Տխուր Իրավիճակ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ առաւօտեան, տղուս հետ, ինքնաշարժիս մէջ, Պէյրութի խճողումին պատճառած ջղայնութիւնը վանելու փորձով Հայկական ռատիօ մը ուզեցինք լսել:
Հաճելի եւ թեթեւ ծրագիր մը կը սփռուէր, որուն մէջ ընդգրկուած էր նաեւ բաւական օգտաշատ բաժին մը՝ «պահուած բառը»: Հաղորդավարները իւրաքանչիւր հեռաձայնող ունկնդիրի յաւելեալ տեղեկութիւն մը կու տային պահուած բառին մասին՝ փորձելով մօտեցնել կամ յուշել պատասխանը:
Մինչեւ հոս հոյակապ է եւ դաստիարակչական: Տրամադրութիւնս սկսաւ բարձրանալ մինչեւ, որ սկսայ լսել հեռաձայնող ունկնդիրներուն անհաւատալի տգիտութիւնը՝ իրենց հայագիտական իմացութեան վերաբերեալ:
Պահուած բառը գրագէտի մը անունն էր, որուն մինչ տրուած տեղեկութիւնները գրեթէ յստակացուցած էին անունը, ինչպէս՝ 19-րդ դարուն ապրած, արեւմտահայ բանաստեղծ, ունկնդիրներ կը յամառէին տալ Պարոյր Սեւակի անունը, որոնցմէ մին նոյնիսկ վերանուանեց մեծ բանաստեղծը Պարոն Սեւակ…: Ուրիշներ առանց մտածելու կը կրկնէին նախորդին տուած պատասխանը…: Յովհաննէս Շիրազ եւ Յովհաննէս Թումանեան պատասխանողներ ալ կային…:
Միայն երկու ունկնդիրներ, որոնցմէ մին, ըստ երեւոյթին, շնորհաւորելի պրպտում մը ընելով տուաւ ճիշդ պատասխանը՝ Պերտոս Դուրեան, նշելով նաեւ ծննդեան ու մահուան թուականները, իսկ միւսը՝ որ ի վերջոյ շահողը հանդիսացաւ, տուաւ նաեւ Պետրոս Դուրեանի տիտղոսը՝ «Սկիւտարի Սոխակ»…:
Ունկնդիրներու մեծամասնութեան հայագիտական այսքան պարզ եւ ծանօթ նիւթի մը անիմացութիւնը շա՜տ զարմացուց, ամչցուց եւ ճամբուն խճողումէն շա՜տ աւելի նեղացուց զիս….: Միակ մխիթարութիւնս տուեալ ռատիոյին դաստիարակչական խաղն էր, որ յոյսով եմ բան մը սորվեցուց եւ պիտի սորվեցնէ ունկնդիրներուն: Կը մնայ, սակայն, տուեալ տխուր իրավիճակը յանձնել Հայկական վարժարաններուն եւ անոնց պատասխանատուներուն նկատողութեան, թէ ինչո՞ւ տուեալ՝ շատ հաւանաբար մեծամասնութեամբ հայկական դպրոցի աշակերտած Հայ ունկնդիրներու հայագիտական գիտելիքները այսքան տկար են: Տուեալ ունկնդիրները անշուշտ Լիբանանահայութիւնը կրնան չներկայացնել, սակայն պատկերը կու տան տխուր իրականութեան մը, որ անպայման պէտք է դարմանուի:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

