Արցախցի Մանկավարժները Տպաւորուած Են Պէյրութ Կատարած Այցելութիւնով

*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*
«Հայերն այսօր»-ն իր ընթերցողներուն արդէն տեղեկացուցած էր, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման միացած է նաեւ Պէյրութի «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանը` գործնական մասնակցութիւն բերելով ծրագիրին: Վարժարանը որոշած էր Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցն ընդունիլ իբրեւ քոյր վարժարան եւ Պէյրութ հրաւիրել այդ վարժարանի յարկին տակ գործող, յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու հետ զբաղող 3 մասնագէտներու` դիտարկութեան շաբաթ անցնելու Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքին մէջ, փորձառութիւններ փոխանակելու եւ վերարժեւորման յատուկ դասընթացներուն հետեւելու:
Ապրիլ 4-ին վերոնշեալ դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեան, ուսուցչուհիներ Լուսինէ Սաիյեանն ու Ռուզաննա Աւետիսեանը Պէյրութ մեկնեցան` «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանին մէջ մասնակցելու ներառական կրթութեան դասընթացքին: Մինչեւ մեկնիլը ուսուցչակազմին ընդունած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` բարի ճանապարհ մաղթելով եւ յորդորելով ամուր կապուիլ Սփիւռքի գործընկերներուն հետ, անոնց փոխանցած գիտելիքները, փորձը ներդնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Հայաստան վերադառնալէ ետք նոյնպէս ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդունած է տնօրէնը եւ ուսուցչուհիները, որմէ ետք անոնք «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կիսուած են աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններով:
«Վառ տպաւորութիւններով վերադարձած ենք, Լիբանանի մէջ հայրենասիրութեան մեծ դարբնոց մը տեսանք: Հիացած ենք համայնքի համախմբուածութիւնով, մեր հայրենակիցներուն` ազգօգուտ հզօր աշխատանքներ կատարելուն, որ կրնան օտար ափերու վրայ շուրջբոլորը հայկական միջավայր ստեղծել: Համերաշխ մթնոլորտի մէջ բոլորը մէկ գաղափարի կը ծառայեն` պահպանել հայու ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը»,-ըսաւ Մելսիդա Քարդումեան` աւելցնելով, որ աշխատանքային յագեցած օրեր ունեցած են, հանդիպած են համայնքային ներկայացուցիչներու, այցելած աւանդական երեք կուսակցութիւններու գրասենեակները, հայկական թերթերու խմբագրութիւններ, հարցազրոյցներ տուած « Վանայ Ձայն», «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռներուն:
Ուսուցչուհիները ներառական կրթութեան վերաբերեալ դասընթացքը արդիւնաւէտ ու օգտակար կը համարեն. անընդհատ բազմակողմանի քննարկումներու, գործնական համաժողովներու մասնակցած են, այս առնչութեամբ նաեւ գիտաժողով կազմակերպուած է: Անոնք այն կարծիքին են, որ ձեռքբերուած գիտելիքները, մասնագիտական հմտութիւններն ու իրենց տրամադրած կարեւոր նիւթերը յետագային ներառական կրթութեան աշխատանքները լիարժէքօրէն կատարելու համար ամուր հիմք կը հանդիսանան:
«Հայերն Այսօր»
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

