Սովորական Ընթացք
*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Ծնունդով կ’ուրախանան, լաւ պատճառ մըն է կորսուած երազներու շարունակութիւնը հոն տեսնելով, եւ ոչ միայն երազներու, այլ կեանքէ հեռացողներու շղթային մէկ նոր շունչ մը տալով, անոր գոյատեւումը ապահովելու երաշխիքով, անուանակոչումով իսկ կարծես կ’ապահովուի ամէն իղձ… մշտանորոգ այս համընդհանուր ընթացքին մէջ:
Հուսկ՝ ուրախութիւնը կը դառնայ առօրեայ հացի նման սնունդ՝ նոր փթթող կեանքին ալ, ի մասնաւորի եթէ գաղթական, տուն որոնող որբի նման չէ… ունի հայրենիք, տուն, զոր չեն «ըրած աւերակ ես չծնած տակաւին» (պատանութեանս սորված մէկ քերթուածէն տող մը), որ նաեւ ունի «Մի փոքրիկ հող առուի ափին, մի կտոր հաց թոնրի շրթին». Հուսկ՝ ոտքերը ամուր հողին են. հայրենի հողին, ուր անհատը պիտի զգայ ինքզինք թագաւոր…
Ինչ որ նշեցինք, մեր ապրումներն էին, անոնցմով սնեցանք ու շնչեցինք, հաւատացինք, պայքարեցանք եւ յուսացինք իբրեւ ապրող երազ, իբրեւ շնչող հող, որ կը կոչուի հայրենիք:
«Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն էր արթուն» (Գ. Սարեան)
Անօթին՝ հաց, ծարաւը՝ ջուր, տնանկը տուն պիտի որոնէ:
«Հողին Կանչը» կ’ըսենք. միայն ֆիզիքական տեսանկիւնը չէ որ նկատի ունինք, այլ՝ ամբողջութիւնը, իր անցեալ, ներկայ եւ ապագայի տեսլականով պիտի առինքնէ իր ժողովուրդը, որուն պատրաստ է ալ ժառանգակականութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ մթնոլորտի իբր արդիւնք:
Բայց.
Երազն ուրիշ կեանքն ուրիշ
Տարբեր էիր դուն երէկ,
Այսօրդ սակայն՝ նո՛ր աւիշ
է երէկիս յոգնաբեկ:
Անկախութի՜ւն, ի՛նչ քաղցր բառ, ուր կը տեսնես երազներդ իրականացած… ալ չկան «հոնորարային երգերը զուարթ
եւ եղբայրական ճառերը սահուն…
Մենք կ’ունենանք մե՛ր նախագահը՝ ու նախագահը կ’ունենայ…մեզ: Երեք նախագահներ, իսկ ժողովուրդը ի՞նչ տեսաւ… ու մենք ալ լսեցինք ու տեսանք: Ի հարկէ պիտի տեսնէինք, քանի որ «երկաթէ վարագոյրը» ի զուր չտապալեցինք… եւ խօսքն ալ ազատ է մարդն ալ ազատ է ու ազատ շրջագայութիւն կը վայելէ, այնպէս որ մեր սրտի ցաւը մեզի կը մնայ ժառանգութեան պէս:
Ո՞ւր ես Սիլվա… «Կարաւանները դեռ քայլում են» այս անգամ՝ ինքնակամ, չկարենալով տանիլ Անկախութեան լուծը հայրենի տէրերով բեռցուած ու հիմա, նախընտրական շրջան է: Եւ հաւաստիացումը ներկայ նախագահին.-
«Մենք Պիտի Դառնանք Տարածաշրջանի Ամենաապահով Երկիրը»:
Եւ դեռ՝ քանի՜, քանի՜ «պիտի»ներ դրական իրականացումի:
Նախընտրական շրջանի կատարուած մեղրահոս ու հրապուրիչ, քիչ մըն ալ բանաստեղծական գունաւորումներով խօսքերը որո՞ւ յայտնի չեն աշխարհի տարածքին:
Բայց ի զո՞ւր կ’ըսեն.«Սպասէ եւ Տես» (wait and see):
Սպասենք, բայց ի՞նչ պիտի տեսնենք արդեօք…
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

