«Դուն Ի՞Նչ Կ՛ընես Արցախի Համար» Շարժման Ծիրէն Ներս Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի Յատուկ Նախաձեռնութեան Համար ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոսին

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր
Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ամենապատի՛ւ եւ Գերերջանի՛կ Տէր,
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեզի` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն ցուցաբերած մասնակցութեան եւ Հայրենիք–Սփիւռք կապերու խորացման գործին մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համագործակցութեան բարի աւանդոյթները շարունակելու պատրաստակամութեան համար:
Ամենապատի՛ւ Տէր, երախտիքի խօսքս կ’ուղղեմ Ձեզի` օրերս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի ուսուցիչները Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան հիւրընկալելու եւ ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացին անոնց մասնակցութիւնը հովանաւորելու համար:
Յիրաւի, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր խթան է Սփիւռքի եւ Արցախի կրթական ոլորտի մշակներու կապերը խորացնելու, փոխադարձ ճանաչողութեան եւ վստահութեան ձեռքբերման համար:
Ոգեւորիչ եւ պատուաբեր է, որ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովանիի ներքոյ գործող Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը ունի ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժին. կառոյց, որ մեծապէս կը նպաստէ ո՛չ միայն Լիբանանի համապատասխան աշակերտներու կրթական ունակութիւններու զարգացման, այլեւ առիթ կը ստեղծէ աջակցելու Արցախի ուսուցիչներուն, որպէսզի անոնք ձեռք բերեն նոր հմտութիւններ եւ հաղորդակից ըլլան իրարու փորձառութեան:
Վստահ եմ, որ այս համագործակցութիւնը արդիւնաշատ պտուղներ պիտի ունենայ: Ուսուցիչները, որոնք իրենց շնորհակալ եւ ազգանուէր գործունէութեամբ մատաղ սերունդները կը դաստիարակեն հայեցի ապրելու ոգիով, հնարաւորութիւն կ’ունենան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կրթական կամուրջներ ստեղծելու։
Արդարեւ, միայն գովեստի ու մեծարանքի է արժանի այս քայլը, զոր Ձեր ցուցումով եւ մեր համատեղ հովանաւորութեամբ կատարեց Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը։ Նախաձեռնութիւն, որ մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ Սփիւռքը միշտ աջակից է Արցախին:
Լիայոյս ենք, որ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի կատարած գործը ուսանելի քայլ մը կ’ըլլայ Սփիւռքի մեր միւս կրթօճախներու համար:
Ձեզի կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ, ուժ եւ կորով Ձեր հայապահպան գործունէութիւնը նոյն ժրաջանութեամբ շարունակելու համար։
ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

