• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վիճակներ

09.03.2017   08:32

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ընկերութեան հիմը փոխ-յարաբերութիւնն է: Հոն յայտնի կ’ըլլայ գործող անձերու դիրքորոշումը, մտայնութիւնը եւ այլն, սա կամ նա հասկնալի, երբեմն անհասկնալի կերպերը, քանի որ զգացականը իր դերը կը կատարէ զայն հասկնալը՝ դժուար: Կ’ախորժիս կամ կը խրտչիս անձէ մը. այս ամէնը բնական երեւոյթներ են մարդկային ընկերութեան մէջ: Այդ պատճառաւ իսկ իբրեւ հաստատ փոխ-յարաբերութեան հիմ, պաշտօնական խաւը ունի իր յստակ եւ կշռուած օրէնքներ. մէկ բառով՝ ուր զգացականը կը բանտարկուի ու կը յառաջանայ բրոթոքոլային յարաբերութիւն:

Սակայն ժողովրդային խաւի մօտ, փոխ-յարաբերութիւնը իր բնական հունով կ’ընթանայ, ուր ընդհանրապէս կը շեշտուի զգացականը:
Այս մասին լսած եմ մուկ-կատուի պատմութիւն մը, ուր մարդ մը իր դաստիարակած կատուն կը գովէ իր ընկերոջ, որ իրեն կ’այցելէ հետը մկնիկ մը առնելով… ի հարկէ կատուի բնազդը կը գերազանցէ դաստիարակութիւնը, որ կը յարձակի մուկին վրայ… ի՜նչ դաստիարակութիւն:

Այլ պատմուածքի մէջ կայ ընտանիքի հայրը, որ իբրեւ ժառանգ իր երկու զաւակներուն միջեւ կը բաժնէ ոչ թուաբանական ճշգրտութեամբ, նկատելով որ մին ընտանիք ունի, իսկ միւսը՝ ոչ: Սակայն… եղբայրները իրենց եղբայրական սիրով՝ գիշերանց կը հաւասարակշռեն ժառանգը իրե՛նց մտածած կերպով, բայց ի զարմանս իրենց, կը տեսնեն թէ այնքան ունին, որքան իրենց հայրը բաժնած էր. մինչեւ յաջորդ գիշեր երբ իրարու կը հանդիպին մէկական պարկ շալկած: Բացայայտուեցաւ խնդիրը. ու եղբայրները կ՛ողջագուրուին (եթէ հայ էին, անպայման արտասուաթոր աչքերով…): Ի՜նչ իտէալական ու նախանձելի եղբայրութիւն, ուր սէրը յաղթահարած էր ու էր տիրական:

Պատմութենէն անցնելով իրականութեան, պիտի տեսնենք թէ որքա՜ն հեռու են իրարմէ ու չկայ միացման կամուրջ ի բաց առեալ հաւատքը հանդէպ եղբայրութեան, որուն զոհ գնաց Գրիգոր Զոհրապ եւ …ողջ Արեւմտահայութիւնը: Անդառնալի կորուստ:

Փորձ, փորձառութիւն եւ …փորձանք:

Մարդ արարածը քայլ առ քայլ սկսաւ ճանչնալ բնութիւնը: Հուսկ՝ կարելի եղածին չափ ենթարկել զայն ու օգտուիլ, նոյնիսկ իր նմանէն, սակայն որքանով կրցած է ինքնիշխան ըլլալ…եւ արդեօք կարելի պիտի ըլլայ այդ, երբ ինք մասսա է բնազդներով ուժեղ գիտակցութեամբ՝ թոյլ…

Ընկերութիւն որ ըսենք, փոխ-յարաբերութիւն կը հասկնանք. Հոն՝ ուր ամէն ոք ինքզինք կը բացայայտէ ու համերաշխութիւն կ’ըլլայ, երբ «նման զնման գտանէ»:

Եգիպտական գրականութենէ.- «կոկորդիլոսի հետ բարեկամութիւն անկարելի է»:

Եգիպտոս, Նեղոս, Կոկորդիլոս…

Բայց կեանքը կը շարունակուի իրեն յատուկ վիճակներով. ըստ պարագաներու, գուցէ եւ երազելով ա՛յն օրերու, ուր եղբայրական սէրերը պիտի ըլլան ընդհանրական ու համայնական…

Գուցէ… քանզի «Շատ է տեսեր մեր սիրտը աւեր ու կրակ»: (Վ. Տէրեան)

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner