Հարցազրոյց՝ Հայաստանի Վաստակաւոր Արուեստագէտ, «Տաղարան» Երաժշտական Խումբի Գեղարուեստական Ղեկավար Սեդրակ Երկանեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Հ.1- Կրնա՞ք դուք ձեզ ծանօթացնել, ինչպիսի՞ առաքելութեամբ կը գտնուիք Պէյրութ եւ որո՞նք են ձեր գործունէութեան ոլորտները հայրենի երաժշտութեան ու արուեստի աշխարհին մէջ։
Պ.1- Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, այս հարցազրոյցին համար։ Ես՝ Սեդրակ Երկանեան, «Տաղարան» երաժշտական խումբի գեղարուեստական ղեկավարն եմ։ Պէյրութ կը գտնուիմ Համազգային Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս» մասնաճիւղի հրաւէրով՝ «Վասպուրական» դահլիճին մէջ համերգ տալու, ուր պիտի հնչեն Ֆ. Լիսցի, Ֆ. Շօփէնի, Կոմիտասի, Էդ. Աբրահամեանի, եւ առաջին անգամ պէյրութահայութիւնը պիտի պիտի ունկնդրէ Ս. Շաքարեանի երկրորդ «Սոնատ»-ը եւ այլ գործեր։ Այս իմ հերթական մենահամերգներէն է, որ կ’ունենամ յաճախ, տարբեր տեղեր, մանաւանդ Երեւանի մէջ։ Այս պատճառով է, որ կը գտնուիմ Պէյրութ։
«Տաղարան» հնագոյն երաժշտական խումբը այսօր 36 տարեկան է։ Հիմնուած է 1981-ին՝ «Շարական» անունով, ապա այն փոխուած է «Տաղարան»-ով, նպատակ ունենալով կեանքի կոչել եւ բեմահարթակ հանել հայ հնագոյն հոգեւոր եւ աշխարհիկ գանձերը։ Աշխարհիկ ըսելով հսկայական երգերու եւ նուագներու շրջանակ է, որ կը դժուարանամ ըսել, թէ անոնք ե՞րբ ստեղծուած են. Նախաքրիստոնէական, թէ՞ քրիստոնէական շրջանին ծայր առած են։ 1994 թուականի վերջերէն է, որ ստանձնեցի «Տաղարան»-ի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը։ Հիմա 14 երաժիշտ են ու 3 երգիչ, ես ալ խմբավար։ Նախապէս ունեցած է աւելի փոքր կազմ, իսկ տարիներու ընթացքին, երբ ղեկավար եղած է եղբայրս՝ Երուանդ Երկանեան, ընդլայնուած է կազմը, սակայն, 1994-էն յետոյ փորձեցի այնպիսի գործիքներ ներգրաւել, որ ներկայացնէ մեր նուագարանային կազմը։ Նախ կազմին մէջ ընդունեցի տուտուկը, բլուլը (որ շատ անգամ ծիրանաքաղ կ’ըսեն), նաեւ սանթուրը, տաւիղը եւ աւելի ուշ կարելի եղաւ ներգրաւել քանոնը։ Անոնք նաեւ առանձին-առանձին ի յայտ կու գային եւ իրենց առնչութիւնը ժողովրդական մեղեդիի գանձարանին հետ կը դրսեւորէին։
Տաղարանի մէջ կ’աշխատին շատ շնորհալի երաժիշտներ, նուագողներ. մասնաւորապէս՝ երիտասարդներ։ Շատեր, եւրոպական գործիքներ նուագողները դուրս կ’երթան դժբախտաբար։ Ամէն ինչ նոր եկողին հետ սկիզբէն կը սկսինք։ Կ’ուզեմ անուններ տալ.- Արտակ Ասատրեան՝ տուտուկահար, որուն մասին կրնամ ըսել, թէ մեր տուտուկի ողջ պատմութեան մէջ ամէնէն կիրթ նուագողն է, անոր համար զինք ընդգրկեցի «Տաղարան»-ի կազմին մէջ։ Բլուլ նուագող Յասմիկը (Կոմիտասի սիրած ծիրանին, որ միշտ ծոցի գրպանին մէջ կը պահէր…), նաեւ մեր քանոնահարուհին՝ Մարիանա Գէորգեանը, որ մեր վերջին տարիներու լաւագոյն ձեռքբերումներէն է. Հմայիչ անձնաւորութիւն է, որ իր նուագով եւ բեմական առինքնող կերպարով հմայեց հանդիսատեսը։
Հ.2- Այսօրուան դժուարին պայմաններուն՝ «Տաղարան»-ի մակարդակով երաժշտական խումբ պահելը կը կարօտի հսկայական ծախսերու։ Որո՞նք են այն կողմերը, որոնք օգտակար կը հանդիսանան շարունակելու այս շնորհակալ առաքելութիւնը։
Պ.2- Նախ եւ առաջ մեր խումբը կը վայելէ պետական հովանաւորութիւն եւ անոր տնտեսական հարցերը, իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը հոգայ պետութիւնը։ Եթէ ժամանակին՝ Խորհրդային Միութեան օրերուն, խումբը աւելիով կ’արժանանար պետական ուշադրութեան եւ պետութիւնը մեծ մասամբ կը հոգար արտասահման ուղեւորութիւններու եւ հոգեւոր փառատօններու մասնակցութեան ծախսերը, դժբախտաբար այսօր՝ այդ հոգածութիւնը, գոնէ «Տաղարան»-ի հանդէպ չի դրսեւորուիր, թէեւ կ’ակնկալենք, որ խղճի ազատութեան այս պայմաններուն մէջ, եկեղեցին պէտք է ուշադրութիւն դարձնէր։ Գործունէութեան առաջին տարիներուն՝ փաստօրէն գովազդած են, համերգային կեանքի կոչած են հայ հոգեւոր երաժշտութեան գանձերը, շարականներ, տաղեր, մեղեդիներ ըլլան։ Ափսոս այդպիսի զարգացումներ կան այդ առումով։
Հ.3- Այս ձեր կարեւոր այցելութեան առիթով ի՞նչ է ձեր խօսքն ու կոչը Լիբանանի հայութեան, որոնց ընտրանին մտահոգուած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարներու պահպանմամբ։
Պ.3 Իմ համեստ խօսքը պիտի ըլլայ՝ ջանալ մնալ հայ, պահպանել մեր մշակոյթը, որովհետեւ ճանչցուած ենք իբրեւ մշակութասէր ժողովուրդ եւ դարեր շարունակ պահպանած ենք այդ պատճառով մեր գոյութիւնը մոլորակին վրայ։ Ունինք շատ մեծ ներուժ, նշանաւոր դէմքեր, իբրեւ մշակութասէր եւ մշակոյթը տարածող ժողովուրդ, որ նաեւ կը նպաստէ ուրիշ ժողովուրդներու մշակոյթի տարածման։ Կը ցանկայի, որ Լիբանանի մէջ, իբրեւ Միջին Արեւելքի ծաղկուն գաղութ, անպակաս ըլլան մշակութային ձեռնարկները, ուր ժամանակ առ ժամանակ մասնակցին նաեւ հայրենիքէն ժամանած արուեստագէտներ։ Առիթէն օգտուելով կը հրաւիրեմ նաեւ արուեստասէրները հայկական թէ օտար ստեղծագործութիւններու իմ դաշնամուրային ելոյթիս:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

