• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հարցազրոյց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

10.03.2017   08:36

Յաջորդական երկու շաբաթավերջ, 17,18,19  եւ 24,25,26  Մարտ 2017-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, Յակոբ Տէր  Մելքոնեան  թատերասրահին մէջ  լիբանանահայ  հանդիսատեսին  պիտի ներկայանացնէ  «վտանգաւոր» կատակերգութիւն մը:

Կատակերգութիւնը  կը միտի  հանդիսատեսը  քանի մը  ժամուան համար  ձերբազատել իր  առտնին մտահոգութիւններէն: Ժպիտ դրոշմել անոր դէմքին:

Այս առիթով, ճեպազրոյց  մը ունեցանք  թատերախումբի  բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի հետ:

Հարց.- Կրնա՞ք ամփոփ  տողերու մէջ նկարագրել  ձեր հերթական բեմադրութեան  նիւթը:

Պատ.-  Արագ զարգացումներով, արկածախնդրութիւններով լեցուն, ծիծաղելի դրուագներով հարուստ   ներկայացում մըն է  «Սառնարան Դրամ Փախլաւա» ներկայացումը:  Սովորական պատահար  մը, անկանխատեսելի  զարգացումներով խճճուած  կատակերգութեան մը  կը  վերածուի  յանկարծ:

Թատրերգութեան  նիւթը կը զարգանայ՝ «Սառնարան դրամ փախլաւա»   առանցքին  վրայ:   Խնճոյք մը տեղի կ’ունենայ երիտասարդի մը բնակարանին մէջ: Յաջորդ օրը, երբ երիտասարդը  կ’արթննայ, չի  յիշեր  նախորդ  գիշերուան պատահածները…: Այս անորոշութեան  մէջ  յանկարծ կը  յայտնուի  երիտասարդուհի մը: Նոր կերպարներ կը յաջորդեն երիտասարդուհիին եւ կը  յառաջանայ  խառնաշփոթութիւններու շարան մը…:

Կատակերգութեան հեղինակն է ամերիկացի  գրող Ռոպերթ  Սքոթը: Սակայն պէտք է  խոստովանիմ, թէ բաւական մեծ  փոփոխութիւններու  եւ  մշակումներու  ենթարկած եմ  բնագիրը, զայն պատշաճեցնելով մեր  բեմին եւ դերակատարներու պայմաններուն: Այս բոլորին մէջ  բնականաբար անհրաժեշտ է հաշուի առնել հանդիսատեսին հասնող պատգամները: Պատգամները, որքան վիճելի, նոյնքան ալ  մեր առօրեայի  հայելին կը  հանդիսանան: Հերոսներէն մին կ’եզրակացնէ՝ «Որքան ալ որ դաստիարակես  զաւակներդ, կեանքը այլ բան կը պարտադրէ»: Մէկ ուրիշը կ’ըսէ.« Հարցը երբ դրամին գայ, մարդուն ուղեղը կը  մթագնի եւ չի ճանչնար, կը կուրանայ»:

Paghlava   -1

Հարց-  Փոփոխութիւններ  կատարա՞ ծ  էք  դերասանական կազմին  մէջ:

Պատ.-  Այո, ներկայացումին մէջ «հին»երու կողքին, դերասանական  կազմը օժտուած է նոր անդամներով: Այս առիթով կը փափաքիմ  յիշատակել դերասանական կազմին անդամները՝  Յարութ Սամոյեանը, Յարութ Թորոսեանը, Յարութ Մանուկեանը, համեստս,Արփի  Բարդիեան-Աւետիքեանը,Եղիկ Աւետիքեանը,Էմմա Քէշիշեանը, Հուրի Պապահիքեանը,Դալար եւ Լիլա Փամպուքեանները: Յատուկ  շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի թատերախումբի վարչութեան՝ հետեւողական աշխատանքին եւ  օժանդակութեան համար:

Հարց-  Վերջին  ամիսներուն մեծ կորուստներ կրեց  լիբանանեան  թատրոնը: Խօսքս կը վերաբերի  Պերճ Ֆազլեանին  եւ  Վարուժան  Խտշեանին:

Պատ.- Իսկապէս մեծ  է կորուստը: Պերճ  Ֆազլեանի  ներկայացումներուն հետեւած եմ    բաւական  կանուխ հասակէս: Պերճ Ֆազլեանը  վերջին անգամ  տեսած  եմ «Ագահ»ի կերպարին մէջ:  Ուղղակի հոյակապ էր:  Տեսած եմ նաեւ Ժիրայր Աւետիսեանի  արտադրութեամբ  անոր  «Ժըպրան«ը: Մեծ տպաւորութիւն  ձգած է վրաս: Բայց պէտք  է խոստովանիմ, որ   բաւական  փոքր էի Պերճ Ֆազլեանի եւ Վարուժան  Խտըշեանի բեղուն տարիներուն: Առիթ չեմ ունեցած անոնց հետ աշխատելու: Անկեղծ  ըլլալու համար, իմ ծանօթութիւնս բաւական  համեստ  եղած է  լիբանանահայ  թատրոնի այս երկու տիտաններուն հետէ:  Կորուստը   մեծ է անկասկած:

Paghlava-4

Հարց.-  Ժամանակին  աւանդութիւն մը  գոյութիւն ունէր լիբանանահայ թատրոնին մէջ. բեմադրութենէն առաջ եւ ետք  քննարումներ տեղի կ’ունենային  թատերասրահին մէջ…

Պատ.- Այո  ճիշդ  էք:  Դժբախտաբար, ժամանակի  ընթացքին  մոռցուեցաւ այս աւանդութիւնը: Զարմանալիօրէն  մոռցուեցաւ:  Այսօր դժբախտաբար,  ոչ կառուցողական ոճ մը եկած է  փոխարիներլու  առողջ  քննադատութիւնը: Ի շահ  թատրոնին քննադատելու  կամ առաջարկ ներկայացնելու փոխարէն, կը վերաբերին այլ  եղանակով՝ նայած թէ ո՞վ է ներկայացնողը…:   Բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի շատ դիպուկ արտայայտութիւն մը  ունեցաւ, առիթով մը՝ երբ  հողագործ մը նոր հող կը ստանայ եւ կը սկսի հերկել, որպէսզի բերք ստանայ հողէն, այդ հողը  հողագործին  վրայ չեն դարձներ…: Այս  մօտեցումը  դժբախտաբար  կը տիրէ առ այսօր  լիբանանահայ թատրոնին մէջ:

Հարց. -Յատկապէս ո՞վ կը  փափաքէիք, որ տեսնէ Ձեր նոր բեմադրութիւնը:

Պատ.- Ներկայացումը  բոլորին համար է: Հաճելի ժամանց կը մաղթեմ բոլոր հանդիսատեսներուն:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner