• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին Եւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին Սփիւռքահայութեան Ուղղուած Կոչին Արձագանգներուն Առիթով

07.03.2017   08:34

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

 «Թունդ Հայրենասէր»ներուն եւ «ժողովրդավարական կարգեր հաստատող ռահվիրաներուն խորհուրդ կու տայինք քանի մը օր անցընել մայր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող մեր հերոս ռազմիկներու կողքին՝ խստաշունչ ձմրան թշնամի դիպուկահարներու, օձերու եւ կարիճներու շրջապատին մէջ»:

Ոչ մէկուն գաղտնիք է, որ մայր հայրենիքը, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու կարգին տնտեսական ճգնաժամ կ’ապրի, միաժամանակ ռազմական յաղթանակներ տանելով, նաւթի, կազի եւ քաւիարի միլիարաւոր տոլարներով յղփացած Ազրպէյճանի դէմ: Նոյնպէս գաղտնիք չէ, որ ապականութիւնն ու կաշառակերութիւնը, քրէածին տարրերու անթոյլատրելի արարքները երբեմն չափն ու սահմանը կ’անցնին: Սակայն պէտք չէ երբեք մոռնալ նաեւ շինարարական ու վերանորոգման այն հսկայական աշխատանքները, որոնք քաղաքամայր Երեւանն ու Ստեփանակերտը դարձուցին տարածաշրջանի ամէնէն ծաղկուն ոստաններէն, ուր բիւրաւոր զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն ամէն տարի, հակառակ «վայ բերան»ներու եւ «կուրծք ծեծողներու»:

Ինչպէս որ անձնապէս տեսանք Սուրիոյ թէ Հալէպի շինարար եւ գործարար հայերը, արդէն իսկ բազմաթիւ հաստատութիւններ, արեւելեան ճաշարաններ եւ այլ արտադրութիւններ հաստատած են մայր հայրենիքի մէջ, իրաքահայեր թէ լիբանանահայերու, աշխարհատարած Սփիւռքի ծայրամասերէն իսկ եկած հայրենասէրներու հետ ներդրումներ կը կատարեն  վաղուան Հայաստանի համար: Միաժամանակ հայրենի կառավարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով, հազարաւոր սփիւռքահայեր քաղաքացիութիւն ստացան եւ հայկական անձնագիրներ կ’օգտագործեն, մեծապէս դիւրացնելով իրենց անձնական թէ գործարարական ծրագիրները: Տակաւին, Հայաստան Արցախի հետ կը պահէ մեծ բանակ, արդիական սպառազինութեամբ, հրթիռային համակարգով, հարուածային ոյժով որ կրնայ քարուքանդ ընել Ազրպէյճանն ալ, Թուրքիոյ մեծ մասն ալ, դաշնակից ռուսական հզօր զօրքերուն հետ:

Վերջերս ՀՀ վարչապետ, Կարէն Կարապետեանի եւ ՀՀ Սփիւռքի անխոնջ նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի սրտագին կոչերը Սփիւռքի գործարարներուն ներդրումներ կատարելու հայրենի տնտեսութեան մէջ լայն դրական արձագանգի արժանացան՝ առանց աղմուկ-աղաղակի հայոց երկիրը տասնամեակներէ ի վեր հզօրացնող Սփիւռքի շրջանակներուն մօտ: Միւս կողմէն, փրկիչի պատմուճաններ հագած մեր օրերու «Մովսէս Մարգարէ»ները, որոնք նոյնպէս խորհրդային Հայաստանը կը պարսաւէին որպէս «պոլշեւիկեան Քրեմլինի գործակատար», այսօր մամուլով թէ հեռատեսիլով լայնատարած յարձակումի անցած են ինչպէս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, այնպէս ալ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին դէմ, իրենց մաղձը թափելով: Արտաքին թէ «ներքին» թուրքերով ամէն կողմէ շրջապատուած  Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւննը: Մերօրեայ «փրկիչները» անամօթաբար Հայաստանի իշխանութիւնները փողոցային զանազան  պիտակներով կ՛որակեն: Այս «առիւծասիրտ» երուն սակայն, խորհուրդ կու տայինք քանի մը օր անցընել մայր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հերոս ռազմիկներու կողքին խստաշունչ ձմրան, թշնամիի դիպուկահարներու, օձերու եւ կարիճներու շրջապատին մէջ՝ Արարատեան դաշտավայրէն մինչեւ Աղտամ եւ Ֆիզուլի: Մանաւանդ որ բազում սլաքներու թիրախ ՀՀ նախագահն ու կառավարութեան անդամները, զէրօյէն վար 20 սանթիկրատ սառնամանիքին, շատ անգամ կ’ըլլան սահմանապահ դիրքերը, ԼՂՀ այժմ Արցախի ղեկավարութեան հետ: Այնպէս որ գեղածիծաղ Կիպրոսէն եւ Սլովաքիայէն ինչպէս նաեւ Երեւանի նորակերտ եւ զովացուած իրենց գրասենեակներուն մէջ նստած ներածուածներ ինքզինքնին որպէս  հայրենիքի փրկիչ ծախող գող աւազակ՝  «թալանչի»  հերոսիկներէն, օտար ֆիլմերու մէջ մերկացող, տեսախցիկը ձեռքին (պարարտ «.չէքերն» ալ գրպանը) հայանուն դերասանուհի «ժողովրդավարութեան ռահվիրա»ներէն անյապաղ կը պահանջուի չար լեզուները իրենց քաշել, չխառնակել Հայաստանը եւ առայժմ զբաղիլ իրենց ծննդավայր երկիրներու ցեղասպանութիւններ կատարող նախագահներու եւ զօրավարներու հարցերով: Հայաստանի ժողովուրդը ինքը պիտի ընտրէ ի՛ր խորհրդարանը եւ նախագահը եւ կարծեմ թէ ունի պայծառ ընդդիմադիր դէմքեր, որոնք դժուաարին օրերուն, ինչպէս 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին, կը միաբանին վարչակարգին հետ, փրկելու հայրենիքը կորուստէ: Այս պարագային Սփիւռքի դերը միայն շինիչ եւ օգտակար կրնայ ըլլալ: Իսկ մերօրեայ «փրկիչ»ներուն կը մնայ չհիասթափեցնել հայրենի իսկապէս հերոս ժողովուրդը եւ պարպել չտալ Հայաստանը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner