Ընտրական Օրէնքի Կիներու Քոթայի Իրականացումով Լիբանանահայութիւնը Պէտք է Ըլլայ Ռահվիրայ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի ակումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Տօնի հանդիսութիւնը, հիւրերը, արտասանուած խօսքերը եւ արժանաւոր կիներու պարգեւատրումը առիթ հանդիսացաւ ինծի համար լրջօրէն խորհրդածելու լիբանանահայ կնոջ դերին ու կարելիութիւններուն մասին ո՛չ միայն լիբանանեան եւ լիբանանահայ ընկերային եւ հասարակական կեանքէն ներս, այլ նաեւ քաղաքական բեմին վրայ:
Հեթանոսական ժամանակներէն ի վեր կինը հայերու մօտ կը նկատուէր ընտանիքի հիմքը: Այս մասին որպէս լաւագոյն վկայութիւն մեզի հասած են բանաստեղծական պատառիկներ, առասպէլներ ու պատմական վկայութիւններ: Հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսի վկայութեամբ` նախաքրիստոնէական շրջանին հայ կնոջ վերաբերած են իրբեւ «մայր աղբիւր», «կենսատու», «շունչ եւ կեանք»: Հեթանոսական դիցարանին մէջ կարեւոր դեր կը խաղային Անահիտ, Աստղիկ եւ Նանէ աստուածները: Անահիտը գլխաւոր աստվածներէն մէկն էր` Արամազդի դուստրը: Աւելի կանուխ շրջանին Անահիտը պատերազմի աստուածն էր` անուղղակի վկայելով, որ հայ կանայք մասնակցած են ռազմական գործողութիւններուն, թերեւս` ոչ երկրորդական դերով: Հասարակական յարաբերութիւններու զարգացման հետեւանքով աւելի ուշ Անահիտ աստուածուհիին վերապահուած է աւելի կանացի դեր: Ան պտղաբերութեան, արգասաւորութեան եւ ծննդաբերութեան աստուածն էր:
Քրիստոնէութեան մուտքէն ետք, կնոջ պաշտամունքը արտայայտուած է Աստուածամօր կերպարով: Շատերու կարծիքով` Աստուածամօր կերպարը հայկական իրականութեան մէջ նոյնինքն Անահիտի վերանուանուած ու վերափոխուած կերպարն է:
Հին դարերուն ունեցած ենք թագուհիներ՝ Էրատօ, Փառանձեմ, Զապէլ: Յայտնի է նաեւ, որ հայկական արքունիքներուն մէջ թագաւորներու կանայք նոյնպէս որոշակի դերակատարում ունեցած են (անուանուած են՝ «Հայոց տիկին»):
Ժամանակակից հասկացութեամբ հայ կանանց հասարակական ու քաղաքական դերի աշխուժացումը սկսած է 19-րդ դարուն, որուն էապէս նպաստած են հայաշատ քաղաքներուն մէջ օրիորդաց դպրոցներու հիմնումը, ուր հայ օրիորդներ կրթութիւն կը ստանային: Օրիորդաց դպրոցները ստեղծուած էին ե՛ւ Արեւմտեան, ե՛ւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ: Կանանց հասարակական գործունէութիւնը աշխոյժ էր Օսմանեան Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ եւս, գլխաւորաբար՝ Պոլսոյ մէջ: Պոլսոյ մէջ է, որ 19-րդ դարու վերջը քանի մը հայ կանայք տղամարդոց հետ հիմնադրեցին կազմակերպութիւններ եւ միացան քաղաքական կուսակցութիւններուն: Հոն հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող կանանց մէջ յատկապէս շատ յայտնի էին Սրբուհի Տիւսաբը եւ Զապէլ Ասատուրը:
Անշուշտ, յայտնի հայ կանայք կային նաեւ այլ տարածաշրջաններուն մէջ: Շատերը գործուն մասնակցութիւն ունեցած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սկիզբ առած ֆիտայական շարժման: Անոնցմէ ամէնէն շատ յայտնի են ֆիտայապետ Աղբիւր Սերոբի կինը` Սօսէն, Գէորգ Չաւուշի հաւատարիմ զինակից Եղսօն, կին ֆիտայի Հայօ-Հայաստանը, օրիորդ Սաթենիկ Մատինեանը, Մարօ Մակարեանը, Սաթօ Օհանճանեանը, Կիլիզարը, Սասունցի Շաքէն, օրիորդ Մարիամ Չիլինկիրեանը…
Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը (1918-1920 թ.թ.) աշխարհի այն առաջին պետութիւններէն էր, որ կանանց տուած է ընտրելու եւ հանրային կառոյցներու մէջ ընտրուելու իրաւունք: Առաջին Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին, պատգամաւորներու 8%-ը եղած են կանայք: 1920-ին Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Տիանա Աբգարը. աննախադէպ փաստ ո՛չ միայն Արեւելքի, այլ՝ Արեւմուտքի համար եւս:
Խորհրդային Հայաստանի շրջանին տեղի ունեցած է կանանց դերի որոշ աշխուժացում, յատկապէս` հասարակական ու տնտեսական կեանքին մէջ:
Կանանց իրաւահաւասարութիւնը շեշտելու համար ԽՍՀՄ-ի մէջ, 8 Մարտին, մեծ շուքով կը տօնուէր Կանանց Միջազգային Օրը: 8 Մարտ, 1965-էն սկսեալ այդ օրը ոչ աշխատանքային օր հռչակուեցաւ, որուն հետեւեցան նաեւ քանի մը այլ ընկերվարական երկիրներ:
Ներկայ Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ կանանց դերը տարուէ տարի կ’աւելնայ:
Հայաստանի նոր ընտրական օրէնսգիրքին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու, համամասնական ցուցակներու իւրաքանչիւր հինգեակին մէջ պէտք է առնուազն մէկ կին ըլլայ, որ կը նշանակէ, թէ յառաջիկայ Ապրիլ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարանի մէջ կանանց ներկայութիւնը աւելի զգալի պիտի ըլլայ: Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն օրէնսդիր ժողովին մէջ այլ նաեւ գործադիրին մէջ կարեւոր դեր ունին կանայք ինչպէս Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննէսեանն ու Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որ անզուգական ձեռնհասութեամբ իր պաշտօնը կը կատարէ այդ նախարարութեան հիմնադրութենէն ի վեր:
Օրերս Լիբանանի մէջ կը քննարկուին ընտրական նոր եւ արդիական օրէնքի նախագիծեր, որ իրականանալու պարագային իր մէջ նկատի առնուած պիտի ըլլայ ընտրուելու հանգամանքով կիներու մասնակցութեան 30 առ հարիւրի պարտադիր քոթա մը:
Հիմնուելով Հայ ժողովուրդի սեռային հաւասարութեան վերոյիշեալ պատմական աւանդութեան վրայ, որքա՜ն գեղեցիկ ու օրինակելի կրնայ ըլլալ՝ երբ Լիբանանահայ կուսակցութիւններու թէ անհատական մակարդակով առաջադրուելիք թեկնածուներուն մէջ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կիներու յատկացուած քոթային մէջ ունենանք Հայ իգական սեռի ներկայացուցիչներ:
Ահաւասիկ Լիբանանահայ քաղաքական կարեւոր օրակարգ մը, որուն մասին պէտք է լրջօրէն մտածել եւ ամենակարեւորը՝ անմիջապէս գործադրութեան դնել զայն, որպէսզի ազատութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին մեր արտասանած խօսքերն ու լօզունգները դառնան իրականութիւն:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

