Կլոր Սեղան… Մինչեւ Ե՞րբ
*ՅՈՎԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*
Յարգելով մեր յարգելի ընկերոջ ազատ տեսակէտը, տեղ կու տանք սոյն յօդուածին: Իր քննարկած շատ կարեւոր հարցին մասին մեր կարծիքն ու կեցուածքը վերապահելով մեզի:
«Խմբ.»
ՌԱԿ Մ. Յովսէփեան ակումբի վերջին՝ «Կլոր Սեղան. Հայոց Պահանջատիրութիւնը Դէպի Ո՞ւր» ձեռնարկին առնչութեամբ, սրտանց գնահատելով հանդերձ մեր սիրելի ազգային ընկերները՝ Շ. Գանտահարեան, Տոքթ. Ճերեճեան, Օ. Պոտրումնեանն ու Հ. Մարտիրոսեանը, սեղանի վրայ դրուած «ազգային պահանջատիրական» առաջնահերթութիւնները եւ անոնց առնչուած անցեալի պատմական տուեալները, այսօրուան միակ հարցը, այժմու երիտասարդութիւնը կու գայ կրկնելու նոյնը. «Մինչեւ ե՞րբ եւ … ո՞ւր»:
Ամէն Ապրիլ 24-ը մօտենալուն, երիտասարդ տարրը երբ խմբաւորուի՝ երբեք չի հաւատար, որ կրնայ միասնաբար շրջել ջարդի առընթեր քաղաքական այժմու միջազգային տուեալները եւ նուազագագոյնը կու գայ հարց տալու, թէ ո՞ւր հասաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան առընթեր վաւերացումները եւ յաջորդող հակաթուրք քայլերը՝ ի նպաստ մեր իրաւասութիւններուն: Երիտասարդները դժբախտաբար հարցին միշտ կը մօտենան օրուան առնչութիւններով, գլխաւորաբար զրուցելով օրուան «հանդիսական» տուեալներուն մասին եւ հարց տալով թէ.
- Քայլարշաւ տեղի պիտի ունենա՞յ…
- Դուք պիտի մասնակցի՞ք…
- Ո՞ւր կը սկսինք եւ ո՞ւր կը փակենք արշաւը…
- Ցտեսութիւն…մինչեւ արշաւ:
Այսօր, սիրելի՛ ազգային ներկայացուցիչներ, մեր նոր սերունդին պէտք է ներկայացնել քաղաքական լուրջ իրավիճակներ եւ անոնց յաջորդող բոլոր «միջազգային լաւատեսութիւնները»՝ ներշնչելու անոնց Ապրիլ 24-ի ազգային եւ մարդկային գոյական եւ գործնական հնարաւորութիւնները եւ ոչ միայն ձեռնարկային իրադարձութիւնները:
Սոյն կլոր սեղանի իմ ներկայութեամբ, հակառակ սրտագին շնորհակալութեանս Յովսէփեան ակումբի աշխատանքներուն, դժբախտաբար նկատեցի այն մեծ թիւով ներկաները, որոնց մէջ յստակ էր բացակայութիւնը մեր երիտասարդ սերունդին:
Այս երիտասարդ սերունդը այդքան ալ պատրաստակամութիւն ցոյց չի տար, ըստ երեւոյթին, մանրամասն լսելու եւ ճշգրիտ «թարգմանել»ու անցեալի պատմական իրադարձութիւնները իրենց գոյական մանրամասնութիւններով: Իրենց համար միակ իրաւացի եւ միաձոյլ հաստատ տեղեկութիւնը կը մնայ գիտնալ, թէ այսօր միջազգային մակարդակի վրայ մենք ո՞ւր ենք… որքան նեցուկ ունինք «առաջնահերթ» պետութիւններէն, ի՞նչ են այդ վերջաբանին հասնելու մեր ազգային «պէտքերը» եւ վերջապէս ո՞ւր կրնայ հասցնել մեր պահանջատիրութիւնը, որոշելով թէ յետ այսու Ապրիլ 24-ը տօնուելու է որպէս մեր անմեղ նահատակներու յիշատա՞կի օր, թէ լոկ քայլարշաւ եւ կամ հակաթուրք կեցուածքի ներկայացում… ու վերջապէս ցտեսութիւն մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

