Հետեւանքը
*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
- «Եթէ պողոտան մեկնակէտէն մէկ սանդիմեթր միայն շեղէր, դպրոցի շէնքէն մաս մը պիտի չտուժէր» (Պրն. Տնօրէն Բ. Ժամկոչեան)
- «Պիտի հծծէր անհուն բառն իր տարփանքին
Աղբիւրի քով, աղջիկներու ականջին
Բայց անհունը գէթ չըլլար վանկ մը ջնջին…» (Մ. Մեծարենց)
- «Եւ մազիդ մէկ թելը բաւ է կապելու Տիեզերքին հետ՝ հոգիս» (Դ. Վարուժան)
- «Ամէն մի քայլը սխալ դրած, փոխել կարող է կեանքը՝ մահու»: (Ե. Չարենց)
- «Մարդ եղիր, հօրդ պէս… մի՛ ըլլար,
Մարդ եղիր հօրդ պէս,… մի՛ ըլլար: (ժողովրդային)
եւ դեռ՝
- «Ոսպ մը, ոսպեր. ոսպեր ոսպ մը» (Զահրատ)
Սանդիմեթր, վանկը, թելը, ստորակէտը, որքա՜ն արժէքաւոր են եւ կ’իմաստաւորուին իրենց ճիշդ գործածութեան մէջ, ուստի՝ երբ պատահի սայթաքում մը, իմաստն ալ կը շեղի ու եթէ անհասկնալի ըլլայ, նայած տեղին, այդքան ալ խոցելի չէ, սակայն երբ իմաստէն կը պարպուի, դարձեալ ոչ այդքան խոցելի. իսկ երբ ամէնէն աւելի տուժէ իմաստը՝ շրջուելով. Ի՞նչ ընել:
Անձնապէս այդքան ալ չեմ հաւատար «վրիպակ»ներու ներգործութեան, քանի որ խօսք մը երբ դրոշմուած է, ալ դժուար է ջնջել, բայց երբեմն ալ անհրաժեշտ: Յամենայնդէպս ուշի ուշով եւ հետեւողականօրէն ընթերցողը զայն հեշտօրէն կ’ընդունի, գիտնալով որ միշտ ալ միջոց մը կայ հեղինակի միտքին եւ գրիչին միջեւ, գրիչին ու զայն ստուգողին, ինչպէս նաեւ՝ շարողին…հասանք ընթերցողին, թէ՝ վրիպակներ միշտ ալ եղած են ու պիտի ըլլան, նկատելով մեր մարդկային կառոյցը:
Ի զուր չէ ըսուած «Անսխալական՝ միայն Աստուած»:
Հասանք վրիպակին.-
«Իսկ թէ՝ «Ռուսիա կը խթանէ ազրպէյճանական գործողութիւնները» (Ռիչըրտ Կիրակոսեան) որքան առարկայական է եզրակացութիւնը…» (Զարթօնք օրաթերթ, Հինգշաբթի 2.3.2017)
Հարցը «որքան» բառն է, որ պէտք ունի հարցման նշանի:
Չըլլալով քաջատեղեակ վերին խաւերու խաղերուն, հարցման նշանով արտայայտուեցանք, մինչդեռ առանց հարցման նշանի, հաստատած եղանք իր միտքը, ինչ որ մեր հասողութեան սահմանէն հեռու է, եւ երբ անհատի մը իրաւունքը նիւթ մը կ’արծարծէ, միթէ պետութիւն մը իր խաղերը խաղալու իրաւունք չունի՞, այս մէկն ալ այլ հարց, որ գուցէ եւ միտումնաւոր:
Պետութեան մը գաղտնիքները չեն ըլլար յայտնի մինչեւ անոր տապալումը… եւ դեռ՝ ո՛չ այդքան վստահելի:
Քաղաքական հարցերու վերաբերեալ Լաօ Ցէ կ’ըսէ.- «Կը նմանի ձկնիկներ տապալելու» զգուշութիւն է հարկաւոր:
Վերջապէս, ճշմարիտը այն չէ ինչ որ կ’երեւի ու կ’ենթադրուի…: Գտնողին եւ գտնել կարծողին… ԵՐԱՆԻ՜:
Գոնէ ժողովուրդներու կեանքի պարագային ճշմարիտը ա՛յն է որ…Կ’ԱՊՐՈՒԻ:
Այսինքն՝ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

