Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Ընտանեկան Դժբախտութիւն
Ընտանեկան աւանդական հասկացողութիւնը՝ հայր, մայր եւ զաւակներ, գրեթէ գոյութիւն ունենալէ դադրած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Հիմա միասեռական (gay) երկու այրեր կամ միասեռական (lesbian) երկու կիներ՝ կրնան զաւակ որդեգրել եւ ընտանիք կազմել . . .
Դեռ վերջերս՝ Նախագահ Օպամայի շրջանին, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանը որոշում կայացուց (5-4 ձայնով) որ այր մարդիկ, որոնք ինքզինքնին զգացումով կին կը համարեն, կրնան կիներու յատուկ արտաքնոց գործածել։ Փոխադարձաբար ալ կիներ, որոնք ինքզինքնին զգացումով այր կը համարեն, կրնան այրերու յատուկ արտաքնոց գործածել։ Ասոնք transgender կը կոչուին, որ մեր բառարանին մէջ՝ տակաւին նոյնիմաստ թարգմանութիւն չունի։
Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին եւ խօսինք Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ բնակող Մէյսըն անունով ընտանիքի մը մասին, որ կը բաղկանայ եօթը անդամներէ՝ հայր, մայր, չորս աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակ (տես նկարը։)
Ըստ վերոյիշեալ նկարին՝ ամէն ինչ բնական կը թուի ըլլալ, սակայն եկուր տես որ 2015 թուականին բոլորովին յեղաշրջուեցաւ այս ընտանիքը։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ թէ ինչ փուլերէ անցան անոնք եւ հիմա ուր կը գտնուին որպէս «ընտանիք։»
Ուրեմն, գեղագիտական նուրբ գործողութեամբ մը՝ որ արտօնուած է հոս, ընտանիքի 39-ամեայ մայրը կը դառնայ այր եւ կը կոչուի Էրիք, իսկ ընտանիքի 15-ամեայ մանչ զաւակը նոյն գործողութեան ենթարկուելով՝ կը դառնայ աղջիկ եւ կը կոչուի Քորի (տես նկարը։) Մէկ խօսքով՝ մայր ու տղայ կ՛ըլլան հայր ու աղջիկ . . .
Ներկայ հաշուով՝ Մէյսըն ընտանիքը ունի հինգ աղջիկ զաւակ եւ երկու հայր: Եթէ կրնաս, հաշտուիր այս իրականութեան հետ եւ ընդունիր զայս՝ որպէս միաբան սիրով շաղախուած օրինաւոր ընտանիք մը։ Առ՝ քեզի դրախտավայր ամերիկա։
Որդիասպա՞ն
Նիւ Եորք նահանգի Կիլֆըրտ քաղաքի բնակիչներէն 35-ամեայ Ըրնէսթ Ֆրանքլին եւ կինը՝ 33-ամեայ Հէտըր, ամբաստանուած են իրենց որդեգիր զաւակը՝ 16-ամեայ Ճէֆրին սպանած ըլլալու յանցանքով (տես նկարը)։ Առաւել՝ անոնք իրենց մարդասպանութիւնը ծածկելու համար, իրենց տունը հրկիզած են՝ ձեւացնելու համար որ բնական աղէտ մըն էր պատահածը։
Դժբախտաբար սակայն բուն իրականութիւնը բացայայտուած է տեղական գաղտնի ոստիկաններու եւ հրշէջներու ձեռնարկած մանրակրկիտ հետախուզութիւններու հետեւանքով եւ անոնք հիմա բանտարկուած են, սպասելով դատավարութեան։ Սա ապացոյց է որ արդարութիւնը՝ թէեւ կ՛ուշանայ, բայց միշտ երեւան կ՛ելլէ ու յանցաւորները իրենց արդար պատիժը կը կրեն։
Միջանկեալ ըսեմ, որ Ըրնէսթ պատերազմի գացած վեթերան մըն է որ 2011-ին ամուսնացած է Հէտըրի հետ եւ այր ու կին միասին որդեգրած են Ճեֆրին՝ նոյն տարին։
Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, որ իրենց որդեգրած զաւակը՝ Ճէֆրին, կարիքաւոր էր (disabled) եւ պէտք ունէր յարատեւ խնամքի։ Իսկ «Բարի Սամարացի» ազգականներն ու բարեկամները՝ հաւատալով որ հրկիզումը արդիւնքն էր փայտէ վառարանին արձակած կայծերուն, 11,000 տոլար հաւաքած են, որպէսզի ամէն ինչ կորսնցուցած ընտանիքը կարենայ առժամեայ բնակարան մը գտնէ եւ հաստատուի . . .
Սակայն, եթէ փաստուի Ֆրէնքլին ամոլին գործած յանցանքը, նուիրատուները պիտի վերստանան իրենց սիրայօժար կերպով տրամադրած գումարները։
Այս պարագային՝ որդեգիր ըլլալը երկրորդական է, քանի յանցանքը մարդասպանութիւն է եւ այդ ալ զաւկի սպաննութիւն, չէ՞ք խորհիր:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

