• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կին-տղամարդ Մրցակցութիւնը Արցախի Մէջ՝ ՓԱՍՏԵՐՈՎ ԵՒ ԹԻՒԵՐՈՎ

10.03.2017   08:35

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Մարտ 8-ը՝ կանանց միջազգային օրը, նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ կանանց ներգրաւուածութեան մասին խօսելու առիթ է: Ի վերջոյ՝ տօնական տրամադրութիւնը անշուշտ կարեւոր է, բայց Մարտ 8-ի տօնի արմատներուն մէջ ուղղակի եղած է կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան մարտահրաւէրը: Տօնի հանրահռչակումէն մօտ մէկ դար անց՝ իրավիճակը այլ է. Յամենայնդէպս՝ հայկական միջավայրի մէջ: Տարիներու հետ կ’աւելնան ոլորտները, ուր կանայք նախ կը ներկայանան, ապա կը սկսին գերակշռել: Կին-ուսուցիչ, կին-բժիշկ, կին-վաճառող… Աւանդական ոլորտներու մէջ՝ տարիները միայն ամրապնդած են կանանց գերիշխանութիւնը: Սակայն նորութիւններ ալ կան: Կին-տղամարդ մրցակցութեան վիճակագրական ցուցանիշները Արցախի վիճակագիրները ամփոփած են 2015 թուականի դրութեամբ: Կանայք կը գրոհեն բոլոր ուղղութիւններով ու անխնայ:

Վիճակագիրները կ’ամբողջացնեն 2015-ի տուեալները: Արցախի բնակչութեան մէջ կանայք քիչ մը կը գերակշռեն տղամարդոց: Ներգրաւուածներուն թիւը 2015-ին կազմած է 54 հազար: Ներգրաւուած ըլլալու հարցով կին-տղամարդ յարաբերակցութիւնը հաւասարակշռուած է: «Ներգրաւուածներու 54,4 տոկոսը կը կազմեն տղամարդիկ, 46,5 տոկոսը՝ կանայք»,- ըսուածը թիւերու կը վերածէ ԼՂՀ վիճակագրութեան պետական խորհուրդի անդամ Իրինա Աւանեսեան:

Պետական բաժանմունքին մէջ ներկայացուածութեան մասին:

Նախագահի եւ կառավարութեան աշխատակազմերուն մէջ կանայք կը գերակշռեն: 2010-ի համեմատ մէկով կրճատուած է կին-նախարարներուն, նոյնքան ալ` կին-փոխնախարարներուն թիւը: Այնուամենայնիւ, որոշ նախարարութիւններու մէջ կանանց թուական գերակշռութիւնը անվիճելի է ու արդէն` օրինաչափ: «Ըստ նախարարութիւններու՝ պատկերը հետեւեալն է,- կը մանրամասնէ Իրինա Աւանեսեան.- աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան մէջ կանայք կը կազմեն մօտ 73 տոկոսը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ՝ 72,1 տոկոսը, առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմին մէջ՝ 71,7 տոկոսը, արտաքին գործոց ախարարութեան մէջ՝ 67,3 տոկոսը, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան մէջ՝ 64,8 եւ ելեւմտական նախարարութեան աշխատակազմին մէջ՝ 56,7 տոկոսը»:

Կանայք բաւական ներկայացուցչական կազմ ունին նաեւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտին մէջ: Ե՛ւ քաղաքային ե՛ւ գիւղական համայնքներու ղեկավարներու աշխատակազմերուն մէջ կէսէն աւելին գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներ են, սակայն հիմնական մասով` ոչ ղեկավար պաշտօններու վրայ, կ՝ընդգծէ Իրինա Աւանեսեան. «Պէտք է նշել, որ կին-քաղաքապետ չունինք, իսկ կին-գիւղապետերը կը կազմեն ընդհանուրի 4,7 տոկոսը»:

Իրինա Աւանեսեան թիւերը կ՝ամբողջացնէ ըստ ոլորտներու: Ե՛ւ պետական, ե՛ւ մասնաւոր հատուածներու մէջ կանայք աւանդական ուղղութիւններու մէջ ամրապնդած են իրենց դիրքերը, նաեւ սկսած են գրոհել նոր ոլորտներ: «Ըստ տնտեսական գործունէութեան տեսակներուն՝ առողջապահութեան ոլորտին մէջ ներգրաւուածներու կառուցուածքին մէջ կանայք կը կազմեն 90 տոկոսը, մշակոյթի մէջ՝ 80 տոկոսը, կրթութեան ոլորտին մէջ՝ 72 տոկոսը, առեւտուրի մէջ 56, կացութեան եւ սնունդի կազմակերպման ոլորտին մէջ՝ 53 տոկոսը».- կը թուարկէ ԼՂՀ վիճակագրութեան պետական խորհուրդի անդամ Իրինա Աւանեսեան:

Սակայն, կանայք մասնաւորաբար ներկայացուած են ոչ ղեկավար պաշտօններու վրայ: Գործատուներու 73 տոկոսը տղամարդիկ են, 27 տոկոսը՝ կանայք: Թէպէտ կան ուղղութիւններ, ուր, գոնէ պաշտօնապէս, կանայք հասած են ոչ թէ բացայայտ, այլ բացարձակ յաղթանակի. «Առողջապահութեան եւ սպասարկման ու հանրային սնունդի կազմակերպման ոլորտներուն մէջ բոլոր գործատուները կը հանդիսանան կանայք»,- կը թուարկէ Իրինա Աւանեսեան:

Այսքանով հանդերձ` միջին աշխատավարձի հարցով կանայք դեռ նկատելի կը զիջին տղամարդոց: Հակառակն է միայն կրթութեան ոլորտին մէջ, փոխադրումներու եւ պահեստային տնտեսութեան մէջ: Տնտեսական գործունէութեան միւս բոլոր ուղղութիւններուն մէջ կանանց միջին ամսական աշխատավարձի ցուցանիշը կը տատանուի տղամարդոց միջին ամսական անուանական աշխատավարձի 24-96 տոկոսի միջակայքին: Իբրեւ արդիւնք՝ կանանց միջին ամսական անուանական աշխատավարձը 2015-ին կազմած է տղամարդոց միջին ամսական անուանական աշխատավարձի 57,6 տոկոսը:

Կին-տղամարդ մրցակցութիւնը կը շարունակուի տարուան միւս օրերուն: Մարտ 8-էն սկսած է համերաշխութեան միամսեակը, ծաղիկ-ծաղկեփունջերու պահանջարկը` աճած:

Ստեփանակերտ

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner