Կնճիթ Եւ Կնճիռ

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Մեր ոսկեղնիկ լեզուին այս երկու բառերը գրեթէ նմանաձայն են (մէկ գիրի տարբերութեամբ), բայց ունին իրարմէ շատ հեռու իմաստ։
«Կնճիթ»ը փիղին խողովակաձեւ երկարաւուն քիթն է, որով ան ջուր կը սրսկէ իր մարմնին վրայ, ծառի կոճղեր կը վերցնէ, կրկէսներու մէջ զարմանալի խաղեր կը սարքէ…։
Կրնանք հաստատապէս պնդել, որ կնճիթը փիղին ամէնէն յատկանշական օրկանն է։
Հայերէնի մէջ ունինք «կնճիթ»ին հոմանիշ մըն ալ՝ «պատիճ»։ Փիղին կնճիթը կամ պատիճը։ Եւ քանի որ խօսք բացինք փիղերու մասին, յիշեցնենք որ այս խոշոր կենդանին իր կնճիթին ներքեւ ունի երկու ցցուն ոսկորներ, որոնք կը կոչուին «փղոսկր»։ Այս փղոսկրներէն կը պատրաստուին դանակի կոթեր, զարդեր, արուեստի թանկարժէք իրեր, դաշնամուրի ստեղներ եւ այլն։
Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ «կնճիթ» բառը կը գործածուի նաեւ խոզերու քիթին համար։ Այո՛, խոզին երկար ու տափակ դունչը եւս կը կոչենք կնճիթ։ Սակայն այստեղ, այլեւս ի զօրու չէ «պատիճ» բառը։ Պատիճը յատուկ է մի միայն փիղին։
Հապա՞ «Կնճիռ»ը…։
Միտք բերէք «կնճռոտ» բառը։ «Այսօր կնճռոտ հարց մը յաջո՛ղապէս լուծեցի» կþըսենք, երբ կþակնարկենք դժուար լուծելի կամ հանգուցային հարցի մը։
Հետեւաբար, «կնճիռ» կը նշանակէ դժուարալոյծ հանգոյց։
Թերթերը հինգ տարիէ շարունակ կը գրեն. «Սուրիոյ պատերազմը վերջին կէս դարու ամէնէն կնճռոտ հարցը դարձած է»։ Քսան տարիէ իվեր ալ շարունակ կը յիշեցնեն. «Ղարաբաղի կնճիռը կարելի չէ լուծել՝ առանց Ռուսաստանի միջնորդութեան»։
Բայց կայ ուրիշ «կնճիռ» մըն ալ, որ սարսափի կը մատնէ…կիները։
Ասիկա այն «կնճիռ»ն է, զոր կիներ, որոշ տարիքէ մը ետք, կը նշմարեն իրենց դէմքին վրայ։ Այլ բառով՝ «խորշոմ»։ Հայելիին դիմաց տխրօրէն կանգնած՝ մեր «փափուկ սեռ»ի ներկայացուցիչները օր մըն ալ կը նշմարեն որ իրենց դէմքին վրայ, աչքերուն տակ, վիզին շուրջը խորշոմներ կամ կնճիռներ գոյացեր են…։ Երբեմնի ողորկ ու սահուն մորթը սկսեր է թեթեւ ակօսներ կամ փոթեր գոյացնել։ Ու մեր կիները ի՜նչ հնարքներու կը դիմեն՝ պայքարելու համար այդ կնճիռներուն դէմ, կամ գէթ նուազեցնելու համար անոնց աւերը…։
Ի դէպ, կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ դէմքի խորշոմները «կնճիռ» կոչուած են։ Արդեօ՞ք անոր համար՝ որ ատոնք եւս «դժուար լուծելի հանգոյց»ներ են…։ Ո՜վ գիտէ։
Բայց բնաւ մի՛ նեղանաք ձեր դէմքի կնճիռներէն։ Մի՛ մոռնաք որ երկար ապրելու ՄԻԱԿ միջոցը…ԾԵՐԱՆԱԼՆ Է։
Հալէպ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

