլուծութիւնը, քննարկում մը թէ այս կոտորածները ծրագրուա՞ծ թէ՞ տարերային բնոյթ ունէին: Իսկ վերջին երեք յաւելուածները կիլիկեան աղէտը իրաւական ուղիներով կը կամրջեն մեր օրերուն՝ Թուրքիոյ տխրահռչակ թիւ 301 պատժական օրինագիծ, Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց, ազատութիւններու եւ անոնց դրական թէ ժխտական դրսեւորումներուն մասին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց Ատեանին զեկոյցներ ու յանձնարարականներ, հուսկ՝ ՄԱԿի 1968ին որդեգրած հռչակագիր՝ պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու անժամանցելիութեան մասին:

Գիրքը կ’ընդգրկէ նաեւ Սմբատ Բիւրատի հեղինակած «Ատանայի Ողբը»ի անգլերէն թարգմանութիւնը, Դոկտ. Կիւրեղեանի ձօնը, շնորհակալական իր խօսքը:

Յաւելուածները, ներածականը, թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ընթերցումի համար ներկայացուած գրականութեան թէ յատուկ անուններու ցանկերը պատրաստուած ու կատարուած են Դոկտ. Կիւրեղեանի կողմէ:

Կ’անցնիմ նահատակ Յակոբ Պապիկեանի պատմական տեղեկագրին:

Կիլիկեան կոտորածները ունեցան երկու հանգրուան. 1-3 Ապրիլ եւ խաղաղարար բանակին ժամանման (Կիրակի, 12 Ապրիլ) եւ յաջորդող երկու օրերը:

Տարի մը չէր եղած տակաւին եղբայրութիւն, ազատութիւն հաւասարութիւն մարտակոչերով սուլթանական բռնատիրութիւնը սահմանափակող յեղափոխութեան. կայսրութեան լուսամիտ եւ յառաջադէմ խաւը կը հաւատար որ յեղափոխութեամբ կ’աւարտէր սուլթանական մտայնութիւնը եւ 20րդ դարու առաջին իսկ տասնամեակին կայսրութիւնը կը մտնէր ընկերաքաղաքական նոր հանգրուան՝ օսմանականութեան: Ասիկա վերնագրային հասկացութիւն մըն էր, որուն մանրամասնութիւնները դեռեւս կը մնային անորոշ, մանաւանդ որ օսմանականութիւնը կ’ենթադրէր կայսրութեան բոլոր բաղադրատարրերուն մասնակցութիւնը իշխանութեան: Հարցերը շատ էին՝ իւրաքանչիւր միլլէթի քաղաքական իրաւունքի, ներկայացուածութեան, մշակութային թէ այլ իրաւասութիւններու, արդարութեան եւ ընդհանուր համախոհութեան խնդիրները եւ անշուշտ շուրջ չորսհարիւր տարիներու ընթացքին կերտուած գերակայ սիւննի թրքութեան հաւասարեցում-հաշտեցումը՝ կայսրութեան միւս ժողովուրդներուն եւ կրօններուն հետ: Քարացած մտայնութիւններ վերաձեւելը կը վտանգէր կրօնական, տնտեսական, ընկերային, զինուորական եւ կայսրութեան բոլոր միւս ասպարէզներուն վրայ գերիշխող այս կամ այն խմբակցութեան կենսական շահերը:

Այս մթնոլորտին մէջ ահա Ապրիլի սկիզբը ծայր առած եւ ընդամէնը հինգէն վեց օր տեւած կիլիկեան կոտորածները կու գային ցնցելու երազներ հիւսող անհատներ, խմբաւորումներ եւ կայսրութեան էթնիք թէ կրօնական հաւաքականութիւններ:

Երեւոյթները փրկելու եւ այլեւայլ ճնշումներու տեղի տալով օսմանեան կառավարութիւնը երկու մեպուսներով՝ Յակոբ Պապիկեան եւ Եուսուֆ Քեմալ պէյ, Ֆայիք պէյով (նախադատ ատեանի նախագահ), Մանասթիրի Վիլայէթի դատական քննիչ Յարութիւն Մոստիչեանով քառանդամ յանձնախումբ մը կը ղրկէ Կիլիկիա:

Յանձնախումբը Պոլիսը կը ձգէ Մայիս 12ին եւ Ատանա կը հասնի Մայիս 16ին, յանձնարարութիւն ունենալով «քննելու բնոյթն ու պատճառները Ատանա քաղաքն ու շրջակայքը պարուրած արիւնոտ դէպքերուն եւ ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու»:

Պապիկեան կը խոստովանի որ կ’ենթադրէր թէ պատմուածն ու լսուածները մեծ չափազանցութիւններ էին, մանաւանդ որ համիտեան կոտորածներէն ետք – եւ յեղափոխութեան մղումով – իսլամ կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւն մը եւ ժողովուրդ այցելած էին համիտեան հայ նահատակներու գերեզմաններ եւ ցաւակցած, որով եւ «ջնջած էին պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան ամօթալի էջ մը»:

Սակայն տեղեկագրին 19րդ տողին իսկ Պապիկեան կը գրէ. «Դժբախտաբար, ստիպուած եմ հրապարակաւ յայտարարելու թէ անձամբ իմ գտածներս լրիւ հիասթափեցուցին զիս» եւ կը հաւաստէ որ «նման դէպքերու կրկնումը արգիլելու միակ արդիւնաւէտ ձեւը ճշմարտութիւնը իր մերկութեամբ բացայայտելն է, առանց որեւէ վերապահութեան»:

Պապիկեան նախանձախնդիր էր որ օսմանականութեան գաղափարախօսութիւնը յաջողի. ատոր համար նախապայման էր ճշմարտութիւնը՝ ի հեճուկս երիտթուրք գործընկերներու կամ այլ իշխանաւորներու եւ ինչու չէ՝ կիլիկեան անմեղ արեան տէրերուն: Պապիկեանի կեանքի փորձառութիւնները զինք վերածած էին ժողովուրդներու գործակցութեան, իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքի հաւատացող անձի մը. ան ականատես եղած էր պուլկարական ըմբոստութեան արիւնահեղ լուծարքին, Պոսնիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին եւ ասոնց արձագանգներուն՝ Պոլսոյ մէջ: Պապիկեան կիլիկեան կոտորածներուն գլխաւոր թիրախը կը տեսնէր նորահռչակ սահմանադրութիւնը:

Յաջորդող օրերուն, յանձնախումբը դաշտային, քննչական, հետազօտական այլեւայլ աշխատանքներով, այցելութիւններով, վկայութիւններ հաւաքելով, Պապիկեանի գլխաւորութեամբ կը կազմէ իր տեղեկագիրը: Յանձնախումբը կ’երթայ Միսիս, Համիտիէ, Պաղչէ, Օսմանիէ, Մերսին, Տարսոն եւն.: Վկայութիւններ կը հաւաքուին հայ, թուրք, եւրոպացի՝ ամերիկացի, գերման, ֆրանսացի, աւետարանական թէ կաթողիկէ ականատեսներէ: Պապիկեան կը մատնանշէ որ նիւթերը շատ են, եւ ինք պիտի ներկայացնէ ականատես, զոհ, կամ մասնակից միայն 17 հոգիի պարագան:

Պապիկեան բաղդատելով համիտեան եւ կիլիկեան կոտորածները, վերջինս կը գտնէ աւելի վայրագ եւ բացարձակ անհաշուենկատ (ջարդը ընդգրկած էր փոքրերը, ծերերը, իսկ կողոպուտը՝ ոչ միայն տուներ ու խանութներ, այլ նաեւ անոնց հրկիզումն ու ոչնչացումը: Սկիզբը խտրութիւն չէր դրուած նաեւ հայու եւ ոչ-հայու, առաքելականի, կաթողիկէի ու աւետարանականի միջեւ):

Պապիկեան կը խօսի զոհերու թիւերուն մասին եւ ինչ հեգնանք, պետական առաջին յայտարարութիւններով, 1500 ոչ-իսլամ ու 1900 իսլամ սպաննուած էին: Ապա թիւերը կը փոխուին ու կ’աւելնան, հասնելով 6000ի, մինչեւ 25000ի, բայց վերջնական յստակացում մը կարելի չ’ըլլար, որովհետեւ զոհերուն մէջ կան մեծաթիւ ոչ-տեղաբնակներ (ուստի եւ չգրանցուածներ). ան կու տայ օրինակը Հաճընի եւ Տէօրթ Եոլի, ուր ջարդեր տեղի չեն ունենար, բայց կը խօսի 3000 պանդուխտ հաճընցիներու սպանութեան մասին, որոնք իջած էին Ատանայի դաշտը աշխատանքի այդ եղանակին: Պապիկեան հաճընցիներու այս պարագան կ’ընդհանրացնէ, մատնանշելով որ պանդուխտները միայն հայեր չէին, կային եւ ուրիշներ, որոնք կու գային մինչեւ իսկ Մուսուլէն, թերեւս շուրջ «40-50,000»: Իսկ նիւթական վնասներուն ակնարկելով Պապիկեան կը թելադրէ որ տուրքերու գրասենեակին հաշուած 96,000 թրքական լիրային վրայ զերօ մը եւս աւելցնել: Իդէպ, շահեկան է Դոկտ. Կիւրեղեանի գնահատումը՝ այս վնասներուն եւ անոնց այժմէական արժեւորումը:

Պապիկեան կը խօսի նաեւ ջարդերու ընդհանուր նախապատրաստուածութեան մասին, պաշտօնատարներու ստացած ճշմարիտ տեղեկագրերու խեղաթիւրուած խմբագրումով առաքումը Պոլիս, Ատանայի Իթիտալ թերթին, իսլամ շարք մը կրօնաւորներու հակահայ ատելութեան, գրգռութիւններու, ստապատիր լուրերու տարաձայնումին մասին: Յիշեմ մէկ օրինակ միայն. լուր կը տարածուի թէ 5000 զինեալ հայեր մօտեցած են քաղաքին ու կը պատրաստուին յարձակիլ… յետոյ ի յայտ կու գայ, որ եղածը 50 գնչուներու քաղաքէն անցումն է…:

Ուշագրաւ է որ այս ստապատիր լուրերուն բերմամբ, քաղաքին բանտին դռները կը բացուին որպէսզի թուրք բանտարկեալները զինուին ու պաշտպանեն քաղաքը վերոյիշեալ 5000 չգոյ զինեալներուն դէմ: Բայց ասոնց առաջին գործերէն կ’ըլլայ սպանել իրենց բանտակից երկու յոյները:

Պապիկեան, կը հերքէ, սուտ կը հանէ, կը ջրէ Ատանայի եւ մօտակայ այլ շրջաններու հակահայ սուտ տուեալները: Օրինակ, կը մատնանշէ հայկական թաղամասի մօտ գտնուող հայաբնակ շրջանի մէկ տունէն կրակ բացուիլը խաղաղարար բանակին վրայ: Ապա կը լուսաբանէ թէ ջարդերուն առաջին իսկ հանգրուանին հայաբնակ այդ շրջանը դատարկուած էր, իսկ աւելին, նոյնինքն մատնանշուած եւ մեղադրեալ այդ տունը բնակեցուած էր …թուրքերով:

Պապիկեան ամբողջական իրաւունք կու տայ ինքնապաշտպանութեան եւ կը հակաճառէ որ բոլոր թուրք սպանեալները ինկած էին հայկական թաղամասերու մուտքերուն ինչ որ կը հաւաստէ հայոց ինքնապաշտպանութենէն բացի այլ նկրտումներ չունենալը: Ու կը զգուշացնէ. «եթէ մէկը փորձէ նուազագոյն յանցանք բարդել անմեղ զոհերուն վրայ, ատիկա, ըստ իս, ճամփայ մը պիտի ըլլայ նման դէպքերու կրկնութեան»:

Շատ բան կայ իր տեղեկագրին մէջ, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ կոտորածներուն թուրքերու արիւնոտ ձեռագիրը եւ անոր նմանութիւնը Ատանա քաղաքի եւ շրջակայից ու մինչեւ Անատոլու երկարող նման խժդժութիւններուն մէջ:

Զանց կ’ընեմ զինուրական ատեանի վճիռներու իր նոյնքան շահեկան, ուշագրաւ եւ կարեւոր վերլուծումը:

Կ’ամփոփեմ: Պապիկեանի տեղեկագրին բովանդակութիւնը ծանուցուած էր Պոլիս իր ժամանումէն առաջ իսկ հրատարակուած մամլոյ հարցազրոյցներով: Ան Յունիս 20ի ատենները վերադարձած էր Պոլիս, ու յականէ յանուանէ կը մեղադրէր Երիտթուրքերու կիլիկեան շարք մը ղեկավար պաշտօնատարներ եւ մարտահրաւէր կը կարդար կուսակցութիւնը մաքրազտելու նման տարրերէ, ինչպէս Ատանայի վալին, Ճեպէլ Պերեքէթ Սանճաքի կառավարիչը:

Յուլիս 20-21ի խորհրդանարանական ժողովին իր տեղեկագիրը կարդալու պատրաստուող Պապիկեան Յուլիս 20ի առաւօտեան իր աչքերը չի բանար: Տեղեկագիրը կը յայտնաբերէ Մուրատ՝ Համբարձում Պոյաճեան, որ Պապիկեանի այրիին քով կը լուսանկարէ տեղեկագիրը, որ յետոյ կը փոխանցուի Պատրիարքարան եւ աւելի ետք կը հրատարակուի:

Կ’եզրափակեմ միքանի մտածումներով. նկատեցիք, որ տեղեկագիրը 21 էջ էր. Պապիկեան ինք ալ կը նշէ որ բազմաթիւ փաստերէն եւ վկայութիւններէն միայն փոքր խումբ մը ընդգրկած է իր տեղեկագրին մէջ:  Ի՞նչ ճակատագիր վիճակուեցաւ արդեօք Պապիկեանի տեղեկագրին հումքին: Ու՞ր է ան:

Վերջերս կարդացի թէ քննիչ յանձնախումբի անդամ՝ Եուսուֆ Քեմալ պէյ տարակարծիք էր Պապիկեանի եզրակացութիւններուն: Ատիկա ճիշտ չէ, որովհետեւ Պապիկեան իր տեղեկագրին մէջ աւելի քան անգամ մը կը յիշատակէ իր գործընկերոջ համակարծիք ըլլալը: Այդուհանդերձ, շահեկան պիտի ըլլար Քեմալ պէյի տեղեկագիրն ալ հրապարակել, եթէ ան ընդհանրապէս գոյութիւն ունի:

Պապիկեանի տեղեկագիրը դատաիրաւական շատ ամուր եւ խորունկ թղթածրար մըն է կիլիկեան կոտորածներուն մասին, զոր երիտթուրքերը անտեսեցին, ինչպէս յետեղեռնեան տասնամեակներէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ’անտեսեն եւ կը խեղաթիւրեն ցեղասպանութեան իրողութիւնները:

Պապիկեանի տեղեկագիրը իր արդիւնքը ունեցաւ. անոր անտեսուիլը յաւելեալ մղիչ հանդիսացաւ Հայոց 1915ի Ցեղասպանութեան, որուն կ’ակնարկէ Վեր. Հայտօսթեան այս գիրքին սկիզբը՝ կիլիկեան կոտորածները նկատելով «1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան նախերգանք»՝ վերնագրեալ իր կարճառօտ գրութեամբ: Կիլիկեան կոտորածները առաջնորդեցին Հայոց ցեղասպանութեան: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը ինչի՞ առաջնորդեց ու պիտի տակաւին առաջնորդէ:

Երկու խօսք՝ գիրքին մասին ընդհանրապէս. Կիւրեղեան Պապիկեանի տեղեկագիրը կը դնէ իր բնական միջավայրին մէջ. արդարեւ, գիրքին յաւելուածները, ներածականը, ծանօթագրութիւնները կը յառաջացնեն այն անմիջական, էական եւ լուսաբանական շրջանակը, որով նահատակ Պապիկեանի տեղեկագիրը կը դառնայ ժամանակաշրջանի մը եւ մտայնութեան մը իւրօրինակ հակադարձութիւնը: Գիրքին ոչ-պապիկեանական հատուածները աւելի ամբողջական կը դարձնեն տեղեկագիրը եւ զայն կը կապեն այսօրուան, տալով նաեւ այլատեսակ այժմէականութիւն մը 110 տարիներ առաջ պատահած անմարդկային կոտորածներուն:

Դոկտ. Կիւրեղեան, ձեր վարձքը կատար:

«Stand by Me» («Մնա՛ ինծի հետ»), Պեն Քինկ (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի մը Պատմութիւնը – 4 –

20-րդ դարու ռիթմ եւ պլուզ ոճի ամենայայտնի երգերէն մէկը, որ Պեն Քինկը ձայնագրեց 1960-ին:

Քինկը այս երգը գրեց տպաւորուելով աւետարանական եկեղեցւոյ նոյնանուն հոգեւոր երգէն՝ 1905 թուականին գրուած, որուն, իր հերթին, հիմք կը ծառայէին տողեր սաղմոսէն:  Երգի աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար իրեն օգնեցին երկու համահեղինակ, երգահաններու յայտնի զոյգ՝ Ճերրի Լիպերն ու Մայք Սթոլերը:

1961-ին երգը գլխաւորեց «Պիլլպորտ» («Billboard») ամսագիրի աղիւսակը եւ մտաւ «Պիլլպորտի թէժ 100-եակ»-ի առաջին տասնեակին մէջ: Ան նաեւ կը մտնէ «Ռոլլինկ Սթոուն» («Rolling Stone»)  ամսագիրի 500 հանրայայտ երգերու շարքին մէջ:

Երգը երկրորդ ծնունդ ստացաւ 1986-ին «Մնա՛ ինծի հետ» ֆիլմի նկարահանումէն ետք: Ֆիլմի յաջողութեան ալիքին հետ  եկաւ նաեւ երգի յաջողութեան նոր ալիք, եւ ան 1987-ին դարձեալ մտաւ «Պիլլպորտ»-ի տասնեակին մէջ՝ այս անգամ զբաղեցնելով 1-ին հորիզոնականը:

Զայն կատարած են բազմաթիւ երգիչներ, որոնցմէ են՝ Ճիմմի Հենտրիքսը, Էլթոն Ճոնը, Ատրիանօ Չելենթանօն, Ճոն Լենընը, «Լետ Զեփելին» խումբը, ինչպէս նաեւ բռնցքամարտիկ Մուհամմետ Ալին եւ գրող Սթիվըն Քինկը: Ընդհանուր առմամբ ան ունի 400-էն աւելի վերաերգուած տարբերակ:

1987 թուականին Սթիվըն Քինկը կը գրէ «The Stand» («Դիմակայութիւն») գիրքը, ուր գիրքի վերջին հատուածին մէջ  մէջբերումի տեսքով կը յայտնուի երգէն քառատող մը, որ անտեսանելիօրէն կը կապէ նաեւ գիրքն ու երգը: Դժուար է ըսել, թէ արդեօք Սթիվըն Քինկը երգէն ոգեշնչուելո՞վ գրած է գիրքը, թէ պարզապէս անոնք բառախաղով կապած է իրար, բայց ընթերցողները կը փաստեն, որ երգը կը հնչէ գիրքին մէջ (գիրքին մէջ երգի տողերուն հատուածը կարդալու ժամանակ երգը ակամայ կը սկսի հնչել ընթերցողի միտքին մէջ):

Քինկը իր երաժշտական գործունէութիւնը սկսած է «The Drifters» խումբի կազմին մէջ: Իր ծորուն պարիթոնը ռիթմ եւ պլուզ ժանրը յայտնի դարձուց սպիտակամորթ հանդիսատեսի շրջանակներուն մէջ, իսկ «Stand by Me» երգը դարձաւ դարի անմահ երգերէն մէկը, որ մինչեւ օրս կը յուզէ հանդիսատեսի սիրտը:

 

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Խօսքը Արտասանուած «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան Մարդն ու Գործը» Գիրքին Շնորհահանդէսին

Բարեբախտութիւնը ունեցած եմ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը ճանչնալու վաղ մանկութեանս, երբ ան երիտասարդ էր եւ այլազան առիթներով մեր բնակարանը կ’այցելէր, իրեն հօրը՝ Խոսրով էֆենտիին հետ: Մեթրը մեզի խնամի էր, իր հօրեղբայրը եւ իմ մօրեղբայրս երկու քոյրերու հետ ամուսնացած էին: Մեթրը ոչ միայն այդ հանգամանքով մեզի կ’այցելէր, այլեւ գաղափարական գծով, հայրս Մկրտիչ Մսըրլեան իր շէֆն էր, իբր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ 1941-42-ին եւ ապա ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Միջին Արեւելքի մէջ 1942-էն 1946: Ես ալ յատկապէս 1958-1965 տարիներուն առիթը ունեցած եմ հետը կապի մէջ ըլլալու իբր ատենապետ Հայ Համալսարանական Միութեան եւ Ատենապետ Թէքէեան Մշակութային Միութեան  Լիբանանի Տեղական վարչութեան:

Եթէ Մեթրը այսօր ողջ ըլլար, 103 տարեկան պիտի ըլլար, իր մահէն անցած է 27 տարի, եւ նկատելով, որ իր հիմնական գործունէութիւնը կատարած է 40-ական թուականներէն մինչեւ 70-ականները վերջերը, թէեւ շարունակած է մինչեւ 90-ականներու սկիզբը շատեր լսած են իր անունը, բայց հիմնականին մէջ 40 տարեկան եւ վեր եղողներն են, որ յատկապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ, ծանօթ են իր գործունէութեան ընդհանուր ծիրին:

Կ’արժէ ամփոփ կերպով անդրադառնալ իր կենսագրական գիծերուն, նախքան անցնելու Պարոյր Աղպաշեանի կազմած եւ խմբագրած «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան մարդն ու գործը» գիրքին:

Մեթրը ծնած է 1916-ին Եոզկաթ:

Տարագրութենէն ետք հայրը Լիբանան հաստատուած է, ուր ինք յաճախած է Ժէզուիթներու Էֆրեֆիէի Ս. Գրիգոր (Սեն Կրէկուար) վարժարանը: Ապա Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն շրջանաւարտ եղած է 1940-ին՝ դառնալով փաստաբան:

ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան անդամակցած է 1938-ին: Եղած է Անդրանիկ Ակումբին վարչութեան անդամ եւ վարած կրտսերներուն բաժինը: Յետագային եղած է ՀԵԸ գործադիր մարմինի անդամ: 1946-էն 1971 եղած է ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ փոխատենապետի հանգամանքով:

1940-ին գլխաւոր հիմնադիրը եղած է ՀԵԸ-ի Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան եւ երեք տարի յաջորդաբար եղած է ատենապետ:

1943-ին անդամակցած է ՀԲԸՄ-ի եւ վեթերանի վկայականը ստացած 1964-ին: 80ականներուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին ատենադպիրը եղած է, եւ ապա պատուոյ անդամ նոյն մարմինին:

Մեթրը վաղ երիտասարդութեան անդամակցած է ՌԱԿ-ին եւ եղած բազմամեայ ատենապետը ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան միջեւ 1970-ականները, նաեւ անդամ ՌԱԿ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ հռչակուած պատուոյ նախագահ իր մահէն երկու ամիս առաջ, 1996-ին:
Ան ՌԱԿ-ի թեկնածուն 1951-ի պետական երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ՝ ստանալով 6583 քուէ:

Հիմնադիրներէն մին էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ անդամ եղած է :

1940-ականներուն մաս կազմած էր Լիբանանի թեմի ազգ.իշխանութեան ըլլալով գաւառական եւ քաղաքական ժողովներու անդամ: 1946-ին մաս կազմած է Ազգային խորհուրդին եւ եղած է ներգաղթի կոմիտէին ատենադպիրը 1946–1948 եւ 1947-ին նախագահին տեղակալը:

1982-ին ամուսնացած է Մարլէն Մելքոնեանին հետ:
Աշխատակցած է «Զարթօնք»-ին եւ «Խօսնակ»ին:

Մեթր Սեդրակեանի Ոսկեայ Յոբելեանը նշուած է Պէյրութի մէջ 11 Դեկտեմբեր 1994-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի վարչութեան եւ ՀԵԸի կազմակերպութեամբ միասնաբար: Այս առթիւ Ժիրայր Դանիէլեան խմբագրած է 84 էջնոց գրքոյկ մը:

Լոս Անճելըսի մէջ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան կողմէ եւս նշուած է իր յոբելեանը:

Պէյրութի մէջ յանուն նախագահ Հրաուիի պետական  շքանշանի արժանացած է, որ իրեն յանձնուեցաւ նախարար Յակոբ Տէմիրճեանի կողմէ: Նոյն առիթով, արժանացած է ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի շքանշաններուն:

Մահացաւ 16 Յունուար 1997-ին Պէյրութ՝ արժանանալով փառաշուք յուղարկաւորութեան:

Իր անզուգական գործունէութեանց համար Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է երկու սրբատառ  կոնդակներով: Իր անունով կոչուեցաւ ԹՄՄ-ի ա. յարկի հանդիսասրահը:

Մեթր Սեդրակեանը կը հաւատար հաւաքական աշխատանքի զօրութեան: Հայկաշէն Ուզունեան «Հրաչ Սեդրակեան՝ Մեթրը» գրութեան մէջ գրած է. «Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, Մկրտիչ Մսըրլեան, Գերսամ Ահարոնեան, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Յակոբ Դաւիթեան, Համբարձում Պէրպէրեան, պատկանած են այն փոքր խումբին, որ գործակցութեամբ  Վահէ Վահեանին «արմատական փոփոխութիւն յառաջացուց, ոչ միայն  Լիբանանի, այլ՝  Միջին Արեւելքի եւ ապա ամբողջ սփիւռքահայ կեանքին մէջ («Զարթօնք», 11 Դեկտեմբեր 1994):
Գալով բանասէր, հրապակագիր, «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին երկարամեայ խմբագիր, վաստակաւոր կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեանի բծախնդիր աշխատանքով կազմած ու խմբագրած գիրքին, այս հրատարակութիւնն է ՀԲԸՄիութեան եւ տէր եւ տիկին Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեան: Այս գիրքը  պարտք մըն է յարգելու յիշատակը հաւասարակշռուած խօսքի տէր, շրջահայեաց, եւ մեղմաբարոյ անձնաւորութեան մը, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ տիրական եւ  ազդեցիկ դիրք ունեցած էր յատկապէս 1940-ական թուականներէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանը:
ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական գրասենեակէն Արթուն Համալեան հետեւողական աչալրջութիւն ցուցաբերած է գիրքի պատրաստութեան ընթացքին: Մեթրի արխիւը տրամադրած է Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանը:

Արխիւները ունենալէ ետք կը սկսի խմբագրին աշխատանքը, ընտրել գրութիւնները, դասաւորել զանոնք ու կարգի դնել ու կազմել գիրքը: Այս լուրջ, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանք կը պահանջէ, ինչ որ կատարած է Պարոյր Աղպաշեան:
Խմբագիրը 388 էջնոց լաթակազմ գիրքը բաժնած է հինգ մասերու: Գիրքը տպուած է Արամ Սեփեթճեանի «Սիփան» հրատարակչատան միջոցով 2018-ի գրեթէ աւարտին: Ունի մաքուր տպագրութիւն:

Գիրքը կը բացուի ՀԲԸՄ-ի նախագահ եւ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի եղբօրորդի Պերճ Սեդրակեանի «Միութենական, կուսակցական եւ եկեղեցական կառոյցներու հաւասարակշիռ համակեցութեան եւ զօրակցութեան գաղափարախօսը» խորագրեալ առաջնորդող գրութեամբ:

Անկէ ետք խմբագիրը Պարոյր Աղպաշեան հանգամանօրէն եւ ու գնահատելի կերպով կ՛անդրադառնայ Մեթր Սեդրակեան՝ իբր մարդու, գաղափարախօսի, միութենականի, հայրենասէրի, գաղութային, հասարակական, միութենական ղեկավարի:

Այժմ նշենք գիրքին հինգ մասերը.

Ա. մաս: Կենսագրական, մեծարում, ոգեկոչում:
Այս բաժինին մէջ կ’իյնայ յոբելեաններու նշումը, ինքնագիր անտիպ գրութիւններ, մտորումներ եւ այլն:
Բ. մաս: Արդիւնաւէտ ազգային գործիչը գրուած Պարոյր Աղպաշեանի կողմէ:
Այս բաժինէն կ՛ուզեմ մէջբերել արդար դատում մը.
«Սեդրակեան կը փնտռէր այնպիսի ուղիներ եւ ելքեր, որոնք կրնան առաջնորդել ընդունելի ու համակերպելի արդիւնքներու, անոնք ըլլան քաղաքական, ազգային, կուսակցական, եկեղեցական թէ հասարակական մարզերէն ներս»:
Գ. մաս: Հրապարակագրութիւն – ազգային, քաղաքական, կուսակցական, միութենական, եկեղեցական, երիտասարդական:
Ասոնք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի յօդուածներն են լոյս տեսած «Զարթօնք»ի եւ «Խօսնակ»ի մէջ: Կան անտիպ գրութիւններ եւս:

Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ ներգաղթին, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրապայքարներուն, ազգային-եկեղեցական հարցերու, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, մայր հայրենիքի,  Լիբանանի եւ լիբանանահայ գաղութի, ՌԱԿ-ի եւ ծանօթ ազգայիններու կեանքին ու գործին:

Դ.մաս: Ելոյթներ, բանախօսութիւններ եւ արտասանուած խօսքեր, ընդհանրապէս լոյս տեսած «Զարթօնք»-ի մէջ կամ անտիպ:
Այս բաժինին մէջ յատկանշական յօդուածներ կան կ՛արժէ քանի մը մէջբերում ընել:

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան կը գրէ, թէ «Տասնամեակներ ամբողջ ծառայած է ՀԲԸՄ-ին եւ նաեւ ՀԵԸ-ին եւ շատ բան կը պարտի այս կազմակերպութեան:

Ան կը գրէ . «Օտար կրթական հաստատութեան  մէջ ուսում առած, տակաւին համալսարանական ուսանող, ազգային կեանքէն բոլորովին անտեղեակ, բարեբախտութիւնը ունեցած անդամագրուելու ՀԵԸնկերակցութեան, ուր սորված եմ հայերէն լեզուն, վերագտած եմ ազգային  ինքնութիւնս եւ հայ ըլլալու հպարտութիւնս: ՀԵԸ, ինծի համար եղաւ հաւաքական կեանքի փորձառութեան ընդարձակ դաշտ մը: Այս փորձառութիւնը մեծապէս օգտական պիտի ըլլար իմ ազգային, հասարակական, կուսակցական եւ քաղաքական աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող գործունէութեանս ընթացքին: ՀԲԸՄ-էն եւ ՀԵԸ-էն ներս աշխատանքս ինծի համար եղաւ նաեւ գաղափարական կազմաւորման շրջան մը»: (էջ 299-300:)
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան ազգին, հայրենիքին, հայց. Եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին, ՀԵԸ-ին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ ծառայած է հայութեան:
Ան կը նշէ, թէ երկար տարիներ մաս կազմած է իր նշած չորս կազմակերպութիւններուն ղեկավար մարմիններուն, իր բառերով  «բծախնդրութեամբ յարգած եմ իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը, առանձնայատկութիւններն ու ազատ գործելու իրաւունքը…աշխատելով հասնիլ այս համախոհ կազմակերպութիւններուն ներդաշնակ եւ համերաշխ գործակցութեան»: (էջ 308)

Ահա իսկական ղեկավարի մը չափանիշերը:

Մեթր Սեդրակեան ՀԵԸ-ի համալսարականներուն  մասին իր գրութեան մէջ նշած է ղեկավարի յատկանիշները. «ղեկավարութիւնը չի տրուիր, ան կը նուաճուի բծախնդիր աշխատանքով, ազգային ու ընդհանուր  զարգացումով, նուիրումով….»:
Ե. մասը: Գաղութային տպաւորութիւններ, որոնք ընդհանրապէս լոյս տեսած են «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:
Այս բաժնին մէջ անդրադարձ կայ միջին արեւելեան  գաղութներուն, ֆրանսահայ գաղութին եւ եգիպտահայութեան մասին: Ասոնք ականատեսի վկայութիւններ են եւ ապագային — կրնայ իբր սկզբնաղբիւր ծառայել այս գաղութներու պարզած կեանքը ուսումնասիրողներուն:  Ուսանելի շատ բան տեսայ այդ գրութիւններուն մէջ:

Գիրքը կ’աւարտի 3 էջ լուսանկարներով: Կարելի էր այս էջերը քիչ մը եւս աւելցնել:

Կ’եզրափակենք գիրքին մեկենաս ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի սրտի խօսքով. «Մեր ջերմ փափաքն է որ Հրաչեայ Սեդրակեանի ազգային-քաղաքական-միութենական նշանակալի վաստակին նուիրուած այս հատորը ուսանելի աղբիւր մը ըլլայ նաեւ երիտասարդութեան համար՝ քաջալերելու զիրենք, որ ունենան լայն աշխարհահայեացք, վերլուծական միտք, ինքնուրոյն մտածելակերպ եւ աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ազգային եւ հանրային ծառայութեան մարզերուն մէջ՝ հետեւելով անոր  փայլուն օրինակին»: (էջ 12)
Կ’արժէ ունենալ այս հատորը ձեր գրադարանէն ներս ու մանաւանդ կարդալ զայն: Վարձքդ կատար այս հատորը իրականացնողներուն:

Յարգանքով կը խոնարհինք Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի յիշատակին»:

Որոշ յապաւումներով

Կիո՛րկի…

ԿԱՐՕ ՊՈՀՃԱԼԵԱՆ

Փողոցին անկիւնը, թաղին հին եւ ամէնէն շատ փնտռուած սրճարանին սպասաւորները իրիկնամուտին մասնաւոր պատրաստութիւններ կը տեսնէին : 
Դուրսը եւ ներսը, յաւելեալ աթոռներ շարած էին, եւ ռատիոյի բարձրաձայն ալիքները մինչեւ մեր տան մօտերը կը հասնէին: 
Արեւի վերջին կաթիլը դեռ քիչ առաջ ինկած ու հալած էր սրճարանի թաց մայթին վրայ, ու փողոցի լոյսերն ալ նոր սկսած էին արթննալ: 
Այն գիշերը մասնաւոր էր, Օմմու Քալսումին հաֆլան կար, եւ իր ձայնը մինչեւ լուսաբաց, սրճարանի լուսաւոր հայելիներուն մէջ վստահաբար պիտի փայլէր… 
Սրճարանէն քիչ անդին, գրեթէ անկիւնի դարձուածքին վրայ, իրիկունները փողոցի լոյսին տակ, ձեռքով հրուող, երկու անիւներով փայտէ սայլակ մը միշտ կեցած կ’ըլլար: 
Տէրը, անոր տափակ հարթակին վրայ, սառի խոշոր կտորի մը տակ, փշոտ ադամաթուզեր կը ծախէր պտուղի եղանակին: 
Յաճախորդները կու գային, սայլին առջեւ կը խռնուէին, եւ դիզուած ադամաթուզերէն իրենց հաւնածները կը զատէին: 
Ադամաթուզերը նոր քաղուած, սառած եւ անուշ կ’ըլլային: 
Սայլին գանգուր մազերով տէրը, ձեռքով կը բռնէր մօրուքին պէս փշոտ պտուղը, եւ զմելիի երկու արագ հարուածներէ վերջ, կեղեւը դեռ բոլորովին չզատուած՝ ադամաթուզը յաճախորդին կը հրամցնէր:
Բայց փշոտ պտուղ ստկելու գործը դիւրին չէր: 
Ես յաճախ զինք կը տեսնէի, երբ կազի լամբարի մը լոյսին տակ նստած, պարապ ժամերուն, ունելիով , ծակած մատերուն փուշերը կը մաքրէր…. 
Բայց այն գիշեր Օմմու Քալսումին գիշերն էր, եւ փայտէ սայլակին առջեւ քիչ յաճախորդներ կեցած էին: Անոնք լաւ տեղեր ապահովելու համար, արդէն կանուխէն թաղին սրճարանները լեցուած էին: 
Օմմու Քալսումին ձայնը, մեկնաբանութիւնը, եւ սահրաները շատ սիրուած էին, եւ հասարակ ժողովուրդը սրճարաններու մէջ ոտքի կամ նստած` ժամերով մտիկ կ’ընէր անոր երկայն երգերը: 
Ես չէի սիրեր սահրաները, որովհետեւ սրճարանի ռատիոյէն եկող բարձր ձայնը, մինչեւ ուշ գիշեր քունս կը խանգարէր: 
Հոն՝ հաֆլաներու գիշերները, ջուրը կլկլակներու թափանցիկ շիշերուն մէջ կը պղպջար եւ սեղաններու շուրջ խօսակցութեան նիւթերը շարունակ կը նորոգէր ու վառ կը պահէր:
Այն օրը՝ օրուայ տաքին, դուրսի աթոռներուն վրայ տեղ չէր մնացած եւ սպասաւորները զբաղած`ամէն օրուընէ աւելի աշխոյժ կ’աշխատէին: 
Ուսերու բարձրութեան վրայ բաց ափերով կլորիկ ափսէներ բռնած` սեղանէ-սեղան կը պտըտէին ու անոնց վրայ ապսպրուած սուրճի կամ թէյի գաւաթներ կը զետեղէին: Բայց յաճախորդներու թէյի կամ սուրճի պատուէրէն զատ ալ, սպասաւորներուն բերած ափսէներուն մէջ սառած ջուրը միշտ միասին ձրի «նուէր» կու գար: 
Ներսը` սպասաւորները յաճախորդներէն ապսպրանքներ կը ստանային եւ, սեղաններուն առջեւ կեցած, շատ անգամներ եւ արդէն տեղւոյն վրայ, պատուէրները բարձրաձայն պոռալով սրճեփին կը փոխանցէին: 
– Ահուա մազպո՜ւթ… 
– Սոքքար զիյատա՜… 
Սրճեփը ընդհանուր ժխորին մէջ կ’իմանար կանչերը եւ շուտով կը պատրաստէր ապսպրանքները: 
Սրճարանին մէջ տեսարանը պատկերալից էր: Ներսը լսուած բարձրաձայն ծիծաղներու, հայհոյանքներու, եւ զանազան կանչերու մէջ, ձեղունէն կախուած հովահարներ առանց ձայնի, ծոյլ-ծոյլ կը դառնային եւ նարտի խաղացողներուն հով կու տային:
Խաղացողներուն դէմքերը, սեղանները, սրճարանին լոյսերը եւ կլկլակները, պատերուն վրայ շարուած հայելիներուն մէջ կը ցոլանային, եւ այդպէսով սրճարաններու մէջ ստեղծուած յատուկ զուարթ մթնոլորտը ներսը միշտ կը պահուէր ու կը զգացուէր:
Այդ մթնոլորտը սուրճի եւ թէյի չափ կարեւոր էր սրճարաններուն մէջ:
Բայց լոյսերու այդ զուարճութեան մէջ, ժխորը բարձր էր, եւ հոն նարտի խաղացողներուն «թրի՛ք-թրա՛ք»-երը դուրսէն բարձր կը լսուէին անցորդներէն : 
Ես ուր որ ըլլայի, ամէն անգամ երբ սրճարանի մը առջեւէն անցնէի եւ «թրի՛ք- թրա՛ք»-ի ձայներ լսէի, հօրս եւ իր բարեկամներուն նարտիի խաղերը կը յիշէի: 
Հայրս նարտիի խաղին մէջ վարպետ էր, եւ անպարտելի ըսուելու աստիճան լաւ խաղացող:
Բայց հազուադէպ պարագաներու, երբ անհաւատալին պատահէր, եւ դիմացինին զարը բացառիկ ձեւով յաջող գար ու շահէր, հայրս կը բարկանար: Ան երբե՛ք չէր հանդուրժեր կորսնցնելու գաղափարին եւ խաղին ընթացքը իրեն ի նպաստ դարձնելու համար, անմիջապէս յարձակողականի կ’անցնէր: 
Տունը խաղի տուփ մը ունէր, եւ երբ Արթօ Գարակէլինեանին հայրը կամ ուրիշ բարեկամներ մեր տունը այցի գային, հայրս կը բանար տուփը, եւ երկուքը միասին ժամերով կը խաղային: 
Ես նարտի խաղը իրմէ սորված էի: 
– Տե՛ս,- կ’ըսէր հայրս խաղը սորվեցուցած ատեն,- նարտի խաղը ռազմագիտական է, փուլերն ալ զինուորներդ են: Պէտք է միշտ այնպէս նպաստաւոր դիրքերու վրայ շարես զինուորներդ, որ կարելի ըլլայ յարմարագոյն վայրկեանին խաղդ յարձակողականէ պաշտպանողականի դարձնել կամ ալ փոխադարձել:
Ես մտիկ կ’ընէի տուած բացատրութիւնները, սակայն հազիւ խաղ մը սկսած,կը մոռնայի կամ կ’անտեսէի իր խորհուրդները, եւ յոյսս աւելի զարին կը վստահէի: 
Այն ատեն հայրս կը բարկանար, եւ 
– Տղա՛ս, զարը կրնայ երբեմն օգնել, բայց դուն պէտք է խաղը միշտ շիտակ խաղաս,- կ’ըսէր: 
Ինք փորձառու էր, եւ անշուշտ գիտէր ըսածը: 
Իսկ նարտի խաղը, ես վերջէն սորվեցայ, որ ռազմագիտական ըլլալէ զատ արուեստի չափ ալ նուրբ էր: 
Բայց խաղը իրմէ սորվելէս ետք, հետը շատ չէի խաղար: Կ’ուզէի նախ իմ հաշուոյս խաղին մէջ անկախ եւ փորձառու դառնալ, որպէսզի միասին, խաղը օր մը երկու վարպետներու հաւասար ուժերով խաղայինք սեղանին վրայ: 
Ի վերջոյ, խաղը հաւասար ուժերով, միշտ աւելի հաճելի կ’ըլլար:
Իրեն պէս ես ալ չէի սիրեր խաղին մէջ կորսնցնել, սակայն խաղացածներս ալ միշտ ի նպաստ ինծի չէին վերջանար:
Փորձառութիւն ձեռք ձգել պէտք էր, բայց խաղի ընկերներս հօրս ունեցած փորձառութիւնը չունէին: 
Ես անհամբեր էի, եւ յաճախ 
– Ե՞րբ վարպետներու խաղին օրը պիտի գայ,- կը հարցնէի ինքզինքիս: 
– Ինծի համար «վարպետ»-ները ես ու հայրս էինք, եւ «վարպետ»-ներու խաղն ալ մեր երկուքինը պիտի ըլլար:
Սակայն խաղին օրը գալէն առաջ, մենք հեռու գաղթեցինք, եւ խիտ անտառներով երկրի մը բարձր դռնէն դժուարութեամբ ներս մտանք: 
Երկրին անունը Պրազիլ էր:
Հոս հաստատուեցանք, մեր արհեստները փոխեցինք եւ ապրեցանք: 
Ես դեռ յոյս ունէի, որ վարպետներու խաղի օրը պիտի գար, եւ հօրս հետ այն օրը հաւասար ուժերով պիտի խաղայի: 
– Ո՞վ գիտէ, թերեւս նարտի փայտին վրայ փուլերս իրեն պէս ուժով «թրի՛ք» կամ «թրա՛ք» ալ, ե՛ս զարնէի,- կը մտածէի: 
– Հապա եթէ զարս օգնէ՞ր … պիտի բարկանա՞ր հայրս,- կը շարունակէի մտածումիս թելը:
Բայց այնպէս կ’երեւար, որ դեռ կանուխ էր, եւ նարտի խաղը ինձմէ տակաւին ռազմավարութիւն, համբերութիւն եւ բաւական ժամանակ կը պահանջէր: 
Ես շարունակեցի զանազան առիթներով, միայն եղբօրս եւ բարեկամներուս հետ խաղալ: Անոնց մէջ Յաբէթը մասնաւոր տեղ կը գրաւէր: 
Ան Եգիպտոսէն էր եւ նարտի սիրահար: 
Ես զինք հոս ճանչցած էի:
Մենք ընտանեկան յարաբերութիւններ մշակած էինք, եւ յաճախ կ’այցելէինք իրարու: 
Խաղերուն մէջ, Յաբէթը եւ ես գրեթէ հաւասար ուժեր էինք, սակայն ան գիտէր նեղ վայրկեաններուն զարերուն հետ «սիրաբանել», եւ միշտ պէտք եղած ժամերուն կը յաջողէր իրեն նպաստաւոր բարձր թիւեր նետել: 
Այդ պատճառաւ ալ կը պատահէր, որ երբեմն մեր միջեւ անհամաձայնութիւններ կամ պզտիկ վէճեր ծագէին: Բայց անոնք լուրջ չէին ըլլար եւ շուտով կը մարէին: 
– Իսկ ո՞ր նարտի խաղին մէջ պզտիկ վէճեր չէին ծագեր: 
Սակայն վէճերով եւ բարեկամներու հետ խաղալով, տարիներ վերջ երբ ես արդէն բաւական յառաջացած էի խաղին մէջ եւ սկսած էի մտածել, թէ վարպետներու խաղին օրը վերջապէս կը մօտենար, օր մը անակնկալօրէն հայրս մեր մտած կանանչ երկրի բարձր դռնէն դուրս ելաւ ու մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Անսպասելի էր պատահածը:
Գոցեցի հօրս նարտիի տուփը եւ պահարանիս մէջ պահեցի: 
Ա՛լ վարպետներու խաղ չէր մնացած խաղալիք: 
Շաբթու վերջ մը Յաբէթը եւ Արեգը մեր քով մնալու եկան: 
Հազիւ ճեմելիքի աթոռներուն վրայ նստած` 
– Սա թաուլուն բե՛ր, նայինք խաղալ սորվե՞ր ես,- կատակով հարցուց Յաբէթը: 
Սեղանին վրայ, տաք սուրճին քով թաուլուին տուփը բաց էր:
Խաղը արդէն սկսած էինք, յառաջացած էր եւ վերջնական արդիւնքը աննախատեսելի ու վտանգաւոր կէտի վրայ էր: 
Յաբէթը ետ հրեց աթոռը, եւ զարերը հեռուէն թաուլուին մէջ նետեց: 
Զարերը վազեցին փայտին վրայ, բայց անմիջապէս չնստան կողմերուն վրայ: 
Անոնք դարձան անկիւններու վրայ եւ ուշացան: 
– Կիո՛րկի,- պոռաց յանկարծ Յաբէթը ամբողջ ուժով:
Զարերը քիչ մըն ալ պարեցին, եւ յետոյ կարծես Յաբէթին պոռացածը ականջով լսած ըլլային, տուփին մէջ զոյգ մը չորս թիւերու վրայ կեցան: Յաբէթին ուզած Կիորկին եկած էր վերջապէս: 
– Տեսա՞ր՝ ինչպէ՛ս զարին վրայ կը կարդաս,- բարկացայ Յաբէթին: 
Ան չպատասխանեց եւ տուփին մէջ փուլերը նոր տեղեր փոխադրեց: 
Բայց նետած Կիորկին խաղս աւրած էր: 
Կարգը իմս էր: Գոց ափիս մէջ զարերը շարժեցի եւ նետեցի: 
Ճիշդ չեմ յիշեր՝ ի՛նչ նետեցի, բայց գիտեմ, որ թիւերը շատ նպաստաւոր չեկան: 
Ես յիշեցի, որ հայրս սորվեցուցած էր, թէ փուլերը զինուորներ էին, եւ պէտք է միշտ խաղին յաջորդ քայլերուն նպաստելիք դիրքերու վրայ շարուէին: 
Ես սովորաբար չէի հետեւեր իր խորհուրդներուն եւ տարբեր կը խաղայի:
Սակայն հիմա խաղս վտանգի մէջ էր, եւ փուլերս տեղափոխելու քանի մը ձեւեր կը տեսնէի առջեւս:
– Ո՞րն էր անոնցմէ լաւագոյնը:
– Ո՞ր ձեւը ընտրէի:
Դժուար էր: Յարմար տարբերակներ չէի տեսներ անոնց մէջ:
– Ի՞նչ ընէի: 
Քիչ մը ուշացայ: 
– Է՜՜, խաղայի՛ր ալ,- յանկարծ բարկացաւ Յաբէթը:
– Թեւս երկնցուցի, եւ այս անգամ մեքենաբար, հօրս տուած խորհուրդին համեմատ ընտրեցի փուլերուս նոր դիրքերը: 
Յաբէթը չհասկցաւ խաղիս նոր ձեւը, չդիմացաւ եւ խաղը վայրկեան մը ընդհատեց:
– Ինչո՞ւ այս անգամ տարբեր խաղացիր,- հարցուց հետաքրքրուած: 
Մենք երբեմն այդպէս հարցումներ կ’ընէինք իրարու, եւ մէկզմէկու տուած բացատրութիւններէն օգտուելով նոր ձեւեր կը սորվէինք եւ խաղին մէջ կը յառաջանայինք:: Կարեւոր չէր միայն խաղալ եւ ամէն գնով յաղթել ուզելը: Աւելի կարեւորը խաղա՛լն էր, քանի որ ի վերջոյ մեր խաղերը միշտ ալ բարեկամական եղած էին:
– Տե՛ս, Յաբէթ, թաուլուն ռազմագիտական խաղ է,- սկսայ բացատրել Յաբէթին: 
– Փրոֆեսէո՞ր դարձար գլխուս, ի՛նչ է ,- կէս լուրջ, բայց անհամբեր ձեւով հարցուց Յաբէթը: 
– Փուլերն ալ զինուորներ են,- շարունակեցի ես: 
Բայց ան տրամադիր չէր աւելի երկար լսելու: Դեռ ըսելիք խօսքերուս չսպասեց, կարեւորութիւն ալ չտուաւ: Գլուխը տարտամօրէն շարժեց եւ առանց բառ մը արտասանելու՝ ափին մէջի զարերը ցնցեց ու թաուլուին մէջ գլտորեց: 
Այն օրը Յաբէթին հետ խաղին մնացեալ մասն ալ սովորական ձեւովս չխաղացի եւ յոյսս զարին չվստահեցայ: Ես խաղացի այնպէս, ինչպէս նարտիի «դասեր»-ուս նոր սկսած օրերուս, մեծ վարպետը համբերութեամբ ինծի խրատած ու սորվեցուցած էր:
Յաբէթը լուր չունէր ատկէ եւ չկրցաւ գիտնալ այդպէս խաղալուս պատճառը: 
Այն օրը ես վերջնականապէս հասկցայ, թէ հայրս իրաւունք ունէր, եւ թաուլուն ժամանցի խաղ ըլլալէ զատ ռազմագիտական ալ էր: 
Ես միշտ «վարպետ»-ներու խաղի օրուան սպասած էի: Յաբէթը ի հարկէ «վարպետ»-ս չէր եւ հօրս ունեցած փորձառութիւնը չունէր: Սակայն այն օրը, տուփին մէջ տեղաւորած փուլերուս «թրա՛ք»-երուն հետ ես այնպէս զգացի, թէ «վարպետ»-ներու այնքան սպասած օրուան խաղս էր որ կը խաղայի:
Վարպետս չկար, շատոնց մեկնած էր մեր քովէն, բայց իր ոճը խաղիս մէջ ողջ էր ու ե՛ս կը շարունակէի: 
Հաստատ չեմ գիտեր … արդեօք հայրս գտնուած տեղէն կրցա՞ւ այն օրը դիտել եւ հետեւիլ մեր խաղին, բայց եթէ դիտեց, վստահ եմ, որ խնդաց եւ
– Տղա՛ս, զարը կ’օգնէ բայց դուն պէտք է խաղդ միշտ ա՛յս ձեւով խաղաս, փսփսաց ինքնիրեն եւ ուրախացաւ:

Աղբիւր՝ Ծանօթութիւն- «ԿԱՐՕՏ» առցանց հրատարակուած գիրքէս, էջ 186: 

Քամփինաս, Պրազիլ

ՍԵՐԿԷՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ. (1924 – 1990) Ֆապերժէի յիշատակին

Շարժապատկերի բեմադրիչ ու արուեստագէտ, ծագումով հայ Սերկէյ Փարաճանով նշանակալի աւանդ ունեցաւ խորհրդային ժամանակաշրջանի շարժարուեստին մէջ ուքրանական, վրացական եւ հայկական շարժապատկերներու միջոցով: Ան ստեղծեց շարժապատկերի իր ինքնորոյն ոճը, որ բոլորովին տարբեր եղաւ ընկերվարական իրապաշտութեան սկզբունքներէն: 

Արդեօք Գերմանիոյ Մէջ Մէկ Այլ Շարլ Ազնաւո՞ւր Մը Պէտք Էր Ունենայինք…

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

2018 թուականի Հոկտեմբեր 11-12-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիոյ 17-րդ գագաթնաժողովի օրերուն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, անթաքուն պահելով իր երկրի մնայուն շահերը, 24News-ի հետ տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է հետեւեալ միտքը՝ «Շատ ուրախ եմ այսօր Հայաստան ժամանելուս եւ Ֆրանքոֆոնիոյ 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելուս համար: Հայաստանը մեզի համար շատ թանկ երկիր մըն է: Հայերը Ֆրանսայի պատմութիւնը կերտած են. մենք, կարելի է ըսել, կիսով չափ հայրենակիցներ ենք, եւ հայերը կը կազմեն մեր պատմութեան ու հպարտութեան մէկ բաղադրիչ մասը: Շատ ուրախ եմ եւ միաժամանակ վշտացած՝ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ: Նաեւ կ’ուզեմ նշել, որ այս գագաթնաժողովը շատ կարեւոր է եւ յառաջիկային կը սպասուի Ֆրանքոֆոնիոյ գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւնը»: Այսպիսով, նախագահ Մաքրոն, զոյգ պետութեանց անցեալն ու ներկան մերձեցնելով, լուրջ մարտահրաւէր մը նետեց տարածաշրջանային հզօր ու համաշխարհային գերտէրութեանց առջեւ:

Իսկ մեր օրերուն, ո՛չ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կանցլեր Անկելա Մերքելը եւ ո՛չ ալ Գերմանիա այցելած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կրցան համադրել Փարիզի Musée de Cluny թանգարանին մէջ պահուած եւ 982/983 թուականներուն պատկանող փղոսկրեայ կողքի {որուն վրայ փորագրուած է՝ Յիսուս Քրիստոսի օրհնութեան պահը, Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան (1512 թուականէն – Գերմանական Ազգի Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն)՝ Օթթօ Բ. (Օտտօ Բ.) կայսրին եւ Թէոփանու կամ Թէոֆանու կայսրուհիին} եւ Գերմանիոյ Էշուէկ քաղաքի Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ կից կանգնեցուած՝ Թէոֆանու կայսրուհիի ժամանակակից արձանի պատմական արժէքի յոյժ կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը եւ յայտարարել Կուրկուասներու կատարած պատմական կաեւորագոյն դերի եւ հայ-գերմանական հնամենի յարաբերութեանց մասին:

Փղոսկրեայ կողք (982/983, կը գտնուի Փարիզի Musée de Cluny թանգարանին մէջ), ուր Յիսուս Քրիստոս կ’օրհնէ Օթթօ Բ. (Օտտօ Բ.) կայսրը եւ Թէոփանու կամ Թէոֆանու կայսրուհին

Թէոֆանու կայսրուհիի ժամանակակից արձանը, կը գտնուի Գերմանիոյ Էշուէկ քաղաքի Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ կից

Կուրկուասներու մասին շատ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կու տայ Բիւզանդիոյ Կոստանդին VII Ծիրանածին կայսրը {(905-959), Բիւզանդիոյ կայսր եղած է 913-920 եւ 944-959 թուականներուն: Ան Մակեդոնական (ծագումով հայկական) արքայատոհմէն էր}, իր «Կայսրութեան կառավարման մասին» (որուն 43-46-րդ գլուխները կը վերաբերին Հայաստանին), «Բիւզանդական արքունիքի արարողութիւնների մասին» եւ «Բանակաթեմերի մասին» երկերուն մէջ {տես՝ Կոստանդին Ծիրանածին, Երեւան 1970 (Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, 6 : Բիւզանդական աղբիւրներ, գիրք 2)}:

Կուրկուասները (տոհմի անունը յառաջացած է Գուրգէն անունէն) եղած են Մեծ Հայքի ծագումով հայ նախարարական ընտանիքներէն մին: 7-9-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ արաբական գերիշխանութեան ժամանակ Կուրկուասները գաղթելով Բիւզանդական կայսրութիւն ու ամուսնական կապեր հաստատելով բիւզանդական Ֆոքաս եւ Սքլէրուս ազնուական ընտանիքներուն հետ՝ դարձած են կայսրութեան ազդեցիկ տոհմերէն մէկը եւ տուած են շատ մը յայտնի քաղաքական եւ ռազմական գործիչներ, ինչպէս՝ Ռոմանոս Կուրկուաս Ա-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Ա-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Բ-ը, Թէոփիլոս Կուրկուասը, Ռոմանոս Կուրկուաս Բ-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Գ-ը, Յովհաննէս Ա. Չմշկիկը (բիւզանդիոյ ծագումով հայ կայսր, 969-976), Յովհաննէս Կուրկուասը (Ժ-ԺԱ դարեր), Միքայէլ Բ. Կուրկուասը (ԺԲ դար) եւ Գէորգի Կուրկուասը:

Իսկ այս բոլորէն ամէնէն ակնառուն եղած է Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան Օթթօ Բ-ի (955983, յայտնի է նաեւ Կարմիր Օթթօ անուամբ) տիկնոջ՝ Թէոֆանու կայսրուհիին կերպարը: Թէոֆանու կայսրուհին եղած է Բիւզանդիոյ՝ Յովհաննէս Ա. Չմշկիկ կայսրի (969-976, ծագումով հայ Կուրկուասներու տոհմէն) եղբօր դուստրը:  983 թուականին Օթթօ Բ. կայսրի մահէն ետք, Թէոֆանու կայսրուհին (955-990) մինչեւ իր մահը կառավարած է Գերմանիան՝ միաւորելով բազմաթիւ գերմանական ցեղեր:

Թէոֆանու կայսրուհիին շիրմաքարը կը գտնուի Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի՝ Սուրբ Փաթալէօն եկեղեցւոյ մէջ: Ճիշդ այս վայրին մէջ իսկ կ’արժէր կանցլերն ու վարչապետը իրենց կարծրատիպերը ջարդէին եւ Մաքրոնի օրինակին հետեւէին: Արդեօք Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութի՞ւնն ալ մէկ այլ Շարլ Ազնաւուրի մը կարիքն ունէր, որպէսզի յայտարարէին, որ հայերն ու գերմանացիները կիսով չափ հայրենակիցներ են:

Թէոֆանու կայսրուհիին շիրմաքարը (Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի St. Pantaleon եկեղեցւոյ մէջ)

Գեղանկարիչին «Զարթօնք» Մենաներկայացումը Նպատակ Ունի Կոտրելու Հասարակութեան Մէջ Առկայ Բոլոր Կարծրատիպերը… (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Զարթօնք» Հայրենքի Մէջ – 23 –

Հարցազրոյց Գեղանկարիչ Կարէն Արայեանին Հետ

Զրուցեց՝ ՔրիսթինԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

«Զարթօնք» օրաթերթը կը շարունակէ իր ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ…» խորագրով հարցազրոյցներու եւ յօդուածներու շարքը, որուն նպատակն է ներկայացել ու լուսաբանել հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադաձութիւնները: Այս անգամ անդրադարձած ենք գեղանկարիչ Կարէն Արայեանին, որուն կտաւներուն քովէն անտարբեր անցնիլը շատ դժուար է: Ան նկարել սկսած է կանուխ տարիքէն: Նոյնիսկ չի յիշեր, թէ քանի տարեկանին վրձինը վերցուցած է ձեռքը առաջին անգամ, ի՞նչ նկարած է առաջինը եւ այլն: «Ես ինչ կը յիշեմ, կը նկարեմ…»,- կ’ըսէ ան: Կարէն Արայեանի կտաւները ինքնատիպ են, չկրկնուող, կենդանի, խօսուն… Թէ ինչպէ՞ս կը յաջողի այդքան կենդանի ու յուզառատ կտաւներ ստեղծել, նկարիչը կը պատասխանէ, որ պատճառը հաստատ է. ան սիրով կը նկարէ:

Գեղանկարիչը ցուցահանդէսներու առատութեամբ աչքի չի զարներ, սակայն իր խօսքով՝ կարեւորը ոչ թէ ցուցահանդէսներու քանակն է, այլ այն, թէ ի՛նչ կու տաս մարդոց այդ ցուցահանդէսներուն միջոցով: Տարբեր տարիներու, Կարէնը ունեցած է երեք ցուցահանդէս, վերջինը 2018 թուականին էր:

Ամէն անգամ իւրովի ու նոր աշխատանքներով արուեստասէր հասարակութեան ներկայացող գեղանկարիչը յառաջիկային կը պատրաստուի կարեւոր մտայղացում մը կեանքի կոչել՝ մենաներկայացումով հանդէս գալ: Ներկայացումին խորագիրը որոշուած է՝ «Զարթօնք»: Շատերուն մօտ հարց կը յառաջանայ նկարիչը ի՞նչ կապ ունի նեկայացումին հետ կամ բեմին վրայ ելոյթ ունենալուն: Այդ հարցի մասին ալ խօսեցանք հարցազրոյցին:

Ինքը՝ Արայեանը, նախնական փուլին կը տարակուսէր, թէ ինչպէ՞ս անցում կատարել նկարիչէ մենաներկայացումով հանդէս եկող մարդու, ելոյթ ունենալ մարդոց առջեւ: Մտավախութիւն կայ, թէ ինչպէ՞ս կ’ընդունեն մարդիկ իր, այսպէս ըսած,  կերպարանափոխութիւնը: «Ես դերասան չեմ»,- կ’ըսէ ան, ապա կ’աւելցնէ, որ ներկայացումը  դերասանութիւն պիտի չըլլայ: «Զարթօնք» մենաներկայացումին նպատակն է քանդել, կոտրել հասարակութեան մօտ առկայ, ըստ արուեստագէտին, անիմաստ կարծրատիպերը: Իր խօսքով՝ սա այն դէպքն է, երբ մենաներկայացումը երկխօսութիւն պիտի ըլլայ իր եւ հանդիսատեսին միջեւ:

Մենաներկայացումը կը նախատեսուի իրականացնել Մարտ ամիսը, գեղանկարիչը օր ու գիշեր կ’աշխատի, կը տրամադրուի, կը մտածէ ու կը վերլուծէ, կը հաշուարկէ, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ հանրութեան արձագանգը: «Զարթօնք» մենաներկայացումը գեղանկարիչ Կարէն Արայեանի կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն պիտի ըլլայ:

Ի դէպ, նաեւ աւելցնենք, որ յառաջիկային, բացի ներկայացումէ, նկարիչը կը պատրաստուի իր չորրորդ անհատական ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան բացառապէս նոր կտաւներ, նոր աշխատանքներ: Խորագիրը դեռ որոշուած չէ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի վայրը, բայց թեման յստակ է. ներկայացնել մարդու մարմինը որպէս կատարելութիւն:

– Կարէն, ի՞նչ կարծրատիպեր կան, որոնք կը խանգարեն մարդոց լիարժէք ապրիլ: Ինչո՞ւ «Զարթօնք»:

– Միակ բանը, որմէ ես կը նեղուիմ, անտրամաբանական արգելքներն են: Միշտ կ’ըսեն, որ այսինչ բանը կարելի չէ, ա՛յդ կարելի է, բայց չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ: Ինչո՞ւ «Զարթօնք»: Ամբողջ աշխարհին վրայ միշտ ամէն ինչի մէջ մարդոց կարծես կը սահմանափակեն: Դուն կը ծնիս որպէս մոլորակի քաղաքացի, բնակիչ, ինչը շռայլ նուէր մըն է, որ բոլորիս կու տայ տիեզերքը: Բայց քանի որ մարդու ագահութեան հետեւանքով ամբողջ աշխարհը կիսուած ու բաժնուած է տարբեր հատուածներու, իւրաքանչիւր ազգի տէր մարդուն տրամադրուած է փոքր հատուած մը, որ իր հայրենիքն է: Նորէն խնդիր չկայ, բայց այդ հայրենիքը այնպէս կը մատուցեն մարդուն, որ մնացած ազգերը, մնացած տարածքները օտար կը դառնան: Սա այնքա՜ն սխալ է: Ասոր պէտք է վերէն նայիլ, եթէ կամքի ուժդ ներէ: Միշտ սահմանափակումներ, բաժանումներ, օտարացումներ, կրօնի տարբերակումներ, չեմ գիտեր:

– Այս թեմայի լոյսին տակ մենաներկայացումին նպատակը ի՞նչ է:

-Ամենագլխաւոր, կամ նոյնիսկ միակ նպատակը հետեւեալն է. ամբողջականութեան գիտակցումը: Տեսէ՛ք, ձեր ձեռքը, ոտքը առանձին մասնիկներ են, բայց ամբողջականութեան մէկ մասնիկն են: Հիմա եթէ ձեռքը հեռացնեն, անպիտան մասնիկ կը դառնայ, մարմինն ալ՝ հաշմանդամ: Նոյնը կ’ըլլայ մարդկութեան հետ. թէ՛ մենք  անպիտան կը դառնանք, թէ՛ մարդկութիւնը հաշմանդամ կը դառնայ: Մենք բոլորս տարբեր ենք, բայց օտար չենք: Ներկայացումին ընդհանուր կոչը, նպատակը այդ ամբողջականութեան գիտակցութեան վերականգնումն է:

– Ձեր յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կա՞յ ներկայացում մը ունենալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, այստեղ յաջողութեամբ ներկայացնելէ ետք:

-Սա քայլ մը առջեւ է: Անկէ առաջ կայ քայլ մը, որ ես դեռ չեմ գիտեր: Ես վստահ կրնամ ըսել, որ աշխարհի ամենալաւ հանդիսատեսը Հայաստանի մէջ է, սակայն չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կ’ընդունուի, կ’ընկալուի: Քիչ մը դժուար է չէ՞ պատկերացել, որ մարդ նկարիչ է ու մէյ մըն ալ բեմի վրայ կը յայտնուի: Յուսամ շատ չեն քննադատեր: Այն ջանքը եւ եռանդը, որ ես կը ներդնեմ հոն, չի կրնար ուղղակի կորսուիլ: Ես յոյս ունիմ, որ հանդիսատեսէն կը ստանամ համարժէք պատասխան: Ես դէմ չեմ քննադատութեան, եթէ անիկա առողջ է, նոյնիսկ ես  կը խնդրեմ, որ մարդիկ անկեղծ ըլլան ինծի հետ: