Ձաղկել, Բաղձալ Եւ Անձեռնմխելի

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
«Ձաղկել»։
Ձեր կեանքին մէջ քանի՞ անգամ գործածեր էք այս բառը։ Կամ կը յիշէ՞ք երբեւիցէ հանդիպած ըլլալ ատոր՝ գիրքի մը, թերթի մը էջերուն վրայ։
«Ձաղկ»ը գաւազանն է, նաեւ՝ ծեծն ու պախարակութիւնը, իսկ «ձաղկել», իր նախնական իմաստով, կը նշանակէ ծեծել, գանահարել, մտրակել։
Սակայն բառը քիչ մը երանգ փոխելով՝ սկսեր է գործածուիլ մասնայատուկ «ծեծ»ի մը իմաստով։ Ձաղկել՝ բուրդը կամ բամպակը բարակ ճիպոտով ծեծել, որպէսզի փափկի։
Այդ բարակ, ուղիղ եւ դիւրաթեք ճիպոտն ալ կը կոչենք «ձաղկիչ»։
Անշուշտ, անցեալի մէջ մնացած հի՜ն օրերու յատուկ երեւոյթ էր՝ երբ հարս ու կեսուր քով-քովի ծունկի գալով բուրդ կը ձաղկէին…։
Բայց ներկայիս, բառը կը գործածուի իր փոխաբերական իմաստով, որ է՝ խիստ քննադատել, խարազանել։ Յաճախ կը կարդանք.- «Յակոբ Պարոնեան շարունակ ձաղկած է մեր ընկերային յոռի բարքերը»։ Կամ՝ «Գրաւոր ու բանաւոր բոլոր լրատուամիջոցներն ալ բուռն կերպով ձաղկեցին նախարարին յայտարարութիւնը»։Կամ՝ «Լեռ Կամսարի երգիծական գրականութիւնը ամբողջովին ձաղկումն է խորհրդային վարչակարգի թերութիւններուն»։
Իսկ «անձեռնմխելի՞»ն։
Երբեւիցէ գործածե՞ր էք այս երկա՜ր՝ վեց վանկէ շինուած դժուարահունչ բառը։
Մեր ապրած ընկերութեան մէջ շատ քիչ անձեր կը վայելեն ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ ըլլալու առաւելութիւնը։ Անոնք այն բախտաւոր առանձնաշնորհեալներն են, որոնք բացառիկ իրաւունքներ կը վայելեն։ Մեզի նման մահկանացուներու արտօնուած չէ զանոնք դոյզն չափով իսկ քննադատել, անոնց հասցէին ժխտական բան խօսիլ, անոնց մօտենալ կամ հպիլ։ «Կարմիր գիծ»եր կան մեր եւ «անձեռնմխելիներ»ուն միջեւ…։
Հիմա, եկէ՛ք այս բաւական գործածական բառը քննենք լեզուականօրէն։
«Անձեռնմխելի» բառը կազմուած է երկու արմատէ՝ «ձեռք» եւ «մուխ»։ Այստեղ բացատրութեան կը կարօտի միայն «մուխ»ը։
«Մուխ» բառը, առաջին հերթին, բոլորիս ծանօթ «ծուխ»ն է, այրող նիւթէ մը վեր բարձրացող գոլորշին։
Սակայն անիկա ունի բոլորովին տարբեր երկրորդ իմաստ մըն ալ։
Նախ յիշեցէք «մեխ» բառը, որ կը նշանակէ գամ։
«Մեխ»ին ալ կը հետեւի «մխել» արմատ բայը, որ կը նշանակէ բանի մը մէջ խրել, թաթխել, խոթել։ Կþըսենք՝ «Երկաթագործը շիկացած երկաթը ջուրի մէջ ՄԽԵՑ՝ որպէսզի զայն կարծրացնէ, ջրդեղէ»։ Կամ՝ «Գամը պատին մէջ մխել», «Սուրը մխել մէկու մը կուրծքին»։
Ահա՛ այս երկրորդ «մուխ»ով կազմուած է «ձեռնամուխ» բառը։
Երբ կþըսենք «Ձեռնամուխ եղաւ նոր գործի մը», կը նշանակէ ձենարկե՛ց նոր գործի մը, ձեռքը խրեց կամ ձեռքը «թաթխեց» նոր գործի մը…։
Ահաւասիկ հոսկէ ալ կու գայ «անձեռնմխելի» բառը, որ կը նշանակէ անձ մը՝ որուն ձեռք չի՛ դպնար, որուն ո՛չ ոք կրնայ հպիլ։ Դիւանագէտները (դեսպաններ, հիւպատոսներ, երեսփոխաններ եւ այլն) անձեռնմխելի անձնաւորութիւններ են, պաշտպանուած են միջազգային օրէնքներով, հետեւաբար կարելի չէ զանոնք կամայականօրէն հարցապնդել, խուզարկել, բանտարկել (թէեւ Օսմանեան խորհրդարանի մեր տարաբախտ մեպուսները՝ Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս, թէ՛ ձերբակալուեցան, թէ՛ աքսորուեցան, թէ՛ ալ սպաննուեցան՝ հակառակ իրենց երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան…)։
Յիշեցնեմ, որ «մուխ» բառէն կու գայ նաեւ «միջամուխ»ը։
«Միջամուխ ըլլալ ուրիշին գործերուն»՝ քիթը խոթել ուրիշին գործերուն մէջ…։
Միեւնոյն արմատէն կու գան ուրիշ բառեր ալ։ Օրինակ՝ «մխրճել» կամ «մխրճուիլ» բայերը, որոնք դարձեալ ունին մխելու, խրելու իմաստ։
«Տիղմի մէջ մխրճեր է ինքզինք», կþըսենք, ակնարկելով անոր՝ որ սայթաքեր ու ինկեր է յանցանքներու եւ ապօրինութեանց աւազանին մէջ…։
Կայ «մխոց» գոյականն ալ (piston), որ արհեստագիտական իր մըն է ու գլանաձեւ այլաբնոյթ սարքերու «ծոց»ին մէջ ունի մշտապէս շարժուն (ետ-առաջ) դիրք ու պաշտօն։
Հեւ ի հեւ վազեցինք ու հասանք «բաղձալ» բառին։
«Բաղձալ» կը նշանակէ փափաքիլ, ցանկալ, տենչալ, ըղձալ։ Գեղեցիկ բառ մըն է, որուն արմատը «բաղձ»ն է։ Այս «բաղձ» բառին մէջ ալ, ինչպէս յստակօրէն նկատելի է, կայ «իղձ» արմատը (բա + իղձ = բաղձ)։
«Բաղձալի»՝ փափաքելի, ցանկալի, իսկ «անբաղձալի»՝ անփափաքելի, վանողական…։
Այս առիթով պիտի յիշեցնեմ, որ Հալէպի մէջ, շուրջ 70 տարի առաջ (40-ականներուն), գոյութիւն ունեցած է կազմակերպութիւն մը՝ ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ անունով…։
Ի՜նչ հմայիչ եւ արտասովոր անուն։
Այս միութիւնը ունեցեր է իր սեփական ակումբն ու պաշտօնաթերթը՝ «Դէպի Երկիր» անունով (1945-1949)։
Բայց այդ մասին՝ ուրիշ առիթով։
Հալէպ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

