«Զարթօնք» Կը Թեւակոխէ իր 80-Ամեակի Տարին՝ Պարգեւատրելով «Բեղուն Գրիչ»-ով Մտաւորական Եւ Աշխատակից Սարգիս Փոշօղլեանը

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Ինչպէս օրին կարճ լուրով մը անդրադարձած էինք, Չորեքշաբթի, 18 Յունուարի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ «Զարթօնք»-ի 80 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը, մասնակցութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ այնպէս ալ մտաւորական ընտրանիի մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկող «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ Սեւակ Յակոբեան, որ մեկնարկը յայտարարեց «Զարթօնք»ի 80 Ամեակի ձեռնարկներու շարքին թուելով անոնցմէ ոմանք, որոնք տեղի պիտի ունենան 2017 տարուայ ընթացքին: Ապա ան յայտարարեց, որ «Զարթօնք» իր գործնական մասնակցութիւնը պիտի ունենայ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան, հաստատելով որ 2017 տարին «Զարթօնք»ի համար իրողապէս պիտի ըլլայ Արցախի տարին:
Իր խօսքին աւարտին, ընկ. Ս. Յակոբեան հրաւիրեց տողերուս հեղինակը ներկայացնելու «Զարթօնք» -ի 80 ամեակին նուիրուած 2017-ի բացառիկը: Արտայայտուելով մերօրեայ «Զարթօնք»ին մասին, շեշտեցինք, որ ան իր անառօրեայ թիւերով եւ իր բացառիկով ցոյց կու տայ թէ «Ալեհեր» 80 ամեայ «Զարթօնք»-ը միշտ երիտասարդ է եւ հակառակ յոռետեսներու կարծիքին, ելեկտրոնային տարբերակով օրաթերթը այսօր հազարաւոր ընթերցողներ ունի աշխարհի չորս ծագերուն:
Հանդիպման վերջին մասով միշտ համեստ, հայ գրականութեան եւ մշակութային անվերադարձ նուիրուած մտաւորական Սարգիս Փոշօղլեանին, «Զարթօնք»-ի խմբագրութեան որոշմամբ, յանձնուեցաւ Մկրտիչ Մսըրլեան մեծ երախտաւորին անուան մրցանակը, որպէս արժանաւոր աշխատակից եւ «բեղուն գրիչ» 2016 տարուան, ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ դոկտ. Զաւէն Մսըրեանի:
Արարողութեան աւարտին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ժպտադէմ Սարգիս Փօշողլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Զարթօնք»-ին, խոստանալով շարունակել իր առաքելութիւնը, որպէս հայ մամուլի եւ գրականութեան նուիրեալ:
Աւարտին, բոլորը հրաւիրուեցան «հայկական» ջերմ հիւրասիրութեան, միտքերու փոխանակումով, միաժամանակ շնորհաւորելով օրուան մրցանակակիրը:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

