Հին Վարձք – Նոր Վարձք Վարձուոր – Տանտէր
*ՏԻՐԱՆ Գ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ*
Անքակտելի թնճուկ մը եղաւ տուներու, խանութներու եւ անշարժ կալուածներու հին վարձք-նոր վարձքի հարցը, եւ անոր կողքին անկախութենէն ի վեր իրարու յաջորդող կառավարութիւններու անխոհեմ որոշումները եւ անտարբեր կեցուածքները:
Երիտասարդներ տուն կը վարձէին, ընտանիք կը կազմէին, խանութ եւ աշխատանոցներ կը վարձէին՝ գործ հիմնելու համար, գիւղացին հողաշերտ մը կը վարձէր՝ հողագործութեամբ զբաղելու համար:
Երիտասարդներ այդպէս կը սկսէին իրենց կեանքը, բոլորը իրենց պապայէն մնացած դրամ չունէին: Կ’աշխատէին ամսականով, շատ անգամ ամուսին ու կնիկ, ու իրենց ամսականին կամ ամսականներուն համեմատ տուն կը վարձէին:
Այդպէս էր կեանքը մեր Լիբանանի մէջ, այդպէս էր կեանքը ամբողջ աշխարհի մէջ:
Խելացի ու պատասխատու կառավարութիններ, տասնեակ տարիներ առաջ, իրենց ժողովուրդին ու իրենց երկրին ապագան մտածելով՝ ծրագրեցին ու ապահովեցին, ամէն մէկը իր երկրին յարմարութիւններուն, համապատասխան բնակութեան քաղաքականութիւն ծրագրեցին, հարիւրներով բնակարաններ շինեցին, օրէնքներ՝ այդ բոլորը կազմակերպելու ու կանոնաւորելու:
Եւ մինչեւ հիմա կը գործադրուին ու հեզասահ կ’ընթանան, տարի առ տարի իր փոփոխութիւնները կրելով, բարելաւելով եղած օրէնքները՝, կենցաղի աճման մակարդակին համեմատ, եւ այսպէս շարունակ, ո՛չ հին վարձք, ո՛չ նոր վարձք, ոչ վարձակալ, ոչ տանտէեր, (նոյնիսկ զիրար չեն տեսներ):
Իսկ մեր սիրելի Լիբանանի անկախութեան օրէն, զիրար յաջորդող կառավարութինները զբաղած էին ուրիշ բաներով…
Անտեսեցին ու անտեսեցին այս շատ կարեւոր հարցը, ո՛չ բնակութեան քաղաքակնութիւն, ո՛չ արդիականացած օրէնքներ… ոչինչ: Միայն զբաղած էին իրենց աթոռները ապահովելով, իրենց զաւակներուն ապագան ապահովելով, իսկ ժողովուրդին ապագան…. Իր գլխուն ճառին թող նայի՝ քաղաքականութիւնով:
Այս ամբողջը շարունակուեցաւ մինչեւ Լիբանանեան ահռելի քաղաքացիական պատերազմը:
Ամէն ինչ փոխուեցաւ երկրին մէջ, բացի մեր անգտանելի, անփոխարինելի եւ վաշխառու իշխող դասակարգը…. ղեկավարները… որոնք աւելի դժբախտացուցին խեղճ ու միամիտ լիբանանացի քաղաքացին:
Ութսունականներուն սկիզբը պատահեցաւ ահռելին… Լիբանանեան դրամին անկումը՝ Ամերիկեան տոլարին դիմաց, առ ի հետեւանք քաղաքացիական պատերազմի վաշխառուներուն:
Աղքատ դասակարգը ոչնչացաւ, միջակը աղքատացաւ, իսկ հարուստ ու անշուշտ իշխող դասակարգը տասնապատկեց իր հարստութիւնը:
Յանկարծ այն երիտասարդը, որուն ամսական աշխատավարձը 1200 Լիբ. ոսկի էր եղաւ 12 Ամն. Տոլար…..
Այդ նոյն երիտասարդը տուն վարձեր էր ամսական 450 Լիբ. ոսկիի՝ եղաւ 4.5 Ամն.Տոլար…
Տանտէրը, որ իր շէնքէն եկամուտ ունէր՝ 8 յարկաբաժին x 450 Լիբ. ոսկի ունեցաւ 8 x 4.5 Ամն. տոլար եկամուտ… (Այդ բարձրացումէն առաջ Ամն. տոլարը կ’արժէր 2.75 Լիբ. ոսկի):
Կառավարութիւնները անտեսեցին այս բոլորը, կարկտան եւ անհեթեթ օրէնքներ հրատակելով՝ ո՛չ վարձուորը գոհ մնաց, ոչ ալ տանտէրը:
Պայթումը յետաձգելու, «ուրիշ մը թող լուծէ այս հարցը»-ի քաղաքականութիւն էր եղածը:
Եւ հիմա, այս օրերուս, հակառակ որ երկու տարի առաջ, նոր օրէնքներ ստեղծուեցան կանոնաւորելու համար այս թնճուկը, տակաւին այսինչը ստորագրեց, այնինչը պէտք է վաւերացնէ, այս կէտը պէտք է փոխուի, այն յօդուածը պէտք է յստականայով կը զբաղինք, անդին երկու կողմերն ալ դժգոհ են:
Եզրակացնելով… հիմայ մօտաւորապէս 150,000 բնակարաններ կան վարձուած, եւ նոր օրէնքին հիման վրայ՝ այդ բնակարանները ձեւով մը պէտք է պարպուին…
Ինչպէ՞ս…ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Հետեւեալը պիտի ըլլայ:
Հարիւր յիսուն հազար բնակարաններուն մէջ նուազագոյնը մէկ միլիոն եւ քիչ մը Լիբանանցիներ կը բնակին…Անոնք դուրս պիտի մնան:
Լիբանանի մէկ երրորդ բնակչութիւնը անտուն պիտի մնայ:
Իսկ եթէ կառավարութիւնը կը կարծէ, որ այս «Շաապ Լուպնան Ալ Ազիմ»-ին մէկ երրորդը, որ անտուն պիտի մնայ, կարողութիւն ունին բնակարաններ գնելու, շատ կը սխալի, արդէն եթէ կարենային՝ շատոնց կ՝ընէին, կառավարութեան ՄԻՆՆԱԴԻՆ չէին սպասեր…
Ու հիմա ժողովուրդին հոգերով մտահոգուած, ժողովուրդին բարգաւաճումներով հետաքրքրուած, փտածը՝ փոփոխութիւներու ենթարկելու քարոզչութեամբ իշխանութեան հասած ղեկավարներ, խնդրեմ լուծեցէք հետեւեալը.
ա – Կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներ:
բ – Մէկ ու կէս միլիոն սուրիացի գաղթականներ:
գ – Մէկ միլիոն լիբանանցի անպատսպարաններ:
Կանխաւ Շնորհակալութիւն:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

