• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Եուզսուզութիւնն (Աներեսութիւն) Ալ Չափ Սահման Ունի

16.03.2017   18:32

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Սթամպուլի Պեշիկթաշի շրջանի ղեկավարի տեղակալ Հուսէյն Աւնի Սիփահին քաղաքային խորհուրդի վերջին նիստին յայտարարած է, որ խորհուրդի նախագահի պահանջքով իր ամառանոցին մէջ գտնուող հոլանտական ցեղատեսակի կովերէն մէկը պիտի մորթէ` ի նշան Հոլանտայի մէջ թուրք նախարարներու ելոյթները արգիլելու դէմ բողոքի…:

Թրքական բարքերու եւ քաղաքակրթութեան ու զարգացումի մակարդակի ուրիշ լաւագոյն օրինակով մը դարձեալ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ հաւաքի մը ընթացքին Ֆրանսայի դրօշակը Հոլանտայի դրօշակին հետ շփոթելով թուրք ամփոխը զայն հրապարակաւ այրած էր…:

Յիշեցնենք, որ թրքական այս արարքները հակազդեցութիւն են այն բանին, որ Մարտ 11-ին Հոլանտայի վարչապետը թոյլ չէր տուած, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի օդանաւը վայրէջք կատարէ Ռոթըրտամ, ուր ան մտադրած էր Թուրքիոյ մէջ կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի թեմայով հանրահաւաք ունենալ տեղի թուրքերուն հետ: Տուեալ դէպքէն օր մը առաջ ալ  նոյն նպատակով, սակայն ցամաքային ճանապարհով, Հոլանտա մեկնած Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Կայանի ինքնաշարժը կանգնեցուցած են Հոլանտական ապահովական ուժերը, թոյլ չտալով առաջ երթալ ու դեսպանատուն հասնիլ: Այնուհետեւ Հոլանտայի իշխանութիւնները զայն «անցանկալի անձ» յայտարարած ու արտաքսած էին երկրէն:

Թուրքիոյ մէջ ահմանադրական փոփոխութիւններով երկրին նախագահին՝  այսինքն ինքզինքին  լայն իրաւասութիւններ ապահովելով թուրքիան սուլթանական վարչակարգի վերածել ձգտող Ռաճափ Թայէպ Էրտողան, որպէս հակազդեցութիւն Հոլանտայի առած քայլերուն հոլանտական պետութիւնը ամբաստանեց, որպէս նացիսմի ժառանգորդ, հակաժողովրդավարական եւ ցեղապաշտ պետութիւն…:

Խօսողին նայէ, սիրելի՛ ընթերցող: Խօսողը նոյնիքն Էրտողանն է, որուն գլխաւորած երկիրը միայն 15 Յուլիս 2016-էն ի վեր ունի 128,625 պետական հրամանագրով  քաղաքական պատճառներով պաշտօնէ արձակուած  պետական պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ, բանակայիններ եւ դասախօսներ: Այս թիւին դիմաց Հոլանտա ունի զերօ պաշտօնազրկուած անձ:  Նոյն թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կան քաղաքական 94,224 կալանաւոր: Հոլանտայի մէջ՝զերօ: Թուրքիոյ պետութիւնը փակած է 2,099 դպրոց եւ համալսարան: Հոլանտայի մէջ անշուշտ նման զերօ պարագայ կայ: Թուրքիոյ մէջ 7,316 ակադեմական անձինք իրենց գործը կորսնցուցած են քաղաքական պատկանելիութեան պատճառով: Հոլանտայի մէջ զերօ: Թուրքիոյ մէջ 4,070 դատաւոր պաշտօնազուրկ եղած է: Հոլանտայի մէջ զերօ: Թուրքիոյ մէջ գործող 149 մամլոյ օրկաններ փակման ենթարկուած են, մինչ Հոլանտայի մէջ՝ զերօ: Վերոյիշեալ թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 162 լրագրող, անշուշտ, այս թիւին դիմաց Հոլանտայի մէջ պատահած է զերօ պարագայ:

Հակառակ այս պատկերին եւ աւելին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին ժխտող Էրտողան անամօթ աներեսութեամբ մը ինքզինքին կ’արտօնէ Հոլանտան կոչել ֆաշիստական կամ նացցիական երկիր: Հետաքրքրական է չէ՞:

Ի տես այս իրավիճակին մեզի կը մնայ ըսել, որ եուզսուզութիւնն (աներեսութիւն) ալ չափ սահման ունի, Էրտողան էֆէնտի:

 

 

 

 

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner